Ուրբաթ 31 Յունուար 2014ին,
ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
պրն. Վահան Յովհաննիսեան հասաւ Պերլին
ՀՀ Ազգային Ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը նշանակուած է Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան:
ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ղեկավարուելով ՀՀ Սահմանադրութեան 55րդ յօդուածի 8րդ կէտով՝ որոշած է Վահան Յովհաննիսեանը նշանակել Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Պերլին):
Վերջին երեք ամիսներուն Երեւանեան քաղաքական լուրերուն մէջ բազմաթիւ արձանագրութիւններ պահուած են ՀՅԴ երեք անդամներ Վահան Յովհաննիսեանի, Լեւոն Մկրտչեանի եւ Հրայր Կարապետեանի առաջարկուած դեսպաններու պաշտօնի մասին:
Վահան Յովհաննիսեանը «Երկիր» թերթին պատասխանաելով յայտնած է թէ ինք «ստացած է նման առաջարկը, տեղեակ պահած է կուսակցութեան եւ ստացած է պատասխանատու մարմնի համաձայնութիւնը»:
«Այսօր էլ շատ արձանագրուած յաջողութիւններ արդիւնք են ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակների եւ հայ դիւանագէտների համագործակցութեան: Հայաստանի իրական շահերի պաշտպանութեան հարցում, որեւէ առաջարկ մենք երբեք չենք մերժել, յատկապէս երբ երկիրը կանգնած է լուրջ փորձութիւնների առջեւ:
«Ես արդէն իսկ վերջին երեք տարիներին աշխատում եմ արտաքին յարաբերութիւնների ասպարէզում, մինչեւ վերջերս ղեկավարելով Հայաստանի Խորհրդարանի պատուիրակութիւնը Եւրանեսթ Պառլամենտական Վեհաժողովում, իսկ ներկայումս հանդիսանալով այդ միջազգային կառոյցի փոխ նախագահ»:
Ուրբաթ 31 Յունուար 2014ին, ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Վահան Յովհաննիսեան հասաւ Պերլին:
1918 թուականի Մայիս 28ին, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, այդ փոքրիկ Հայաստանը ներքին ճակատի վրայ աղքատ եւ ուժասպառ էր, ծանրաբերուած՝ բազմահազար գաղթականներով ու որբերով, անհաց, անդեղ եւ անօգնական: Իսկ արտաքին ճակատի վրայ մէկ կողմէ կար դրացի երկիրներու աննպաստ դիրքորոշումը եւ միւս կողմէ՝ պաշարուած էր թշնամիներով:
1920 Յունուար 19ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցած էին Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Իտալիան եւ նոյն տարուայ Ապրիլ 23ին Միացեալ Նահանգները:
Հայաստան իրողական (տը ֆաքթօ) ճանաչում կը ստանայ հաշտութեան խորհրդաժողովէն, ան կը պարտադրուի ունենալ դիւանագիտական գործունէութիւն:
Պերլինի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչ նշանակուեցաւ իրանահայ իրաւաբան, գիտնական եւ ազգային գործիչ՝ տոքթ. Ճէյմս Կրինֆիլտը: Ծնած էր Թաւրիզ քաղաք, մկրտուած էր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, հայրը ծագումով անգլիաբնակ գերմանացի, մայրը Հռիփսիմէ Բժըշկեան՝ թաւրիզահայ:
Դեսպանութիւնը գործեց միայն չորս տարի 1918-1922ին, դեսպանի օգնականներ էին՝ իբրեւ խորհրդականներ Լիպարիտ Նազարեանց եւ Վահան Փափազեան, քարտուղարներ՝ Մելքոն Քրոշչեան եւ Երուանդ Աբելեան, եւ անպաշտօն աջակից՝ Իրանի հիւպատոս պարսկահայ ազգային գործիչ Վահան Զաքարեանց:
Պոլշեւիկ Սարգիս Կասաեանի եւ ռուս պոլշեւիկ բանակին օգնութեամբ ստանձնեց հայկական պետութիւնը եւ պետական շէնքին վրայէն վար առնուեցաւ ծով արիւնով ձեռք բերուած անկախութեան սուրբ Եռագոյն դրօշակը եւ անոր տեղ բարձրացաւ պոլշեւիկներու կարմիր դրօշը:
Սովետական կարգեր հաստատուելէն ետք, այլեւս ազատ եւ անկախ Հայաստանի դեսպանութիւնը ընելիք չունէր, Պերլինի Հայաստանի դեսպանութիւնը դարձաւ «Հայկական վստահութեան վայր»:
1920-1990, 70 երկար տարիներ Սովետական Հայաստանը չունեցաւ դեսպաններ եւ դիւանագէտներ:
Հայաստանի Երկրորդ Հանրապետութիւնը իր առաջին դեսպանը նշանակեց Գերմանիոյ մէջ, 1994ին:
1994-1997 ՀՀ առաջին դեսպան՝ Ֆելիքս Մամիկոնեան
1997-2001 ՀՀ երկրորդ դեսպան՝ Աշոտ Ոսկանեան
2002-2009 ՀՀ երրորդ դեսպան՝ Կարինէ ղազինեան
2009-2013 ՀՀ չորրորդ դեսպան՝ Արմէն Մարտիրոսեան
Այսօր, մենք կÿողջունենք եւ հազար անգամ բարի գալուստ կը մաղթենք դեսպան Վահան Յովհաննիսեանին, եւ յաջողութիւն՝ իր ապագայ արդիւնաւէտ եւ նպատակասլաց աշխատանքին, ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Գերմանիոյ հայութեան:
Այստեղ թէեւ աւելորդ չէ անգամ մը եւս ընդգծել, ՀՀ դեսպանատունը Պերլինի մէջ պէտք է ունենայ լաւ պատրաստուած դիւանագիտական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մամուլի ներկայացուցիչներ: Նկատի ունենալով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրին մէջ Համիտեան եւ Իթթիհատական Թուրքիայէն ետք, անվիճելիօրէն իր ուղղակի եւ անուղղակի պատասխանատուութիւնը ունի կայսրական Գերմանիան...:
Հայաստանի պետութիւնը եւ Հայաստանի դեսպանատուները պէտք է ունենան գերազանցօրէն լաւ մշակուած արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգ, եթէ այդ հայեցակարգը չկայ, այն ժամանակ ոչ մի դիւանագէտ գործել չի կրնար: Հայաստանի տնտեսական ներդրումները որոշ չափով նաեւ արտաքին գործոց նախարարի խնդիրն են եւ Հայաստանի դեսպանատուները պէտք է այդ ուղղութեամբ գործեն:
Ես, աւելի քան յիսուն երկար տարիներ կÿապրիմ այս երկրին մէջ: Ականատեսն եմ քանդուած Գերմանիոյ եւ երկուքի բաժնուած՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Գերմանիոյ, Արեւելեան Պերլին եւ Արեւմտեան Պերլին: Ականատես էի, երբ Պերլինի ամօթի պատը շարեցին եւ դարձեալ ականատես էի, երբ Պերլինի ժողովուրդը ուրախութեամբ քանդեց ու իրարու միացաւ...
Արեւելեան Գերմանիոյ ժողովուրդը ապստամբեցաւ ընդդէմ պոլշեւիկ կառավարութեան եւ յաղթեց, մէկ ազգ ու մէկ հայրենիք կերտելով:
* * *
125 տարիէ ի վեր պատնէշի վրայ կանգուն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ հաւատարիմ իր առաքելութեան եւ իրեն հետ ունենալով բովանդակ ազատատենչ հայութեան բարոյական աջակցութիւնը, ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան կամ Սփիւռքին մէջ, պիտի շարունակէ հետապնդել Սեւրի Դաշնագրին եւ Ուիլսընի 22 Նոյեմբեր 1920ի իրաւարարական վճռին իրականացումը:
100 տարի առաջ, թուրանական թուրքերը ուզեցին ընդմիշտ թաղել հայկական հարցը, արմատախիլ ընելով հայութիւնը իր դարաւոր հայրենիքէն:
Այսօր աւելի քան երբեք կառչած ենք մեր արդար իրաւունքներուն, այն հաստատ հաւատքով, որ անպայման պիտի տեսնենք ուշ կամ կանուխ մեր Արեւմտեան Հայաստանի իրականացումը:
Մինչեւ հայկական անիրաւուած Սուրբ Դատին արդար լուծումը:
Յաւե՜րժ փառք Հայ Դատի զոհուած հերոսներուն
ՀԱՄՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Գերմանիա 31 Յունուար 2014
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԵՒ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆ՝
ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Քաղաքական գործիչ, հնագէտ, պատմաբան եւ վիպասան
Քաղաքական գործիչներու կարծիքը Վահան Յովհաննիսեանի մասին.-
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը կը հարստացնի Հայաստանի դիւանագիտական կորպուսը, եթէ նշանակուի դեսպան: Եւ դրանով լուրջ կորուստ կը լինի Հայաստանի Ազգային Ժողովին համար»:
ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար,
ԱԺ պատգամաւոր Ալեքսանդր Արզումանեան
«Ես Վահան Յովհաննիսեանի փոխարէն չէի ընդունիր դեսպան նշանակուելու առաջարկը, որովհետեւ երբ դու ընդունում ես նման նշանակում, դա նշանակում է՝ ընդունում ես այդ քաղաքականութիւնը, ընդունում ես քեզ նշանակողի լեգիտիմ լինելը...: Բայց ես իր փոխարէն չեմ կարող որոշել, ինքը շատ բանիմաց, խելացի քաղաքացի է, լիդեր է»:
ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ռաֆֆի Յովհաննիսեան
եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ
«Դաշնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր իշխանութիւնների հետ համագործակցել է: Թէ արտաքին ճակատում եւ թէ ռազմաճակատում: Լինի դա թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, թէ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ թէ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրոք: Դաշնակցութիւնը որպէս համահայկական ուժ, կառոյց, չի կարող չհամագործակցել հայ ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեանը սպառնացող վտանգները կանխելու շրջանակներում...»
ԱԺ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան