Արդէն մէկ տարի անցաւ հօրս - Վրէժ Գալայճեանի մահէն։ Ի՜նչ շուտ անցաւ։
Եթէ իր հեռանալով միացաւ իր վախճանած սիրելիներուն եւ հոն ալ օրը-օրին, ժամը-ժամուն (դեղահատ առնելու կանոնաւորութեամբ) «Ազատ Օր» կը կարդայ, եթէ՜...
Իրեն գրեմ որ իմ վերջին խոստումս յարգեցի, իր երթալով մեր ընտանիքին հաւասարակշռութիւնը չի վտանգուեցաւ. հայ քրիստոնեայ մը եւս աւելցաւ մեր գաղութին - ինչպէս ինք փափաքած էր, իր ստացած վերջին նուէրը ըլլայ, պզտիկ թոռնիկին, Փառէնին մկրտութիւնը։ Փառք Աստուծոյ։
Սիրելի ընթերցողներ, Վրէժը եւ ես կը գրէինք ու կը գրեմ գրեթէ «մանկական» ոճով. բայց անկեղծօրէն. ես ուրախ եմ, որ ընթերցողները մեզի կը կարդան ու կը հասկնան։
Կար ու չկար Սրբուհի նէնէս կար, որուն կեանքը պիտի փորձեմ ձեզի պատմել այնպէս, ինչպէս ինքը կը ներկայանայ իմ յիշողութիւններուս մէջ. կը յուսամ յաջողիլ իրեն ծանօթացնել աշխոյժ ու կենդանի, ինչպէս իր քնքուշ յիշատակը, ինչպէս մեր ապրած զուարճացնող խաղերը, իր անփոխարինելի շոյանքները, իր լաւատես բնաւորութիւնը ու համով-հոտով պատրաստած անուշեղէնները։
Բարեկեցիկ, չոր միրգեր արտադրող վաճառականներու դուստրը՝ Սրբուհի Գէորգեան։
Ծնած էր Փոքր Ասիոյ Թարսուս քաղաքը մօտաւորապէս 1880 թուականին։
Ան իր մանկութիւնը անցուցած էր Ինճիրլիք գիւղը, ուր կը գտնուէին իրենց պապենական կալուածները. ունէին հողատարածքներ, որոնք լեցուն էին գլխաւորաբար թուզի ծառերով։ Այդ ժամանակուայ հանրածանօթ թուզերը, չորացումէ ետք կը վաճառուէին Օսմանեան բանակին, նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ'արտածուէին։
Իր մկրտութեան անունն էր «Օլիմպիա» որ իրենց յոյն դրացիներուն վաղահաս մահացած աղջկան անունն էր. այս ձեւով անոնք ուզած էին հանգուցեալին յիշատակը անմահացնել։ Սակայն, նոյն օրերուն իրենց մօրաքրոջ աղջկան յանկարծամահ ըլլալը, պատճառ դարձաւ որ տէր հայրը անոր վրայ աղօթք մը կարդալով զայն վերամկրտէ «Սրբուհի» անունով, որպէսզի իրենց շրջապատին մէջ դարձեալ լսուի սիրեցեալ զարմիկի անունը, ու մխիթարուի սգաւոր մօրաքոյրը։
Անուշահա՞մ կեանք մը
Սիրելի նէնէս 16 տարեկանին իր մօր հետ այցելեց Կիլիկիոյ Ատանա քաղաքը. Կիրակնորեայ արարողութեան մը ժամուն, իրեն տեսաւ ու սիրահարուեցաւ Ատանայի մէջ ծանօթ անուշագործ ու վաճառական, իմ ապագայ մեծ հայրիկս՝ Կարապետ Գալայճեանը։
Հարկ է նշել թէ այդ ժամանակաշրջանին Ատանայի մէջ կային միայն երկու անուշավաճառի խանութներ, որոնք կը պատկանէին Գալայճեան ու Գայեան ընտանիքներուն։
Մեծ հայրիկս հրապուրուեցաւ Սրբուհիի բարձր հասակէն ու կապուտակ աչքերէն, այդ պատճառաւ հետեւեցաւ իրեն մինչեւ զինք հիւրընկալող տունը։ Քանի մը ամիս ետք, բարեխօսներու միջնորդութեամբ ամուսնացան եւ երջանիկ կեանք մը ապրելու նախապայմանները ստեղծեցին։
Ունեցան 6 զաւակ՝ 4 տղայ ու 2 աղջիկ, վստահ եմ որ «անուշահամ» կեանք մը պիտի ապրէին, եթէ 1909-ին Ապտուլ Համիտի հրամանագրով -թուրքերու կողմէ- իրագործած
30.000 հայերու ջարդը իրենց «չի փոխադրէր» Իզմիր։
«Փոխադրել» բառը պատահական չէ։ Նէնէս կը պատմէ թէ՝ մեծ հայրս թրքական բանակի ու շրջանի հարուստ «աղա»ներու ու ազդեցիկ ընտանիքներու անուշեղէններու մատակարարն ըլլալով, կարողացաւ իր ծանօթութիւններուն շնորհիւ բոլոր ընտանիքը ազատել աքսորէն ու ապահով հասնիլ Իզմիր։
Գալայճեանները աքսորէն փրկուեցան, սակայն իրենց ճամբորդութիւնը եղաւ անսովոր պայմաններով։ Ընտանիքը փոխադրուեցաւ շոգեկառքի ապրանքատար վակոնին մէջ թաքնուելով։
Գալայճեան ընտանիքէն վերապրած բեկորները.
Մեծ մայրիկը եւ փոքրիկ Վրէժը: Անոնց ետին կանգնած են
Սիրանուշը, Նազարը եւ Կիւլան (1923, Տուրղութի)
Ճակատագրական մկրտութիւն մը
Իզմիրի մէջ տեղի ունեցաւ հօրս մկրտութիւնը։ Կնքահայրը վարք ու փայլով զինք անուանեց Հայկ ու արարողութեան աւարտին ժողովուրդը սկսաւ մեկնիլ եկեղեցիէն։ Սակայն ան պահուն երկու հայ երիտասարդներու դիակներ բերին եկեղեցի եւ ներկաները իմացան, որ նահատակները զոհ գացած էին թուրք զինուորներու վայրի վարմունքին ու դաժան սպանութեան։
Հօրեղբայրս՝ Յակոբ Գալայճեանը, իր պզտիկ եղբօրը խլելով տէր հօր ձեռքէն դարձեալ կը խոթէ մկրտարանի ջուրին մէջ ու կը պոռայ.-
- Իմ եղբօրս անունը Հայկ չէ՛, Վրէ՜ժ է ... Վրէ՜ժ։
Ու հօրս դառնալով կը պատուիրէ՝
- Վրէ՛ժ, եղբա՛յրս, անունովդ ապրիս ու երբե՛ք չի մոռնաս քու հայրենակիցներուդ, քու եղբայրներուդ ապրած տառապանքը։ Եղի՛ր արդարութեան պաշտպան եւ իրաւունքի պահանջատէր։ Ապրէ՛ պատիւով ու քաջութեամբ։
Հօրեղբայրս այդ պատգամով արդէն նախորոշեց հօրս ճակատագիրը։
Իզմիրի կոտորածը
1922-ի Իզմիրի կոտորածը Գալայճեաններուն կը գտնէ անկազմակերպ ու շուարած վիճակի մէջ։ Մեծ հայրս կը հաւատար, որ Իզմիրը Եւրոպական քաղաք դարձած էր, եւ թուրքերը պիտի չի համարձակէին զայն քանդել։
Այդ համոզումը պատճառ դարձաւ որ իր երկու զարգացած, տնտեսագէտ ու «Արմենական» կուսակցութեան անդամ, հօրեղբայրներուս փափաքը - դէպի ԱՄՆ գաղթելու - բացարձակապէս մերժէ։
Օգոստոս 30-ին (1922) առաւօտեան, երբ իր աչքերովը տեսաւ թէ ինչպէս թուրքերը կ'իջեցնէին մեր առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ Սուրբ Խաչը եւ անոր փոխարէն կիսալուսինով կարմիր դրօշակը կը կանգնեցնէին, սրտաճմլիկ վիճակի մէջ, իր խանութին սանդուխներուն վրայ յանկարծամահ եղաւ։
Նէնէս, հոգեկան գոհունակութեամբ, կը պատմէր որ հակառակ ցաւալի ու տագնապալի պայմաններուն, կարողացաւ հայ քահանայ մը գտնել ու իր մեծ զաւակներուն օգնութեամբ իր ամուսինին դիակը թաղել հայկական գերեզմանատունը եւ առ ի մխիթարանք, իր ձեռքերով շինած տախտակէ խաչ մըն ալ դրած էր անոր շիրիմին վրայ։
Նոյն ժամուն թուրքերը ներխուժած էին հայկական գերեզմանատունը եւ իրենց բարբարոս վարմունքով կը պղծէին հանգուցեալներու շիրիմները ու կը խանգարէին անոնց խոր ու հպարտ լռութիւնը։
Տէր հայրը, մեծ մայրիկս ու հօրեղբայրներս արագ մը ցանկապատէն դուրս ցատկած էին եւ փախչելով կրցած էին ազատիլ կատղած թուրքերուն ձեռքէն։
Յաջորդող աղէտալի ժամերուն Իզմիրի բոլոր ճամբաները լեցուած էին հայ, յոյն ու ասորի անթաղ դիակներով։
Նէնէս, իր ծեր մայրը (Մարի նէնէն) եւ 4 անչափահաս զաւակները, բազմաթիւ դժուարութիւններէ ու փորձանքներէ ետք, հազիւ հազ, հասած էին յունական փրկարար նաւ մը ու անոր մէջ մտնելով փրկուած էին։
Դժբախտաբար երկու երիտասարդ հօրեղբայրներս՝ Յակոբն ու Տիրանը (տնտեսագէտ համալսարանաւարտները) 17 հայ երիտասարդներու հետ, փորձեցին պզտիկ նաւակով մը հասնիլ օտարազգի «փրկարար» նաւերուն, սակայն 19րդ ու միակ վերապրողի վկայութեամբ, նէնէս իմացաւ թէ անոնք դաժան մահու ենթարկուեցան, քանի որ «արեւմտեան դաշնակից» նաւերու նաւաստիները, հարուածելով դուրս կը մղէին զիրենք, ու նոյնիսկ երացած ջուր կամ ձէթ թափած էին անոնց վրայ, իսկ յամառօրէն պայքարողներուն, սուրի հարուածներով կը ձեռնահատէին կամ կը գլխատէին։
DIBODA - DIBODA
Նէնէս մեզի մեծցուց, անդադար պատմելով այս ողբերգութիւնները։ Ան երբեք չէր պատմեր դասական ու աւանդական հեքեաթներ. իր «հերոսները»ը մեր զո-հերն էին եւ չարը միշտ թուրքն էր, որովհետեւ ուրիշ չարի չէր հանդիպած իր կեանքին մէջ։ Սակայն իր դժբախտութեան մէջ սիրտ ունէր ծիծաղելի դէպքեր պատմելու, որ ծանր մթնոլորտը կը թեթեւցնէին եւ հաճելի պահեր կ'ապրէինք։
Դէպք մը կը յիշեմ որ միշտ խնդալով կը պատմէր. իր հանդիպումը յոյն նաւաստիի մը հետ ու անոր հետ տեղի ունեցած տարօրինակ երկխօսութիւնը։
Երբ որ «փրկարար» նաւին վրայ տեղաւորուելու եւ կարպետները փռելու ազատ տեղ մը կը փնտռէր, հարցուց երիտասարդ ու թրքերէն չխօսող, յոյն նաւաստիի մը։
- Արդեօ՞ք ազատ անկիւն մը կայ, որ ես, մայրս ու իմ երեխաները կարենանք հանգստանալ։
