Անդ շինիր քո բոյնը
Հայրենի կտուրին տակ:
Դոդոխենց

Գիտակցական տարիքէս Հայաստանը մտածումներուս ու արարքներուս գլխաւոր կեդրոնը հանդիսացած է: Մեր ապագան ու մեր ազգային հզօրութիւնն է ան:

Պայմաններու բերումով այսպէս դաստիարակուած եմ ու այսպէս ալ դաստիարակած եմ նաեւ ես, հարիւրաւոր աշակերտներս: Այժմ, յառաջացած տարիքիս, ուրիշ երգ եւ ուրիշ գործ չունիմ ես:

Աստուած խօսեցաւ ինծի
անլսելի ջերմ ձայնով,
գիտէր որ ես կ՛այրէի
հայրենիքիս կարօտով:

Ունկնդրեցի իր ձայնին
ու հնազանդ ես եղայ,
ու մեծ խանդով, գորովով,
մեր երկիրը ես եկայ:

Հիմա կ՛ապրինք միասին
Աստուածն ու ես ջերմ սիրով,
երբ արտիս մէջ աշխատիմ
կ՛օգնէ ան ինձ լուռ ձայնով:

Սերմ կը ցանենք ամէն կողմ,
ծառ կը տնկենք մեծ սիրով,
ու կ՛ոռոգենք իմ այգին
որ ուռճանայ լի բերքով:

Հասուննալը երբ տեսնեմ
ամէն անգամ իմ բերքիս
օրհնէնք կու տամ իր Անուան,
օրհնէնք կու տամ իմ կեանքիս:

Աստուած մը կայ արդարեւ
արտիս մէջը թաքնուած,
որ թափ կու տայ գործերուս
ու միշտ կողքիս է կանգնած:
«Մարդը ես եմ իմացիր»,
կ՛ըսէ յաճախ ան ինծի,
«մարդուն մէջը ես կ՛ապրիմ
երբ ինծի հետ գործակցի»:

Ինչ լաւ է որ ամէն օր
կը գործակցինք միասին,
ու որպէս վարձք խոնջէնքիս
բերկրութիւն կու տայ սրտիս:

Մարգար Շարապխանեան