Տարի մը եւս հայութիւնը կը տօնէ «Վարդանանց»ը, պատուելով Քաջն Վարդան սպարապետի եւ 1036 վկայ-նահատակներուն յիշատակը:

Սակայն ճակատամարտէն առաջ կայ շատ մեծ ընթացք մը բանակցութիւններով, երբ Արտաշատի մէջ կը գումարուի ժողով՝ բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ նախարարներու մասնակցութեամբ: Վարդան Մամիկոնեանի «խումբին» ապստամբութեան առաջարկին դէմ կը կանգնի Վասակ Սիւնի, Սիւնիկի իշխանը, նկատելով որ պէտք է պարսիկներու հետ ծագած խնդիրը լուծել դիւանագիտութեամբ: Վասակը Արշակ Բ՛ արքային աներոջ թոռն էր: Արշակը յաջողութեամբ դիմադրած էր Պարսից Շապուհ թագաւորին Հայաստանի դէմ յարձակումներուն: Վասակը իր պատանի տարիքը անցուցած էր Պարսկաստան, իբրեւ պատանդ: Երբ ան Սիւնիկ վերադարձաւ դաւադրութեան յաղթահարելով՝ ստանձնեց իրեն պատկանող իշխանութիւնը: 420ականներուն հոգատարութեամբ օգնեց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, որպէսզի ան հիմնէ բազմաթիւ դպրոցներ Սիւնիկի տարածքին մէջ: 440ականներուն, շահած ըլլալով պարսիկ թագաւորին վստահութիւնը, ան մարզպան կը նշանակուէր Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ, իսկ իր երկու որդիները պատանդ կը տարուին Պարսկաստան։

Հակառակ ըլլալով ապստամբութեան՝ Վասակը իր գունդով եւ շարք մը նախարարներով չի մասնակցիր Աւարայրի ճակատամարտին: Որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ մարտի ընթացքին կ՛անցնի հակառակորդին կողմը: Կը նկատուի դաւաճան: Վարդանը կը դառնայ Սուրբ: Երգեր կը հիւսուին, ոտանաւորներ կը գրուին իր մասին, մինչ «Վասակ» անունը կը վերանայ հայկական ընտանիքներէն: Կը դառնայ դաւաճանութեան խորհրդանիշ եւ այսպէս ալ կը մնայ դարերով՝ մինչեւ օրս:
Բայց իսկապէս այդպէ՞ս էր: Վասակը իրապէս դաւաճա՞ն էր: Կամ արդեօք հայոց պատմութիւնը անարդա՞ր էր իր հանդէպ:
Վերջին տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի մէջ, պատմաբաններ կը շըրթադարձեն մեր գիտցածները Վարդանանցի նկատմամբ: Կասկածի հիմքը կուգայ այն իրողութենէն, որ տեղեկութիւններու մեծամասնութիւնը կը բխի Եղիշէ պատմիչէն, որ ըստ երեւոյթին կը գրէր Մամիկոնեաններու Տոհմի պատուէրով:
Այս ոլորտին մէջ կը նշուի նաեւ որ պատերազմէն առաջ, կարեւոր պահու մը ընթացքին, Վարդան կþանցնէր Հայաստանի այն մասը որ կը գտնուէր Բիւզանդական Կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Ան կը վերադառնար, ծանր ճնշումներու ենթարկուելէ ետք, միւս նախարարներուն կողմէ:
Արտաշատի ժողովին ընթացքին, նախարարական տոհմերու մեծամասնութիւնը, 18-էն 10-ը հոգի, որոնց մէջ նաեւ Բագրատունիներ, համաձայն էին Վասակին: Ըստ նոյն շարքի ուսումնասիրութիւններուն՝ մարզպանը նկատել կուտար, որ հայոց բանակը եթէ առանձին մնար պարսկական զօրքին դէմ՝ պիտի ըլլար թոյլ ու անբաւարար։ Այս պատճառով կը փնտռէր զինակիցներ: Դեսպաններ կþուղարկէր Բիւզանդիոն, խնդրելու համար օգնութիւն։ Բիւզանդացիները սակայն կը մերժէին եւ կը համագործակցէին Հազկերտ պարսիկ արքային հետ: Այս մթնոլորտին մէջ, արիւնահոսութիւնը կանխելու նպատակով ան կը փորձէր լուծում գտնել դիւանագիտութեան ճամբով, բայց ի զուր: Պատերազմէն վերջ, պարսիկ թագաւորին կողմէ Վասակը կը դատապարտուէր աղքատութեան, ապա գերի կը տարուէր։ 455 թուին ան բանտարկուած կը մահանար Վրկանաց աշխարհ:
Դարեր անցան, սակայն հակառակ նոր ուսումնասիրութիւններուն ու տուեալներուն՝ հարցականները կը յամենան։


ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