Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր, 2013
Նամակ կը ստանամ Թորոնթոյէն։ «Մեր» աղջիկներուն պատրաստած կենդանիները, որոնք Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ կը ծախուին հոն, գրեթէ սպառած են։

Կը խնդրեն, որ այս օրերուն հոս գտնուող Ռազմիկին հետ, երկրորդ խումբ մը ղրկեմ։ Անոնք գեղեցիկ բացիկներ պատրաստած են, աղջիկներուն նկարներով եւ Ուշիի մեր խմբակին մասին բացատրականով եւ ամրացուցած անոնց։ Իսկապէս կը գնահատեմ անոնց տարած աշցատանքը... Կ'որոշեմ անմիջապէս չպատասխանել։ Կիրակի օր, Հ.Օ.Մ.ի պազարէն ետք յայտնի կÿըլլայ, եթէ կրնանք ընդառաջել այս խնդրանքին։ «Մեր» աղջիկներէն երկուքը տակաւին դպրոցական են։ Չեմ ուզեր, որ իրենց դասերը տուժեն հելունագործութեան որպէս արդիւնք...

Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր, 2013
Երկու օր է կը պատրաստուինք վաղուան Պազարին։ Վալդերը ծառի չորցած ճիւղերով փունջ մը շինած է մեզի համար, մեր խնդրանքով, որպէսզի Կաղանդի ծառի զարդերը որ հելունով պատրաստած ենք, վրան ցուցադրենք։ Տօնածառի զարդերը հոս կը կոչուին տօնածառի խաղալիքներ...Հիւսուած կենդանիները ցուցադրելու համար ունինք զանազան կողովներ։ Կողով բառն ալ չգործածուիր հոս։ Զամբիւղ պէտք է ըսել...Կը պատրաստենք պիտակներ եւ անոնց վրայ, կը ճշդենք գիները։ Կը պատրաստենք նաեւ երկար պիտակ մը ցուցադրութեան սեղանին համար։ «ԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ Է ՈՒՇԻ ԳԻՒՂՈՒՄ»։ Պատրաստ ենք։

Կիրակի 15, Դեկտեմբեր, 2013
Առաւօտուն ճամբայ կÿելլենք դէպի Երեւանի «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնը, որուն հինգերորդ յարկի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հ.Օ.Մ.ի պազարը։ Վերելակին առջեւ կան բաւական մեծ թիւով վաճառորդներ, իրենց ծախու ապրանքներով բեռնաւորուած, ուստի կÿորոշենք աստիճաններով բարձրաանալ... Աղջիկները ցատկռտելով կը հասնին վերեւ, սակայն ես հեւալով կը հասնիմ...
Սրահին մէջ շարք շարք զետեղուած են սեղաններ, բոլորն ալ նոյնանման կարմիր թուղթէ ծածկոցներով։ Սրահը խճողուած է։ Կան 50է աւելի սեղաններ։ Հայաստանի զանազան տեղերէն Հ.Օ.Մ.ի մասնաճիւղերը արդէն յարդարած են իրենց սեղանները։ Մեր նման վաճառողները կը հասնին կամաց կամաց։ Կան բազմաթիւ անհատ վաճառողներ, անհատապէս արտադրուածէն մինչեւ Պարսկաստանէն ու Չինաստանէն ներածուած ապրանքներ, թխուածքներ եւ անուշեղէններ, համեմունքներ ու կաղանդի զարդեր, պայուսակներ ու գլխարկներ... Կը պատրաստենք մեր սեղանը։ Աղջիկները կը տեղաւորուին անոր ետին։
Սրահի մուտքի փոքրիկ ընդունարանին մէջ, երկու մասնաճիւղներ սուրճ եւ անուշեղէն կը ծախեն։ Ճաշ չկայ...
Զարմանքով եւ ուրախութեամբ կը նկատեմ, որ ինծի ծանօթ Հօմուհիներու յատուկ նուիրումը, աշխուժութիւնն ու Միութեան ամէն գնով օգտակար ըլլալու պատրաստակամութիւնը նոյնն է նաեւ հոս։ Կան նկատելի քանակով սուրիահայեր եւ իրաքահայեր։ Բոլորը կÿաշխատին բզէզի նման...
Սեղաններուն միջեւ գտնուող միջանցքները նեղ են, սրահը խճողուած է վաճառորդներով եւ այցելուներով։ Բարձրախօսէն կը հնչեն հայկական եւ օտար ամանորեայ երգեր։ Հօմուհիները առիթը չեն փախցներ իրենց սեղաններուն ետին կամ միջանցքներու խճողումին մէջ պարելու... Կէսօրէն ետք կը յայտնուի Ձմեռ պապին, կարմիր պարեգօտով... Կÿայցելէ բոլոր սեղանները կը նկարուի ամէնքին հետ... Շեշտը ամանորին վրայ է եւ ոչ թէ Սուրբ Ծնունդի... Հոս ժողովուրդին մէջ արմատացած սովորութիւնները դժուար կը փոխուին, մանաւանդ երբ անոնք պարտադրուած չեն, ինչպէս եղած է խորհրդային օրերուն։
Երկու տարբեր առիթներով, ինծի անծանօթ մարդիկ Ուշի անունը կը զուգորդեն Շարապխանեան անունին։ Երբ կը մօտենամ այն սեղանին ուր պէտք է մուծեմ մեր սեղանի վարձքը եւ Ուշի Գիւշի սեղանը, կը նշեմ, քովի սեղանէն տիկին մը, «Հա, Շարապխանեանների գի՞ւղը», կը միջամտէ։ Կը բացատրեմ, որ ես Մարգարի կինն եմ... Աւելի ուշ, բաւական յոգնած բոլոր օրը ոտքի կենալէն, կը նստիմ ընդունարանին մէջ գտնուող աթոռներէն մէկուն վրայ։ Քովս նստող կինը նկատելով, որ ձեռագործի տոպրակս գանատական վաճառատան մը պիտակը կը կրէ, խօսքի կը բռնուի ինծի հետ։ Ինք ալ թորոնթոհայ է Պարսկաստանէն: Այցելութեան եկած է Հայաստան։ Շուտով պիտի վերադառնայ... Երբ կը նշեմ, որ Ուշի գիւղը կը բնակինք, «Շարապխանեաններուն գի՞ւղը», կը հարցնէ։ Կը ստիպուիմ բացատրելու, որ ես Շարապխանեան եմ։ Անմիջապէս կը սկսի պատմել իր մահացած ամուսնուն մասին, որուն հիւանդ օրերուն բարձրաձայն Ուշիի օրագիրը կը կարդար... Կրկին եւ կրկին կ'ըսէ, որ շատ ուրախ է օրագրի հեղինակին ծանօթանալուն...
Աղջիկները կը յաջողին ծախել 13 կտոր ապրանք։ Մեծ յաջողութիւն մը չէ, սակայն այս իրենց առաջին փորձն է, ինքնուրոյն վաճառելու իրենց արտադրած ապրանքները։
Երեկոյեան առիթը կ'ունենամ Վալդերին հետ կատակելու, որ Ուշի գիւղը կը պատկանի...Շարապխանեաններուն...

Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր, 2013
Առաւօտուն երբ Մարգարը եւ ես Աշտարակ իջած էինք գնումներու, կը հանդիպինք նաեւ «Թելեր»ու խանութը, ինծի համար հարկ եղած թելեր գնելու։ Կէսօրէն ետք, «մեր» աղջիկները կու գան վերակազմակերպուելու, եւ յաջորդ քանի մը օրերուն նոր կենդանիներ հիւսելով համալրելու Հ.Օ.Մ.ի պազարէն մնացած կենդանիները, Թորոնթօ ուղարկելու համար։ Արդէն պայմանաւորուած ենք թորոնթոհայ Ռազմիկին հետ, որ շաբթուան վերջը հանդիպի մեզի եւ տանի զանոնք։ Աղջիկները կը համոզեն Մարգարը, որ իրենց ալ «թելեր»ու խանութը տանի։ Երէկուան պազարէն իրենց բաժին հասոյթը չծախսած, կ'ուզեն թելեր գնել... Նաեւ պէտք ունին որոշ գոյներու, Թորոնթօ ուղարկուելիք կենդանիներուն համար։ Մարգարը կը գանգատի, դժուարութեամբ կը համաձայնի, բայց սկիզբէն գիտեմ, որ իրեն համար անկարելի է մերժել երեխաներուն փափաքը...
Այսօր Ակադեմիայի սրահներէն մէկուն մէջ, կրկնուեցաւ Մեսրոպ Սրբազան Աշճեանի նուիրուած յուշատօնը, իր անունով Մուղնիի հիմնական դպրոցի սաներու ելոյթով։ Դժբախտաբար ներկայ չենք ըլլար, որովհետեւ երկու օրէն տեղի պիտի ունենայ Արամ Հայկազի «Մոռցուած էջեր»ու չորրորդ հատորի շնորհահանդէսը եւ կÿուզենք անոր ներկայ ըլլալ։ Յաճախ Երեւան իջնելը չի խանդավառեր մեզ։

Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր, 2013
Այսօր մեր հիւրերը Դիլիջանցի Բագրատը, Ռոզան եւ իրենց աղջիկը Անուշն են։ Առաւօտուն միայն կ'իմանամ, որ այսօր մեզի պիտի գան, ուստի արագ կ'անցնիմ խոհանոց՝ ճաշի պատրաստութեան...
Բագրատը եւ Ռոզան տակաւին Դիլիջան կ'ապրին, սակայն իրենց զաւակները, Գրիգորն ու Անուշը, տարիներէ ի վեր Երեւան կ'աշխատին եւ կը մնային իրենց հօրաքրոջ տունը։ Գրիգորի երազանքն էր Երեւանի մէջ յարկաբաժին մը ունենալ։ Ան գիշերը ցերեկին խառնելով կ'աշխատէր, այս երազը իրականացնելու համար։ Վերջապէս, ան հասած է իր մուրազին։ Քանաքեռի մէջ երկու ննջասենեակով յարկաբաժին մը գնած են։ Թէ խանդավառ են եւ թէ ալ մտահոգ։ «Հիփոթեք»ով (mortgage) գնած են զայն եւ ամէն ամիս պէտք է դրամատան մուծեն հարկ եղած գումարները։ Պարտքով տուն առնելու գաղափարը տակաւին նորութիւն է հոս։ Ակամայ կը յիշեմ, 45 տարի առաջ մօրս եւ հօրս նոյնանման մտահոգութիւնները Թորոնթոյի մէջ, երբ կը պատրասստուէինք տուն գնելու...
Այս պատմութիւնը ոգեւորիչ կը գտնեմ։ Ուրեմն, հոս եւս, եթէ աշխատասէր ես եւ նպատակասլաց, ինչպէս նաեւ իրապաշտ, կարելի է համեստ երազանքներ իրականացնել, ինքնուրոյն, անձնական ճիգերով։
Ի դէպ, հոս երազ եւ երազանք բառերը անջատ իմաստներ ունին։ Երազը քնացած ժամանակ ունեցած տեսիլքներն են, իսկ երազանքը՝ խիստ փափաքելի նպատակ։ Մենք երկու պարագային ալ կը գործածենք երազ բառը։

Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր, 2013
Կը ջանանք մէկ քարով երկու թռչուն որսալ... Քանի որ Երեւան պիտի իջնենք ներկայ ըլլալու Արամ Հայկազի «Մոռցուած Էջեր»ու չորրորդ հատորի շնորհահանդէսին, կը մտածենք ճամբան մեր ինքնաշարժը տանիլ Toyotaի սպասարկման կեդրոնը եւ զայն ձըմրան համար պատրաստել։ Սակայն մեր հաշիւները այնքան ալ լաւ դուրս չեն գար։ Շնորհահանդէսին կը հասնինք ուշացումով... Կը հասնինք, երբ խօսք կ'առնէ Մարգրիտի հայրը՝ ութսունամեայ Մամիկոնը, որ հանգամանօրէն կը խօսի այս գրքի մասին։ Քանի մը խօսք ալ ինծի կը տրուի, այս հրատարակութեան անդրադառնալու։ Կ'աճապարենք պարպելու սրահը, յաջորդ միջոցառման հանար եւ կ'ուղղուինք, Բաղրամեան եւ Պռոշեան փողոցներու խաչմերուկին գտնուող ճաշարանը, որուն տէրերը հալէպցիներ են։
Բանասէր Մարգարիտ Խաչատրեանի ջանքերով հրատարակուած Համաստեղի եւ Արամ Հայկազի «Մոռցուած Էջեր»ը միայն մամուլի մէջ տարտղնուած անոնց գործերու մէկտեղումը չեն, թէեւ այդ ալ արդէն հսկայական աշխատամք է, այլ անոնց մանրակրկիտ ծանօթագրումը, գործածուած օտար բառերու իմաստները, ժամանակագրական տուեալ շրջանի անդրադարձները եւայլն։ Այս ձեւով ընթերցողը ոչ միայն առիթը ունի ծանօթանալու հեղինակին այլ գնահատելու զայն իր ժամանակին եւ տիրող մթնոլորտին մէջ։ «Բանասէր» բառը ի զուր չէ որ կը զուգորդենք Մարգարիտի անուան հետ, անոր հրատարակութիւնները լուրջ աշխատութիւններ են։ Հաւկիթին մէջ մազ փնտռելու մեր սովորութեամբ պէտք է նշել, որ թէեւ Հայկազի եւ Համաստեղի գրածները կը մնան դասական ուղղագրութեամբ, Մարգարիտի ծանօթագրութիւնները Աբեղեան ուղղագրութեամբ են (կամ ինչպէս կեսրայրս կը սիրէր ըսել՝ սխալագրութեամբ)։ Երկու գրելաձեւերը նոյն կողքի տակ տեսնելը, քիչ մը անկայունացնող է...
Կը շարունակուի շնորհահանդէսի մթնոլորտը, այս անգամ սեղանին շուրջ։ Մարգարիտէն կ'իմանամ, որ այսօր մեր ժամանումէն առաջ տեղի ունեցած է գրքի քննարկում, որը շատ հազուադէպ է հոս։ Ընդհանրապէս շնորհահանդէսները խորքային քննարկումներու չեն դիմեր, այլ կը բաւարարուին գովեստի խօսքերով եւ ծանծաղ բնորոշումներով։ Նաիրա Բաբաեանը, գրաւոր պատրաստած է իր քննարկումը, (ուրիշ հազուագիւտ երեւոյթ մը)։ Մարգարիտը կը խոստանայ ինծի ղրկել զայն, համացանցով։ Մարգարիտի շրջանակը հետքրքրական եւ պատրաստուած մարդոց խիտ խումբ մըն է, որոնց հետ միշտ կարելի է հաճելի զրոյց ծաւալել։
Երէկ, Հանրապետութեան հրապարակի հսկայ տօնածառը պաշտօնապէս լուսաւորած են։ Ամէն տարի քիչ մը աւելի կանուխ կը վառեն զանոք։ Քաղաքի զանազան հրապարակները եւս ունին տօնածառեր։ Լուսաւորուած են նաեւ քաղաքի գլխաւոր փողոցները Ամանորեայ զարդարանքով։ Հիւսիսային պողոտայի վրայ բացուած է Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառ, Պաղտատեան եղբայրներու նախաձեռնութեամբ։ Իսկապէս հեքիաթային է քաղաքի տեսքը...

Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր
Հեքիաթային տեսք ունի նաեւ մեր գիւղը... Անաղարտ սպիտակութիւնը, այգիներու շարք շարք բիւրեղեայ ծառերը, շրջակայ բլուրներու անծայրածիր եւ չընդհատուող ճերմակ սաւանը... Կարելի է դիտել այս ամէնը երկար ժամանակ եւ չկշտանալ...

Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր, 2013
Այսօր Ռուբէնը եւ Ռազմիկը կու գան այցելութեան։ Կը ծրարենք 33 «կենդանի» եւս, Թորոնթօ ղրկելու համար։ Ճաշէն ետք կը մեկնին, այլ պարտաւորութիւններ պատրուակելով։
Մեր գիւղի կաղանդի ծառը պատրաստ է։ Վալդերը ջանք չէ խնայած զայն պատշաճ կերպով զարդարելու եւ լուսաւորելու։ Այսօր երեկոյեան գիւղի երեխաներուն ներկայութեամբ, պիտի լուսաւորենք զայն։ Ճամբայ կ'ելլենք ներկայ ըլլալու մեր գիւղին համար պատմական եղող այս իրողութեան։ Ճամբեզրին կը տեսնենք զանազան երեխաներ, որոնք կը քալեն դէպի հրապարակ։ Ոմանց կ'առնենք մեր ինքնաշարժին մէջ... Արդէն բաւական մեծ բազմութիւն կայ, երեխաներու եւ ծնողներու։ Շատեր սկսած են նկարուիլ ծառին առջեւ... Գիւղապետ Համլէթը հոն է։ Մթնաշաղ է եւ ցուրտ։ Որոշուած ժամուն ան կը միացնէ ելեքտրական հոսանքը։ Երախաները կը ծափահարեն...
Ամբողջ գիւղ մը երեխայ ուրախացնելու գի՞նը՝ Վալդերի նման նուիրեալ մէկ հոգի եւ շուրջ 500 տոլար, ներառեալ 31ին Ձմեռ պապին կողմէ բաժնուելիք 150 կտոր փաքեթաւորուած շաքարեղէնը ... Այս գումարը կÿարձանագրեմ, նման միջոցառումներ այլ գիւղերու մէջ իրականացնել ուզող սփիւռքահայերուն համար։
«Մեր» երեխաներէն Դաւիթը, այսօր նշած էր, որ իրականացուցած է իրենց բակի եղեւինի լուսաւորումը։ Տուն չվերադարձած կ'երթանք տեսնելու զայն։ Եղեւինը առնուազն երկու յարկանի տան բարձրութիւնը ունի, բայց ան յաջողած է մինչեւ գագաթը լուսաւորել զայն, երկար ձողեր գործածելով։ Հիանալի է։ Հիմա մեր գիւղին մէջ կան Ամանորի համար լուսաւորուած երեք կէտեր, մեր տունը, Դաւիթենց տունը եւ հրապարակը...

(Շարունակելի յաջորդ Ուրբաթ օր)

էլիզ Շարապխանեան