Յիշատակելի արշաւներ

Կարօտով կը յիշեմ «Հայ Կապոյտ Խաչ»ի կազմակերպած կիրակնօրեայ ամառնային արշաւները։
Մամաս եւ նէնէս մէկ շաբթուայ նախապատրաստական աշխատանքէ ետք, պայուսակները կը լեցնէին

շատ համով հայկական ճաշերով, լեհմաճուն, սարմա, խմորեղէններ եւ բոկեղներ, նոյնպէս կը պատրաստէին ծրարներ, որոնք լեցուն էին ապրանքներով, որ ձեզմէ շատեր երեւակայական ու չափազանց աւելորդ պիտի համարէին։
Անպակաս չէին սաւաններն ու ծածկոցները, մժեղարգելքներն ու անձեռոցները, գիշերանոցներն ու փոխնորդ հագուստները։

 

Առտու կանուխ ճամբայ կ'ելլէինք. հանրակառքերը ծայրէ ծայր լեցուն էին ուրախ ու խանդավառ հայրենակիցներով։
Հասնելնուս պէս, մենք պզտիկները, ծով կը վազէինք, կը լողայինք, կը խաղայինք, կէսօրին կ'ուտէինք, կը խմէինք եւ ետքը յոգնած ու հանդարտած  կը քնանայինք։
Այդ անուշ ժամուն մեր մամաներն ու նէնէները իրենց սուրճերը խմելով կը խօսակցէին ու բարեացակամօրէն կը «բանբասէին», այդպէս՝ մեր գաղութային հետաքրքրական բոլոր լուրերը իրար կը փոխանցէին:
1970-ին ամառը, Սխինիա կոչուող արեւելեան Ատտիկէի ծովափը խաղալու ժամանակ, զարմացած նկատեցի որ նէնէս միշտ իր կռնակը ծովին դարձուցած կը նստէր, չէր լողար, ոտքերը անգամ ջուրին մէջ չէր զովացներ, ձկնեղէն չէր ուտեր ու նոյնիսկ կը խուսափէր կապոյտ ծովը դիտելէ։
Մօտեցայ իրեն եւ մանկական պարզամտութեամբ հարցուցի ¬ինչո՞ւ նէնէ, կռնակդ ծովուն դարձուցած ես։

Արշաւի մը ընթացքին (1968)


Ան պատասխանեց շատ հանդարտ ու պաղարիւնութեամբ, կարծես շատոնց կը սպասէր հարցումիս.¬
¬ Ես ծովը չե՛մ սիրեր, ես կռուած ու նեղուած եմ ծովուն հետ, իր հետը «բաց» հաշիւներ ունիմ 50 տարիներ շարունակ։
- Ես ծովը դիտելով կը յիշեմ Իզմիրի հրկիզուած նաւահանգիստը, Օգոստոսի այդ անիծեալ օրը, երբ կորսնցուցի իմ կեանքիս սիւները, մեծ հայրդ ու 2 հօրեղբայրներդ։ Այս պատճառաւ ես 50 տարի սուգ պահեցի, լացի, աղօթեցի ու անիծեցի, սեւաշորերս ամենօրեայ տարազի պէս հագուեցայ, որ յարգեմ իմ մեռելներուս յիշատակը. բայց այս բոլորը իմ մէջս գաղտնի պահեցի, որպէսզի դո՛ւք իմ զաւակներս ձերբազատիք մեր սուգի ծանր շուքէն ու բնականոն կեանք մը ապրիք։
- Ե՛ս կþուզեմ վճարած ըլլալ մեր բոլորին պարտքը, որ դուք ուրախ ապրիք, երգէք, պարէք, խնդաք, սակայն երբեք չի մոռնաք մեր հայկական ծագումը, մեր կրօնքն ու մայրենի լեզուն։
- Ձեր գործերով, կեանքի կեցուածքով, յարգեցէք ինքզինքնիդ, մեր ժողովուրդը ու մեր զոհերուն յիշատակը։
Ո՞վ պիտի մոռնար արդեօք այս խօսքերը, որ ինծի փոխանցեց  մեծ մայրս իբրեւ ժառանգութիւն։
Միայն կրնամ շնորհակալութիւնս յայտնել, որ հակառակ իր ժխտական ապրումներուն մեզի ուրախ մեծցուց, սիրեցինք ծովն ու լողը, երգն ու պարը, խնդացինք, զուարճացանք ու վայելեցինք  ինչ որ մեզի կեանքը առատաձեռնօրէն տուաւ։

Ընկերատնտեսական մօտեցումներ

Նէնէս ունէր իր ընկերային շրջապատը, հաւատարիմ բարեկամներով ու զանազան այցելուներով։
Կը յիշեմ երջանկայիշատակ արքեպիսկոպոս Սահակ Այվազեանը, «անմոռանալի» Լեւոն Գայեանը, Գրիգոր Եորղանճեանը, Մաքրուհի Չաքրեանը, Մարտիկեան ընտանիքը... Բոլորը մեծ սիրով կը վար- ւէին իրեն հետ ու յաճախ տղամարդիկ կը համբուրէին իրեն ձեռքը, առ ի յարգանք։
Երբ որ սուրճի ժամը կը հասնէր կլոր սեղանիկը կը լեցուէր տեսակ¬տեսակ հրամցուքներով ու անուշեղէններով։  Կը սկսէին  գաղութային հարցերու վերաբերեալ խօսակցութիւնները, կը զրուցէին մեր դըպրոցներուն, մեր եկեղեցիներուն (Ս. Կարապետի վերակառուցման մասին)  հայապահպանման մասին եւ վերջապէս՝ յաջորդ հանդիպումը դասաւորելով իրարմէ կը բաժնուէին։
Նէնէս ունէր տարօրինակ ու հետաքրքրական հարցում մը, որ կþուղղէր բոլորին։
¬ Շաքարին քիլոն քանի՞ տրախմի «դրամ» կþարժէ։
Երբ որ պատասխանը կ'ըլլար՝
¬ Գիտցածիդ չափ, 5 տրախմի է Սրբուհի տուտու,  ան կ'ուրախանար եւ կ'ըսէր.
- Այսինքն կայուն է:
Հակառակ պարագային եթէ մէկը ըսէր որ շաքարին քիլոն սղցաւ, ան կ'անհանգստանար, որովհետեւ իր սակարանային ցուցակը կապուած էր շաքարի կայուն գինին։
Մեծնալով հասկցայ, որ վաճառականներու զաւակ, անուշավաճառի կողակից ու նպարավաճառի մայր ըլլալով, հնարած էր իր անձնական տնտեսական արժեւորումներու չափանիշը, միշտ կապուած անուշին:

Նէնէիս «հարստութիւնը»

Ուրիշ աւանդութիւն դարձած սովորութիւն մըն ալ ունէր նէնէս. իր պզտիկ պահարանէն, մեծ ուշադրութեամբ կը հանէր փայտէ տուփ մը եւ մէջէն կ'ելլէին Իզմիրէն բերած իր թանկագին իրերը. չեմ  ուզեր մտածէք ոսկիներու կամ արժէքաւոր գոհարեղէններու մասին, անոնցմէ արդէն հրաժարած էր, եւ իր մօտ արժէք ալ չունէին: Իր  իսկական հարստութիւնը՝  մաշուած աւետարան մըն էր ու 5-6 գունաթափուած ընտանեկան լուսանկարներ։
Մեծ յուզումով ու հպարտութեամբ կը ներկայացնէր նկարներուն դէմքերը։
Կարապետ տէտէն, Յակոբն ու Տիրանը իր ասպետները (զոհուած հօրեղբայրներս) եկեղեցիի մը պատկերը ¬ որուն անունը յիշողութիւնէս ջնջուած է ¬ բայց լաւ կը յիշեմ որ կը նկարագրէր անոր գմբեթին  12 պատուհանները, որ Յիսուսի 12 առաքեալներուն դէմքերով պատկերազարդուած էին (հաւանաբար Ատանայի Ս. Կարապետ եկեղեցին էր)։
Տարիները անցնելով ունեցաւ նաեւ աւելի նոր լուսանկարներ, որոնք կը ներկայացնէին իր զաւակներուն, թոռներուն ու աշխարհի 4 ծայրերը գտնուող ազգականներուն դէմքերը: Յուզուած ցոյց կուտար իր թոռնիկները, որ ըստ աւանդութեան, կնքուած էին Կարօ, Յակոբ, Տիրան, Մարի անուններով եւ այս ձեւով անմոռանալի կը մնար ննջեցեալներուն թանկագին յիշատակը։

