Յ. Շիրազ սիրուեցաւ, պաշտուեցաւ, սակայն իր նշանաւոր «Մարդկանց Անունները» բանաստեղծութիւնը, որուն մէջ կը քննադատէր ու կը ծաղրէր օտար անուններու տարածումը Հայաստանի մէջ, արձագանգ չգտաւ այն միջավայրին մէջ, ուր անունները այլանդակութեան եւ օտարացման չափանիշներ արձանագրեցին, բազմագոյն ու բազմաբոյր աւազանի մը մէջ  մկրտուելէ ետք, հայ տղոց ու աղջկանց ճակատներուն խարանի պէս դաջուեցան, մինչեւ որ դարձան անճանաչելի.  ազգապահպան «եան»ը եկաւ փրկելու կացութիւնը եւ փաստելու որ անուանատէրը հայ է։

Անուննե՜ր, անուննե՜ր…
Որքան լուրջ հարց է նորածինին անուն ընտրելը։ Նահապետական, աւանդապաշտ ընտանիքներու մօտ հարցը կամայ թէ ակամայ լուծուած է, քանի որ ժառանգաբար մեծ հօր մը, կամ մեծ մօր մը անունը կը փակցնեն նորածինին, որքան ալ հնաոճ կամ անբաղձալի ըլլայ, երբեմն եղածին պէս, շատ անգամ՝ առջեւէն ետեւէն տաշելով, պզտիկցնելով, կլորցնելով, փափկացնելով, մէկ խօսքով՝ հնաբոյր անունը «Մաքիաժ»ով գեղեցկացնելով։
Երբեմն՝ ծերուկներուն աչքին փոշի փչելով երկու անուն կը դնեն, մէկը «անոնց» խաթրին, միւսը՝ իրենց, եւ անշուշտ «անոնց»-ը կը մնայ մաս-մաքուր, չգործածուելով, իսկ «իրենց»-ը կ՛ըլլայ իսկական անունը։ Սակայն, այս պարտաւորութենէն ազատած զոյգեր, թէեւ կը կարծեն որ գործերնին դիւրացաւ, իրականութեան մէջ անձրեւէն փախչելով, կարկուտի կը հանդիպին՝ եկուր ալ անուն որոշէ…
Ու կը սկսի անուն որոշելու չարչարանաց շրջանը, որ կրնայ ամիսներ տեւել։
Կնոջ յղութենէն քանի մը ամիս ետք, բժիշկը հազիւ գուշակէ պտուղին արու կամ էգ ըլլալը՝ արշաւը կը սկսի անուն փնտռելու, կամ «շինել»ու, որուն կը մասնակցին ծնողներ, ազգականներ, դրացիներ, «շիրքէթ»ի կնիկներ, ժողովական ընկերներ…
Եկուր ալ անուն գտիր, որ հնաոճ չըլլայ, նորոյթէն ըլլայ, մէկ, կամ երկու վանկով ըլլայ, երեք լեզուով գրուի եւ անսխալ կարդացուի եւ որ ամենակարեւորն է՝  դեռ ուրիշը դրած չըլլայ…
Ի՜նչ գեղեցիկ եւ իմաստալից իգական անուններ ունէինք, որոնք հիմա արտաքսուած են մեր անուանացանկերէն, ինչպէս Հայկանոյշը, Վարդանոյշը, Սիրանոյշը, Գեղանոյշը, որոնց հիմա կամ գլուխը թռցուցեր են եւ դարձած են Հայկան, Հայկի, Վարդի, Սիրան, Սիրուշ, Սիրուշօ… Թագուհին՝  Թագի, Ազատուհին ու Ազնիւը՝  Ազիկ, Զարմինէն՝  Զարա, Լուսինը՝ Լուլու, Լալա, Լօլօ…
Տղոց պարագային հարցը այդքան ալ շեշտուած չէ, շատ-շատ Ս. Գիրքէն քաղուած անունները կը կրճատուին եւ Մատթէոսը կ՛ըլլայ Մաթիկ, Թադէոսը՝  Թաթա, Կիրակոսը՝  Կիրօ, Թովմասը՝  Թոմ…եւ այլն։
Հիմա ասոնք ալ շարքէն դուրս նետուելու վրայ են, ասոնք ալ հինցան, մարդիկ նոր անուններ «շինել»ու ստեղծագործական աշխատանքի լծուած են եւ փառք Աստուծոյ որ հայերէն լեզուն ճկուն է եւ անսահման հնարաւորութիւն կու տայ բարդ ու ածանցեալ բառեր կազմելով նոր անուններ ստեղծելու։
Բայց, ինչ կ՛ուզեն թող ընեն, միայն թէ մեր մականունի վերջաւորութեան «եան»ը պահեն, թէ ոչ՝ անունը օտարատիպ, մականունը՝ (ընդհանրապէս) թրքատիպ, եկուր ալ առանց «եան»ի փաստէ հայ ըլլալը ։
Ա՜խ, երանի չէ՞ր ըլլար, որ երեխան ծնէր ու իր անունն ալ հետը՝ ճակատին վրայ դաջուած։


Յ.Մ.
«Գանձասար» - Սուրիա