Սուրիոյ տագնապի զարգացումներուն հետ, երկիր թափանցած օտարերկրացի ծայրայեղականներու թիրախը դարձաւ նաեւ Սուրիական հայրենիքի մշակութային ժառանգութիւնը:

Մարտերու ընթացքին ոչ միայն անխնայ քանդուեցան հնագիտական կառոյցներ եւ վայրեր, այլեւ զինեալներու գրաւած տարածքներուն մէջ, յանցագործներու կողմէ, տեղի ունեցան հնագիտական ապօրինի պեղումներ, թալանուեցան պատմամշակութային արժէք ներկայացնող թանկարժէք իրեր:

Սուրիոյ մէջ հնագիտական հետազօտողներու վկայութեամբ, տագնապի ծնունդէն մինչեւ օրս, ամբողջութեամբ քանդուած կամ մասամբ վնասուած են շուրջ 420 հնագիտականվայրեր եւ կառոյցներ, որոնց շարքին նաեւ մզկիթներ եւ եկեղեցիներ՝ յատկապէս Հալէպի մէջ:
«Եունեսքօ»-ի գլխաւոր քարտուղարի օգնական՝ Ֆրանչեսքօ Պանտարենայի իսկհաստատումով, Սուրիոյ մէջ անօրինական հնագիտական պեղումներ ընթացած են մասնաւորաբար՝ Մարի, Էպլա, Փալմիրա եւ Աֆամիա հնա- գոյն քաղաքներուն մէջ, իսկ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած զարդերն ու այլ հնագիտական արժէք ներկայացնող իրերը մաքսանենգ ճանապարհով դուրս բերուած են Սուրիայէն եւ վաճառուած այլ երկիրներու կամ միջազգային շուկաներու մէջ:
Տեղին է նշել, որ նախորդ տարի «Եունեսքօ»-ն համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկած էր սուրիական վեց յուշարձան՝ զանոնք ոչնչացման վտանգի ենթակայհամարելով: Այդ ցանկին մէջ յայտնուած էին Դամասկոսի, Հալէպի եւ Պուսրայի հին քաղաքները, Փալմիրայի հնագիտական յուշարձանները, Գրագ տէ-Շեւալիէ եւ Քալաաթ-Սալահ-ատտին ամրոցները: Վերոնշեալ երկու ամրոցները կը հանդիսանան Մերձաւոր Արեւելքի ճարտարապետական մշակոյթի լաւագոյն կոթողները:
Այստեղ հետեւեալ հարցը կը ծագի. ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու ջատագովներ ըլլալու յա-ւակնոտութիւնը ունեցող շարք մը երկիրներ, վարչակարգ փոխելո՞ւ, ժողովրդավարութիւն հաստատելո՞ւ, թէ քաղաքակրթութիւններու այս օրրանըքանդելու միտումով կը քաջալերեն նման խուլիկաններու հոսքը դէպի Սուրիա:
Հնագիտական վայրեր պայթեցնելով, պատմամշակութային կառոյցներ քանդելովինչպիսի՞ պայքար կը մղեն զինեալ ծայրայեղականներ… Ի՞նչ բան փրկելու եւ ժողովրդավարական ինչպիսի՞ կարգեր հաստատելու համար…
Ակնյայտ է, որ նման յանցագործներու դէպի Սուրիա հոսքը խրախուսելով, շարք մը երկիրներ կը ձգտին ոչ միայն սպառնալ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու անորընկերային հիւսուածքի քայքայման, այլեւ երկրի պատմամշակութային դիմագիծիաղաւաղման:
Սուրիոյ տագնապի անխօս զոհերը. այսպէս կը բնութագրուին այսօր վտանգի ենթակայհնագիտական կառոյցներն ու վայրերը, որոնց հանրագումարը քաղաքակրթութիւններու օրրան հանդիսացող Սուրիական հայրենիքի պատ- մական հարուստ դիմագիծը կըկազմէ:
Այս դիմագիծին կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն նաեւ հարիւրաւոր տարիներու անցեալունեցող հայկական շարք մը կառոյցներ‘ Ինչպէս Ս.Աննա ուխտավայր մատուռը (Եագուպիէ -1380թ.), Ս.Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին (Հալէպ -1476թ.) եւայլն:
Լրջագոյն վտանգ կը սպառնայ այսօր Սուրիոյ մշակութային ժառանգութեան, անյետաձգելի հրամայական է մշակութային այս ժառանգութեան պահպանման միտող քարոզչական աշխատանքներու ծաւալումն ու յանցագործներու դատապարտումը, հնարաւորինս փրկելու Սուրիոյ պատմամշակութային դիմագիծն ու անոր հնագիտական արժէքները:

Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրական