Բոլոր աշակերտներուս
Կաղանդ Պապան դարձեալ եկաւ
նուէրներով բեռնաւորուած,
բերաւ մեզի խաղալիքներ,
նուշ ու կաղին, ծիրան չորցած:
Տուներուն մէջ մեր տօնական
զինք կ՛ընդունինք գրկաբաց,
իր ձեռքերը կը համբուրենք
եւ մօրուքը շատ ճերմկած:
Հայաստանէն եկաւ մեզ ան,
Արարատէն խորհրդաւոր,
կը թելադրէ բարի ըլլանք,
աշխատասէր, ժիր, ամէն օր:
Ծնողասէր կ՛ուզէ ըլլանք,
եւ ուսումը շատ սիրենք.
Հայաստանով հպարտ զգանք
որ լաւ հայեր դառնանք մենք:
Կաղանդ Պապա դուն լաւ գիտես
թէ մենք քեզմէ ինչ կ՛ուզենք,
մենք կ՛ուզենք որ հետդ մենք գանք,
Արարատին կարօտցեր ենք:
Օր մը ինչ լաւ պիտի ըլլար
եթէ մեզի հոն տանէիր
ու պատմական մեր տանը մէջ
այցելութեան դուն գայիր:
Կեանքէս
Հայրենիքիս համար երբեք
երկընտրանքներ չեմ ապրեր,
ուզեր եմ ես մեր հողին վրայ
կեանք մը ապրիլ աներեր:
Հիմա կ՛ապրիմ իր գրկին մէջ
ու կ՛աշխատիմ կամովին,
հող կը վարեմ ու կը ցանեմ
ձեռք կ՛երկարեմ բոլորին:
Հողին փարած ես կը գործեմ,
ուրիշ հաճոյք ես չունիմ.
թռչուններուն կը կերակրեմ
կ՛ըլլամ անոնց մտերիմ:
Իմ պտղատու այգիին մէջ
երբ կը շրջիմ մտովին,
Անծանօթին ես փառք կու տամ.
ես փառք կու տամ իմ կեանքին:
Հայրենիքիս սիրոյն համար
ամբողջ կեանքս ես կու տամ.
կը խոնարհիմ ես իր առջեւ
իրմով հպարտ ես կը զգամ:
Գիւղացիներ յաճախ կ՛անցնին
իմ այգիի առջեւէն,
եկուր ընկեր, եկուր, կ՛ըսեմ,
ումպ մը կոնծենք միասին:
Գարեջուրիս կ՛ընկերակցին
կը պատմեն իմձ մեր գիւղէն,
լաւ բաներու կողքին նաեւ
վատ բաներ ալ կը յայտնեն:
Կեանքը այս է տղաք, կ՛ըսեմ,
մի օր վատ է, մի օր լաւ,
կարեւորը ձեր դիրքն է
կեանքին մէջը այս անբաւ:
Կարծես բան մը կու տամ իրենց
խրատ մը անուշ սրտաջերմ.
վաղը դարձեալ եկէք, կ՛ըսեմ,
կու գանք կ՛ըսեն ժպտադէմ:
Մարգար Շարապխանեան
Ուշի