Յունիսի 1-ին տեղի ունեցաւ Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղի Մշակոյթի տան պաշտօնական բացումը, երկարատեւ նորոգութենէ ետք։
Վերեւի երկու տողերը դժուար թէ կարենան արտայայտել թէ ինչ աշխատանք, ինչ նիւթական եւ բարոյական ներդրում եւ ինչ ընդարձակ ծրագրաւորում եւ երազներու փայփայում կայ անոր ետին, բայց որ այս հանգրուանը իրականացաւ, մեծ հպարտութիւն է ամէն ուշեցիի համար։
Բացման արարողութիւնը կազմակերպուած էր բծախնդրօրէն։ Աղ ու հացի եւ ժապաւէնի հատումի խորհրդանշական արարողութիւններէն ետք հիւրեր եւ ուշեցիներ միասնաբար մտան սրահ, ներկայ ըլլալու կոկիկ յայտագրին։ Հիւրերուն մէջ կային բազմաթիւ թորոնթահայեր, որոնք իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերած էին այս աշխատանքին։
Ներկայ էին, ՀՀ Մշակոյթի նախարարութենէն՝ նախարարի տեղակալ Արթիւր Պօղոսեանը, եւ նոյն նախարարութեան ժամանակակից արուեստի վարչութեան պետ՝ Սէյրանուհի Գեղամեանը, Արագածոտնի մարզպետ՝ Սարգիս Սահակեանը, մեր գիւղերու քահանան Տէր Եփրեմ Զարգարեանը, գլխաւոր հովանաւորներէն՝ Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեանները Թորոնթոյէն, Րալֆ եւ Արմիկ Եիրիկեանները Երեւանէն եւ Գարեգին եւ Մարալ Օտապաշեանները դարձեալ Երեւանէն, գրողներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ այս գործին հաւատացող եւ նեցուկ կանգնող բազմաթիւ սփիւռքահայեր եւ ուշեցիներ։
Օրուան հանդիսավարն էր Մարգար Շարապխանեանը, որ եօթը տարի առաջ Գանատայէն ներգաղթելէ եւ այս գիւղին մէջ հաստատուելէ ետք մղիչ եւ համախմբող ոյժը դարձաւ այս գիւղին մէջ, մէկտեղելով սփիւռքի եւ տեղական կարելիութիւնները, բազմաթիւ բարեփոխումներ իրականացնելու համար։
Հանրապետութեան ոգերգէն եւ Հայր Եփրեմի առաջնորդութեամբ հաւաքաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքէն ետք, Շարապխանեան հանդէս եկաւ հետեւեալ բացման խօսքով, որ լաւագոյնս կ'ամփոփէ այս աշխատանքի նպատակն ու կարեւորութիւնը,՝
«Քանի մը օր առաջ, Մայիսի 28-ին Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին յիշատակեցինք Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կազմաւորման օրը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը իր ուղերձին մէջ այս օրը բնութագրեց որպէս յարութեան եւ վերածնունդի օր: Պատահական չէ, որ Սվիւռքի մէջ, յաճախ, անցեալ 96 տարիներու ընթացքին, հիմնադրութիւններն ու բացումները զուգադիպած են այս օրուան: Ուշիի Մշակոյթի տան վերաբացումն ալ կազմակերպեցինք Մայիս 28-ի ամենամօտ Կիրակին, յուսալով, որ այս կերպով մեր գիւղն ալ կ’ապրի Յարութիւն եւ Վերածնունդ:
Մեր գիւղի բարելաւման աշխատանքները հիանալի դրսեւորումն են սփիւռք եւ Հայաստան միասնական ջանքերով, բոլորիս հայրենիքին մէջ բան մը փոխելու դէպի լաւը: Կ’ուզեմ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլոր հայորդիներուն, որոնք խմբուեցան այս աշխատանքին շուրջ: Մուտքի պատին տեղադրուած հովանաւորներու եւ նուիրատուներու երկար ցանկը, վառ վկան է անոնց կամե- ցողութեան եւ հաւատքին:
Սկսանք մեր դպրոցէն, մեր ապագայ սերունդի դարբնոցէն եւ ապա կազմեցինք մեր համայնքի հրատապ հարցերու ցանկը եւ ձեր օգնութեամբ կը շարունակենք քայլ առ քայլ առաջ երթալ լուծելու համար մեր գիւղի զանազան խնդիրները, խմելու ջուրէն մինչեւ ոռոգման ջուր, լուսաւորութենէն մինչեւ տուներու եւ փողոցներու համարակալում, մեր երէցներու եւ երիտասարդներու հանդիպման վայր, Մշակոյթի տուն:
