Յուլիս 16ին, 186 տարի առաջ, ռուսական զօրքը իր առաջին մուտքը կատարեց Պայազէտ։ Արեւմտեան Հայաստանի ուղղութեամբ ռուսներու առաջին յառաջխաղացքի ժամանակներն էին։ Իսկ Պայազէտը, Կարնոյ նահանգին մէջ իր գրաւած ռազմավարական կարեւոր դիրքով, բանալի նշանակութիւն ունէր դէպի Մերձաւոր Արեւելքի խորերը՝ դէպի հարաւ եւ արեւմուտք տարածուելու ճամբուն վրայ։

Յատկանշականօրէն, ռուսներու Պայազէտ առաջին մուտքը կատարուեցաւ առանց կռուի։ Հազիւ 1600 զինուոր կը հաշուէր Պայազէտի պաշարման ձեռնարկած ռուսական զօրաբաժինը, որուն միացած էին 400 հայ կամաւորներ։ Բայց որովհետեւ Ռուսաստան յաղթական կ'արշաւէր բոլոր ճակատներով՝ թէ՛ պարսիկներու դէմ, Թաւրիզի ու Թեհրանի ուղղութեամբ, թէ՛ թուրքերու դէմ, Պալքանեան թերակղզիի երկայնքին ու Արեւմտահայաստանի տարածքին, Պայազէտի հայերը դժուարութիւն չունեցան բերդաքաղաքի կառավարիչին՝ Պահլուլ փաշային համոզելու, որ ռուսներուն դիմադրելը ապարդիւն է...
Այդպէ՛ս ալ եղաւ։ Պայազէտ անձնատուր եղաւ եւ ռուսները առանց արիւնահեղութեան տիրացան այդքան կարեւոր դիրք ունեցող բերդաքաղաքին։
Անմիջապէս եւ առաջին հերթին կ'արժէ ընդգծել, որ մինչ ռուսները իրենց կայսերապետական ծաւալումին եւ տաք ջուրերու տիրացման հաշիւները ունէին, անոնց կողքին պատերազմի դաշտ նետուող հայ կամաւորները կենաց-մահու հարց կը լուծէին... Որովհետեւ պարսից խաներու եւ թուրք-քիւրտ փաշաներու ու պէյերու դաժան տիրապետութեան տակ, ինչպէս եւ անոնց միջեւ անվերջ շարունակուող ներքին պատերազմներու հետեւանքով՝ ոչ միայն աւերուած էր Հայաստանը, այլեւ պարբերական կոտորածներու թէ ճարահատ արտագաղթի պայմաններուն մէջ ստոյգ կործանումը կը սպառնար հայ ժողովուրդին։
Իսկ Պայազէտը միայն իր այդ նորայայտ անուանումով... թրքական էր։
Նորօրեայ Պայազէտը նոյնինքն պատմական Հայաստանի միջնաբերդերէն Դարոյնք գաւառն էր, որ Արշակունիներու օրով արքայանիստ բերդաքաղաք ալ եղած էր, ուր ապաստանեցաւ Պապ թագաւոր։ Հայկական անառիկ ամրոցի ամբողջ պատմութիւն մը կապուած է Դարոյնքի անունին, որ պարսկական թէ արաբական, մոնկոլեան թէ սելճուքեան բոլոր ասպատակողներուն աչքի փուշն էր։ Դարոյնք եղաւ նաեւ Բագրատունիներու եւ Արծրունիներու նստավայրը, մինչեւ որ օսմանցի թուրքերը 14րդ դարուն գրաւեցին բերդաքաղաքը եւ իրենց Պայազիտ Ա. սուլթանին անունով... թրքացուցին Դարոյնքը։
Անուանափոխման ենթարկուելով ու տասնամեակներ շարունակ պարսիկներու եւ օսմանցիներու միջեւ կռուախնձոր մնալով հանդերձ՝ Պայազէտ մնաց գերազանցապէս հայաբնակ քաղաք ու ամրոց։ 1555 թուին, պարսիկներու եւ օսմանցիներու միջեւ կնքուած հաշտութեան դաշնագրով մը, Պայազէտ վերջնականապէս տրուեցաւ թուրքերուն, որոնք բերդաքաղաքին կառավարումը յանձնեցին շրջակայքը բնակող Սլիվանլի քրտական ցեղին։
Նոյն այդ ցեղը կիսանկախ դրութեամբ կառավարեց Պայազէտը մինչեւ 19րդ դարու վերջերը։ Այսուհանդերձ՝ ինչպէս որ կը վկայեն Առաքել Դավրիժեցի եւ Սերովբէ Կարնեցի հայ պատմիչները, հայերը կառչած մնացին իրենց բերդաքաղաքին եւ 1828ին, ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ, Պայազէտը ունէր 1735 տուն հայ եւ 310 տուն մահմետական բնակչութիւն։
Պատմական այս տուեալներուն յիշեցումը կարեւոր է՝ իր ամբողջական խորապատկերով դիտելու եւ արժեւորելու համար ռուսական զօրքի Պայազէտ առաջին մուտքը։
Ինչպէս ամբողջ Արեւելեան Հայաստանի տարածքին, նոյնպէս եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդը այլեւս չէր կրնար համակերպիլ իր սեփական հողին վրայ իբրեւ երկրորդ կամ երրորդ կարգի քաղաքացի ապրելու դաժանագոյն գերութեան։ Արեւմուտքն ու Եւրոպան շատոնց կռնակ դարձուցած էին Մերձաւոր Արեւելքի հինաւուրց իրենց հարազատին։ Յոյսի նոր աղբիւր դարձած էր Ռուսաստանը եւ անոր զօրքին Արեւմտահայաստան էջքը, յատկապէս Պայազէտ մուտքը յուսալի հեռանկարներ կը բանար Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան առջեւ։
Պատմութիւնը արդէն վճռած է, որ Ռուսաստան քալեց ու գնաց բացառապէս եւ միայն իր հաշիւներով ու ուղիով՝ պարզապէս «շրթունքի տուրք» վճարելով հայկական յոյսերուն եւ սպասումներուն...
