(Նախաձեռնութիւն Կեդրոնական Վարժարանի, Կ. Պոլիս, 2013)
Հիմա կու գամ «Ազդակ»ի «Նամականի»ին մէջ լոյս տեսած լոսանճելըսեան կլոր-սեղանի մը շուրջ թղթակցութեան, անկէ ծնած զոյգ յօդուած-նամակներու եւ
տրուած վերլուծական պատասխան-նամակին: Առաջիններուն մէջ, ստորագրողները՝ ներկայիս Արեւմուտք ապրող նախորդ սերունդի ճեմարանական ընկերուհիներ, հաստատումը կ՛ընեն դժուարութիւններու եւ որոշ անյաջողութեան, նաեւ մտահոգութիւններու,- բայց փաստօրէն արդէն՝ իրենք իրենց՝ յանգեր են ճի՛շդ վերը նշուած այս եզրակացութիւններուն: Անոնց փորձը բաւարար փաստ է, իր կարգին, որ պէտք չկայ վախնալու երեխաներու մտքին ու լեզուին մէջ առաջանալիք որեւէ «խառնուրդ»է: Նոր խօսիլ սկսող երեխան հիանալի կրնայ իւրացնել՝ զուգահեռաբար՝ իրարմէ անջատ մէկէ աւելի լեզուներ, զանազանելով զանոնք իրարմէ, անհիմն դարձնելով մտավախութիւնը այդպիսի «հայերէնանգլերէն կամ հայերէնաֆրանսերէն խառնուրդներու»:
Կը բաւէ, որ մեծերս մե՛նք յարգենք անջատումի այդ սկզբունքը, մե՛նք պահպանենք լեզուներու անջատ-անջատ գործածման կանոն մը, երեխային շուրջ, անուղղակի համակրանք ու յարգանք թելադրելով իրեն՝ մայրենիի հանդէպ ե՛ւ «լեզու-երեւոյթին» հանդէպ առհասարակ: Միանգամայն իրեն ցոյց տալով մեր (իր շուրջի չափահասներու) ատակութիւնը լեզուա-մշակութային երկո՛ւ ոլորտներուն ալ հանդէպ: Այսպէս է միայն, որ երեխան, աւելի ուշ՝ երեք-չորս տարեկան, դէպի արտաշխարհ իր բացուածքը պիտի իրականացնէ բնական ու հեզասահ ընթացքով, խնայելով իր ծնողներուն եւ ընտանեկան շրջապատին յետագայ տաժանքներ, երբեմն անելանելի ու անդարմանելի կացութիւններ: Արեւմուտքի մէջ, մեր շուրջ, թէեւ սակաւաթիւ՝ չեն պակսիր այսպիսի կատարեալ-երկլեզու ընտանեկան միջավայրեր: Պարագաներու սակաւաթիւ, կամ նոյնիսկ հազուագիւտ ըլլալով՝ կարելիութեան փաստը չի դադրիր փաստ ըլլալէ...:
Պիտի ըսուի՞, թէ այսպէս շատ բան ակնկալած ու պահանջած կ՛ըլլանք կեանք մտնող մանուկի մը ընտանեկան շրջանակէն, եւ որ իրատես չէ ատիկա: Դիտողութիւնը տեղին կ՛ըլլար, եթէ շատ բան պահանջել է... «բնականութիւն» պահանջելը. բնականութիւն՝ զինուած տարրական արթնութեամբ մը միայն...: Կամ պիտի պնդուի՞, տակաւին, որ այսպիսի անկնկալութիւն «անգործնական» է կեանքի ներկայ պայմաններուն մէջ, մանաւանդ արեւմտեան Սփիւռքի պայմաններուն՝ ուր տնտեսական կարիքը յաճախ գործի ասպարէզ կը նետէ ծնողները՝ հայր ե՛ւ մայր...
«ՀԱՅԵՐԷՆ ՍՈՐՎԻԼ»՝
ՏԱԺԱՆԵԼԻ ՈՒ ՏԽՈՒՐ ՊԱՐՏՔ,
ԱՆՏԵՍԻԼՔ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ...
