Աշխարհի տարածքին վրայ չկայ մարդ որ հայրենիքի, ժողովուրդի, կրօնքի, գոյնի եւ ընտանիքի մը պատկանելիութիւն չունի։ Առանց պատկանելիութեան մարդը ինքնութիւն եւ հասցէ չունի։ Ուր որ ալ գտնուի եւ ինչ պայմաններով ալ ըլլայ ան, պատկանելիութիւնը իր շուքին նման կը հետեւի իրեն։

Իսկ եթէ փորձէ անորմէ խուսափիլ, օր մը, տեղ մը, ժամանակ մը եւ առիթի մը անպայման կարիքը պիտի ունենայ իր պատկանելիութեան եւ կամ օտարը պիտի յիշեցնէ իր ծագումը։ Որովհետեւ պատկանելիութիւնը մարդուն հիմքն է, այսպէս կոչուած «Երկինքէն կախուած մարդ» չկայ։ 

Հանրածանօթ կազմակերպութիւններ ամէն տարի կը պարգեւատրեն բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած գիտնական մը, բժիշկ, փիլիսոփայ, մտաւորական, մարզիկ մը եւայլն։ Բաշխումի ձեռնարկը տեղւոյն վրայ կը սփռուի հեռատեսիլի հարիւրաւոր կայաններէ։ Իսկ յաջորդ օր, ան արձագանգ կ'ունենայ նաեւ բազմաթիւ օրաթերթերէ եւ ձայնասփիւռի կայաններէ։ Այս պարագային մեզ հետաքրքրողը ձեռնարկին վայրը չէ, արտասանուած խօսքերը չեն, ոչ ալ պարգեւը, այլ յայտարարութեան ձեւը։ Ի վերջոյ կը յայտարարուի արժանաւորին անունը, որուն կցուած պատկանելիութիւնը եւս։ Կ'ըսուի Գերմանացի գիտնականը կամ Ֆրանսացի բժիշկը կամ Ամերիկացի փիլիսոփան կամ Ափրիկեցի քաղաքական դէմքը արժանացաւ պարգեւին եւայլն։ Եւ այդպէս ալ կը գրուի թերթերուն մէջ։ Մարդու անունին ու մականունին հետ պատկանելիութիւնը եւս կը յիշատակուի ու կը գնահատուի։ Նշանաւոր չարագործներն անգամ կը յիշուին իրենց պատկանելիութեամբ։
Յարաբերական կեանքէ ներս, երբ երկու կամ աւելի նոր դէմքեր զանազան պատճառներով իրար կը հանդիպին, ծանօթացման ու գործակցութեան առաջին քայլը կ'ըլլայ անունի եւ մականունի ճանաչումը։ Անմիջապէս ետքը կը յաջորդեն պատկանելիութեան հարցումները. քաղաքացիութիւն, կրօնք, լեզու, հասցէ եւայլն։
Բայց ինչո՞ւ միշտ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ մարդու պատկանելիութիւնը եւ կամ նախապայման է պատկանելիութեան յիշատակումը։
Մարդ արարածը ինքնին արժէք մը կը ներկայացնէ որպէս գոյութիւն, դէմք, մտայնութիւն, կեցուածք, սովորութիւն, գործունէութիւն եւ այլ յատկութիւններով։ Կան մարդիկ, որոնք իւրայատուկ շնորհքի կամ բացառիկ կարողութեանց տէր անձնաւորութիւններ են։ Ոմանց մօտ պարագան զգալի է եւ ազդեցիկ, իսկ ոմանց մօտ գրեթէ անշշուկ եւ անյայտ։ Երկու պարագաներուն ալ՝ գոյութիւնն ու կարողութիւնը, մարդուն որոշ չափով կշիռ մը կու տան, որոշ չափով երեւելի ու լսելի կը դարձնեն, որովհետեւ սահման մըն ալ կը դնեն անոր շուրջ։ Հոս, միակ պատկանելիութիւնն է որ իր օրինականութեամբ եւ կարգով տէր կրնայ կանգնիլ մարդուն եւ այդ սահմանէն ու այլ սահմաններէ դուրս հանել։