Մեր սիրելի «աննման» հիւրերը

Այս այցելութիւններէն ամէնէն զուարճալին՝ Մաքրուհի Չաքրեանին էր, որ Աթէնքի «Գարէա» արուարձանէն հիւր կուգար։  Օր մը առանց լուր տալու, մեր դրան զանգը զարկաւ եւ մեզի գտաւ առանց մասնաւոր նախապատրաստուած հիւրասիրութեան, ¬ ի՜նչ ամօթ։
Անշուշտ անպակաս սուրճերը պատրաստուեցան եւ զրոյցները առին ու տուին, Մաքրուհին ոտքի ելաւ տուն երթալու նպատակով, նէնէս որ անհանգիստ կը զգար իր մեծարանքներուն անբաւարարութեամբ, սառնարանը բացաւ, եւ ընկերուհիին գրպանը լեցուց արծաթագոյն պզտիկ թուղթերով փաթթուած քառակուսի հատիկներ, որ կը կարծէր թէ անուշեղէններ էին եւ այսպէս բաժնուեցան իրարմէ։

Կարապետ եւ Սրբուհի Գալայճեաններ,
իրենց զաւակներուն՝ Յակոբի եւ Տիրանի հետ
(որոնք դաժան մահ գտան Իզմիրի աղէտին ժամանակ)

Կէսօրէ ետք, Մաքրուհին հեռաձայնեց եւ խընդալով պատմեց թէ ինչպէս հասկցաւ թէ  անոնք շոգոլաներ չէին, այլ չոր մսաջուրի հատիկներ (մաճի¬քնոր)։ Հանրակառքին մէջ անոնք համտեսելով սրտխառնուած էր, սակայն, առանց նեղուելու, տուն հասնելուն պէս չորցած մսաջուրը օգտագործելով՝  համով¬հոտով պըլղուրէ փիլաֆ մը եփած ու կերած է:
Սրբուհին շատ հիւրասէր  ու առատաձեռն էր, ու մանաւանդ՝  մեծ դժուարութիւն ունէր իմ փափաքներս  մերժելու եւ ո՛չ ըսելու։
Ի՞նչ որ ուզէի, ե՞րբ որ ուզէի, ան պատրաստ էր հրամցնելու ինծի։ Սակայն սեւ կէտ մըն ալ կար այս խնդիրին մէջ. շոգոլաները։
Երբ որ երանելի Տէր Գեղարդը (մեր գաղութէն շատ սիրուած ու յարգուած հովիւ մը) լուր կուտար որ տնօրհնէքի օրը հասաւ, շոգոլաները մէջտեղէն կþանհետանային եւ ես անդադար կը փնտռէի որ գտնամ եւ ուտեմ։
Երկար փնտռտուքէ վերջ, զանոնք կը գտնայի, ինծի համար, անսովոր տեղերու մէջ։ Օրինակ՝ փուռին մէջ, սառնարանին վրայ, լուացքի մեքենային մէջ, ոսպի տուփին մէջ, լաթակալներուն պայուսակին տակը¬տակը, ճերմակեղէններուն պահարանը...
Դժբախտաբար այս չարչարանքը  կþապրէինք երկուքս ալ, ամէն մէկս իր կողմէն, որովհետեւ երբ որ քահանան մեր տունը կ'այցելէր ¬ըստ սովորութեան¬ շոգոլան ու ֆիշնէի  քաղցր ըմպելին միասին պէտք էր հրամցուէին։
Օր մը, Տէր Գեղարդը, տնօրհնէքէն վերջ, խմեց իր ըմպելին ու շոգոլային փայլուն թուղթիկը քակելով, բերանը նետեց պզտիկ քար մը (շոգոլային տեղ). զարմացած ու ապա խնդալով, խայտառակուած նէնէիս մխիթարեց ըսելով՝
¬ Մի նեղուիր, Սրբուհի տուտու, ես ալ 2 «բարի» զաւակներ ունիմ տունս, եւ շատ լաւ կը հասկնամ կացութիւնը։
Խնդալով ոտքի ելաւ եւ իր ոսկի խաչով փափուկ մը գլուխս հարուածեց։
Այս ի՜նչ օրհնութիւն էր Աստուած իմ։

Կայտառ ու աշխոյժ նէնէ մը

Նէնէիս հետ ապրեցայ մօտ 17 տարի։ Երբ որ ծնայ 1963-ին, ան 83 տարեկան սգաւոր ծերունի մըն էր։
Սակայն ան եղաւ իմ հաւատարիմ ընկերուհիս եւ մտերիմ բարեկամս։ Մոռցաւ իր տարիքը, սուգը, հիւանդութիւնը եւ հետս խաղաց համբերութեամբ եւ հաճոյքով։
Պատշգամին աթոռին նստած, անտրտունջ կþընդունէր որ իր երկար ճերմակ մազերը սանտրեմ ու փաթթեմ լուացքի լաթակալներով։
Հիւանդապահուհի ծպտուած դեղահատի փոխարէն, իրեն կլլել կուտայի ձմերուկի ու սեխի կուտեր։ Ծամակալներով ու գնդասեղներով կը ծակծկէի իր ձեռքերը, եւ ինքը շնորհակալութիւն կը յայտնէր իմ թեթեւ ձեռքերուս համար։
Ժամերով, իր անկողինին վրայ թուղթ կը խաղայինք, իրար կը խաբէինք, կը կռուէինք, անպայման յաղթել կþուզէինք։
Եւ երբ որ խիստ ուսուցիչի դերը առած իրեն կը պատժէի, գաւազանի ծանր սպառնալիքով, մօրս համբերութիւնը կը հատնէր եւ ծեծելու կը պատրաստուէր, նէնէս իր ձեռքերը բացած, հրեշտակի նման, կը պաշտպանէր զիս եւ մօրս կ'աղաջէր «պանա վուր անամ, կել, պանա վուր...» (ինծի զարկ¬ոչ իրեն)։
Խաղաղութեան ժամերուն, մեր տան սեմին նըստած, պաղպաղակ կամ կուտ կ'ուտէինք ու  ժամանակնիս կ'անցնէինք դիտելով մեր դրացի տղոց խաղերը։ Խստօրէն արգիլուած էր այդ խաղերուն մասնակցութիւնս, քանի որ իրենց խաղերը ու մանաւանդ բառամթերքը, յարմար չէին մեր «ազնիւ» հայկական դաստիարակութեան։
Ինծի համար յիշելու արժանի օր մը, մեր դրացիին տղան, պզտիկ Տիմիթրին, ձեռքին բռնած վարունգ մը կը ծամծմէր ու հպարտութեամբ ինծի ցոյց կուտար կերածը: Հետեւանքը ողբալի էր: Ես նախանձեցայ եւ լալ սկայ։ Նէնէս ոտքի ելաւ, մոռցաւ իր տարիքը, յօդացաւը, կաղ ոտքերը, հեռաւորութիւնը եւ քալելով (եթէ ոչ վազելով) հասաւ բանջարավաճառին խանութը ու  մեծ վարունգ մը գնած  տուն վերադարձաւ։ Պատկերը դեռ կենդանի է մտքիս մէջ։ Բարձրահասակ, սեւ շորերով, սեւ լաչակը գլխուն, ձեռքը բռնած վարունգ մը, յաղթական ու հպարտ, բարձրաձայն ¬իր չգիտցած յունարէնով, պոռա՛ց¬ «Տիմիթրա՛քի, Սեդան ալ վարունգ ունի, տե՛ս»։ Այսպէս՝ վերագտանք մեր «կորսուած» արժանապատուութիւնը։
Ճամբաները մաքրողները առտու կանուխ կամ կէսօրին կը խուսափէին մեր ճամբէն անցնելէ, որովհետեւ նէնէս իրենց խիստ դիտողութիւն կ'ընէր ու կը պոռար անոնց վրայ։ Իսկ ես անշշուկ ու հանդարտ քունս կը շարունակէի։ Բնաւ չէր ուզեր խանգարուի իմ հանգիստս, նոյնիսկ մաքրողներուն զանգակներէն ու աղմուկէն։

