Բ. մաս
«Կիսալոյսեր մութ կապերու վրայ…»-ին մէջ ընթերցողին դիմաց կը բացուին սիրոյ կիսալուսաւոր պատկերներ, ջերմ պահեր, սիրային մեղմ մեղեդիի հնչեղութեամբ ներկայացող կացութիւններ, սակայն անոնք այդքան տիրական, հրկիզող եւ ազդեցիկ չեն, որքան նախորդ պրակներուն մէջ,
երբ Զելան յատկապէս իր ողջ գեղեցկութեամբ ու գրաւչութեամբ կարողութիւնը ունէր կլանելու ընթերցողը՝ յատկապէս «A room in Paris»-ին մէջ, որուն մէջ ան կը ներկայանար իբրեւ սիրոյ գերագոյն պատուանդանին բազմած գոհարը։ Այս բաժինին մէջ սիրոյ զգացումները մեղմ են, հազիւ բոցկլտացած՝ մարելու մօտեցող, սակայն կրկին վերակենդանացող, կան առանց խորունկ սիրոյ ապրուած զոյգի յարաբերութեան գեղեցիկ ու կլանող պատկերներ, որոնք երազայնութեամբ ներկայացուած ըլլալով հանդերձ, կը մնան յուշիկ, չեն բախիր ընթերցողին սիրային ներաշխարհին, բոցեր չեն արթնցներ հոն։ Հաւանաբար պատճառը այն է, որ Պարոյր այս հանգրուանին ի՛նք նոյնիսկ պատրաստ չէ բոցավառող ու իր էութիւնը հրկիզող սէր ապրելու, ան լռելեայն կը մերժէ իր սրտին ու ամբողջ ներաշխարհին մէջ իր փէշերը լայնօրէն փռած Զելային տեղը զիջիլ ոեւէ մէկուն, ուստի՝ գիրքին մէջ ան ցնցիչ սիրոյ պահեր չ’ապրիր ու նը-մաններ չի հրամցներ ընթերցողին։
Սիրուն է «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ Պարոյրին ունեցած յատկանշական հանդիպումը, կարօտի եւ դառնութեան տարրերով խաչաձեւ «Օր մը առանց քեզի» երգին ունեցած ազդեցութիւնը Պարոյրին վրայ, որ կը մղէ զինք ծաղկեփունջ մը նուիրելու երգչուհի Իվէթին, որ իր կարգին Պարոյրին կը նուիրէ իր ուշադրութիւնը, գուրգուրանքը, սէրը… Սակայն նոյնիսկ երբ միասին կը հեռանան քազինոյէն, եւ պանդոկի սենեակին մէջ այդ գեղեցիկ երիտասարդուհիին հետ մերձեցման պահեր կ’ապրի Պարոյր, ինքզինք կը պատկերացնէ Զելային կողքին, անոր երգին ձգողականութեամբ ու մարմինէն արձակուող ցնորական բուրումներով արբշիռ։ «Անցեալը, ներկան, պատրանքները, պատրանաթափութիւնները, մշտամորմոք ապրումներն ու յուսաբեկումները իրարու խառնուեցան մէկէն, կախարդական գաւազանի մը ներքեւ կարծէք գոյացաւ նորաստեղծ հմայքներով ծփուն անդիմադրելի մթնոլորտ մը, ուր, Իվէթի վերջին բառերուն հետ՝ ինքզինքս գտայ իր կողքին...»։
Գիրքին մէջ անկիւնադարձային է «մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջաններէն մնացած ամէնէն սիրելի տղուն»՝ Գուրգէնին հետ հանդիպումը, որ դուռ բացաւ Պարոյրին ակամայ մուտք գործելու իր սովորական կեանքէն ու առօրեայէն բոլորովին տարբեր աշխարհ մը, ուր թաքնուած էր երբեմնի փոքրիկ աղջնակը, ներկայի գրաւիչ Լիլին՝ Գուրգէնին քոյրը։