Պատկանելիութիւնը մեծագոյն միջոցն է որ կ'արժեւորէ մարդը։ Ծագումը իւրաքանչիւր մարդու սկիզբն է, իսկ պատկանելիութիւնը՝ ծագման շարունակութիւնը եւ մարդու անչափ արժեւորումը։ Արաբները ասացուածք մը ունին որ կ'ըսէ. «Եթէ մէկը իր ծագումը դրժէ, առանց ծագումի մարդ կը դառնայ»։ Սա կը նշանակէ թէ մարդը որքան զարգանայ ու մեծնայ, առանց իր պատկանելիութեան կը մնայ հոն ուր որ է։ Մինչդեռ պատկանելիութիւնը անոր կը շնորհէ պատիւ ու մակարդակ, միջազգային ճանաչում ու յարգանք։ Երբ մարդը իր անունով ու մականունով միայն կը փափաքի ապրիլ, կը նշանակէ առանձին ու ինքնիրեն համար կ'ապրի։ Մինչդեռ երբ իր պատկանելիութեամբ կ'ապրի, առանձին չէ այլեւս, այլ իր ժողովուրդը եւս իր հետ կ'ապրի ու կը ներկայացնէ։ «Ես Հայ եմ» ըսելով անհատը ինքնաբերաբար իր կողքին կ'ունենայ հայրենիքը, սփիւռքը, եկեղեցին, պատմութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը ու պատկանելիութեան այդ խոր զգացումով ան ինքզինք կ'արժեւորէ, իսկ միւսներն ալ յատուկ կերպով կը գնահատեն։ Նոյնն է պարագան բոլոր երկիրներու մարդոց։ Որեւէ մէկ մարդ առանց պատկանելիութեան անտէր ու աղքատ կը դառնայ։
Արժեւորումէն անմիջապէս ետքը, պատկանելիութիւնը մարդուն կը մղէ նաեւ գործունէութեան։ Այդ ոգին կը յառաջանայ ենթակայի հաւատքէն, զգացումէն, ապրումէն եւ կամքէն։ Եւ չկայ ապրում մը, որ մարդու ներսիդին յաւիտեանս անշարժ ու ապարդիւն կը մնայ։ Պատկանելիութեան հպարտութիւնը կամ ազգային ոգին մարդը կը մղէ դէպի նպատակ եւ գործունէութիւն։ Ան մարդուն առջեւ կը բանայ ազգային ծառայութեան անսահման հորիզոնը, ուր ան պիտի հանդիպի իսկական մեծերուն, պատմական դէմքերուն ու դէպքերուն եւ յաւիտենական արժէքներուն։ Ու անոնցով ինք եւս պիտի արժեւորուի, պիտի բարձրանայ եւ ինչու չէ յաւերժանայ։ Պատկանելիութիւնը գիտակից մարդուն գրեթէ ամբողջ կազմուածքը կը շինէ։
Պատկանելիութիւնը ոչ մէկ ձեւով վնաս կը հասցնէ անհատին, ոչ մէկ ձեւով կը նուաստացնէ եւ ոչ մէկ տեղ կÿարժեզրկէ մարդը։ Եւ հակառակ այս իրողութեան, կեանքի հարուստ փորձառութեան, շատեր անիմաստ պատճառաբանութիւններով կը խուսափին իրենց պատկանելիութիւնէն։ Ինչպէս նաեւ անհիմն պատճառներով կը ծածկեն իրենց ծագումը։ Անձամբ հանդիպած եմ բազմաթիւ հայերու՝ Հայաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն եւ Իրաքէն, որոնք կը ձեւացնեն իրենք զիրենք որպէս Յոյն։ Այլ պարագաներու