«... Երկլեզու անձերու մտային կարողութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւնները կը յանգին այն եզրակացութեան, թէ այն մանուկները, որոնք կանոնաւորապէս երկու լեզու կը գործածեն, աւելի յաջող կÿըլլան գործողութիւններու առաջնահերթութիւնը համադրելու (prioritising tasks) եւ բազմագործողութիւններու (multitasking) մէջ»:


* * *

Այս շաբաթավերջին հարսանեկան խրախճանքի մը մէջ էի: Ընտանեկան գեղեցիկ պահ մըն էր բարեկամներով եւ մանաւանդ տարբեր քաղաքներէ ժամանած մօտիկ ու հեռաւոր ազգականներով շրջապատուած, որոնց հետ տեսնուելու համար նման առիթներով հազիւ թէ կարելի կը դառնայ:
Սրահը լեցուն էր գեղեցիկ հագուած, կատարեալ արդուզարդերով իգական սեռի ներկայացուցիչներով, եւ մանաւանդ՝ անոնց կողքին փողկապաւոր տղամարդիկ որոնք այլապէս այդ «լուծին տակ» մտնելու այնքան կը դժկամին, կը փայլէին այդ օր իրենց ճերմակ շապիկներուն հետ ճաշակաւոր փողկապներուն գոյներով: Պատանի տղաք պաշտօնական հագուածքով հասուն երիտասարդի տեսք առած իշխանավայել կերպով իրենց տարեկից օրիորդներուն պարի կը հրաւիրէին հայ երիտասարդներով կազմուած նուագախումբին հայկական երաժշտութեան ռիթմին տակ:
Սիրտ զովացնող պատկերներ էին ամենուրեք:
Դպրոցի արձանագրութեան օրերու մտահոգութիւնները մէկդի ծրարած էի, որոշելով որ այս շաբաթավերջին պիտի անջատուիմ առօրեայէս եւ լիցքաթափուիմ հոգերէս: Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին հոգիս խռովող դէպքերը, իրենց զաւակները Հայ Դպրոց չարձանագրող ծնողներու չքմեղանքի «արդարացուցիչ բացատրութիւնները» շատ ծանր ազդած էին վրաս:
Ինչո՞ւ չկարենանք մեր վարժարանները հայ երեխաներով լեցնել, մանաւանդ՝ Նիւ Եորքի նման հայահոծ շրջանի մը մէջ:
Մեր ծնողները չորս-հինգ զաւակով ինչպէս կրցան հայ դպրոցէ չզրկել մեզ (իմ պարագայիս հինգ հոգի), իսկ հիմակուայ մեր նոր սերունդը մէկ կամ երկու զաւակով շուարած են թէ ինչպէս դասաւորեն իրենց անձնական կեանքն ու զաւակներուն դաստիարակութիւնը:
Վերամուտի պատրաստութեան մէջ ենք: Օր առաջ կաշխատինք դասարաններուն դասագրքերը հոգալ, դասարան առ դասարան աշակերտներուն ցանկը պատրաստել ուսուցիչներուն տրամադրելու համար: Իսկ ուսուցիչնե՞րը, արդէն Օգոստոսի վերջին օրերուն գրեթէ ամէն օր իրենց դասարաններուն մէջն են, պատերը զարդարելու, իրենց աշակերտները խանդավառութեամբ դիմաւորելու:
Գրասենեակին հեռաձայնը կը հնչէ: Ծնողներէն մին գիծի վրայ է: Երկրորդ դասարան փոխադրուելիք աղջնակի մը մայրն է: Կÿուրախանամ: Արձանագրելու պիտի գայ հարկաւ... կանցնի մտքէս...
-Շատ կը ներէ՛ք, տիկին տնօրէնուհի, աղջիկս պիտի չարձանագրեմ այս տարի: Շատ դժուար է ճամբորդութիւնը, կը քնանայ ինքնաշարժին մէջ, մինչեւ տուն հասնինք ուժ չունենար դաս սորվելու, հայերէնն ալ շատ դժուարին կուգայ, ուրիշ բաներէն ալ կը զրկուի կոր...:
... Լուռ կը լսեմ լսափողին միւս կողմէն:
-Օրինակ, ի՞նչպիսի բաներէն կը զրկուի ձեր աղջիկը տիկի՛ն:
-Պալէի դասի չի կրնար երթալ, ճիմնազեումի բնաւ ուժ չի մնար կոր, այսինքն, գիտեմ, աւելի կանուխ պէտք էր որ լուր տուած ըլլայի, բայց՝ շատ դրի վերցուցի, ինչ որ դպրոցը դասագրքերու ծախս ըրած է կը վճարեմ... մէկ շունչով, լաւ պատրաստուած դասի պէս իրարու ետեւէ կը գեղգեղէ... եւ վրայ ալ կ'աւելցնէ չքմեղանքի կարագով օծելու իր խօսքը.
-Մենք դպրոցը շատ-շատ կը սիրենք, սխալ մի հասկնաք զիս, տիկի՛ն, աղջի՛կս չուզեր կոր... հայերէնը շատ դժուարին կուգայ կոր...:
Երբ զրկուողը գիտակից չէ թէ իսկապէս ինչէ՜ն կը զրկուի ալ ի՞նչ  խօսիլ... ինչ ըսել մօրը, երբ վեց տարեկան աղջնակը կորոշէ, իսկ մայրն ալ մտահոգ է որ իր աղջնակը «ուրիշ բաներէ կը զրկուի կոր...»:
Ասոր հակապատկեր՝ մեր վարժարանը ունի հայութեան հետ բացարձակ կապ չունեցող Քորիացի ընտանիք մը, որ իր զաւակը արձանագրած է մեր հայ ամենօրեայէն ներս: Միեւնոյն դասարանի աշակերտ է այս աղջնակին հետ: Ամէն տարի ենթադրեցինք որ արդէն յաջորդ տարի այս երեխան հայ դպրոց գալիք չէ: Ի զարմանք իր հայերէն լեզուի ուսուցչին ե՛ւ ինծի, ծնողքը դասատու վարձեց ամրան ընթացքին առաջին դասարանցի տղեկին հայերէն դասերը հիմնաւորելու, որպէսզի վերամուտին երկրորդ դասարանի դասերը դիւրին գան իրեն: Նոյն այդ տղեկը դաշնակի եւ ջութակի դասեր ալ կ'առնէ եւ մանաւանդ իր տարիքին համեմատ շատ լաւ կը նուագէ:
Բայց այս բոլորը ինչո՞ւ կը պատմեմ ձեզի: Չէ որ ես հարսանիքի եկած եմ, ուրիշ քաղաքի մէջ եմ: Պէտք է հեռու վանեմ ինձմէ բոլոր այդ մտահոգութիւնները, ընտանիքիս հետ հարազատիս այս հարսանիքը վայելելու:
Բայց ականջալուր կ'ըլլամ սեղանակիցիս այցելող տիկնոջ մը խօսակցութեան:
-Չէ՞ք յիշեր մեզի, տասը տարի ձեր մօտ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ապրեցանք - բայց երբ մեր զաւակները դպրոցի տարիք հասնելիք էին շատ դրինք վերցուցինք, ամուսինիս հետ որոշեցինք Ֆիլատելֆիա փոխադրուիլ, որ մեր զաւակները Հայ Քոյրերու Վարժարան յաճախեն, իրենց կեանքի առաջին շրջանը հայ ամենօրեայ դպրոցով, հա՛յ միջավայրին մէջ անցնել տալու համար:
-Այո՛, այո՛, ինչպէս թէ չեմ յիշեր. ...կ'ըլլայ պատասխանը սեղանակիցիս... ու...
Սեղանակիցիս խօսակցութեան մնացեալը մասը այլեւս լսողութենէս դուրս կը մնայ:
Մտքով կրկին դպրոցին գրասենեակը կը փոխադրուիմ: Պարեղանակներուն բարձրաղաղակ երաժշտութեան ռիթմին ընդմէջէն մեր վարժարանի գրասենեակին վերը յիշուած երկու ծնողներուն խօսակցութիւնները կրկին ականջիս մէջ յստակօրէն ետդարձ մը կ'ընեն...
Մինչ ամերիկածին հայ երիտասարդը կ'երգէ...

Հայորդի՜ք, որ կ'ապրիք դուք հեռուն
Մի՛ մոռնաք ձեր մայրենի լեզուն...

Զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեա՛ն համար քաղաք փոխող ծնողքին ես բնաւ ծանօթ չէի: Բայց ներողութիւն խնդրելով կը միջամտեմ սեղանակցիս խօսակցութեան պարզապէս ըսելու համար՝
-Փա՜ռք, հազար փառք, որ տակաւին Հայ ժողովուրդը ունի՛ ձեզի պէս Հայ ծնողներ որոնք քաղաքէ-քաղաք տուն կը փոխադրեն, «ուրիշ բաներ» կը զոհեն միայն ու միայն իրենց զաւակներուն հայեցի կրթութիւն տալու պայմաններ ստեղծելու համար: Իսկ Քորիացի ծնողքին համար ալ պատէն կախուելիք շքանշան մը կը փորձեմ յարմարցնել:
Միաժամանակ... Հալէպի իմ տնօրէնսիս հոգեբանութեան մէկ դասը յիշելով կը փորձեմ մեր արտասահմանեան կեանքի բաժակին պարպուած կէսը անտեսել ու լաւատեսօրէն լեցուն կէսը տեսնելով յուսադրուիլ: 

Զարմինէ Պօղոսեան
Տնօրէնիս՝ Պրն. Երուանդ Ակիշեանին