Պատասխանս, ու նախ՝ հիմնականը.- Չեմ մոռնար, որ այդպիսի բնականութենէ այնքա՜ն հեռու ենք ու հեռու կը մնանք... միայն ու միայն՝ երբ հարցը կը վերաբերի հայկական արժէքներու - լեզուի եւ մշակոյթի: Այնքա՛ն մոռցած ենք հայերէնին՝ «բնականոն լեզուի», առօրեայի, ուրախութեան, կայտառ մտա-մարմնախաղերու, ամբողջական հաղորդակցութեան գործիքի հանգամանքը, որ հայախօսութեան ճիգն ու պայքարը ի վերջոյ «կը յաջողինք» հակադրել երեխաներուն հետ հաճելի առօրեայ մը բաժնելու արարքին, զիրենք «վայելելու» բնական կարիքին ու իրաւունքին...: Այնքա՛ն «բնական» է եղած մեզի համար՝ այս արժէքները՝ հայերէն սորվիլը, հայերէն խօսիլը, տեղադրել ազգային-բարոյական պարտաւորութեան նշանին տակ, առնել՝ տաժանելի եւ տխուր պարտքի մը պէս,- որ ոչ իսկ կ՛անդրադառնանք այլեւս՝ բո՛ւն բնականութեան ճաշակի այս կորուստին...:
Ապա՝ ասոր ուղղակի առնչուող՝ կազմակերպական տեսիլքի չգոյութեան փաստը: Սփիւռքի համայնքներու կազմակերպումը, շուարուն, օրը օրին կարկտան միջոցառումներով ընթացող, այսպէս՝ կրնար ծնիլ միայն իրեն նման անտեսիլք «ման¬ կավարժութիւն» մը:
Արեւմտեան Սփիւռքի մէջ դպրոցական ցանցի աղքատութիւնը եւ ահարկու յապաղումը ընդգծուեր է յաճախ, եթէ չէ մտածուած իսկ՝ ըստ խորքի: Բայց հոս ես շատ աւելի համեստ օրինակ մը կ՛ուզեմ տալ, թելադրուած՝ նախադպրոցական տարիքի երեխաները լեզուա-մշակութային պատշաճ պայմաններու մէջ աճեցնելու մասին վերը ըսուածներէն.- Այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ երբեւիցէ չենք մտածած, ա՛լ աշխատող մայրերու լեգէոններ հաշուող մեր համայնքներուն մէջ (նախ՝ արեւմտեաններուն, բայց այսօր՝ նաեւ արեւելեաններուն...) տեղադրել մանկամսուրներու խիտ ցանցեր...: Որոնք, շատ աւելի դիւրին ստեղծելի եւ կազմակերպելի՝ քան բուն վարժարանները, եւ աւելի դիւրին -բայց ոչ պատահականօրէն- կազմաւորելի անձնակազմերով, առաջնորդէին մեր մանուկներուն կենսամուտքի ամենէն ընկալուչ 3-4 տարիները լեզուա-հոգեբանական եւ մանկավարժական ուղիղ ճամբաներէ: Բայց նման կառոյցի մը իրագործման համար, ինչպէս անոնց հետեւող վարժարաններու պարագային, պէտք էր տեսիլք ունենալ, հոգե-մանկավարժական տեսութիւն եւ գիտականօրէն հիմնաւոր հեռանկարներ ունենալ - բան մը՝ որ... ունեցե՞ր ենք երբեւիցէ...:
ԻՍԿ ՄԵՐ «ՀԱՅԱԽՕՍ» ՀԱՄԱՅՆՔՆԵ՞ՐԸ...