երբ իրենց տկար յունախօսութիւնը նկատի կÿառնուի, շուտով կը բացատրեն թէ Յոյն չեն բայց Յունաստան ծնած են։ Ուրիշներ ալ երբ Յունաստանի նոր քաղաքացի կը դառնան, իրենց մայր երկիրն ու երկրացիները կը սկսին չհաւնիլ եւ ծաղրել։ Իրենք զիրենք Յոյն կը ձեւացնեն առանց տեղեակ ըլլալու Յունաստանի աշխարհագրութենէն, ժողովուրդի պատմութենէն ու մշակոյթէն։ Միւս կողմէ կայ նաեւ բնիկ երկրացի հայերու լուրջ թիւ մը, որոնք ոչ մօտէն ոչ ալ հեռուէն կը հետաքրքրուին հայութեամբ եւ իրենց կրած հայկական մականունն ալ կը վերագրեն մեծ ծնողաց սեփականութիւնը միայն։ Պէտք է հաստատել, թէ վերոնշեալ անհաճոյ պարագան կը գտնուի բոլոր երկիրներէ ներս, ինչպէս Ֆրանսա, Անգլիա, Գանատա, Աւստրալիա եւայլն։
Բայց ի՞նչ տրամաբանութեամբ անոնք կը դիմեն նման քայլերու։ Պատկանելիութիւնը մոռնալով մարդէն ի՞նչ կը փոխուի, ծագումը դրժելով մարդը ի՞նչ կը փոխէ։ Ի՞նչ կը շահի եւ ի՞նչ կը վնասէ։ Միւս կողմէ, թուղթի կտոր մը կրնա՞յ արդեօք փոխել մարդուն էութիւնն ու կենցաղը, որ արդէն կազմուած է իր ծննդավայր երկրին ու միջավայրին մէջ։ Անձամբ չեմ հաւատար եւ վստահ եմ, որ այդ մարդիկն ալ չեն հաւատար, բայց ջանք կը թափեն դիմացինը հաւատացնելու։ Այս պարագային Յոյնն անգամ պիտի անտեսէ ու ծաղրէ իրենց։ Օտար երկրի մէջ նոր քաղաքացի ըլլալը, մարդու պատկանելիութեան արմատին վրայ արժէք մը կÿաւելցնէ։ Սակայն նոր պատկանելիութեամբ կարելի չէ ջնջել ու մոռնալ հինը, այսինքն հիմքը։ Օտար երկրին ու ժողովուրդին աչքին դրսեցին միշտ օտար է եւ այդպէս ալ կը մնայ։ Ինչ ալ ըլլայ, ուր ալ երթայ մարդը, իրեն պիտի տեսնեն ու չափեն իր ծագումով եւ հարազատ պատկանելիութեամբ։
Մեր մեծ Հայրապետը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ ժողովուրդին կը պատկանի։ Մեր մեծ հերոսը Վարդան Մամիկոնեան Հայ ժողովուրդին զաւակն է։ Եւ Հայ ժողովուրդը գնահատելով անոնց մատուցած ծառայութիւնն ու զոհողութիւնը, պատմութեան մէջ իրենց արժանի տեղը տուած է անոնց եւ ամէն տարի, հայրենիքէն ներս եւ դուրս փառաւոր կերպով կը նշէ անոնց եւ բազմաթիւ նմաններու յիշատակը։ Որովհետեւ Հայ ժողովուրդը եւս գիտակցութիւնը ունի ար-ժեւորելու իր զաւակները։ Հայ ժողովուրդը եւս կարողութիւնը ունի գնահատելու իր զաւակները։ Հայ ժողովուրդը եւս քաջութիւնը ունի բարձրացնելու իր զաւակները։
Ուստի, մարդու համար չկայ աւելի մեծ ու արդար գնահատանք քան հայրենիքին պարգեւածը։ Չկայ աւելի մեծ պատիւ ու հպարտանք քան հարազատ ժողովուրդի ընծայածը։

Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան
Քսանթի