«Ես տակաւին կ՛ապրիմ իմ անցեալիս հետ: Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ այսօր տխուր եմ»:
Հետաքրքրական է մարդ անհատին կեանքը: Ունի սկիզբ, բայց նաեւ՝ վերջ: Բայց այս երկու միաւորները զիրար կամրջողը ապրուած իրականութիւնն է, որ եթէ մէկ կողմէ կը լեցնէ, բայց նաեւ կ՛արժեւորէ եւ իմաստ կու տայ իւրաքանչիւրին՝ ինքն իր պարունակին մէջ:

Իւրաքանչիւրը կը լեցնէ իր պարունակը՝ իր տեսադաշտէն, բայց նաեւ փորձառութենէն ու տիրող տրամադրուածութենէն…: Այս ընթացքին անպայմանօրէն կը փորձուիս դառնալ ետեւ եւ անցեալին նայիլ…: Մերթ անձկութեամբ, թերեւս նաեւ ցաւով եւ վիշտով, բայց կը բերես այդ բոլորը դարձեալ այսօրուան՝  փորձելով զայն տանիլ վաղուան, ապագային:
Վարդան Թաշճեանին համար այս անցեալի պարունակը «լեցուն» է…:
Այսօր Վարդան խօսիլ կու տայ իր մասին՝ որպէս կիպրահայ վաստակ շահած գեղանկարիչի, եւ որուն գեղարուեստական աշխատանքները անցած էին աշխարհագրական սահմաններն ու ցամաքամասեր եւ տարածուած քիչ մը ամէն տեղ…: Բայց եւ այնպէս Վարդան նաեւ եղած է մանկավարժ եւ դաստիարակ, երկար տարիներով նուիրուած ուսուցչական ու տնօրէնութեան պաշտօնին եւ առաքելութեան՝  Լիբանանէն սկսած, բայց մասնաւորապէս Կիպրոսի Մելգոնեան  եւ Նարեկ ազգային վարժարաններուն մէջ:
Վարդան Թաշճեան կը սիրէ բանալ անցեալի պարունակը, քանի որ կը հաւատայ, թէ կ՛ապրի «իր անցեալին հետ», բայց երբեք ներկան տխրեցնելով…»:
Իսկ Վարդանին անցեալը կը սկսի Պուրճ Համուտէն…:
Ծնած է Նոր Մարաշի հայաբնակ թաղամասը: Ընտանեկան պայմանները՝ համեստ, բարեկեցիկ եւ երեւի նիւթական «քաշքշուող» իրավիճակներով…: Բայց ինչպէ՞ս պատկերացնել աւելի տարբերը, երբ հայրը՝ Դաւիթ, պատկանած է «Մանկութիւն չունեցող» երեխաներու փաղանգին եւ Անդրանիկ Ծառուկեանին հետ ապրած է Հալէպի որբանոցային կեանքը՝ ինքն ալ ըմպելով հայ պատանիին «ուրախ-տխուր» օրերու բաժակէն…: Բայց կայ նաեւ աւելին…: Դաւիթ անցած է մէկ որբանոցէն միւսը՝ Հալէպ, Պէյրութ եւ Երուսաղէմ, մինչեւ որ գտած է իր հարազատ ծնողքը եւ միացած անոնց՝  վերակազմելու հայկական տոհմիկ երդիքը Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշի թաղամասին մէջ…:
Վարդան ծնած ու ապրած է այդ երդիքին տակ…: Հայր, մայր, մեծ ծնողք եւ տակաւին երեք եղբայր եւ քոյր…: Ութ հոգի՝  բոլորը մէկ յարկի տակ…: Թէեւ անցուկ եղած են նիւթական պայմանները, բայց տունը եղած է ջերմ՝  սիրոյ եւ ուրախութեան մթնոլորտով ողողուն: Ասիկա հայկական «իրական» կեանքն է, զոր ապրած է հայը Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, հայը սորված է երջանկութեան եւ սիրոյ կեանքը կերտել «մահուան շուքի ցորի» փորձառութենէն ետք…
