Հալէպը կ’առանձնանայ ոչ միայն իբրեւ սուրիական ամենակազմակերպուած հայ համայնք՝ Մայր գաղութ, այլ նաեւ այն պատճառով, որ եթէ ծովեզերեայ Սուրիան աւելի շատ ռուսական ազդեցութեան ենթակայ է, ապա Հալէպը յայտնուած է թրքական ազդեցութեան գօտիին մէջ:

Ի յայտ կու գայ, որ Սուրիոյ ամենակազմակերպուած հայ համայնքը տագնապին ամենաթէժ կէտին մէջ է, ուր զինեալ խմբաւորումները ակնյայտօրէն կը գտնուին թրքական գործօնի ազդեցութեան ներքեւ:
Պէտք է ընդգծել, որ թրքական գործօնը մինչեւ օրս ուղղակիօրէն թիրախաւորուած չէ հայութեան դէմ. որեւէ հայկական հաստատութեան դէմ ուղղուած թրքական գործողութիւններ չեն արձանագրուած:
Այստեղ այլ ուղղուածութիւն կայ, որ պէտք է նկատի ունենալ. ոչ միայն Սուրիայէն, այլ ընդհանրապէս տարածաշրջանէն քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան արտահոսք կայ, եւ այդ ծրագրուած է: Այսինքն‘ քանի մը եկեղեցիներու ռմբակոծումը, ականահարումը կամ հրոյ ճարակ դարձնելը արդէն բաւարար են, որ տեղի մեծաթիւ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնը նուազի:
Սուրիոյ ժողովրդային մեր զանգուածները ենթարկուեցան անապահովութեան, բռնարարքներու, նիւթական մեծ կորուստներու, տնտեսական եւ հոգեբանական բեկումի: Ազգային թէ անհատական կառոյցներ եւ հաստատութիւններ նոյնպէս ենթարկուեցան կեղեքումի եւ քանդումի: Տուինք նահատակներ եւ անմեղ զոհեր, տեղի ունեցաւ առեւանգումներ, ծայր առաւ գաղթի ջլատող երեւոյթ, ինչպէս նաեւ ներքին տեղափոխութիւն՝ Ճակատումի տարբեր շրջաններէ համեմատաբար աւելի ապահով հայահոծ վայրեր:
Սուրիահայութեան տեղաշարժի իբրեւ արդիւնք, առաջին կայանը՝ առաջին հասցէն եղաւ Հայաստանը: Այդ պատճառով, Սուրիոյ մէջ երբ սկսաւ իրավիճակը կտրուկ կերպով լարուիլ եւ ճգնաժամը հետզհետէ խորանալ, երբ Սուրիոյ քաղաքացիներուն արաբական երկիրներու մէջ սկսան քիչ անվստահութեամբ նայիլ ( ոչ միայն հայերուն, այլ ընդհանրապէս սուրիացիներուն) եւ երբ յանկարծ Հայաստանի անձնագիրը սկսաւ շատ աւելի հանգիստ ընդունուիլ, քան Սուրիականը, Հայաստանի քաղաքացիութեան համար դիմումները թափ ստացան: Տակաւին շատեր, այլ երկիր երթալու համար, ընտրեցին հայաստանեան քաղաքացիութիւնը, որպէս միջոց:
Սուրիոյ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններուն բերումով, ամէն մէկ շրջանի հայ համայնքի աշխատանքներուն բնոյթն ու տարողութիւնը իրարմէ բաւականաչափ տարբերեցան։
Հալէպը ճակատումի գլխաւոր վայր դառնալու պատճառով, ամէն տեսակի հիմնական աշխատանքները հոն կեդրոնացան։
Ակնյայտ իրողութիւն է, որ Սուրիոյ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններու հետըզհետէ վատթարացումով կը սաստկանան ժողովրդային կարիքներն ու պահանջները։ Օժանդակութեան կարիքը աստիճանաբար կը բարձրանայ, սակայն անոր դիմաց հայթայթուած գումարները աստիճանաբար կը նուազին՝ մտահոգիչ դարձնելով օգնութեան ծրագիրներու իրագործումը։
Ամէնէն ահաւոր երեւոյթը անգործութիւնն ու անկէ ծնունդ առած շարք մը ախտերն են, որոնք ամէնէն աւելին ճնշող ծանրութեամբ մտահոգիչ կը դարձնեն երիտասարդ սերունդներուն՝ համալսարանաւարտներուն, արհեստաւորներուն ու գործարարներուն, ապագային առնչուած հեռանկարները։
Յատկապէս Հալէպի մէջ, որ Սուրիոյ ճարտարարուեստի գլխաւոր ոստանը կը համարուի, գործարաններու շրջաններուն մեծ մասը, ճակատումի վայր ըլլալուն պատճառով, կործանեցաւ իրեն հետ կործանելով տեղի գործարաններն ու արտադրողական կեդրոնները, եւ կամ կողոպուտի ենթարկուեցաւ։ Այս իսկ պատճառով մեծաթիւ հայ արհեստաւորներ կորսնցուցին իրենց աշխատանքը, կալուածն ու ունեցուածքը։
Բնակարանային վնասներ կրողները մեծ մասամբ իրենց հարազատներուն տուները ապաստանեցան, քանի մը տասնեակ ընտանիքներ պատսպարուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային կալուածներէն «Պետիկեան» շէնքին մէջ: Գտնուեցան անհատ բարերարներ, որոնք իրենց բնակարանները յատկացուցին Շտապ Օգնութեան Մարմնին կամ ակումբներու, զանոնք տրամադրելու համար անպատսպար մնացած հայ ընտանիքներուն:
Սուրիահութիւնը այս երկրին մէջ քաղաքական, զինուորական եւ մերթ ընդ մերթ անապահով իրավիճակի վերիվայրումներուն քաջածանօթ ըլլալուն համար քաջ կը գիտակցէր, թէ կը գտնուէր նոր հանգրուանի մը սկիզբը, եւ թէ տեղի պիտի ունենայ համատարած պատերազմ եւ արագ զարգացումներով ու մեծակորուստ վնասներով:
Առ այդ, սուրիահութիւնը պիտի դիմագրաւէր բազմազան եւ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ:
Տնտեսական, քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային տագնապները կարծէք չէր բաւեր սուրիահայութեան, պիտի աւելնար ապատեղեկատուութիւնը, որ սուրիահայութեան տագնապը պիտի բարդացնէր եւ ղեկավարման ու ծառայութեան գործին լծուած մարմիններու նուիրական աշխատանքը պիտի խաթարէր ու մեր վիրաւոր ժողովուրդին կեանքը աւելի պիտի ալեկոծէր ու հոգեբանական առումով պիտի ընկճէր զայն: Արդէն լրատուական պատերազմին ալ նպատակը այդ չէ՞, որ Սուրիոյ պատերազմով աւելի ցայտուն դարձաւ:
Այս պատճառով ալ անհրաժեշտ կը զգանք նաեւ լուսարձակի տակ առնել յատկապէս սուրիահայերու մասին օտար ու հայկական՝ յատկապէս հայաստանեան կարգ մը լրատուական աղբիւրներու, վերլուծաբաններու եւ արաբագէտերու տարածած ապատեղեկատուութիւնը:
Սուրիոյ տագնապի ստեղծման առաջին օրէն սուրիահայութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան հետ ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունեցող կառոյցներուն թիրախաւորուած ըլլալու հաւանականութիւններուն մասին մտավախութիւններ յառաջացան:
Մանաւանդ համացանցի էջերուն վրայ, որոնք լայն կարելիութիւններ տուին աշխարհի բոլոր ժամանակներու «իմաստուններուն» լոյսին բերելու իրենց մտածումները: Շատեր, որոնք ժամանակի հասկացողութիւն չունին, որոնք ինքնացուցադրուելու դաշտ կը փնտռեն, որոնք յանկարծ մարդկութեան ու ազգին ուղեցոյց դառնալու բուռն փափաք կը զգան, քաղաքական մեկնաբանութիւններ ըրին ու տակաւին կը շարունակեն: Համացանցի զանազան ընկերային էջերուն վրայ երբեմն կը կարդանք հայերու կողմէ զետեղուած մեկնաբանութիւններ‘ սուրիահայութեան կա- րիքներուն մասին, ակնարկներ‘ զանազան նիւթերու շուրջ:
Արդարեւ, սուրիական ռազմական ընդհարումներուն առընթեր տեղեկատուական-հոգեբանական պատերազմը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ անկասկած:
Սուրիահայ համայնքին եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնը իր օրակարգին վրայ յաճախ ունեցած է լրատուական աղբիւրներու խեղաթիւրուած եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելու իրողութիւնը: Քանի որ շատ ցայտուն կերպով զգալի կը դառնային, հայկական կարգ մը լրատուական աղբիւրներու երբեմն դիտումնաւոր, երբեմն խակ ու անզգուշ արտայայտութիւններու իբրեւ հետեւանք ու մեր հակառակորդներու ախորժակին գոհացում տուող հայ համայնքին նկատմամբ թշնամական առատ սլաքները:
Միւս կողմէ, լրատուամիջոցներով կը ներկայացուի համայնքը՝ իբրեւ քաղաքական կամքէ զուրկ միաւոր, որ միշտ եղած է իշխանութիւններու լծակ: Համայնքը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին չէ եղած լծակ որեւէ կողմի, այլ ունեցած է պետականութեան եւ օրինականութեան հետ ըլլալու վարքագիծ, որ երբեք չէ պայմանաւորուած այս կամ այն իշխանութեան գոյութեամբ: Համայնքին պատմութիւնը կը վկայէ, որ զանազան իշխանութիւններու օրով ան ունեցած է կայուն վարքագիծ: Ըլլալով օրինականութեան հետ‘ համայնքը դրական մասնակցութիւն բերած է ընկերային, տնտեսական եւ նոյնիսկ քաղաքական կեանքին այնքան, որքան կարելի եղած է:
Ապատեղեկատուութեան շրջածիրին մէջ, կարգ մը Հայաստանեան լրատուական աղբիւրներու, վերլուծաբաններու եւ արաբագէտերու նկատմամբ երկու միտք կը ծագի. առաջինը, որ անոնք գիտակցաբար ամէն ճիգ կը թափեն սուրիահայերու մասին ապատեղեկատուութիւն տարածելու համար, իսկ երկրորդ, որ տեղեկութիւններուն պակասաւոր ու թերի, գիտակցաբար կամ ալ իրենց անգիտակ ըլլալնուն պատճառով է, որ ապատեղեկատուութիւն կը յառաջանայ:
Աւելի ուշ, կարգ մը հայկական լրատուամիջոցներ թեթեւցուցին սուրիահայութեան վերաբերող որեւէ զգայացունց լուրի տարածումը կամ ոչ ճշգրիտ լուրերու փոխանցումը: Աւելի՛ն. նախընտրեցին ստուգել Սուրիոյ պատասխանատու մարմիններէն եւ անոնց տեղեկատուական բաժանմունքէն՝ նախքան տուեալ լուրին հրապարակումը:
Իսկ ուրիշներ իրենցը սեպեցին հայկական կայքէջերու թողարկած ան- ճշդութիւնները հերքելու, ապատեղեկատուութեան ծուղակը ինկած լրատուամիջոցին հետ կապ հաստատելու եւ իրականութեան համապատասխանող լուրը փոխանցելու, հերքումներ կատարելու, ճշգրիտ լրատուութիւնները շրջանառութեան մէջ դնելու գործը. մէկ խօսքով, անոնք երբեք չընտրեցին աղմկոտ տեղեկատուութիւն «յօրինելու» տարբերակը:
Վերջապէս, մենք, իբրեւ սուրիահայեր կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել՝ այս ճգնաժամի օրերուն Սուրիոյ մէջ ապրող սուրիահայերս, ականատես կ’ըլլանք, թէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմը նաեւ տեղեկատուութեան եւ ապատեղեկատուութեան պատերազմ է, քանի որ Սուրիոյ ողբերգական ճգնաժամին մասին բազմաթիւ ու բազմազան տեսակէտներ հնչեցին ինքնակոչ վերլուծաբաններու եւ փորձագէտներու կողմէ՝ տարածելով ապատեղեկատուութիւն եւ նոյնիսկ վտանգելով հայ համայնքին ապահովութիւնը: Ուրիշներ արտայայտուեցան համացանցային դիմատետրի մէջ, հալէպահայութեան մասին տարածելով ապատեղեկատուական հոսք մը: Իսկ մենք, այդ բոլորը, որպէս ապրող, օրական քսանչորս ժամ ամէն վայրկեան տեսնողն ու շնչողը, միայն զարմացանք, նեղացանք, մտահոգուեցանք, զայրացանք եւ ընդվզեցանք:
Արդեօ՞ք Սուրիոյ հետ զուգահեռաբար սուրիահայութիւնն ալ բաւական եւ բազմազան հակառակորդներ ունի:
Սուրիոյ մէջ պատերազմական իրավիճակին մէջ, առաջին, իսկ օրէն սուրիահայութեան համար ակընյայտ իրողութիւն դարձան կարեւոր երկու լծակներ, առաջինը Ակումբը՝ Ազգին ծառայելու տունը, իսկ երկրորդը՝ այդ ակումբի ուխտեալ տղաքը:
Ակումբը, Ազգի եւ գաղափարական մարդուժ պատրաստելու, կոփելու գործարանն է, ոգեկան տուն է անիկա. հոն հաւաքականի մասին կը մտածուի, անիկա ծառայութեան եւ նուիրումի ամբարանն է, հոն մտնող ամէն հայ կը կազդուրուի, ուժ եւ կորով կը ստանայ: Ան, վերջապէս հաւատքի բերդ է: Մանաւանդ պատերազմի ընթացքին, տկարը զօրացնող, ցաւերու դարման եղող, բոլորին անխտիր հասնող անփոխարինելի կեդրոնն է:
Իսկ ակումբի ուխտեալ տղաքը, կամաւորներ են անոնք՝ խիզախ, անձնուրաց, անշահախնդիր, պարտաճանաչ, կարգապահ, յոգնութիւն չգիտցող եւ մահէն չվախցող, զգուշաւորութեամբ գործող: Մարտունակ երիտասարդներ, հաւատքով եւ եռանդով լծուած պահակութեան աշխատանքին:
Մահը կը տեսնեն, իրենց շրջապատին եւ նոյնիսկ շարքերուն մէջ, չեն նահանջեր երբեք ու կրակոտ հայեացքներով կը մնան կանգուն, կը մնան արթուն, հաւատարիմ իրենց ուխտին եւ գիտակից, որ գաղութը իրենց կարիքը ունի՝ ամէն օր, ամէն գիշեր, ամէն առիթին արթուն պահակ են պատնէշին վրայ:
Անոնք կը փութան վիրաւորին, հաց կ’ապահովեն աղէտեալ ժողովուրդին, հըրդեհ կը մարեն, ջուր կու տան ծարաւ քաղաքացիին, սննդակողովներ կը հասցնեն կարիքաւորին: Անոնք, օգնութեան կ’երթան բոլորին, բոլորին...: Անոնք, այս օրերու ԽՈՆԱՐՀ ՀԵՐՈՍՆԵՐն են:
Պէտք է ընդգծել նաեւ այն կարեւոր երեւոյթը, որ Սուրիոյ պատերազմական ժամանակահատուածին մէջ, հակառակ գաղութէս ներս տիրող անբարենպաստ պայմաններուն, կարճ ժամանակ մը ակամայ կանգ առած, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, եկեղեցական, երիտասարդական եւ միութենական ամէն տեսակի ձեռնարկներ, տօնակատարութիւններ, խրախճանքներ կամ ընկերային հաւաքներ կրկին թափ ստացան:
Յատկապէս, բազում զրկանքներ կրող մեր մանուկներն ու պատանիներու համար ֆիլմի ցուցադրութիւններ, ձեռային աշխատանքներ, ամառնային դպրոցներ ու այլ տեսակի գործունէութիւններ իրականացան:
Սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս, իսկ հալէպահայութիւնը յատկապէս, կենսունակ պահելու, չյուսահատելու, հայութեան պայքարի կորովը եւ ուժը զօրեղ եւ կանգուն պահելու համար, կազմակերպուեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ, որոնք տեղի ունեցան Հալէպի զանազան միութիւններու սրահներուն եւ ակումբներուն մէջ:
Այս տխուր ու վախազդու պայմաններուն մէջ է, որ իրականացան մշակութային, ազգային ձեռնարկներ։ Եթէ նկատի առնուի մահուան վտանգի առկայութունը ու անոր առթած սարսափը, անհաւատալի կը թուի, որ նմանօրինակ ձեռնարկներ կազմակերպուեցան ու հալէպահայերու խուռներամ բազմութիւններ քաջութիւնը ունեցան ներկայ գտնուելու այդ ձեռնարկներուն։
Կարելի չէ չարձանագրել, որ այս պայմաններուն մէջ, կենցաղային թէ ամէնօրեայ դժուարութիւնները մէկ կողմ թողելով, հարիւրաւոր կիներ եւ աղջիկներ, համայնքային աշխատանքին կարեւորութեան հաւատալով, առանց վարանումի կը հասնին համայնքի կեդրոններ, եկեղեցիներ եւ վարժարաններ, աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար: Պնակ մը տաք ճաշով, բժշկական օգնութեամբ, հագուստեղէն բաժնելով, պետական կամ այլ պաշտօնական թուղթերու պատրաստութեան օգնութեամբ եւ բազմաթիւ այլ ծառայութիւններով անոնք կը թեթեւցնեն կարիքաւորներու հոգերը:
Հետեւաբար ակնյայտ են սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապը շրջանցելու համար թափուած ճիգերը, սուրիահայ համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու համախումբ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ‘ մեր հարիւրաւոր երիտասարդ երիտասարդուհիներու անձնուրաց եւ նուիրական գործը:
Մեր ապրած ծանր տագնապին ընթացքին, համահայկական տարողութեամբ ազգակիցներու ծաւալած օժանդակութիւնները եւ աջակցութիւնը անոնց մասնակցութիւնը, իրենց նպատակին հասան անկասկած, թէեւ օժանդակութեան ծով կարիք կայ: Մէ՛կ ժողովուրդ ըլլալու գիտակցութեամբ, եւ համահայկական ապրումով զօրաշարժի ենթարկելով իր բոլոր ուժերը‘ աղէտեալ ժողովուրդին օգնութեան փութալու իրողութիւնը անկարելի է մոռնալ: Երախտագիտութեամբ պէտք է նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի զոյգ պետութիւններու, նուիրապետական երկու Աթոռներու՝ Ամենայն հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու ճամբով, թեմերու եւ տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներու, ազգային աւանդական երեք կուսակցութիւններու, «Ճինիշեան» եւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւններու, ՀՕՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի, «Օգնի՛ր եղբօրդ» ՀՅԴ նախաձեռնութեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Լիբանանի յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներու պատուաբեր ներդրումը: Ամէնուրեք հայերը անտարբեր չմնացին ու կը շարունակեն հասնիլ, մեծապէս յուսադրելով մեր համայնքի զաւակները:
Սուրիոյ երկնակամարը կը շարունակէ պատուած մնալ մութ ամպերով. անմեղ զոհերուն թիւը արդէն անցած է 100 հազարը, իսկ երեխաներունը՝ աւելի քան 11 հազարը: Այս ցաւոտ եւ մղձաւանջային համատարած անձկութենէն բնականաբար սուրիահայութիւնն ալ իր բաժինը ստացաւ. 10 Փետրուար 2012-ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ ռազմական անվըտանգութեան շէնքին առջեւ ականուած ինքնաշարժի պայթումին պատճառով զոհուողներուն կարգին էր Վիգէն Հայրապետեանը, որ իր զինուորական պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին զոհուեցաւ սուրիական պատերազմին մէջ պիտի արձանագրուէր իբրեւ առաջին հայ նահատակը:
Մինչեւ այսօր, ամբողջ Սուրիոյ տարածքին արձանագրուեցան աւելի քան 65 զոհեր (երեքը փոքրիկ), 200 վիրաւորներ, 110 առեւանգուած (մեծամասնութիւնը փրկագինով ազատուած) եւ 16 սուրիական բանակին մէջ ծառայող նահատակ զինուորներ:
Իբրեւ եզրակացութիւն կարելի է ըսել, որ մեր փոքրիկ, աւանդապահ ու հերոսաբար մարտնչող սուրիահայ համայնքի ղեկավար ուժերը, իրենց համեստ կարողութիւններով, բայց անպայման հաստատ նուիրումով ու զոհողութեան ոգիով, կը փորձեն միջազգային տարողութեամբ այս աստիճան պղտոր ջուրերու ոլորապտոյտին մէջ իրականացնել ապահով թիաւարումը հայութեան նաւուն եւ փրկութեան քարափ հասցնել սփիւռքահայութեան այս անփոխարինելի կռուանը:
Սուրիահայութիւնը կը շարունակէ գործել.
ա.- քաղաքական-յարաբերական դաշտին մէջ, իբրեւ քաղաքացիներ՝ ներկայութեամբ.
բ.- Բռնարարքներու դէմ դիրքորոշումով,
գ.- Ժողովրդային մեր զանգուածներուն ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող հաւաքական վտանգները իմաստութեամբ շրջանցելու միջոցներու որոնումով, եւ
դ.- Վերականգնումի անհրաժեշտ կռուաններ ստեղծելու ճիգերով:
Հակառակ երբեմն ճակատագրական վերիվայրումներու եւ սպառնալիքներու տարողունակ վտանգին, մենք սուրիահայերս ինչպէս միշտ, այս ընթացքին նաեւ, համախմբուած սուրիահայ կառոյցներուն շուրջ, միասնական ճիգերով միայն կըրնանք յաղթահարել տագնապն ու անոր հետեւանքները: Այս մեկնակէտէն ելլելով է, որ իւրաքանչիւրէս կը պահանջուի ազգային պատասխանատուութեան ոգի, քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւն եւ քաղաքական առաւելագոյն զգօնութիւն ու խոհեմութիւն, որպէսզի կարենանք դուրս գալ այս պատերազմէն նուազագոյն վնասով ու նուազագոյն զոհերով:
Ընդհանուր գիծերով ներկայացուած այս ակնարկը միայն ուրուագծային պատկեր մը կու տայ սուրիական պատերազմի 2011 Մարտ ամսուն սկսած եւ մինչեւ օրս ընդգրկուած ժամանակահատուածին սուրիահայութեան տրոփումներուն մասին, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով Սուրիոյ տարածքին, անոր վիճակուած տագնապին հետեւանքով, հայ համայնքին բաժին ինկած դժուարութիւնները եւ անոր դիմաց ցցուած բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարուման ճիգերը:

(ՎԵՐՋ)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