Ֆիզիքական փոփոխութիւնները կարեւոր են բայց ոչ բաւական: Գիւղի առաջընթացը պայմանա- ւորուած է մեր բոլորի մօտեցումներով: Մենք բոլորս պէտք է ձեռք ձեռքի աշխատինք, որպէսզի ֆիզիքական փոփոխութիւնները դառնան հիմնաքարը մեր հոգեկան փոփոխութիւններուն: Մեր գիւղը կը դառնայ օրինակելի եւ իտէալական, միայն այն ատեն, երբ ամէն ուշեցի հպարտութեամբ եւ սրտցաւութեամբ տէր կանգնի անոր եւ իր կարելին ընէ զայն վերածելու նախանձելի բնակավայրի: Այս պատմական եւ հինաւուրց գիւղը մեզի ժառանգուած է մեր պապերէն: Մեր պարտականութիւնն է զայն փո-խանձել յաջորդ սերունդներուն աւելի լաւ եւ յարմարաւէտ վիճակի մէջ:
Գիւղերը երկրի ողնասիւնն են, երկրի կերակրատաշտը եւ աւանդութիւններու եւ կենցաղային մշակոյթի պահպանման օճախը: Սակայն այս չի նշանակեր որ գիւղացին արժանապատիւ եւ քաղաքակիրթ պայմաններով պէտք չէ ապրի: Մեր երկրին մէջ գոյութիւն ունին 900-է աւելի գիւղեր, որոնք կը կա- րօտին բարելաւման, ուստի ակընկալել որ կարճ ժամանակի մէջ պետութիւնը կարողանայ զանոնք կարգաւորել,վստահ կերպով անիրական է: Ահաւասիկ հոս է, որ մեր բոլորին ներդրումը կը դառնայ անհրաժեշտ: Այս Մշակոյթի տան հանդիսաւոր վերաբացումը հանգրուան մըն է միայն: Զայն մեղուափեթակի մը վերածելու հարցը պէտք է ըլլայ մեր բոլորին մտասեւեռումը: Ուրախ եւ տխուր առիթներով սեղաններու, մշակութային ելոյթներու եւ խմբակային աշխատանքներու կազմակերպումը մեր յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ... Յարմարաւէտը միշտ չէ որ կը նշանակէ արդիւնաւէտ: Մեր մարտահրաւէրն է որ միասնաբար այս տան արդիւնաւէտութիւնը ապահովենք:
Տակաւին կան բացմաթիւ իրագործելի խնդիրներ... ասֆալտապատում, մանկապարտէզ, գիւղապետարանի վերանորոգում, հրապարակի կարգաւորում, բերքի իրացման կեդրոն, եւայլն: Աստուծոյ կամքով եւ ձեր օգնութեամբ, կը յուսանք որ իրականանան մեր բոլորի հաւաքական իղձերը»:
Խօսք առին Մշակոյթի նախարարի տեղակալը, մարզպետը, VIVA Cell MTS¬ի տնօրէն Րալֆ Եիրիկեանը, Աւիկ Իսահակեանը, Ռոզա Սարեանը, Մարգրիտ խաչատրեանը, թորոնթահայ Յակոբ Ճանպազեանը եւ ուրիշներ։ Օրուան պատգամը փոխանցեց երեւանաբնակ Րաֆֆի Տուտագլեանը։
Գեղուարուեստական յայտագիրը բաղկացած էր բացառապէս ուշեցի պատանիներու ելոյթներով։ Առաջին անգամ հնչեց Ուշիի ոգերգը, պարագաներու բերումով սակայն միայն արտասանութեամբ։ Թէեւ Երաժիշտ Ռոբերտ Ամիրխանեանը եղանակաւորած էր զայն, սակայն անակնկալ անհանգստութեան պատճառաւ, չկրցաւ ներկայ ըլլալ եւ ներկայացնել եղանակաւորուած տարբերակը։ Տասնամեայ Արսէն Յովակիմեանի շուիով ներկայացուած եղանակները արժանացան երկարատեւ ծախահարութիւններու։ Ֆենիա Ղազարեանը երգեց Գէորգ Էմինի բանաստեղծութեամբ եւ Աղեքսանդր Հեքիմեանի եղանակաւորմամբ «Երգ Կռունկի Մասին»ը եւ Յովիկ Խաչատրեանը արտասանեց՝ Զաւէն Սիւրմէլիանի «Ասացուածք ծառ տնկելու առթիւ» բանաստեղծութիւնը։ «Նիկոլ Աղբալեան» վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտ դասարանը ներկայացուց հայկական յաջող պար մը։
Մշակոյթի նախարարութիւնը, պատուոյ գիր մը շնորհեց Մարգար Շարապխանեանին՝ «հայ մշակոյթի հանդէպ ունեցած նուիրումին եւ ծառայութիւններին համար»։
Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ կոնիակի եւ քաղցրաւենիներու հիւրասիրութիւն։ Գիւղին համար այս բացառիկ հանդիսութենէն ետք, ներկաները մեկնեցան մեծապէս ոգեւորուած։
Է.Ճ.Շ