Եկեղեցին
Տարիին հետ կ'աւարտի 150-ամեակը Ազգային Սահմանադրութեան, որ 1863 թուականի Մարտ 30-ին Օսմանեան արքունիքէն պաշտօնապէս կը վաւերացուէր , որով եւ գործնականօրէն եւ օրէնքի տառովն ալ կ’ամրագրուէր հայկական եկեղեցւոյ ժողովրդավար հանգամանքն ու նկարագիրը:
Հին ժամանակներէն, իր ակունքներուն մէջն իսկ, մեր եկեղեցին կղերապետական հաստատութիւն չէ եղած: Ժառանգութեան իրաւունքով հօրմէ որդի յաջորդած քանի մը կաթողիկոսներու համեմատաբար կարճ շրջանէ մը ետք, ազնուականներէ կազմուած «աշխարհաժողով»ն էր, որ կ’որոշէր կաթողիկոսութեան յարմար թեկնածուն, անշուշտ թագաւորին ազդեցիկ միջամտութեամբ :
Պետականութեան կորուստէն ետք, պարսկական, թիւրքմէնական, թրքական թէ այլ դաժան տիրապետութեանց ձիգ դարերու ընթացքին, բնականաբար մեր եկեղեցին ինքն իր մէջ կը կծկուէր, բռնատիրական վարչակարգերու ազդեցութեան տակ իշխող խաւին չարաշահումներն ու խաթարումները թէեւ անխուսափելի իրենց վարակը կը ձգէին կարգ մը եկեղեցականներու վրայ, այդուհանդերձ եկեղեցին միշտ կը շարունակէր մնալ կազմակերպումի եւ համախմբուածութեան սքանչելի ու միակ միջնաբերդը, ուր կը պահպանուէին հայութիւնը իր անցեալին կապող ազգային արժէքներն ու մշակոյթի մնացորդացը, աւանդոյթներն ու ծէսերը, լեզուն ու գրականութիւնը:
Ամէն գիւղ ու աւան, նոյնիսկ ամէնէն յետինը կ’ունենար իր եկեղեցին ու հոգեւոր առաջնորդը, որոնց շնորհիւ կը կազմուէր համայնքը, որ միեւնոյն հաւատքին հետեւող մարդոց համախմբուածութիւնն է: Քահանան կրօնքի ծիսակատարն էր, գիւղացիները մխիթարողը, գիւղին խոստովանահայրն էր, վէճերուն լուծում տուող դատաւորը, խրատողն ու խորհրդատուն, յաճախ նաեւ դաստիարակը: Համեստ ուժերով եւ իր համայնքին հետ ծէսի ու աւանդութեանց ճամբով ազգային թթխմորին պահապանը:
Աւելի վերջ, ձեռնտու պայմաններու յառաջացումով, եկեղեցին կը վերածուէր նաեւ մտաւոր լուսաւորութեան կեդրոնի՝ իր նպաստը բերելով զարթօնքի շարժումին, որ ազգի վերակառուցման ուղին հարթող պայքարի հրաւէր մըն էր: Եւ այնպիսի միջավայրի մէջ, որ հեռու էր Եւրոպայէն, անհաղորդ ՝ անոր քաղաքակրթական յառաջընթացին եւ շրջապատուած՝ մոլեռանդ ու յետամնաց Ժողովուրդներով...:
Այս պատկերը հանենք իր ժամանակի ու միջավայրի պարունակէն եւ զայն տեղադրենք ներկայ օրերու մէջ եւ պիտի հաստատենք, որ աւանդութիւնը կը շարունակուի:
Ցեղասպանութենէն ետք, տեղահանուած մնացորդացը, անասելի թշուառութեան մէջ շուար ու կամակոր հայ հաւաքականութիւններ, զանազան շրջաններու մէջ համայնքային դիմագիծ ու ջիղ կը ստա- նային ՝ նոյնպէս տեղահան եղած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շնորհիւ: Հետագային ալ, սփիւռքի ընդարձակումով, կաթողիկոսութեան գործը կը ծաւալէր: Միջին արեւելեան երկիրներ, արաբական անապատային քաղաքներ, Ամերիկա, Գանատա ու մինչեւ Վենեզուելա հայութեամբ բնակուած վայրերու մէջ ի հոգեւորս ծառայողներ կը ղրկուէին ՝ եկեղեցիներ կառուցելու, եկեղեցիներու միջոցով ու շուրջ համայնքային կեանք ու աշխուժութիւն ստեղծելու եւ ջանալ համախմբելու համար ցրուած հայութիւնը: Երբեմն այնպիսի անհրապոյր վայրերու մէջ, ուր պիտի դժկամէին-չուզէին գործուղղուիլ հանրային այլ մարզերու նուիրուած գործիչներ:
Հարց է, թէ առանց եկեղեցիի ու եկեղեցականի դերակատարութեան, տեղահանուած հայ հաւաքականութիւնները արդեօ՞ք պիտի կարենային կազմակերպ հայագաղութներու վերածուիլ թէ ոչ...
