Ամէն անգամ Երեւանին մէջ կամ այլուր, սփիւռքահայու մը հանդիպիմ, որ Հայաստան հաստատուած է, ուրախութիւնս կը բարձրանայ իր գագաթնակէտին մանաւանդ երբ ենթական աշակերտներէս մէկը եղած ըլլայ:

Հնարաւորութեանս սահմաններուն մէջ ճիգ չեմ խնայեր իրեն օգտակար ըլլալու: Վերջին տարիներուն այսպիսի ապրումներ ունեցայ: Հոգեգրաւիչ ապրումներ, որոնք պատճառ եղան մտորումներս թուղթին յանձնելու: Արդէն գրելը ներքին ապրումներու եւ սրտամօտ առիթներու հետեւանք չէ՞, որ ամէն պարագաներուն ալ անկեղծ ու հարազատ պէտք է ըլլայ:

Անձիդ հետը եթէ կ՛ուզես հանդիպիլ
եւ զրուցել հոգեբխիչ բառերով,
հայրենիքիդ հողին կառչած դուն ապրիր,
որ կեանքը քո ալ չդառնայ անյարիր:

Պապերդ քո հոս է որ քեզ կը կանչեն
հողին մէջէն, օդին մէջէն, երկինքէն
կը պատգամեն, որ դուն ապրիս վեհօրէն,
իրենց նման հայրենասէր, անձնուէր:

Այս հրճուանքը ուրիշ երկիր չի տար քեզ,
ուրիշ երկիր հոգիիդ հետ չի խօսիր,
երկիրը քո առաջնորդդ կը դառնայ,
շինիչ տենչեր, նպատակ մը քեզ կու տայ:

Հայաստանը երազ մըն էր մեզ համար
որուն հասնիլ տարիներով տենչացինք,
հեռուն նայիր, ապագայիդ գիտակցիր,
քո երազի ճշմարտութեան տէր դարձիր:

Կոյր աչքերով մի թափառիր հոս ու հոն,
օտար վայրեր, օտար հողեր, երկիրներ,
անստոյգին անյոյս գրկին փարելով
քո ազգային ինքնութիւնդ կը խախտես:

Դժուար օրեր պիտ՛ ունենաս անկասկած
բայց յոյսը քո անձիդ վրայ դուն միշտ դիր
ու հաւատայ, որ պիտ՛ յաղթես անպայման,
զի քոնն է այս հողն ու իր ապագան:

Մարգար Շարապխանեան
Ուշի