Ժողովրդական երգերու աշխարհին մէջ ընդհանրապէս շաբաթը անգամ մը կը ներկայացուի առաջին տասնեակը ամէնէն շատ վաճառուած եւ ունկնդրուած երգերուն, որոնք կը նկատուին շաբթուան լաւագոյնները եւ միջազգայնօրէն ընդունուած եզր մը կը գործածուի անոնց համար.- TOP 10:

Հայաստանէն Civilnet.T.V. հաստատութիւնն ալ youtube-ի ճամբով շրջանառութեան դրած է առաջին տասնեակի անուններն ու նկարները Ազգային Ժողովի այն պատգամաւորներուն, որոնք տարեկան իրենց եկամուտով ամէնէն բարձր դիրքերուն կը գտնուին, այսինքն ըստ Civilnet-t.v.ի, կը կազմեն Ազգային Ժողովի TOP 10-ի ցուցակը:
Աւելորդ յոգնութիւն է առանձին-առանձին մեզի անծանօթ մարդոց անուններուն եւ եկամուտներուն արձանագրութիւնը: Բայց աւելորդ չէ եւ կ’արժէ ընդգծել, որ անոնցմէ փոքրագոյնին տարեկան եկամուտը եղած է 2.900.000.- տոլար: Առիւծներու այս տասնեակին մէջ Տորք Անգեղեան անբեկանելի մրցանիշը կը պատկանի Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան հիմնադիր-նախագահ պրն. Գագիկ Ծառուկեանին, որուն տարեկան եկամուտը կազմած է 135.000.000 (հարիւր երեսուն հինգ միլիոն) տոլար:
Պրն. Յովիկ Աբրահամեան հազիւ վարչապետ նշանակուած՝ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի «խոշոր գործարարներու» հետ: Հայրենի մամուլին հետեւողները մեզի պէս զարմանքով կարդացած պէտք է ըլլան, որ Հայաստանի «խոշոր գործարարներու» 90 տոկոսը կը բաղկանայ (եղեր) ...Ազգային Ժողովի պատգամաւորներէն:
Ի դէպ, վարչապետը TOP տասնեակին մէջ չըլլալով հանդերձ, «խոշոր գործարարներ»էն մէկն է, հակառակ որ սկզբունքով գործարարութիւն չէ եղած իր ասպարէզը, այլ ի սկզբանէ վարած է պետական պաշտօններ: Իր տիկնոջ՝ Զուլիեթա Աբրահամեանի եկամուտը սակայն, կազմած է 3.600.000 տոլար:
Հապա՞: Պատգամաւորներու տիկիններն ալ ունին առաջնութեան տասնեակը, TOP 10-ը, որուն մրցանիշը կը պատկանի պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանի կողակցին՝ տիկին Շողեր Մկրտիչեանի: Տարեկան եկամո՞ւտը.- 27.400.000 տոլար: Արդարութիւն ըրած ըլլալու համար ըսենք, որ տիկիններուն մէջ տասնեակի ամէնէն համեստը գործող նախագահինն է, տիկին Ռիթա Սարգսեանին, որ TOP 10-ին տասներորդն է, վերջինը՝ տարեկան 259.000.- տոլարով:
Թոյլատրելի է ենթադրել տակաւին, որ պաշտօնապէս յայտարարագրուած վերոգրեալ թիւերէն անդին, ծածկուած գումարներ անպայման կ’ըլլան երկրի մը մէջ, ուր պաշտօնի շահագործումը եւ համատարած խաթարուածութիւնը (կոռուպցիա) այնքան դիւրութիւններ կ’ընձեռեն շատ բաներ քօղարկելու համար:
Գլխապտոյտ պատճառող միլիոններու այս պարը անկասկած արդիւնք է շարժուն ու անշարժ եկամտաբեր հսկայ հարստութեանց: Պատգամաւորները իրենք, իրենց հետ Աստուած եւ...Հայաստանի քաղաքացիները գիտեն, թէ գործարարական ինչպիսի «տաղանդ»ով եւ շուկայական ինչ ձեռներեց «հնարքներով» յաջողած են անոնք աստղաբաշխական հարստութեանց տիրանալ, անկախութեան յարաբերաբար կարճ ժամանակի մէջ:
Պատգամաւորներու ազնուափայլ տիկիններն ալ երես դարձնելով «փափկասուն» կեանքին, ոգի ի բռին նետուած են շուկայական չարքաշ ասպարէզ եւ անդուլ պայքարով տնտեսական աննախընթաց մրցանիշներ արձանագրած...:
Իսկ մեզի պէս միամիտներ անմեղօրէն կը զարմանան ու հարց կու տան, թէ արագօրէն հարստանալու ենթահող ունեցող երկրի մը մէջ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ քաղաքացիներ անգործ կը մնան եւ աղքատութեան տուայտանքէն ազատելու համար կը դիմեն արտագաղթի փրկութեան ...:
Ահաւասիկ.- Այս օրէնսդիրներն են, որոնք պիտի կառուցեն ու ամրապնդեն իրաւական պետութիւն եւ պիտի պայքարին ... կոռուպցիայի դէմ ...:
Եւ ըսել, որ Հայաստանի օրէնքը յստակօրէն անհամապատասխան կը հռչակէ գործարարութիւնը պատգամաւորի հանգամանքին հետ։ Այսինքն, օրէնքի տառով իսկ պատգամաւորներուն արգիլուած է գործարարութիւնը:
Դժուար չէ պատկերացնել, որ այսօրինակ տիպերու մեծամասնութեամբ բաղկացած Ազգային Ժողով մը ինչպիսի օրէնքներ կրնայ քուէարկել յանուն... արդարութեան, թափանցիկութեան եւ քաղաքացիներու բարօրութեան: Եւ, վերահսկիչ ինչպիսի օղակներու կը վստահի օրէնքներու գործադրութեան համար:
Բացէք հայրենի մամուլը հաստատելու համար, որ հոս ներկայացուածը մէկ պատկերն է կառավարման համակարգի տարբեր-տարբեր երեսներու փտածութեան, որու հետեւանքով, այսքան տարիներ վերջն իսկ կարելի չեղաւ իշխանութեան գործակիցը դարձնել Հայաստանի քաղաքացին, որ կը շարունակէ աչքն ու միտքը սեւեռած պահել արտագաղթի:
Իսկ սփիւռքեան շրջանակներ լուռ ու անտարբեր, կացութեան համակերպածի հոգեբանութեամբ կը յամենան մնալ հետեւողի դիրքի վրայ, գիտնալով հանդերձ, որ միայն հանգանակութիւններն ու ցուցադրական խորհրդաժողովներու մասնակցութիւնները չեն, որոնք պիտի ամրապնդեն ազգային պետութիւնը:
Չենք խօսիր տակաւին «մեծապատիւներու» մասին, որոնք ուս կը թօթուեն եւ «Մեր ինչուն պէտքն է, թէ Հայաստանի մէջ ո՞վ ինչ կ’ընէ» կործանարար մտածողութեամբ կ’առաջնորդուին:

Միհրան Քիւրտօղլեան