Շաբաթ 21, Դեկտեմբեր, 2013
Վալդերենց տունը նստած սուրճ կը խմենք, երբ կը ստանանք Grande Candyի առաքողի հեռաձայնը։ Երէկ մեր ապսպրած շոքոլաները հասած են։ Ջիլի մանկապարտէզին համար ապսպրած ենք 40 փոքրիկ խաւաքարտեայ տնակներ, շոքոլայով լեցուն, իսկ մեր գիւղի երեխաներուն համար 150 հատ խաւաքարտեայ տօնածառեր, դարձեալ շոքոլայով լեցուն։ Ձմեռ պապին զանոնք պիտի բաժնէ, հրապարակի տօնածառին առջեւ Դեկտեմբերի 31ին...

Կիրակի 22, Դեկտեմբեր, 2013
Թորոնթահայ տիկին Արմէնուհին, որոշ գումար մը փոխանձած էր մեզի մեր Թորոնթօ եղած ժամանակ, Ջիլի մանկապարտէզի երեխներուն կաղանդի նուէրներ գնելու համար։ Բաւական մտածելէ ետք կ'որոշեմ ձմեռնային գլխակ, ձեռնոց եւ գուլպայ առնել, շաքարեղէնի կողքին։ Այսօր Աշտարակ կ'իջնենք այս հարցով զբաղելու։ Չեմ ակնկալեր, որ նոյնանման իրերէն 40 հատ ունենան, բայց Երեւանի Մալաթիայի շուկան չգացած կ'ուզենք փորձել մեր բախտը։
Իրապէս ալ, իմ ընտրած իրերս մեծ քանակութեամբ գոյութիւն չունին։ Սակայն վաճառորդուհին կը վստահեցնէ մեզի, որ թէեւ այսօր Կիրակի ըլլալուն, իրենց պահեստը փակ է, բայց վաղը անպայման ձեռք կը ձգէ զանոնք։ Կը համաձայնինք օր մը եւս սպասել...
Հոս զարմանալի սովորութիւն մը կայ։ Յաճախ, խանութներուն մէջ, աշխատաւորները ճաշի ժամանակ սեղան կը բանան եւ հրապարակաւ կ'ուտեն... Յաճախորդին համար, առնուազն մեզի համար, անհանգստացնող է այս երեւոյթը։ Տակաւին կան խանութներ, որոնք կը փակեն իրենց դռները կէսօրուան ժամերուն... Երբ խանութ հասանք, վաճառորդուհիները սեղանի մը շուրջ բոլորուած կÿուտէին, սակայն մեզ տեսնելով կէս ձգեցին իրենց ճաշը եւ ելան մեզի սպասարկելու։ Կը յիշեմ, որ խորհրդային օրերուն, ասկէ ուղիղ 37 տարիներ առաջ, Հայաստան մեր առաջին այցելութեան ընթացքին, նման ճաշկերոյթի մը ժամանակ երբ խանութ մտանք, մերժեցին մեզի սպասարկել, բացատրելով, որ իրենց ճաշի ժամն է...

Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր, 2013
Այսօր Աշտարակ կ'իջնենք ձեռք ձգելու 40 մանկական գլխարկ, ձեռնոց եւ գուլպայ, Ջիլ գիւղի մանկապարտէզի երեխաներուն համար։ Երէկ ապսպրած էինք զանոնք եւ այսօր հեռաձայն ստացանք, որ արդէն եկած են։ Այս փոքր խանութին մէջ սպասարկութիւնը անթերի է։ Բոլորը ամէն ճիգ կը թափեն, որ մեր ապսպրանքը մէկտեղուի։ Մեզի սպասարկող կնոջ կ'ըսեմ, որ գալ տարի աւելի կանուխ պիտի զգուշացնեմ զիրենք եւ կ'ակնկալեմ, որ խանութի տէրերն ալ մասնակցին այս նուիրատուութեան։ «Ես էստեղ աշխատում եմ, բայց կ'ասեմ», կը պատասխանէ ան։ Նպատակս կարելի եղածին չափ մարդոց մտքին մէջ բարեսիրական յատկացումներ ընելու գաղափարը արթնցնելն է։ Նկատելի է սակայն, որ ամէն տարի աւելի մեծ արձագանգ կը գտնէ կարիքաւորներուն օգնելու գաղափարը...

Երեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր, 2013
Իմ խնդրանքովս, Վերգուշը կու գայ, որ միասին պատրաստենք 40 նուէրներու տոպրակները։ Փոքրիկ խաւաքարտէ շոքոլայ պարունակող տնակները, գլխարկները, գուլպաները եւ ձեռնոցները, կը դնենք Կաղանդ Պապաներով զարդարուած տոպրակներու մէջ, աղջիկներուն համար նախատեսուածներուն վրայ վարդագոյն ժապաւէն կը կապենք եւ կը տեղադրենք սնտուկներու մէջ։ Վաղը Ջիլ գիւղի մանկապարտէզի տարեկան ամանօրեայ հանդէսին ներկայ ըլլալու պատրաստ ենք։

Չորեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր, 2013
Առաւօտ կանուխ ճամբայ կÿելլենք դեպի սահմանամերց Ջիլ գիւղը։ Մայրուղիները շատ լաւ վիճակի մէջ են։ Տեղ տեղ կը հանդիպինք մշուշի, սակայն ան բոլորովին չի խանգարեր մեր ճամբորդութիւնը։ Ընդհանրապէս եղանակը արեւոտ է եւ պայծառ։ Սեւանը շրջապատող Գեղամայ եւ Սեւանայ լեռները ձիւնապատ են, բայց Սեւանը կը ծփայ... Առաջին անգամ է, որ Սեւանը կը տեսնենք այսպէս, սպիտակով շրջապատուած։ Բոլորովին տարբեր է, սակայն նոյնքան գեղեցիկ։ Սեւանի ջուրերը գորշ են, սակայն եղանակը բարեխառն է...
Երբ կը հասնինք Ջիլ, ամանորեայ հանդէսը ընթացքի մէջ է։ Ձմեռ պապին, այսինքն Կաղանդ պապան, երեխաներուն եւ դաստիարակներուն հետ, տօնածառին շուրջ, կը պարէ... Երեխաները տօնական հագուած են։ Կան կարմիր Կաղանդ պապուկի հագուստներ հագուողներ, աղջիկները ունին թագեր, տղաքը կարմիր գլխարկներ։ Կաղանդ պապան արդէն բաժնած է մանկապարտիզպանուհի Վարդիի պատրաստած նուէրները, մանտարին, քաղցրեղէն եւ փոքրիկ խաղալիք մը... Ձմեռ Պապիի օգնութեամբ, Մարգարը կը բաժնէ մեր պատրաստած նուէրները։ Զուարճալի է, երբ Մարգարը Ձմեռ Պապիին կը հար-ցընէ, որ ուրկէ՞ կու գայ, ակնկալելով որ ան պատասխանէ՝ Մասիս սարէն։ Ես գիտեմ, որ պատասխանը պիտի յուսախաբ ընէ զինք, որովհետեւ արդէն գիտեմ, որ Հայաստանի Ձմեռ Պապին կու գայ Լապլանդիայէն... Իսկապէս ալ այդ պատասխանը կը ստանայ... Մարգարը ինքզինքը չի կորսնցներ... «Ո՜չ, Ձմեռ Պապի,ո՜չ, դուն Մասիս Սարէն կու գաս», կÿըսէ։ Վալդերը եւ ես կը ժպտինք։ Յանցաւոր կը զգամ, որ չեմ զգուշացուցած զինք։ Համակարգչային որոնումներս կը բացատրեն, Լապլանդիան, Ֆինլանտայի մէկ նահանգն է, ուր կÿապրի Ձմեռ Պապին.. Վստահ եմ, որ տարիներու ընթացքին ան պիտի տեղափոխուի Մասիս Սար, հոն ուր տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է սփիւռքահայ երեխաներու Կաղանդ Պապան...