«Թագաւորութեան» մը անկումը

Սրբուհի Գէորգեանի «թագաւորութիւնը» վերջացաւ 1970-ին, Ս. Զատիկի արձակուրդի օրերուն, երբ որ հայրս տուն բերաւ սրճագոյն տուփ մը։
Մեր առաջին սեւ-ճերմակ հեռատեսիլը, որ գրաւեց մեր հիւրասենեակին կեդրոնական անկիւնը։
Անոր յաջորդեց նէնէիս դաժան թշնամին՝ հեռաձայնը։
Ան, ձեւով մը անտեսուած զգաց, շատ ճիգ թափեց որ մեր ուշադրութիւնը գրաւէ, նոր ու աւելի հետաքրքրական պատմութիւններով։ Բայց ի զուր, կշիռքին նժարը արդէն կը թեքէր դէպի նոր առարկաները, որ աւելի կախարդական ազդեցութիւն ունէին մեր վրայ։
Կամաց-կամաց հեռատեսիլին գաղափարին հետ հաշտուեցաւ եւ սկսաւ կէսօրէ ետքերը իր սովորութիւնները փոխել. վրան կը հագուէր, մազերը կը սանտրէր, տունը կը զարդարէր եւ կþուզէր որ մենք ալ շէնքով¬շնորհքով նստած դիմաւորենք իր սիրած հեռատեսիլի յայտագիրները։
Իսկ հեռաձայնը մնաց մինչեւ վերջ անհասկնալի գործիք մը։
Չէր հասկնար մեր անվերջ «մենախօսութիւնները»։ Ականջը կը մօտեցնէր հեռաձայնին թելերուն եւ կը փորձէր հասկնալ մեր խօսակցութիւններուն նիւթերը։
Կը ձանձրանար, կը նախանձէր ու կը կարօտնար մեր մանկութիւնը, որ ժամերով կը նստէինք իր մօտ եւ  ինքը գուրգուրանքով մեր գլուխը կը շոյէր եւ կը պատմէր իր կեանքին բազմազան պատմութիւնները։
Տարիները անցան: Ես արդէն չափահաս էի, ինքն ալ իր կեանքի վերջին պարտաւորութիւնը կատարած էր։ Ինծի մեծցուցած, խնամած էր, իր գիտցած միակ ձեւով եւ վերջ ի վերջոյ իր անվերադարձ ճամբան շարունակեց առանձին։

Վերջնական (կա՞մ անվերադարձ) բաժանումներ

1980-ի Փետրուարի պաղ ու անձրեւոտ օր մը, առտու կանուխ, մօրս ձեռքէն տաքուկ¬տաքուկ սուրճը խմեց ու մահացաւ։
Գնա՞ց հոն ուր կ'երազէր. իր ամուսինին, զաւակներուն, ընտանիքին ու այլ սիրելիներուն մօտ։ Երանի՜։
2012-ի Դեկտեմբերին, հայրս ալ Վրէժ Գալայճեանը (մեր գերդաստանին պատկանող Իզմիրի կոտորածին վերջին վերապրողը) միացաւ այս «Երանելիներուն», երբ որ այս պատմուածքս նոր կը վերջանար։

Յ. Գ. կա՞մ նախաբան

Այս պատմուածքը գրուեցաւ որպէս սրտի վկայութիւն։ Բոլոր հերոսները գոյութիւն ունեցած են ու դէպքերը՝ իրական։
Ես կը հաւատամ որ ժողովուրդի մը ազգային պատմութիւնը չի գրուիր միայն պատմաբաններէ, այլ, որպէս կենդանի իրողութիւն կþապրի ու կը հաղորդուի յաջորդող սերունդներուն, անհատներուն ալ գրած պատմութիւններով ու վկայութիւններով:
Մենք բացառիկ բախտաւորներ  էինք, որովհետեւ հայերէն սորվեցանք թրքախօս նէնէէ մը։
Հայոց պատմութիւն, գրեթէ անգրագէտ, դրացիէ մը։ Աղօթել ու շարական երգել, իր հաւատքին համար հալածուած գաղթականէ մը։
Ո՞ր զինուորական խելքը,
Ո՞ր մոլորուած ռազմավարութիւնը,
Ո՞ր փթթած քաղաքականութիւնը
Ո՞ր աղտոտ խիղճը
պիտի հաւատար, որ այս յուսաբեր ազգային ոգին պիտի ապրէր, յաղթէր ու շարունակուէր սերունդէ սերունդ։
Պահ մը մտածենք մեր ժողովուրդին ապրած ողբերգութիւնները եւ համոզուինք որ ոչ մէկ բան չի մեռնիր, այլ կը գոյատեւէ երբ որ մենք կրնանք ¬ մեր մէջ ¬ իրեն յարութիւն տալ։
Ո՛չ հայրենիքը
Ո՛չ մարդիկ
Ո՛չ յոյսն ու հաւատքը։

Սեդա Գալայճեան-Կարինեան
ՎԵՐՋ