2014 տարիներ առաջ, Հրէաստանի Բեթղեհէմ քաղաքէն դուրս, մութ քարայրի մը կենդանիներու մսուրին մէջ ծնաւ մարդոց սիրոյ եւ խաղաղութեան Աստուածը։

Այդ թուականներուն չկային դասակարգային մանկաբարձատուներ սակայն կային ապարանքներ եւ պալատներ, ուր փափուկ անկողիններու, մետաքսեայ սաւաններու եւ տաքուկ վերմակներու վրայ կը ծնէին հարուստներու եւ թագաւորներու զաւակները միայն։
Յիսուս, երկնքի եւ երկրի թագաւորը, աշխարհ գալու համար ընտրեց խոնաւ քարայրի մը կարծր մսուրը։ Եւ եկաւ աշխարհ ոչ թէ վայելելու անոր գեղեցկութիւնները այլ դուրս բերելու մարդկութիւնը խաւարէն եւ առաջնորդելու բարի եւ ուղիղ ճամբան։
Եւ իսկապէս շատեր հարց կուտան այսօր, թէ ինչո՞ւ Յիսուս մերժեց պերճանքը եւ նախընտրեց մութ քարայրին մէջ կենդանիներու մսուրը։
Ի՞նչ է իմաստը այս ծննդեան։
Դժբախտաբար երբեք չիմացանք եւ եթէ իմացանք մոռցանք։
Մարդս, ստեղծագործութեան ամենանուրբ արարածը, դիւրաւ կը գրգռուի արագ կեանքէն եւ փայլուն երեւոյթներէ եւ կը մերժէ պարզ պատմութիւններու խորհըրդածութիւնները։
Պարզ էր Յիսուսի ծննդեան պատմութիւնը եւ նոյնքան պարզ նաեւ անոր մսուրը։ Տպաւորիչ էր ան։ Ո՞վ կը տպաւորուի այսօր աղքատ մանկիկի մը ծնունդով եւ թնդանօթաձգութեանց ազդանշաններով չի յայտնաբերուիր անոր գալուստը։ Ո՞վ կը դառնայ դիտելու աղքատ խրճիթը, որուն մէջ աշխարհ կուգայ անշուք մարդ մը եւ կամ կ'երթայ անկէ...։ Ո՞ր ձայնասփիւռը կամ պատկերասփիւռը կը խօսի այս աննշան եղելութեան մասին, որն է աղքատ պաշտօնեայի մը, բանուորի մը, արհեստաւորի մը կամ հողագործի մը զաւկին ծնունդը։ Եւ սակայն կարելիութեան չափով եւ աւելի մեծափայլ շուքով կը տօնակատարենք Յիսուսի ծնունդը։
Ծննդեան ծառերով կը զարդարենք մեր տուները, կը հագուինք նոր եւ վայելուչ հագուստներ։ Կþընծայենք ու կը սպասենք ճոխ նուէրներ, կը զուարճանանք տօնախմբութիւններով, կը խուլնանք հրախաղերու պայթիւններէն եւ նորաձեւ նուագներու եղանակներուն տակ ուրախ ու զուարթ կը պարենք անընդհատ։
Եւ որպէսզի հանդարտ ըլլայ մեր խիղճը, իբրեւ պարտականութիւն մոմ մը միայն կը վառենք Յիսուսի նկարին առջեւ։ Կարծես թէ Աստուածորդին պիտի իջնէ երկիր ցոյց տալու թէ ինչպէս պիտի զարդարենք աւելի լաւ, ինչպէս պիտի հագուինք աւելի վայելուչ, ինչպէս պիտի ճաշենք աւելի լաւ, ինչպէս պիտի ուրախանանք աւելի ազդու եւ ինչպէս մեր նմաններուն բախտին հանդէպ պիտի ըլլանք անտարբեր։ Անոնց հանդէպ, որոնք անօթի են, անոնց՝ որոնք կը մեռնին որովհետեւ կը զրկուին բժշկական բացառիկ խնամքէ եւ անոնց՝ որոնք կը սպաննուին անըմբռնելի ոճրային կռիւներու ընթացքին։ Այդ պարագային սակայն ինչո՞ւ Յիսուս չծնաւ պալատներէն մէկուն մէջ որոնց շքեղ բեմերուն վրայ պերճանքի, ուրախութեան եւ ուժի համար ամէն բան կը զոհէին։ Ինչո՞ւ Յիսուս նախընտրեց մութ քարայրի կենդանիներու աննշան մսուրը։
Անոնք որոնք չեն հաւատար Յիսուսի աստուածութեան, հարկ է որ ըմբռնեն անոր կատարած ընտրութեան իմաստը, այսինքն մսուրին իմաստը, որը այնքան պարզ է եւ ուր իր ընտրութեամբ Յիսուս համեստութեան օրինակը տուաւ։ Եղաւ աղքատներուն եւ համեստ ու անկեղծ մարդոց հետ եւ արհամարհեց հարուստներն ու զօրեղները։
Այդ սուրբ գիշերը հովիւները խօսեցան հրեշտակներուն հետ իսկ մոգերը հետեւեցան երկինք բարձրացող լուսաւոր աստղի մը տուած ուղղութեան։ Աստղ մը սիրոյ։ Աստղ մը խաղաղութեան։ Լոյսը աշխարհի։
Եթէ կան մարդիկ որոնք չեն հաւատար, որ Բեթղեհէմի մութ քարայրին մէջ ծնած մանուկը Աստուծոյ որդին էր, չեն ալ կրնար ուրանալ Անոր ծննդեան աւետիսով։ Լուր մը սիրոյ եւ խաղաղութեան, որը դժբախտաբար մոռցանք։
Ո՞ւր կը փայլի այսօր ծննդեան աստղը։ Այն աստղը, որ աշխարհի մարդկութեան փոխանցեց այս մեծ լուրը։ Աղքատներու եւ հարուստ մարդոց միջեւ սիրոյ այս լուրը։
Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան թէ ծննդեան տօնի առիթով իրենց ճոխ հիւրանոցներուն մէջ զարդարուած ծննդեան տօնածառերուն վրայ արծաթեայ քանի մը աստղեր կախելով եւ քանի մը գունաւոր փոքրիկ մոմեր վառելով կը  ճանչնան Յիսուսի ծննդեան իմաստը։ Եթէ կը հաւատան այս մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին պէտք է դարձնեն իրենց հայեացքը դէպի անկարներուն եւ աղքատներուն։ Հոն է որ կը փայլի ծննդեան աստղը։ Հոն պիտի տեսնեն  խոնարհութեան խորհուրդը։

Կ. Գ.