Ան հասկնալով մեծ մօրս դժուար կացութիւնը, ձեռքերը վեր պահելով, յունարէնով կը պատասխանէ.-
- Թիփոթա, թիփոթա, - ոչինչ, ոչինչ։ Սակայն նէնէս կը հասկնայ diboda diboda, որ թրքերէնով կը նշանակէ «վերնամուտ»։ Սխալ հասկացողութիւն մը որ ընտանիքիս օգնեց:
Բոլորը միասին նաւու կամրջակը բարձրանալով գտան առանձնացած անկիւն մը, ճիշդ ծխնելոյզին մօտ ու հոն կարպետ մը փռեցին ու տաքուկ-տաքուկ հանգստացան։
Սրբուհի նէնէս իր ծրարին մէջ պահած «սիմիտ»ով գաթաներ շաղեց ու ծխնելոյզին կպցնելով, «ձեւով» մը եփեց ու կերակրեց իր ծեր մայրը ու անչափահաս զաւակները։ Այս արտասովոր հնարքը իր անդամահատուած ընտանիքը փրկեց եւ գոյատեւեց գաղթականութեան դժուար ճամբորդութեան ընթացքին։
Ողջ-առողջ նաւէն ցամաք իջան - Յունաստանի ծանօթ Միտիլի կղզին։
Գաղթականութիւն
Միտիլի ապրեցան փայտաշէն խրճիդի մը մէջ, մօտ մէկ ամիս, անկէ փոխադրուեցան Յունաստանի ամէնէն մեծ նաւահանգիստը «Փիրէա» ուր տեղաւորուեցան քաղաքապետական թատրոնին սրահը, մօտ երկու ամիս, եւ ի վերջոյ հաստատուեցան Աթէնքի «Տուրղութի» շրջանը, ուր մօտաւորապէս 20 տարի ապրեցան դիդեղաշէն տնակներու մէջ։
Հայրս - Վրէժ Գալայճեան - մեր ընտանեկան հաւաքոյթներուն կը պատմէր իր մանկութեան յուշերէն դրուագ մը որ պիտի կարենար դրդապատճառը ըլլալ ստեղծագործ մտքի մը, գրելու համար հին յունական ողբերգութեան մը գլխաւոր հատուածը։
Մեծ մայրս եւ իր սգաւոր ընկերուհիները յաճախ կը հանդիպէին, ոչ թէ սուրճ խմելու ու զուարճանալու, այլ լալու, ողբալու ու աղօթելու, ամէն մէկը իր կորուսեալներուն հոգիին հանգստութեան համար։
Այդ մութ խրճիդը, սեւազգեստ, անմխիթար, տխուր այրիներու ու որբերու ափսոսանքի ձայներով կը լեցուէր, եւ փոքրիկ Վրէժը - հազիւ 4-5 տարեկան - սրտնեղութեամբ ու սարսափով կը փողոքէր.-
- Տունը տաքցաւ, ես քրտնեցայ, թող երթա՛ն այս «սեւ» հիւրերը։ Եւ այս պատմութեան ալ տալով ուրախ վերջ մը քմծիծաղով մը կ'ամբողջացնէր իր յիշատակը։
- Անուշիկ ու սեւաչեայ երիտասարդուհի մը կը գտնուէր որ իրեն պտոյտի կը տանէր որպէսզի վատ տրամադրութիւնը բարեփոխուի ու զուարճանայ։
Մեծ մօրս սովորութիւնները
Ատանայի ջարդը, Իզմիրի կոտորածը, Բ. Համաշխարհային պատերազմը, Յունաստանի եղբայրասպան պատերազմը, զինուորական բռնապետութիւնը ու վարչակարգի ժողովրդավարական փոփոխութիւնը, պատմական իրականութիւններ էին, որոնց կարեւորութեան գիտակցութիւնը ունէր նէնէս, սակայն իր ժամացոյցին սլաքները կանգնած էին Իզմիրի այրած նաւահանգիստին սրտաճմլիկ պատկերին պահուն։