Կը տեսնենք, որ վերը նշուած պատկերին միեւնոյն դերակատարները միեւնոյն դերին մէջն են, անշուշտ նորովի պատշաճեցումներով ու արդի ըմբռնումներով, քանի որ այլեւս կրօնականը իր անձին վրայ չի կեդրոնացներ անցեալի հանգամանքները, ազգայինն ալ ատենի գիւղացին չէ եւ մանաւանդ որ, 150 տարիներէ ի վեր կեանքի կոչուած է եւ ի զօրու կը մնայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ:
Դարերու ընթացքին եւ մինչեւ այսօր, հայ եկեղեցիին ուժն ու կենսունակութիւնը հաւանաբար կը կայանան այն իւրայատկութեանը մէջ, որ անոր պաշտօնեաները, այսինքն եկեղեցականութիւնը ինքզինք չէ նկատած ու չի նկատեր առանձին ու անջատ դասակարգ մը, այլ կը համարէ անքակտելիօրէն նոյնացած ազգայիններուն ու ազգին հետ: Եկեղեցի ու ազգայիններ փոխադարձ հանդուրժողութեամբ եւ միեւնոյն մտահոգութիւններով ու թիրախներով վարած են ու կը վարեն ազգին գործերը, մղուած ՝ ազգային միեւնոյն շահերէ ու նպատակներէ:
Շահերու եւ նպատակներու այս նոյնութիւնն է արդէն, որ մեր եկեղեցիին կու տար ազատական գաղափարներու ընդունակ նկարագիր: Փոխադարձաբար, ազգայիններն ալ անոր մէջ կը տեսնէին կորուսեալ պետականութիւնը փոխարինող ներկայութիւն մը եւ այդ պատճառով ալ կաթողիկոսներուն կու տային թագաւորներու յատուկ տիտղոսը, «Վեհափառ» կոչումը:
Պատրիարքութեան հիմնադրութիւնը
եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը.
Թուրքերու Մահմետ Բ. Ֆաթիհ (յաղթական) սուլթանը Կ. Պոլիսը գրաւելէ ետք, իր մօտ կը հրաւիրէր իրեն բարեկամ Պուրսայի Յովակիմ եպիսկոպոսը եւ զայն կը հռչակէր պատրիարք ՝ հպատակ հայերուն համար: Հայաստանի մէջ թիւրքմէններու դէմ անոր մղած կռիւներուն ընթացքին հայերուն հաւատարմութեանը դիմաց ՝ բարեացակամ փոխադարձութիւն մըն էր այս նախաձեռնութիւնը եւ միաժամանակ կը հետապնդէր քաղաքական նպատակ այն իմաստներով, որ իր բարեացակամութիւնն ու հայկական պատրիարքութեան մը գոյութիւնը պիտի քաջալերէին աշխատասիրութեամբ ու ճարտարութեամբ համբաւեալ հայերը, որպէս զի համախմբուէին իր նոր մայրաքաղաքը եւ շէնցնէին զայն, երկրորդ՝ յունաց պատրիարքութեան հեղինակութիւնը պիտի հաւասարակշռուէր եւ երրորդ ՝ իրեն հպատակ հայերը ի հոգեւորս պիտի խզուէին Էջմիածինէն, որ կը գտնուէր Թուրքիոյ մրցակից-թշնամի Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ: Այդ խզումը առաջքը պիտի առնէր Էջմիածնի միջոցով Թրքահայաստանի մէջ խլրտումներ յառաջացնելու պարսկական հաւանական դաւերուն:
Օսմանեան տիրապետութեան բովանդակ շրջանին, Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հիմնադրումով, կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն քաղաքացիական կեանքը վարելու իրաւունքը կը վերապահուէր եկեղեցիին, սուլթանին կողմէ հաստատուած կանոնագրութեամբ մը:
Տարիներու ընթացքին, մայրաքաղաքին մէջ հետզհետէ կը ձեւաւորուէր հարուստ ու պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ բարեկամական ծանօթութիւններ հաստատած հայ ամիրայական դասակարգ մը ,- թիւով շուրջ 200- որ իբրեւ նորաբոյս «ազնուականութիւն» պատրիարքներուն հետ կը ղեկավարէր հայ կեանքը : Բնականաբար այդ ամիրաները ունէին իրենց առաջնային օրակարգը, սեփական հարստութիւնն ու ծանօթութիւնները չվտանգելու կանխահոգութիւնը եւ նկատի չէին առներ հայ զանգուածներու սպասումներն ու կարիքները՝ անտեսելով հետզհետէ սաստկացող անոնց դժգոհութիւնները:
Ամիրաներու կամայական ու ինքնագլուխ գործունէութեան դէմ արհեստաւոր պարզ ժողովուրդին դժգոհութիւնը կը մեծնար, պայքարի տրամադրութիւնը կը ծաւալէր յատկապէս 19-րդ դարու կէսերուն, երբ հրապարակ կու գային Եւրոպայի մէջ ուսանած եւ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներով ներշնչուած երիտասարդներ, որոնք ազգային միութեան գետինը պատրաստելով հաւասարութեան սկզբունքին վրայ իրարու կը մօտեցնէին երկու հակադիր դասակարգերը եւ ժողովրդավարական հիմքի վրայ կը պատրաստէին ազգային սահմանադրութիւն մը՝ 1860-ին, որ սուլթանական պետութեան կողմէ կը վաւերացուէր 1863-ի Մարտի 30-ին:
Ազգային Սահմանադրութիւնը իր ժողովրդավար հիմունքով դարձակէտ կը դառնար ոչ միայն ընտրովի ներկայացուցիչներով ազգային գործերը ղեկավարելու իր էութեան համար, այլ նաեւ հայ մարդուն մօտ յանձնառութեան ու կամաւոր մասնակցութեան այնքան կարեւոր զգացումը զարգացնելու տեսակէտով: Ազգին ու ազգայինին միջեւ փոխադարձ կապուա- ծութիւնը կը պայմանաւորուէր պարտաւորութեան սկզբունքին վրայ միայն, որ հայրենազուրկ ժողովուրդի մը վերապրումին համար հրամայական պահանջք մըն է :
«Իւրաքանչիւր ազգային պարտաւորութիւններ ունի ազգին հանդէպ եւ փոխադարձաբար ազգն ալ պարտաւորութիւններ ունի ազգայիններուն հանդէպ»...:
Ահա հիմնական ու խտացեալ սկզբունքը, որուն վրայ կը կառուցուէին Ազգային Սահմանադրութեան հրահանգները:
Ատով թրքահպատակ հայերը ձեւով մը կ’ունենային ներքին անկախութիւն ՝ իրենց կրօնական, ամուսնական, ժառանգական, մշակութային թէ կրթական կեանքը վարելու՝ համապատասխան խորհուրդներով ու մարմիններով: Մանրատիպ կառավարութեան մը աշխատանքի շրջագիծ, որմէ քաղուած փորձառութիւնը յաջողութեամբ ու արդիւնաւորութեամբ պիտի կիրարկուէր նաեւ սփիւռքեան կեանքի մէջ:
Երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Կիլիկիոյ գաղթական կաթողիկոսը իմաստութիւնն կ’ ունենար հայագաղութներու կազմակերպման համար իր գրաւը դնելու Ազգային Սահմանադրութեան վրայ, երբ 1931-ին Հալէպի մէջ պատգամաւորական ժողովին կը յայտարարէր «Տարակոյս չկայ, որ թեմերու կատարեալ ու վերջնական կազմակերպութիւնը պիտի կատարուի Ազգային Սահմանադրութեան ոգիով ու սկզբունքով...»:
Եւ իրապէս. 1863-էն մինչեւ այսօր, հայրենազուրկ հայութեան ազգային կեանքը կը ղեկավարուի միեւնոյն սահմանադրութեան օրէնքներով, անշուշտ ըստ պահանջքի որոշ բարեփոխութիւններով: Պոլսոյ պատրիարքութեան փոխարէն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսու- թիւնն է, որ կը ղեկավարուի եւ իր թեմերը կը ղեկավարէ Ազգային Սահմանադրութեան սկզբունքներով :
Դժուար պիտի ըլլար սփիւռքը պատկերացնել այնպէս, ինչպէս որ կայ ան այսօր, առանց Ազգային Սահմանադրութեան:
Սպասելի էր, որ համազգային տարողութեամբ արժեւորուէր 150-ամեակը:
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