Ոչ մէկ երկրի ազատագրութեան պատմութիւնը այնքան ճոխ ու փարթամ չէ եղած, որքան յունականը։ Ոչ մէկ ազգ այդքան արիւն չէ թափած, որքան յոյն ազգը։

Նախաքրիստոնէական քաղաքակարթութեան այս արի ջահակիրը երբեք հաշտուած չէ գերութեան գաղափարին, իր ամէնէն վատ ու դաժան օրերուն անգամ։

Արդ՝ յոյներու թրքական վայրագ լուծէն դուրս գալէն 185 տարիներ ետք, տեսնենք թէ անոնք ինչպէս տօնակատարեցին իրենց ազատագրութիւնը, թղթատելով անցեալի էջերը։

Յոյներու 1921 Մարտ 25-ին թրքական լուծէն ազատագրումը եւ պետական հրովարտակով 1938 Մարտ 15-ին պաշտօնականացումը, համահելլէնական տարողութեամբ աննախընթաց եղաւ։

Այդ օրը, նորաստեղծ պետութեան մայրաքաղաքը Աթէնք ահազանգի մատնուած քաղաքի մը երեւոյթը կուտար։ Բոլոր ճամբաները ողողուած էին հոծ բազմութեամբ, չորս ու աւելի դարերու ստրկութենէ ետք իրենց տիրացած ազատութեան ծարաւը հազիւ յագեցուած։ Տուներու դռները, պատուհանները ու պատշգամները զարդարուած էին արմաւէնիի եւ դափնիի ճիւղերէ կառուցուած բարձր կամարներով, իսկ դպրոցական տղաքը, իրենց լաւագոյն հագուածքով ծաղիկներու սակառիկներ բռնած կը սպասէին օրուան պաշտօնական տողանցքին։

Գարնանային պայծառ օր մը ըլլալուն, քաղաքի շրջակայ գիւղերէն, գաւառներէն ու կղզիներէն բնակիչներ, իրենց տեղական աւանդական զգեստաւորումներով ու նուագներով, համախմբուած էին քաղաք, ապրելու ու վայելելու համար իրենց հայրենիքի ազատագրութեան առաջին ու մեծափայլ տօնակատարումը։

Առաւօտուն ժամը 9-էն, պետական զինուորական եւ քաղաքապետութեան դէմքեր ու հրաւիրեալ անձնաւորութիւններ սկսան ժամանել մայր եկեղեցի, հետեւելու համար օրուան գոհաբանական արարողութեան։

Արարողութեան աւարտին, երբ օրը յատկանշող թնդանօթի 21 արձակումներու որոտումները լսուեցան Լիքավիթոյի բարձունքէն, շրջաններէն ժամանողները առանձին խմբաւորումներով, սրինգ ու թմբուկի իրենց խանդոտ եղանակներով, սկսան երգել, պարել ու զուարճանալ։

Նոյն պահուն, եկեղեցւոյ առջեւ, օրուան պատշաճ ազգային եղանակներ նուագելու համար արարողութեան վերջանալուն սպասող նուագախումբի ղեկավարը ու նաեւ օրուայ եղնակաները ինք յօրինող պաւարիացի երաժիշտ Հենքէլ, ստեղծուած խանդավառութիւնը «յիմար ու անախորժ» նկատելուն, աւելին՝ յառաջ եկած աղմուկէն նուագել չկարենալուն պատճառով, վրդովումով ու ջղայնութեամբ նետեց ղեկավարի իր բռնած ճպոտը ու առանց պատճառաբանութիւն տալու հեծաւ իր ձիուն վրայ ու արագօրէն հեռացաւ։ Շաբաթ մը վերջ, ներկայացուց իր հրաժարականը ու մեկնեցաւ իր հայրենիքը։

Հենքէլ, մեկնումէն ետք, իր կեանքի օրագրէն ներս -որը հետագային յայտնաբերուեցաւ- կը գրէ հետեւալը. «կարելի չէր մնալ երկրի մը մէջ ուր վայրենի մարդիկ կ'ապրին։ Երեւակայեցէք, եկեղեցւոյ առջեւ, օրուայ պատշաճ ազգային եղանականեր նուագելու համար ժամերով յոգնասպառ սպասես ու յան- կարծ մարդակեր վայրենիներու սարսափազդու ու անախորժ աղմուկի մը տակ գտնուիս»։

Հենքէլ, վստահաբար որ չէր կրցած հասկնալ ու ըմբռնել թէ ինչ կը նշանակէ ազատութիւն, մանաւանդ ժողովուրդի մը համար, որ չորս եւ աւելի դարեր թրքական վայրագ լուծին տակ ապրելէ ետք ազատութեան քաղցր բարիքներուն կը տիրանար, այլ «յիմարօրէն» զանոնք «վայրենիներ» համարելու կը համարձակէր։

Դժբախտաբար դարեր շարունակ մեծ ու «քաղաքակիրթ» ժողովուրդներու, փոքր ժողովուրդներու ազատագրութեան ու արդար պահանջքներու տիրացման համար տրամադրութիւնները այսպէս եղած են։

Ամենայնդէպս, ինչ որ ալ պատահեցաւ յոյներու 1821 Մարտ 25ի ազատագրութեան առաջին տօնակատարումը առանց Հենքէլի զգայացունց եղանակներուն՝ յոյներու երգ ու պարի եւ ուրախութեան հրացանաձգութիւններով հիասքանչ խանդավառութեամբ կատարուեցաւ։

Տօնակատարութիւնը բաժնուած էր երեք մասերու։ Առաջինը՝ Մոնասթիրաքի եւ երկրորդը՝ Քլաթմոնոսի հրապարակներուն վրայ, որոնք այդ ժամանակներուն, տակաւին դաշտավայրերու երեւոյթը կուտային եւ երրորդը՝ Մաքրիեանի Արամազդի տաճարի պատմական աւերակներու տարածքին, ուր ամէն կողմէ խարոյկներու վրայ գառնուկներու խորովածներով ու իրենց ժողովրդային գինի «ռեցինա»յով ստեղծած բերկրալի մթնոլորտը աննախնթաց եղաւ։

Խնճոյքները սկսան միջօրէին ու շարունակուեցաւ մինչեւ գիշեր, երբ եկան ու միացան միւս խումբերն ալ։ Այսպէսով, հակառակ բաց դաշտավայրի գիշերուայ պաղ օդին, բոլորի համախմբումով զուարճութիւնները շարունակուեցան մինչեւ առաւօտ երբ բերուեցան եռուն ու շոգին բարձրացնող սուրճով լեցուն մեծկակ կաթսաներ եւ հրամցուեցաւ բոլորին։ Ասոր վրայ խումբ առ խումբ, ըմպելով իրենց սուրճը, մարչիկ սկսան զրուցել ու պատմել գերութեան ժամանակներուն թուրքերու դէմ կատարած քաջագործութիւնները ու բարեմաղթական արտայայտութիւններով խոստանալ, որ ամէն տարի նոյն եւ աւելի խանդաղատանքով պիտի տօնեն հայրենիքի ազատութիւնը:

Կ. Գ.