Վարդիին կը փոխանցենք, յաջորդ 5 ամիսներու երեխաներու սնունդին համար նախատեսուած գումարը, որը յատկացուած էր Թորոնթոյի Milk Fundի եւ լուսահոգի Նանիկ Արթինեանի հիմնած Health Care Armenia Fundի կողմէ։ Կը պատրաստուինք հրաժեշտ առնելու երբ մանկապարտիզպանուհի Վարդին կÿըսէ, որ մեզի հնդկահաւ մը կÿուզէ նուիրել։ Կաղանդի համար հնդկահաւ մը գնած ենք արդէն Աշտարակի մեր յաճախած գերշուկայէն (super-market)։ Այդ հնդկահաւը, սառած, Ամերիկայէն ներածուած տեսակն էր։ «Ոչինչ, թող երկուս լինի», կ'ըսէ Վարդին։ Տղայ մը, սնտուկ մը ձեռքին կÿընկերանայ մեզի մինչեւ ինքնաշարժ եւ սնտուկը կը դնէ բեռնախցիկին մէջ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք եւ կ'ելլենք ճամբայ։
«Յուսամ մորթելէ ետք մաքրած են», կÿըսեմ Վալդերին, որ կը սկսի անզսպելի կերպով խնդալ եւ վերջապէս կ'ըսէ, որ ողջ է։ Մարգարը եւ ես չենք հաւատար։ Սնտուկի կիսաբաց բերանէն կը տեսնեմ տոպրակ մը, բայց ոչ մէկ շարժում չեմ նկատեր։ Կը մտածենք, որ Վալդերը գիտնալով, որ ողջ կենդանիները մորթելու արարողութեան անծանօթ ենք, դիտմամբ կը ջանայ մեզի վրդովեցնել... Սեւանի արեւմտեան ափին ըստ սովորութեան կը կենանք ձուկ գնելու։ Ձուկը Վալդերը կը տեղաւորէ հնդկահաւի սնտուկին մօտ։ Ահա այս ատեն է, որ սնտուկին մէջի տոպրակը կը սկսի թփռտալ... Ձուկին հոտը կ'արթնցնէ հնդկահաւը իր թմբիրէն... «Ողջ է...», կը բացականչենք ես ու Մարգարը միասին։ «Ասում էի, չէիք հաւատում», կը սկսի ծիծաղիլ Վալդերը։ Ճամբուն մնացեալ մասը կ'անցընենք կատակներով եւ ողջ հնդկահաւին ապագան ծրագրելով...
Ուշի վերադարձին հնդկահաւը կը յանձնենք Վալդերի քրոջ Ալվարդին, զայն մինչեւ գալ Հոկտեմբեր գիրցնելու յանձնարարականով։ Անցեալ տարի, երբ կը մտադրէի Գոհաբանական Օր տօնել եւ տարին առնուազն մէկ անգամ Աստուծոյ շնորհակալ ըլլալու մշակոյթը Ուշի ներմուծել, Կաղանդի առթիւ ներմուծուած ամերիկեան հնդկահաւները դեռ չէին հասած։ Յաջորդ Հոկտեմբերին մեր հնդկահաւը պատրաստ կÿըլլայ...
Ալվարդը մեր հնդկահաւը, որուն անունը Իշխանուհի դրած է Մարգարը, կը տանի հաւնոց։ «Ոտքերը կապել եմ, թռնում է», կ'ըսէ ան հաւնոցէն վերադարձին։ Կը յուսանք, որ ան չի խանգարեր հաւերուն հաւկիթ ածելը։ Իր մեծութեամբ եւ շարժունութեամբ կրնայ վախցնել զանոնք։
Այս գիշեր, Ալվարդը եւ Լաուրան, Ամանորի համար խմոր շաղելու եւ վաղը լաւաշ թխելու ծրագիրը կը յետաձգեն, մեր երեկոյեան ընթրիքը՝ ձուկը պատրաստելու համար։

Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր, 2013
Թխելու կը սկսինք, պատրաստուելով մեր Ամանորեայ երկոյեան հրաւէրին։ Ըստ մեր սովորութեան, «մեր» երեխաները, իրենց ծնողները եւ մեր հարեւանները մեր տան մէջ կը հիւրասիրենք։ Առաջինը կը թխեմ երկու կարկանդակ, մէկը երեխաներուն եւ մէկը մեծերուն, ամանորեայ հայկական սովորութեամբ, բախտաւորը ճշդելու համար, անոնց շերտերէն մէկուն մէջ պահելով 500 դրամանոց մետաղադրամներ։ Երկրորդը, դարձեալ աւանդական է, Քրիստոսի եօթը չարչարանքները խորհրդանշող եօթը համեմով կարկանդակը։ Ամէն տարի կը ջանամ նոր թխուածք մըն ալ պատրաստել, քաջ գիտնալով, որ քանի մը տարի պիտի տեւէ, անոր ուշեցիներու կողմէ ընդունուիլը։ Այդպէս եղաւ ստեպղինով թխուածքի պարագան, որ հիմա, շատ սիրուած է ամէնքին կողմէ։ Նկատելով, որ չիրերը առատ են հոս եւ կոնիակի երկիր է, այս տարի կը պատրաստեմ անգլիական Christmas Cakeը։ Համացանցէն վերցուցած բաղադրատոմսս Հիւսիսային Ամերիկայի համար գրուած է եւ կÿակնկալէ, որ անոր բաղադրիչները շուկան գտնուին, նարինջի եւ լեմոնի կեղեւով պատրաստուած, շաքարոտած կտորներ (candied peel), կարմիր եւ կանանչ գոյնով շաքարապատուած կերաս (glace cherry)։ Այս բաղադրութիւնները կը ջանամ պատրաստել ինքս... Կարծեմ յաջող կը ստացուի...
Երբ մսավաճառէն ամանորեայ սեղանին համար աւանդական խոզի զիստը կանուխէն ապսպրելու մասին կը խօսէինք, Վալդերը թելադրած էր, որ Ուշիի մէջ բուծանուած եւ այս օրերուն մորթուող խոզերէն մէկուն զիստը գնենք։ Այսօր ան կը բերէ խոստացուած խոզի զիստը... Բարեբախտաբար, այս օրերուն մեր կտուրը կարելի է օգտագործել որպէս սառցարան, թէ ոչ այս հսկայ մսակտորը մինչեւ Նոր տարի պահպանելու հարց պիտի ունենայինք...

Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր, 2013
Շուկայ կ'երթանք ամանորեան գնումներու։ Չափազանց ցուրտ է։ Եռուզեռը սակայն անսովոր է։
Քանի մը օրերէ ի վեր նախագահական նստավայրին մէջ տեղի կÿունենան ամանորեայ տօնակատարութիւններ փոքրիկներու համար։ Դեկտեմբերի 23ին սահմանամերձ գիւղերու երախաները հիւրասիրուեցան Նախագահի եւ Առաջին Տիկնոջ կողմէ, 24ին՝ յառաջադէմ աշակերտները, 25ին՝ մանկատուներու (որբանոց), գիշերօթիկ դպրոցներու (ֆիզիքական կամ մտային դժուարութիւններ ունեցողներու), ինչպէս նաեւ սուրիահայերու երեխաները, 26ին՝ զոհ- ւած ազատամարտիկներու եւ զինծառայողներու երեխաները։ Ամէն օր երեկոյեան լուրերը մեծ տեղ տուին այս հաւաքներուն։ Ինծի համար ուշագրաւ էին հետեւեալները, Հոս Ձմեռ Պապին պարեգօտ կը հագուի, այսինքն մինչեւ գետին հասնող վերարկու, անոր գոյնը միշտ չէ որ կարմիր է (նախագահականինը արծաթագոյն կապոյտ էր), Ձմեռ Պապին միշտ կ'ընկերանայ Ձիւնանուշը (որ իր թոռնիկն է), «Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ» եզրոյթը, պարզապէս ըսելաձեւ է եւ ոչ մէկ ձեւով չÿանդրադառ- նար տօնակատարութիւններու խորքային տարազին։ Ոչ մսուր կայ, ոչ ալ Յիսուսի ծննդեան որեւէ ակնարկութիւն...
Թերեւս անհամբերութեան պէտք է վերագրել այս մտածումներս։ Ժամանակը, դանդաղ կրնայ փոխել այս ամէնը։

(Շարունակելի յաջորդ Ուրբաթ օր)

էլիզ Շարապխանեան