«Ոչ-հայախօսական» պայմաններ դիմագրաւող արեւմտեան Սփիւռքին (ու անոր կցելի՝ հարաւ-արեւելեան Եւրոպային ու -տեսանք- հայկական Պոլիսին) վերաբերող՝ Կեդրոնականի գրքոյկէն բխած այս խորհրդածութիւնը հոս կրնայ փակուիլ...: Բացի եթէ՝ յանկարծակի անդրադարձով մը՝ հարց տանք.- «Հապա մե՞նք... Հապա մեր արեւելեան «հայախօս» Սփի՞ւռքը...»: Ո՞ւր է մե՛ր հայախօսութիւնը, ո՞ւր է մե՛ր իրագործած հայ մշակոյթի յաւերժացման գործը, ի՞նչ կարելի է ըսել անոնց մասին՝ հոգե-մանկավարժական գիտութիւններու ներկայ արժեչափերով. ի՞նչ ենթադրութիւն կրնանք ընել անոր յառաջիկայ հարիւրամեակի հաւանական հեռանկարներուն առջեւ...
Ճեմարանականներու նամակներուն մէջ ոգեկոչուած միջին-արեւելեան միջավայրը (Ճեմարան, թէ՛ ուրիշ հայաշունչ, աւանդական հաստատութիւններ), ուզենք կամ ոչ, չէ՛ր Սփիւռք, այլ ջերմանոցային ապակեայ զանգ, արուեստական հայրենիք մը, ինչպէս էին որոշ չափով այդ համայնքները իրենք, ասկէ յիսնամեակ մը առաջ (նամակագիրները արդէն լաւ գիտեն, որ այդ համայնքնե՛րն իսկ այսօր մեծ մասամբ դադրած են այդպիսին ըլլալէ...): Յամենայն դէպս, հայերէնի կարգավիճակը, երէ՛կ ալ՝ ինչպէս այսօր, միշտ տեղի տուած է հարցականներու...: Դպրոցը կը սորվէինք հայերէն. բայց անիկա ինչի՞ կը ծառայէր դպրոցէն դուրս: Առօրեայ մը տնտեսելու, տարրական հաղորդակցութիւն մը վարելու համայնքի անդամներուն հետ: Ուրի՞շ...: Անոր դերը շուտով կը նուազէր, կը տժգունէր՝ մեր ընթերցումներուն, մտաւոր մակարդակի հաղորդակցութիւններուն մէջ, ուր՝ լաւագոյն պարագային՝ սանկ-նանկ իբր շրջանակ կ՛ընկերանար օտար եզրաբառերով զարդարուած մեր խօսակցութիւններուն: Անցեալը գեղեցկացնելը յայտնի փորձութիւն է, բայց լաւ է զգաստ ըլլալ...:
Այսօր նոյն համայնքներուն մէջ դիտուածը՝ ասոր քիչ մը շեշտուած պատկերը չէ՞ միայն - հայերէնը՝ ընդհանուր մտայնութենէն դպրոցի՛ն ալ պարտադրուող՝ «աղքատ ազգականի» դերին մէջ. դպրոցէն դուրս՝ գրեթէ ոչ մէկ շահագրգռութիւն հայերէն ընթերցումներու եւ հայ գրականութեան (յայտնօրէն, լուր չունինք, որ աշխարհը կը շարունակէ առատօրէ՜ն գիր-գրականութիւն արտադրել, հրատարակել ու կարդալ...): Ու պարզ է, որ մայրենի լեզուն, երբ իրեն չենք շնորհեր ամբողջական, բազմախաւ կիրարկում (ներառեալ ակադեմական արտայայտութեան մակարդակը), երբ նոր սերունդը դպրոցէն ու դասագիրքէն դուրս չի՛ կարդար,- այդ լեզուն դատապարտուած է հիւծումի, նոյնիսկ երեւութական հայախօսութեան մը միջավայրին մէջ:
Լիբանահայ հայակրթական համակարգի թերիները, անոնց շուրջ առգոյ մտահոգութիւնները, փոխնիփոխ խոստովանուած կամ ծածկուած-անգիտացուած, ուսուցման միջոցներու այս նո՛յն անբաւարարութենէն, ոչ-պատշաճեցումէն կը բխին՝ ինչ որ Արեւմուտքի մէջ: Հակառակ երեւութակա՛ն տարբերութիւններու: Միջին Արեւելքն ալ, համաշխարհայնացումի ալիքին վրայ, «կը սփիւռքանայ» աստիճանաբար: Եղածը իրողութեան հաստատում մըն է, ո՛չ ժխտական երեւոյթի մը առջեւ ափսոսանքի հառաչա՜նք...:
Եւ «սփիւռքացման» այս իրողութեան կամ հոլովոյթին համապատասխան՝ գոյութիւն ունի՛ն միջոցներ, զէնքեր: Որ պարզապէս պէտք է գտնել եւ գործածել գիտնալ: Պարզապէ՛ս:
Կեդրոնականի «Նախ՝ Մայրենին»՝ այդ հոլովոյթը դիմագրաւելու քայլ մըն է - անկախ՝ տուեալ թրքահայ միջավայրի մասնայատուկ պայմաններէն: Այս խորագիրը ուրեմն պիտի չընկալենք՝ մայրենի լեզուն նախ եւ առաջ ու առանձինը ուսուցանել ու թիւրիմացական առումով: Ո՛չ: Այլ՝ որ անհրաժեշտ է, մեկնակէտէն, մայրենին ուսուցանել այնպէս՝ ինչպէս տիրող/տեղական լեզուն(երը), այսինքն, անգամ մը եւս, նո՛յն կենդանութեամբ, նոյն մեթոտաբանական լրջութեամբ ու որակով:
Ասիկա՝ անպայմա՛ն «օտարախօս» համայնքներու երկլեզու համակարգերուն մէջ: Ու աւելցնենք՝ նոյնքա՛ն «անպայման»՝ Արեւելքի դեռ հայախօս համայնքներուն մէջ:
* * *
Ահա՝ ի՛նչ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ Պոլսոյ մեր Կեդրոնական վարժարանի գրքոյկը: Յուսալի՝ մէկ կողմէ, մանաւանդ երբ կու գայ համայնքէ մը որ, տասնամեակներով քաղաքական դժնդակ պայմաններ դիմագրաւած եւ մշակութապէս փաստօրէն «սփիւռքացած», այսօր՝ իր մանկավարժական առաջապահ մէկ թեւով կը յայտարարէ պայքարի իր տրամադրութիւնը յօգուտ ազգային մշակոյթի եւ մայրենի լեզուի պահպանման, վերականգնման, տեղական թէ համաշխարհային հարթիչ ճնշումներու դէմ: Միւս կողմէ, երեւոյթը տրուած առիթ մըն է, թո՛ղ ըլլայ մասամբ ջլատիչ առիթ, անդրադառնալու, թէ որքա՜ն ետ ենք մնացած մայրենի լեզուի եւ մշակոյթի մեր պայքարին մէջ, ապաւինած «տկարի զէնքին»՝ բարոյական պարտքի եւ սոսկական պահպանումի կործանարար քարոզին - ասիկա՝ իր լայն ընդհանրութեան մէջ առած՝ թէ՛ հայախօսութենէ դադրած, եւ թէ՛ զգայազրկիչ հայախօսութիւն մը պահած եւ հայախօս նկատուող մեր համայնքներուն մէջ:
Սփիւռքի երկրորդ-երրորդ սերունդներս՝ այսօր¬ ւան ծնողներու եւ մեծ-ծնողներու սերունդները, աճեցւեր ենք հայերէնը ճիտի պարտք ներկայացնող, իբր աղքատ ազգական հիւրընկալող տաղտկայարոյց այդ մթնոլորտին մէջ, պարիսպով մը անջատուած առօրեայէն, անոր բնականութենէն, անոր ամբողջականութենէն...
Բայց «հայապահպանում» կոչուած վախկոտ քարոզին, մեր մէջ տիրող աշխարհայեացք-գաղափարախօսութեան «նուէր» այս խցանումը, որ այսօր կ՛անդրադառնայ չորրորդ եւ հետեւող սերունդի/սերունդներու վրայ,- անշրջանցելի չէ:
Լեզուա-հոգեբանութեան եւ մանկավարժութեան նորոգուած հայեացքները թո՛ղ օգնեն մեզի զայն յաղթահարելու:
Յարութիւն Քիւրքճեան