«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Բարձրանալու խնդիր
Երբ ստանձնեցի խմբագրական աշխատանք եւ ստանձնեցի թերթի հրատարակութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը, բաւական ցած մակարդակի վրայ էի եւ տարիներ վերջ է որ կրցայ բարձրանալ մինչեւ բաւական վերերը: Հիմա կը խորհիմ թէ այնքան բարձր եմ որքան ասկէ աւելին կարելի չէ ինծի համար: Բայց, որպէսզի ոեւէ ընթերցող սխալ չհասկնայ զիս, անմիջապէս ըսեմ որ կը խօսիմ պարզապէս սանդուխով բարձրանալու մասին:
Առաջին օրերուն կÿաշխատէի գետնայարկի մէջ, ուստի աշխատասենեակէս ներս մտնելու համար պայման էր որ սանդուխի մը քանի մը աստիճանները իջնէի եւ աշխատէի պողոտայէն աւելի ցած մակարդակի վրայ: Հիմա այլեւս այդպէս չէ: Հիմա, որպէսզի աշխատասենեակս հասնիմ, պայման է որ մագլցիմ երեք սանդուխներէ վեր: Պողոտային կը նայիմ վերէն եւ այդպէս նայելու ընթացքին յաճախ ալ կը մտածեմ որ երկար տարիներ ես աշխատեցայ գետնայարկը, մութին, խոնաւութեան մէջ, առանց օդի, առանց տեսարանի:
Աստուա՜ծ իմ, տակաւին մինչեւ շատ կարճ ժամանակ առաջ ի՜նչ երջանկութեամբ կը մագլցէի այն երեք սանդուխները որոնք զիս կ'առաջնորդէին եւ հիմա ալ կ'առաջնորդեն դէպի իմ նոր աշխատասենեակը, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցիի Սուրբ Խորանին անմիջապէս քով, Պէյօղլուի նախկին դարմանատան երրորդ յարկը: Այդ սանդուխներէն բնաւ գանգատ չունէի, ընդհակառակը, այդ սանդուխներուն փառք կուտայի որ փրկուած էի նկուղային պայմաններու մէջ ապրելէ: Նոյնիսկ առիթներ կը ստեղծէի, ելլէի, օգտագործէի այդ օրհնեալ սանդուխները:
Հիմա ճշգրիտ թուական մը պիտի չկարենամ ճշդել, կամ պիտի ըսեմ որ թուական չկայ, այլ յանկարծակի անդրադարձում կայ: Օր մըն ալ նշմարեցի որ երկրորդ սանդուխէն վերջ երրորդին վրայ սիրտս ուժգին կը զարնէր, կամ ոտքերս կոտտալ սկսած էին: Ի՞նչ: Սանդուխներս, սիրելի սանդուխներս դաւաճանե՞լ սկսած էին ինծի: Կամ սի՞րտս էր որ գործողութենէ վերջ կամաց կամաց սկսած էր դժգոհիլ սանդուխներուն աստիճաններէն: Կամ յանցաւորը այն մէկուկէս-երկու քիլօ՞ն էր զոր դժբախտաբար կրկին առած էի սրտի գործողութեան հետեւանքով լաւ մը նիհարնալէ ասդին: Կամ, ո՜վ գիտէ, թերեւս ալ ինծի կը դաւաճանէին սա վերջին երեք չորս տարիները, որոնք աւելցած էին տարիքիս վրայ: Արդիւնքն այն էր որ հիմա իմ սիրելի սանդուխները, միշտ պահելով հանդերձ իրենց սիրելիութիւնը, քիչ մը կը յոգնեցնէին զիս: Թէեւ դարձեալ ուրախութեամբ էր որ կը մագլցէի անոնցմէ դէպի վեր, բայց այս անգամ, փոխանակ շոյելու անոնց եզերքի բազրիքները, այդ բազրիքներուն կը կռթնէի անոնցմէ ուժ առնելու համար: Փոխանակ աստիճաններուն վրայէն գրեթէ թռելու, ինչպէս կÿընէի առաջ, հիմա այդ աստիճաններուն վրայ հաստատ կը կոխէի որպէսզի ուժ առնէի անոնց դիմադրութենէն: Առաջ, սանդուխէն բարձրանալու ընթացքին հազարումէկ երջանիկ բաներու մասին կը մտածէի, իսկ հիմա կը մտածէի միայն սանդուխէ բարձրանալու գործողութեան մասին: Մագլցելու ընթացքին ես ինծի կÿըսէի. «Ուշադրութիւն, հաստատ կոխէ, խելքդ ուրիշ մի՛ տար, չսահիս, չսայթաքիս, սխալ քայլ չառնես»:
Յետոյ, որովհետեւ մահուընէ դուրս ամէն բանի համար ճար մը գտնել կարելի է, այդ հարցն ալ լուծեցի: Եւ լուծեցի առանց մեծ վարպետութեան կամ հնարամտութեան: Հիմա երկրորդ սանդուխէն երրորդին անցնելէ առաջ պահ մը կանգ կÿառնէի հարթակին վրայ, հանգչելու համար կը սպասէի քիչ մը ու այնպէս կը ձեւացնէի որ շուրջս կը նայէի, բանով մը կը հետաքրքրուէի: Թէեւ առտուան այս կանուխ ժամուն մեր գործընկերները տակաւին եկած չէին ըլլար, զիս տեսնող չկար, այնուհանդերձ այնպէս կը ձեւացնէի որ պահ մը հոն կուտակուած թերթերուն կը նայէի, կամ գետին ինկած թուղթերը կը քննէի, կամ սանդուխին բազրիքներուն մաքրութիւնը կը հակակշռէի: Կը մտածէի որ լաւ էր որ զիս չէին տեսներ, որովհետեւ կը վախնայի որ, եթէ տեսնէին, տղաքս կամ գործընկերներս ինծի կ'ըսէին.
- Էհ, այս սանդուխները այլեւս շատ են քեզի համար: Եկուր վարը առաջին յարկին վրայ աշխատասենեակ մը պատրաստենք քեզի, փրկուէ այս սանդուխներէն:
Փրկուի՞լ: Աստուած իմ, ես չէի ուզեր դարձեալ ցած իջնել, պողոտային մօտենալ, հեռանալ այն բարձրութենէն որուն հասած էի այսքան տարիներ վերջ: Խնդիր չէր: Թէեւ կ'ընդունէի որ քիչ մը կը յոգնէի, բայց, փառք Աստուածոյ, դեռ կրնայի բարձրանալ: Ի՜նչ ընենք եթէ ամէն մարդ հանգիստ կը մագլցէր սանդուխներէս ու ես քիչ մը կը յոգնէի:
Բայց անկէ վերջ պատահեցաւ ուրիշ հրաշք մը: Օր մըն ալ անդրադարձայ որ բոլոր հիւրերս, երբ աշխատասենեակէս ներս կը մտնէին ու կը փլէին բազկաթոռներուս վրայ, շնչասպառ կ'երեւէին, խօսելու ուժ անգամ չունէին, եւ կը գանգատէին.
-Դուն ի՞նչպէս կÿելլես այս սանդուխներէն: Կÿերեւի թէ այս սանդուխներն են որ քեզ առողջ կը պահեն:
Ա՜խ, ուրեմն ուրիշներն ալ կը յոգնէին, ուրիշներն ալ շնչասպառ կÿըլլային, անոնց ալ սիրտը կը զարնէր, ոտքերը կը կոտտային: Աստուած իմ, ասիկա ինչ ուրախութիւն էր ինծի համար:
Հիմա, միջոցէ մը ի վեր, թէեւ հիւրերս չեն նշմարեր, բայց ես գաղտնի ժպիտով մը անոնց կը նայիմ երբ սենեակէս ներս կը մտնեն ու երջանկօրէն կը սպասեմ որ փլին բազկաթոռի մը մէջ ու գանգատին իմ սիրելի սանդուխներուս պատճառած յոգնութենէն:
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս»
(Յուշատետր - 71)