16 Յուլիս 1828ին առանց կռուի Պայազէտ մտած ռուսական զօրքը շուրջ տարի մը իր իշխանութեան տակ պահեց բերդաքաղաքը։ Թուրքերն ու քիւրտերը, բնականաբար, երբեք չհաշտուեցան ռուսական լուծի տակ ապրելու, այլեւ ու մանաւանդ երէկի ստրուկ հայերուն հետ իրաւահաւասար կենակցելու գաղափարին հետ։ Թրքական զօրքերը շարունակ փորձեցին վերստին գրաւել հայկական տարածքները։
Այդ փորձերուն վերջինը պատահեցաւ 9 Յունիս 1829ին, երբ Կարինի շուրջ մղուող թուրքեւռուսական բուռն կռիւներու առիթէն օգտուելով, Վանի փաշան 15 հազար զինուորներով ու քիւրտ հրոսակներով պաշարեց Պայազէտը։ Բերդաքաղաքի 1500 ռուս զինուորներն ու աւելի քան հազար հայ կամաւորները հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ կրցան յետ մղել յարձակումը։ Բերդաքաղաքի այդ հերոսական պաշտպանութեան մէջ իրենց քաջագործութեամբ հռչակուեցան Մկրտիչ եւ Բարսեղ Արծրունիները։
Բայց ընդհանրապէս Ռուս-թրքական պատերազմը երկար տեւեց եւ պատմութեան անցաւ իբրեւ 1828-1829ի երկամեայ պատերազմ։ Ռազմականօրէն ընթացաւ ի նպաստ Ռուսաստանի դիրքերու ամրապնդումին, յատկապէս Պալքաններու մէջ եւ Պարսկաստանի ճակատին վրայ։ Այսուհանդերձ՝ երբ եւրոպական մեծ տէրութեանց միջեւ մրցապայքարը ուժեղացաւ եւ Օսմանեան Կայսրութեան աւարէն ամէն ոք ուզեց առիւծի բաժինը ի՛նք խլել, պարտեալ Օսմանեան Կայսրութեան եւ յաղթական Ռուսաստանի միջեւ կնքուած Ադրիանուպոլսոյ դաշնագրով Ռուսաստան թուրքերուն զիջեցաւ Արեւմտահայաստանի ազատագրեալ հողերը։
Աւելի՛ն. պատերազմի դաշտին վրայ պարտուած թուրքերու եւ քիւրտերու դաժան հակազդեցութեան ու կատաղութեան դէմ առանձին լքուած հայութեան «օգնելու» ռուսական «մեծահոգութենէն» քաջալերուած, Արեւմտահայաստանէն նահանջող ռուսական բանակին հետ հազարաւոր պայազէտահայեր գաղթեցին դէպի Սեւանի աւազան, ուր ժամանակի ընթացքին կառուցեցին Նոր Պայազէտ աւանը, որ խորհրդային տարիներուն անուանակոչուեցաւ Կամօ։
Ահա՛ հակիրճ պատմութիւնը ռուսներու Պայազէտ առաջին մուտքին՝ իր արթնցուցած յոյսերով եւ իր ետին ձգած ծանր կորուստներով։
Պատմութիւն, որ կրկնուեցաւ ոչ միայն 1854ի Ռուս-թրքական պատերազմին ժամանակ, այլեւ այնուհետեւ կրկին ու կրկին անգամ՝ 1878ին եւ 1918ին, միշտ ալ ռուսական յառաջխաղացքին հետ արթնցնելով հայ ժողովուրդի ազատագրութեան յոյսերը, նաեւ՝ հակառակը, համազգային մեր երազներուն խորտակումը կապելով ռուսական զօրքերու անարդարանալի նահանջին հետ։


Ն.