Սակայն նոյնիսկ նոր կացութիւններու եւ միջավայրի մէջ՝ Գուրգէնի յարկաբաժինին մէջ թաւալած պահերուն Պարոյրի մէջ կը շեշտուի ինքզինք չսիրելու տրամադրութիւնը. «Արդարեւ, ուրիշ- ներու համեմատութեամբ որքա՜ն զուր անցած են կեանքիս ամէնէն յորդ տարիները։ Մարդիկ ի՜նչ չնչին ծառայութիւններով, ընդառաջումներով ու հաճոյական խօսքերով գիտեն ուրախացնել զիրար, երգել իրարու համար, պատմել, զարնել բաժակ բաժակի ու գինովնա՜լ իրարու համար։ Այս բաներով կազմուած օրերու շղթան աւելի արժէք չունի՞ արդեօք, քան՝ գիշերային զբօսավայրերու մէջ իմ գնած հաճոյքներուս դէզը։ Առաջին անգամ Զելային (Պարոյրին մեծ սէրը) կրած հարուածին անդրադարձը նետեց զիս այդ ճամբուն մէջ, որ ամէնօրեայ դարձաւ, երբ զգացի Մասիի ծնողներուն զիս որդեգրելու մտադրութիւնը»։
Երիտասարդութեան խանդավառ, Պարոյրին կերպարէն եւ նկարագիրէն տարբեր անձնաւորութիւններու ներ- կայութեան, անոնց շարժումներուն եւ ակնարկներուն մէջէն յորդող կեանքին առկայութեան զուգահեռ, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կ'առնուին Պարոյրին նկարագրային գիծերը. ան գործի բերումով մխրճուած էր օտար շրջանակներու մէջ ու խորթութիւն մը խմորուած էր հոգիին մէջ, սիրտը մեծ հարուածներու տակ կրած կսկիծները մոռնալու տարտարոսին մէջ քարա- ցած անօթի մը վերածուած էր, յուզումի աղբիւրները ցամքած էին։
Սակայն, հակառակ այս բոլորին, հակառակ անոր որ Պարոյր սեղմ կերպով փակած էր սրտին դարպասները, Լիլի անկոչ հիւրի նման կը սպրդի ներս, լուռ, սակայն ազդեցիկ ու գրաւող ձեւով կը փորձէ տեղ ունենալ Պարոյրի հոգիին մէջ... Լիլիի փորձերը իրենց ուղին կը գտնեն։
Բացօթեայ պտոյտի մը ընթացքին Լիլիի ուրուականին հետեւելու Պարոյրի մղումը կու գայ փաստելու, որ ան նուրբ հոգիի տէր անձ է, մանա՛ւանդ երբ հոգին շարժողը իգական սեռի պատ- կանող մըն է։ Պտոյտին ընթացքին, շըրջապատուած երիտասարդներով, ան Լիլիի հետ էր մտովին ու հոգեպէս, թէեւ վարդի թուփի նմանող էակը այդ օր բացայայտ կերպով կը խուսափէր Պա- րոյրէն, նեղուիլ կը ձեւանար, սակայն Պարոյրի արիւնը կը խենթանար, գաղտնօրէն կը հետեւէր անոր շարժումներուն, դիմախաղերուն, նայուածքներուն ուղղութեան, անոր թովչութեան, թէեւ միշտ Զելան կը մնար տղան դարպասողը, որուն հետ միշտ ալ բաղդատական ընելու կացութեան մէջ կը յայտնուէր Պարոյր։ «Զելային թուխ հրապոյրը չունէր Լիլին, ոչ ալ՝ ակնարկին վայրագ գեղեցկութիւնը, բայց հմայք մը կը ճառագայթէր ողջ մարմնէն, շարժումնե- րուն պարէն ու նայուածքին նուաղուն բոցերէն։ Գեղեցիկ ալ չէր, բայց անծանօթ ուժ մը անընդմէջ կը փսփսար ականջիս ու կը խմորէր սրտիս այն բաղձանքը, որ կ'ուզէր բոլոր աղջիկներն ու կիները իրեն պէս ըլլային,- թովի՜չ։ … Աչքս կանգ կ'առնէր Լիլիին վրայ։ Կը նայէի իրեն եւ ինծի կը թուէր, որ երեսները բոց կ'առնէին եւ անոնց վրայ բռնկած բոյր մը կը հասնէր մինչեւ իմ ռունգերս»։
