Փոքր Ասիոյ աղէտին հետեւանքով, շուրջ մէկուկէս միլիոն յոյներ եւ մօտ հարիւր հազարի հասնող հայ գաղթականներ, որոնց շարքին ութ հազար հայ որբեր, կ'ապաստանին Յունաստան՝ ահաւոր աղքատութեան եւ թշուառութեան պայմաններու մէջ։
Յունաստան կը հանդիսանար միակ երկիրը, որ պատերազմի հետեւանքով իր արիւնաքամ վիճակին մէջ իսկ, իր յոյն եղբայրներու կողքին, կ'ընդունէր տարագրուած հայութիւնը։
Ամիսներ տեւած է այս հսկայ բազմութեան տեղաւորումը բաց դաշտերու մէջ, վրաններու տակ, ինչպէս նաեւ՝ ընդարձակ սրահներէ ներս։ Աթէնքի եւ Բիրէայի մօտակայ շրջաններուն մէջ սկսած են կազմուիլ թիթեղաշէն հայաշատ գաղթակայաններ՝ Ֆիքս, Սինկրու, Լիբազմա, Գոքինիա, Ամարուս, Լաւրիօ եւ այլ շրջաններու ու կղզիներու մէջ։
Ստիպողական կարիքներու հասնելու եւ օգնութեան ձեռք երկարելու համար կարօտեալին, հիւանդին, անտունին թէ որբացած երեխաներուն, այս պայմաններուն տակ է որ ասպարէզ կու գան խումբ մը հայուհիներ եւ երիտասարդներ որոնք, Հ. Յ. Դաշնակցութեան հովանաւորութեան տակ, հիմը կը դնեն Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչին, 2 Յունիս 1924-ին, կեդրոն ունենալով Աթէնքը։
Մասնաճիւղերու կազմութեամբ հայաշատ տարբեր գաղթակայան ներուն մէջ (Ֆիքս, Գոքինիա, Լիբազմա) կը սկսի գործել Հայ Կապոյտ Խաչը։ Այս օրերու մղձաւանջը հայ գաղթականներուն տուն, գործ եւ դեղօրայք հայթայթելն էր։ Ապա՝ աւելի ուշ, կրթական օրրաններու հաստատումով հայապահպանում եւ ազգային ոգի ներշնչելը առաջնահերթ կը դառնայ։ Մեծ զոհողութեանց գնով, միութեան հիմնադիրները եւ անոնց յաջորդները կը լծուին այդ աշխատանքին:
1924 Սեպտեմբեր 12-ին կը գումարուի Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Առաջին Պատգամաւորական ժողովը, ուր կ'ընտրուի առաջին Շրջանային վարչութիւնը։ Պատգամաւորական Ժողովի որոշումով, Հ. Կ. Խաչը կը կապուի Ամերիկայի Հ. Օ. Մ.ին։
Կը հիմնուին յաւելեալ մասնաճիւղեր՝ Սինկրուի, Գամարիձայի, վարի Ամարուսի, Լաւրիոյի, Գալամաթայի եւ Վոլոյի մէջ։ Ապա նաեւ Գանտիոյ (Կրետէ), Ռեթիմնոյի (Կրետէ) եւ Միտիլիի մասնաճիւղերը։
Այսպէս, 1924-էն մինչեւ 1928 կը կազմուին 14 մասնաճիւղեր, որոնցմէ շատեր ներկայիս գոյութիւն չունին, բայց ատենին կատարած են մեծ աշխատանք եւ ունեցած են բեղուն գործունէութիւն։ Այդ մասնաճիւղերէն ոմանք ունեցած են իրենց դարմանատուները եւ բոլորն ալ օժանդակած են իրենց շրջաններու աշակերտներուն եւ դպրոցներուն։
Ողբերգական եւ դժուարին պայմաններու բերումով ստեղծուած Հ. Կ. Խաչը, շնորհիւ իր անդամներու ճիգերուն եւ ձեռներէցութեան, կը յաջողի ստեղծել իր սեփական Տունը, նաեւ՝ չափահաս որբերու համար բացուած ատաղձագործարան մը Ֆիքսի մէջ։