Այս աղէտը կը թունաւորէր իր յիշատակները ու մտածումները մինչեւ վերջ։
Տարիները անցան, զաւակները մեծցան, ընտանիքը բազմացաւ, փեսաներ, հարսեր ու թոռեր ունեցաւ եւ մեր նէնէն հոն ուր իրեն օգնութեան պէտք ունէին, միշտ ներկայ էր, կազմ ու պատրաստ, տունէ-տուն կ'օժանդակէր բոլորին։
Նէնէս մաքուր հայերէն չէր խօսեր, ան թրքախօս էր, սակայն կը փորձէր իր զաւակներուն եւ թոռներուն հետ միայն հայերէնով արտայայտուիլ եւ հպարտ էր որ քիչ մըն ալ գրել ու կարդալ գիտէր, քանի որ նախակրթարանի առաջին դասարաններու շրջանաւարտ եղած էր։
Ինքնազարգացումով կարողացած էր կարդալ մեր օրաթերթին՝ «Ազատ Օր»ին վերնագիրները։
Ան պատշգամը ոտքը ոտքին վրայ դրած ու հանգիստ նստած, բարձրաձայն կը կարդար ընկերային սիւնակները, «խօսքը մէջերնիս» հոգեհանգիստներուն ու թաղումներուն ծանուցումները եւ բաղդատելով մահացողներուն տարիքը իր տարիքին հետ, ինքզինքը միշտ աւելի երիտասարդ կը գտնար։
«Ազատ Օր»ը սիրեց ու կարդաց մինչեւ վերջ, հակառակ իր գուրգուրանքոտ աչքերուն խածախտի (ղլաւքոմա) պատճառաւ տկարացած ըլլալուն։
«Հայնոց»ի մեր տունը
Յաճախ կը կարօտնամ մեր «հին» տունը իր գեղեցիկ ու պզտիկ պարտէզը, որ մեր սիրելի դրացիներուն «Տէր Կարապետեան»ներուն տունէն կը բաժնուէր միայն ցած միջնապատով մը. իրենց անմոռանալի հայրը Եղիշէն՝ (ջարդէն վերապրող մը եւս, որ եկած էր Կիլիկիոյ Այնդէպ քաղաքէն) գիշերները երբ որ յոգնած կը վերադառնար գործէն, իր երկու աղջիկներուն Գոհարիկին ու Լուսիկին, բարձրաձայն կը սորվեցնէր «Հայր Մեր»ը եւ ստիպուած կը հետեւէինք մենք ալ, երեք Գալայճեան քոյրերը։
Հայր Մերին կը յաջորդէր հայերէն այբուբենը ու վերջանալով հայոց պատմութեան -ըստ Եղիշէի- հին ու նոր կարեւոր դէպքերը, իր իւրայատուկ ձեւով. քիչ մը խառնակ ու անկապ՝ ժամանակներու ճամբորդութեան մը նման. քաջ Վարդանը ու Անդրանիկը, Մեծն Տիգրանը ու Սասունցի Դաւիթը, միշտ յաղթական ու թուրքը միշտ պարտուող։ Ես մեծցայ, դպրոց գացի եւ հո՛ն զարմանքով ու յուսախաբութեամբ հասկցայ որ քաջ Վարդանը զոհուեցաւ Աւարայրի դաշտին վրայ։ Պարսիկներուն եւ ո՛չ թուրքերուն հետ պատերազմի ընթացքին։
Մեր պզտիկ ու աղքատ բակերուն մէջ կը հնչէին հայկական երգերը, աղօթքները ու պատմութիւնները։ Մեր բոլոր յոյն դրացիները - ուզեն չուզեն-, ու մեծ մայրիկս, կը հետեւէին այս նորաձեւ դպրոցի դասերուն մեծ լրջութեամբ եւ մեզի կը քաջալերէին իրենց անկեղծ ծափահարութեամբ։
Անմոռանալի արկած մը