Վարդան նախակրթութիւնը ստացած է Քառասուն Մանուկ վարժարանին մէջ: Այստեղէն սկսած է մէկ-մէկ կազմուիլ «անցեալէն» դէպի «ներկայ» շաղկապուող իր կեանքը: Վարդանի համար Պուրճ Համուտի իւրաքանչիւր օր, անկիւն եւ թաղամաս մէկական յիշատակ են…: «Սինեմա Արաքս»-ը իր օրերուն հայ պատանիին ժամանցի լաւագոյն վայրն էր, բայց նաեւ նոյն այդ բեմահարթակին վրայ Վարդան սկսաւ թատերական կեանքի իր առաջին փորձերուն՝  հետագային իր մէջ աւելի զարգացնելու համար նաեւ մշակութային այդ մարզը…: Պուրճ Համուտի մեծ ու պզտիկ բաղնիքները…: Հայկական սովորութիւններու համաձայն, շաբաթական դրութեամբ բաղնիք երթալու եւ լոգնալու կենցաղը…: Վարդան կը զգար, թէ այդ կանաչ քարի ուժգնութեամբ մեծ օճառները ո՛չ միայն զինք ֆիզիքապէս պիտի մաքրէին, այլ նաեւ պատրաստէին զինք հոգեպէս՝  վաղուան կեանքին…:
«Պէյրութ գետը՝ Նահրի երկայնքին, մեր չարաճճիութեան տեղն էր», կ՛ըսէ Վարդան: «Գորտ կը բռնէինք գետին մէջէն», կը շարունակէ եւ կը յիշէ նաեւ, թէ ինչքան համեղ կ՛ըլլայ այդ գորտին միսը:
Վարդան կ՛ապրէր նաեւ Պուրճ  Համուտի այդ օրերու «հերոսներուն հետ», որոնք իրենց մասին խօսեցնել կու տային: «Պոքսէր Արամ»-ը եւ «Էսքեր Միսաք»-ը, տակաւին ուրիշներ, որոնցմէ՝  «եթէ քիչ մը կը վախնայինք», կ՛ըսէ Վարդան, «բայց նաեւ կը խօսէինք անոնց սխրագործութիւններուն մասին: Մեր պատանեկան երեւակայութեան մէջ անոնք անհասանելի մարդիկ էին»:
Վարդան այսօր՝  նստած պաստառին ետին, կը գծագրէ…: Կը գծէ ընդհանրապէս բնութիւնը եւ այդ բնութեան ընդմէջէն կը փորձէ դուրս հանել սէրը եւ երջանկութիւնը: «Ես կը գծեմ այն, որ կը զգամ, եւ ոչ թէ կը տեսնեմ»: Վարդան այսօր կը զգայ սէրը եւ երջանկութիւնը, քանի որ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերուն լեցուց այս արժէքները  իր կեանքի պարունակին մէջ եւ շալկեց տարիներ շարունակ՝ հասնելով ներկայ օրերուն: Բայց իր շալկած սէրը եւ երջանկութիւնը չպահեց իր անձին ու եսին համար, այլ կեանքի իր ճանապարհորդութեան ընթացքին բաժնեկցեցաւ այդ բոլորը իր ընտանիքին, ազգին ու շրջապատին հետ: Եթէ մէկ կողմէ բաժնեկցեցաւ իր գեղանկարչական ու ստեղծագործական աշխատանքներուն մէջէն, բայց նաեւ՝ իր կրթական ասպարէզին միջոցով ու ընկերային լայն շրջանակի ճամբով: Վարդան իր արուեստին միջոցով նաեւ բաժնեկցեցաւ իր հոգին՝ «բարեկամութեան» եւ «հաղորդականութեան» մարդկային արժանիքներով: Այս  արժէքները ան նկատեց որպէս գլխաւոր գրաւական մարդկային կեանքի յառաջխաղացքին: Վարդան բնութեան մէջէն ուզեց դուրս բերել