Հակառակ իր ապրած եռեւեփումներուն, Լիլիի ունեցած կախարդական ազդեցութեան՝ Պարոյր կը շարունակէ մերժել այս իրականութեան իսկութիւնը։ «Կը ջանայի չմատնել ինքզինքս ոեւէ մէկուն եւ իմ կացութեան անդրադառնալով զսպուածութեան գերագոյն վայրկեաններուն ծիծաղելի կը գտնէի ինքզինքս»։
Գիրքը կը փակուի Պարոյրին մտորումներով՝ նոր գիրքի մը հիմք դնելով. «Առաջարկել Ատոմին, որ երթայ Փարիզ եւ Լուսոյ քաղաքին մէջ լոյս նետէ իր երազին վրայ։ Այդ բաղձանքին հո- լովման հետ, երկրորդ մտածում մը խուժեց մէջս, Ատոմին ողջերթ մաղթած օրս սկսիլ նոր գնած հողակտորիս վրայ կառուցանել իմ տունս, որուն աւարտին հրաւիրել այսօրուան տղաքն ու աղջիկները եւ բացման հանդիսութեան առաջարկել Լիլիին, որ ինք կտրէ ժապաւէնը…»։
Դրական տրամադրութեամբ եղած փակումը նաեւ ընթերցողին մէջ կ’արթնցնէ սպասումն ու հետաքրքրութիւնը՝ Պարոյրին հետ ըլլալու իր կեանքի նոր հանգրուանին։
Հայ գրականութեան անդաստանին մէջ իր դրոշմը դնելու կոչուած գիրք մը, որուն ընթերցումը ո՛չ միայն գրականութեան առնչուելու հաճոյք կը պատճառէ, այլեւ կը ցնցէ, բարկանալու կը մղէ, մերժելու մղում կը յառաջացնէ՝ ա՛յն պատճառով, որ բացայայտ իրականութիւնները, յատկապէս Խորհրդային ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ իրենք զիրենք վաճառքի հանած անձերուն վերաբերող, կը ներկայացուին տարբեր ոճով, նրբութիւններով, ջիղերուն դպչելու հեղինակին կարողականութեամբ։ Երբեմն պատկերները այնքան ահաւոր ուժգնութեամբ կը հարուածեն, որ ընթերցողը կ'ուզէ մերժել անոնց առկայութիւնը, փորձել գտնել պարբերութիւն մը, ուր պիտի ջրուին այդ բոլորը, պիտի բացայայտուի, որ հայ մը չի կրնար հակահայ ու անսկզբունք ըլլալ, սակայն՝ ի զուր...
Ինչպէս «Պղտոր ջուրեր»-ու նախորդ պրակներուն, նաեւ ասոր մէջ սէրն ու սիրային պատկերները իրենց հնչեղութիւնն ու հրապոյրը ունին, անոնք կու գան դէպի թովիչ աշխարհ տանելու ընթերցողը, զայն ակնկալութիւններու մղելու, Պարոյրին ապրած եռեւեփումը ապրելու։
Պօղոս Սնապեան անգամ մը եւս կը յաջողի միացնել գեղեցիկն ու դառնը, սուրն ու նուրբը, սէրն ու ատելութիւնը, բարկութիւնն ու երազայինը՝ ընթերցողին հրամցնելով գրական իւրայատուկ զեղումներէ ծնունդ առած գիրք մը։
(Վերջ)
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