Այս նոյն պզտիկ բակին մէջ 1967-ի ամառնային գիշեր մը, նէնէս սահեցաւ, ինկաւ ու կոտրեց իր աջ ոտքն ու կողը։ Բժիշկները մտահոգուեցան իր կեանքին համար եւ հարց կուտային իրարու եթէ պիտի կարողանար ոտքի ելել ու քալել։ Ան 85 տարեկան էր եւ ծանր յօդացաւէ կը տառապէր, ուրեմն բժշկական անձնակազմի տուեալները յուսահատական էին։
Նոյն վախերով «Մոնթրէալ»էն Աթէնք հասաւ հօրաքոյրս Կիւլան, մօրը հոգ տանելու եւ մեր ընտանիքին օգնելու համար։ Հօրաքոյրս հասկցաւ դժուար կացութիւնը եւ տրամաբանականօրէն դատեց թէ մայրը ամենալաւ պարագային յետ այսու պիտի չի քալէր։
Որոշեց ուրեմն իր ծեր մօր հագուստները, կօշիկները ու վերարկուները նուիրել աղքատներուն։ Սակայն բազմաժամ գործողութենէ եւ ապագինման քանի մը օրերէ ետք, Սուրբիկ տուտուն, ոտքի ելաւ եւ ուրախ լուրերը շատ շուտ տարածուեցան եւ բոլոր բժիշկները զարմացած ու հիացած իրեն մօտենալով ու զուարթ տրամադրութեամբ կը հարցնէին.-
- Մեծ մայրիկ, ի՞նչ կ'ուտես որ մարմինդ այսքան զօրաւոր է ու ոսկորներդ ալ տոկուն, պաստրմա՞ ու սուճո՞ւխ։
Նէնէս տուն վերադարձաւ ոտքի, սակայն յենած գաւազանի մը վրայ։ Այս գաւազանը բոլորս միասին գործածեցինք, ամէն մէկս իր կարիքներուն համաձայն։
Մենք՝ տունին պզտիկները, գաւազանին օգնութեամբ մեր բակի թզենիին բարձր ճիւղերէն վար կ'իջեցնէինք հասուն թուզերը եւ կ'ուտէինք։
Մամաս գաւազանով կը թօթուէր տան ծանր գորգերը ու կարպետները իսկ մեր չարաճիճիութիւններուն պատասխան կուտար անոր շարժումին սարսափով։
Իսկ նէնէս գաւազանը բռնած կը փորձէր այս նոր իրականութեան հետ հաշտուիլ եւ նորէն ոտքի կ'ուզէր մեր քովը ըլլալ որ կատարէ իր պարտականութիւնները։
Մեր բակին մէջ մնաց, մոռցուած հաշմանդամական աթոռ մը, որ մեր մանկական նորաձեւ ու արտասովոր խաղերուն մաս կը կազմէր։
«Բարի» օրինակ մըն ալ տամ, շատ անգամ խեղճ նէնէիս կը ստիպէինք որ նստի աթոռին վրայ եւ խնդալով ու պոռալով իրարու կը հրէինք իրեն։ Մինչեւ որ կը սկսէր պոռալ «աման անա՜մ, աման անա՜մ» եւ մամաս գաւազանը ձեռքը մեզի կը հալածէր։
Երբ ձմեռը վրայ հասաւ, մեծ մամաս ըստ սովորութեան, Կիրակի օր մը ուզեց եկեղեցի երթալ։ Ի զուր փնտռեց իր հագուստները ու մամայիս հարցուց.-
- Պերճուհի, ո՞ւր են պաշտօնական հագուստներս, այս Կիրակի եկեղեցի երթանք միասին։
Մամաս իր եզակի ձեւով պատասխանեց եւ կացութիւնը յստակացուց։
- Աղջիկդ Կիւլան, աղքատներուն նուիրեց։
- Ինչո՞ւ։
- Ինչու չկայ, անոնք մոռցիր։
- Օ՜ն, ուրեմն, գնե՛նք նոր շորեր, հինցնելու նպատակով։
Եւ իր խօսքին տէրը դառնալով հինցուց բաւական հագուստներ ու կօշիկներ ալ։
Սեդա Գալայճեան-Կարինեան
(Վաղուայ թիւով կ'ամբողջացնենք գրութիւնը)