Ժամանակակիցը այսպէս է նկարագրում անկախութեան առաջին շքերթը. «Մաղթանքէն յետոյ զօրահանդէսը սկսաւ վարչապետին հետեւեալ ճառովը։ «Հայաստանի փառապանծ ու արի զինուորնե՛ր, ձեր կամքի, ձեր հայրենասիրութեան եւ արեան գնովն է, որ հնարաւորութիւն ունինք այսօր տօնելու Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տարեդարձը։
Այս օրուան տօնը պատրաստած են նաեւ յեղափոխական բանուորութիւնն ու արհեստաւորութիւնը, յեղափոխական մտաւորականութիւնն ու Հայաստանի գիւղացիութիւնը ձեռք-ձեռքի տուած քաղաքացիներու հետ։ Այսօր ձեր բոլորիդ յաղթանակի տօնն է։ Կառավարութեան անունով կը շնորհաւորեմ ձեր յաղթանակը, կը շնորհաւորեմ ձեր հայրենիքի՝ Հայաստանի անկախութիւնը, ազատութիւնն ու միացումը»։
Որոտալի «Կեցցէ»ներու տարափի մը տակ սկսաւ զօրահանդէսը։ Դաշնակից եւ դրացի պետութիւններու ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ, վարչապետը նախագահեց զօրահանդէսին, որմէ յետոյ շարան-շարան անցան Երեւանի աշակերտութիւնն ու բոլոր որբանոցներու որբերը, որոնց կարգին ամերիկեան որբանոցէն խումբ մը որբեր՝ զինուորական շարքերով միատարազ եւ փայտեայ հրացաններով։ Հասարակութիւնը զանոնք ընդունեց բուռն ծափերով։ Ապա բեռնակիր ինքնաշարժ մը, ծաղիկներու եւ դրօշներու մէջ կորսուած, գնդացիրներով ու թնդանօթներով անցաւ վեհաշուք. ապա անցաւ ուրիշ բեռնակիր ինքնաշարժ մը, դարձեալ ծաղիկներու ու կանաչներու մէջ, կրելով սեւազգեստ ու սեւաքօղ կանգնած կին մը՝ որ խորհրդանշանը կը ներկայացնէր Հայաստանի անցեալին եւ որու գլխին կը ծածանէին բազմաթիւ դրօշակներ՝ վրան մակագրուած մեր բոլոր պատմական վայրերու անունները, «Մուշ», «Սասուն», «Տիգրանակերտ», «Սիս» եւալն.։ Այդ ինքնաշարժին կը հետեւէր երրորդ մը, իր առջեւ ունենալով երկու երիտասարդներ՝ մէկը տաճկահայ եւ միւսը ռուսահայ տարազով, երկուքն ալ ձեռք-ձեռքի տուած։ Սա խորհրդանշանն էր ազատագրուած ու Միացեալ Հայաստանի։ Ապա երկու եզալուծ ծաղկեզարդ գութան, յետոյ կառքեր ու ինքնաշարժեր, որոնց կը հետեւէր խուռն բազմութիւնը։
Այս կերպով թափօրը շարժեցաւ դէպի խորհրդարանի շէնքը»։