Թոքախտէ տառապողներու համար ապաքինարան կը բացուի Փենտէլիի օդասուն շրջանին մէջ։ Ապա վրան-վարժարան մը՝ վարի Ամարուսի եւ Հռիփսիմեանց մանկապարտէզը՝ Գոքինիոյ մէջ։
Բ. Աշխարհամարտի ծանր տարիներուն, Հ. Կ. Խաչը առաւելաբար կը նուիրուի բարեսիրական գործի՝ սննդեղէնի եւ դեղօրայքի բաշխումով. այսպիսով հնարաւոր կ'ըլլայ ձեռք երկարել եւ օգնութեան փութալ հիւանդ ու անկար հայրենակիցներու։
Մատղաշ սերունդի կրթութեան հարցը մեծապէս կը մտահոգէր Հ. Կ. Խաչի պատասխանատուները, որոնք բաւարարելու համար կրթական կարիքները, վրան-վարժարաններ կը բանան գաղթակայաններու մէջ։ Աւելի վերջ կը ձեռնարկուի Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի շինութեան։
1927-ին Հ. Կ. խաչը կը բանայ Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանը, որ գործել կը սկսի Հ. Կ. Խաչի անունով։ Այսպէս, «Զաւարեան» նախակրթարանը կը դառնայ Հ. Կ. Խաչի առաջին սեփական նորակառոյց վարժարանը։ Ֆիքսի Հայ Կաթողիկէ վարժարանը եւս գործել սկսած է Հ. Կ. խաչի անունով։
Այնուհետեւ, Հ. Կ. Խաչը վարժարաններ կþունենայ Ռեթիմնոյի եւ Միտիլիի կղզիին մէջ։
1950-ին տեղի կþունենայ վարժարաններու միացումը։ Ֆիքսի շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող Հ. Կ. Խաչի վարժարանը կը միանայ նոյն շրջանի Ազգային Վարժարանին եւ կը կոչուի Ազգային Միացեալ վարժարան ու կը գործէ Հայ Կաթողիկէ դպրոցական շէնքին մէջ։
Նոյնը կը պատահի Գոքինիոյ մէջ, ուր կը միանան «Ազգային» եւ «Զաւարեան» վարժարանները՝ Միացեալ վարժարաններ անունով։
Աշխատելու այս ձեւը կը շարունակուի մինչեւ 1957-1958 կրթական տարեշրջանի աւարտը, երբ կը ստեղծուին նոր պայմաններ եւ Ֆիքսի կաթողիկէ հաստատութիւնը կ'որոշէ ծերանոցի վերածել դպրոցը։ Ստեղծուած այս նոր կացութեամբ, Ֆիքսի աշակերտներուն համար անհրաժեշտ էր գտնել դպրոցի յարմար նոր վայր մը։
Կը ստեղծուի դպրոցաշինութեան յանձնախումբ մը, որ կը ձեռնարկէ հողամասի մը գնման:
Դպրոցի շինութեան համար կը սկսի հանգանակութիւնը: Դիմումներ կÿուղղուին արտասահման ու կոչերը կ'արդիւնաւորուին, երբ Միացեալ Նահանգներու Ֆրէզնօ քաղաքէն ազգային բարերարուհի մայր Սոֆիա Յակոբեան սիրայօժար կը կատարէ 30 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը: Հոս տեղին է յիշել, թէ յունահայ գաղութը եւս իր լայն մասնակցութիւնը բերած է դպրոցի շինութեան իրականցման:
Վարժարանին հիմնարկէքը տեղի կ'ունենայ 1961 Մայիս 20ին:
Մայր Սոֆիա Յակոբեան, յետ մահու եւս իր ձգած կտակով, 10 տարի շարունակ որոշ գումար մը կը նուիրէր վարժարանին: Առաւել, իր ձգած կտակով եւ նոյնքան ալ Աթէնքի հայութեան մէջ կատարուած հանգանակութեամբ, կը գնուէր Աթէնքի ճիշդ կեդրոնը Էմմանուիլ Պենաքի փողոցի վրայ շէնքի մը 8րդ յարկի բաժինը, որ իբրեւ հաւաքավայր ծառայած է Աթէնքի շրջանին մէջ գործող միութիւններուն: Այս յարկաբաժինը եւս կոչուեցաւ բարերարուհիին անունով՝ Հ. Կ. Խաչի մայր Սոֆիա Յակոբեան «Հայ Տուն»:
Իսկ Գոքինիոյ մէջ, 1927ին կառուցուած Զաւարեան վարժարանի շէնքը, որ կը գործէր իբրեւ վարժարան եւ ակումբ, 70 տարիներ գործելէ ետք, անբաւարար էր արդի ժամանակներու կարիքները գոհացնելու: Տեսնելով Գոքինիոյ շրջանի հայութեան վճռականութիւնը՝ կառուցելու Զաւարեանի նոր շէնք մը, Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը կը յառաջացնէ Շինութեան յանձնախումբ մը, որ կը լծուի գործի: Զաւարեանի շէնքը առանձին նուիրատու մը չունեցաւ, այլ կառուցուեցաւ գաղութի ազգայիններու եւ մասնաւորաբար Գոքինիոյ շրջանի հայութեան մեծագումար նուիրատուութիւններով: Աշխատանքները աւարտեցան 1992ի վերջաւորութեան: Ներկայիս «Զաւարեան» կեդրոնը մէկ յարկը ամբողջութեամբ յատկաց- ւած է դպրոցի կարիքներուն, իսկ մանկապարտէզը կը կրէ «Հայաստան Ուշագլեան» բարերարուհիի անունը, եւ կը գտնուի Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կից:
1988ի Դեկտեմբեր 7ի Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքով, ՀՕՄի համաշխարհային կառոյցը մեծ զօրաշարժի կ'ենթարկուի: Նոյնպէս Հայ Կապոյտ Խաչը իր կարգին կը լծուի դրամահաւաքի եւ օժանդակութիւն ապահովելու աշխատանքին:
1991ին, Հայրենիքի անկախացումէն ետք, Հայաստանի մէջ կը բացուի ՀՕՄի գրասենեակը, որու միջոցաւ լայնածաւալ աշխատանքներ կը սկսին կատարուիլ: Հայրենիքի ծով կարիքներու յաղթահարման համազգային ճիգին մասնակցութեան բաժին կÿունենայ Հայ Կապոյտ Խաչը: Կ'ուղարկուի սննդեղէն, դեղօրայք, հագուստեղէն եւալն, բայց նոյն պահուն Հ. Կ. Խաչը յատուկ ծրագրերու հովանաւոր կը դառնայ, ստանձնելով յատկապէս Երեւանի 8 գիշերօթիկ դպրոցի շաբաթական մէկ օրուայ սնունդի ապահովումը, Արցախի մէջ կը ստանձնէ «Սօսէ» մանկապարտէզներու հոգատարութեան բաժին, հոգալով երեխաներու սնունդ, ուսուցիչներու վճարումնե, ջեռուցում, եւայլն:
Հ. Կ. Խաչը մեծ բծախնդրութեամբ մինչեւ օրս կը հետեւի նաեւ ՀՕՄի որբերու խնամակալութեան ծրագրին, կարեւոր ներդրում բերելով Արցախի զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներու հոգատարութեան: Բոլոր այս գործունէութեան կողքին Հ. Կ. Խաչը մեր գաղութի իւրաքանչիւր անհատի եւ իւրաքանչիւր միութեան ամէնամօտիկ ընկերը հանդիսացած է, իր 90ամեայ գործունէութեան ընթացքին: