Սուրբ Սարգիս վանքի ու Արագածի
Լանջերուն փռուած գիւղին մէջ Ուշի,
Մենք կ՛ապրինք խաղաղ կառչած մայր հողին,
Զաւակներն ենք մենք, մեր հերոս ազգին:

Ամէն առաւօտ երբ մենք կ՛արթննանք,
Արարատ լեռան կը նայինք հպարտ
Եւ կ՛ուխտենք ըլլալ իր նման տոկուն
Որպէսզի օր մը զայն բերենք ետ տուն:

Պատմական Ուշին մենք պիտի պահենք
Ու նոր գործերով հզօրացնենք,
Հասնող սերունդներ ուս-ուսի ըլլանք
Որպէսզի ուժեղ ու յաւերժ մնանք:

Ամէն առաւօտ երբ մենք դուրս կ՛ելլենք,
Արարատ լեռան կը նայինք հպարտ
Եւ կ՛ուխտենք ըլլալ իր նման տոկուն
Որպէսզի օր մը զայն բերենք ետ տուն:

Մարգար Շարապխանեան
Ուշի