ստեղծագործական եւ արդիւնաւէտութեան հաւատալու եւ հասնելու մարդուն իտէալը: Ահա թէ ինչո՛ւ Վարդան յաճախ գծեց ծառը եւ ծառաստանը, քանի որ անոր մէջ տեսաւ պտուղը, տերեւը, շուքը, փայտը եւ այն բոլորը, որ արդիւնք կու տայ եւ կը նպաստէ հաւաքական կեանքին…: Կ՛արժէ, որ մարդը հաւատայ՝ ինչպէս ինք կ՛ըսէ. «Դրական կեցուածքին եւ հոգիին»: Որովհետեւ դրական հոգին է, որ արդիւնք կու տայ…:
Վարդան Թաշճեան այսօր հպարտ կիպրահայ եւ կիպրացի քաղաքացի է, որ կը սիրէ ու կառչած է այս երկրին: Իր կեանքը եւ աշխատանքը կ՛ուզէ ի սպաս դնել մէկ կողմէ հայ ժողովուրդին, բայց նաեւ Կիպրոսին: Բայց Վարդան կը նայի նաեւ ետեւ՝ անցեալի իր կեանքին, Պուրճ Համուտին եւ անոր թաղամասերուն, ուր լեցուց իր կեանքի պարունակը սիրով ու երջանկութեամբ, եւ որուն համար երախտապարտ է եւ ուրախ:
Իւրաքանչիւր Պէյրութէն վերադարձիս՝  Վարդան  կ՛ուզէ լսել ինձմէ Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մասին: «Խապրիկ» մը ստանալու ցանկութեամբ՝  կ՛ուզէ գիտնալ, թէ ի՞նչ կը պատահի իր «մանկութեան օրերու Պուրճ Համուտին մէջ»:
«Վարդանի անցեալը» իւրաքանչիւր հայուն անցեալը չէ՞ արդեօք…: Հիւղաւաններէն եւ որբանոցներէն կերտուած կեանքեր, որոնց ընթացքին համեստ  պայմաններու եւ երդիքներու տակ կոփուեցան սիրոյ եւ երջանկութեան հոգիներ…: Բայց չէ՞ որ այս հոգիները  ապրեցուցին եւ վերապրեցուցին հայը…: Եւ Վարդան Թաշճեան որոշեց իր կեանքի պարունակը լեցնել նոյն այդ սիրոյ եւ երջանկութեան հոգիով, որուն միջոցով իր կեանքը դարձաւ արդիւնաւէտ:
Երեքշաբթի, 12 նոյեմբերին Նիկոսիոյ թատերական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդան Թաշճեանի քառասուն տարիներու նկարչական-ստեղծագործական աշխատանքին նուիրուած յարգանքի երեկոյ, նաեւ՝  իր գեղանկարչական պաստառներու ցուցահանդէս: Վարդան իրեն յատուկ սրամտութեամբ եւ կատակով ինք իր նկարներուն նայելով եւ ցոյց տալով՝  կ՛ըսէ. «Ա՛յս նկարներուն ետեւը կեցողը Պուրճ Համուտի տղան է…»:
«Վարդանի անցեալը» թէեւ սկսաւ Պուրճ Համուտէն, բայց հոն չմնաց: Անցաւ սահմաններէ, ստեղծագործեց եւ արտադրեց…: Իսկ այսօր ետեւ նայելով՝ միշտ երախտապարտ եւ ուրախ կը շարունակէ իր կեանքը եւ ինչպէս որ ինք կը հաւատայ՝ «Կեանքը պարապ պաստառ մըն է, լեցնելով զայն՝ կը լեցնես կեանքդ»:
Վստահաբար արժէ կեանքը լեցնել սիրով եւ հաղորդականութեամբ, քանի որ այս արժանիքներն են, որ արդիւնք կու տան…: Հայը պէտք է շարունակէ հաւատալ արդիւնաւէտ կեանքին հասնելու տեսլականին:
«Վարդանին անցեալը» անպայմանօէն իւրաքանչիւր հայունն է: Այս «անցեալ»-ի ուժով՝ հայը կ՛ապրի այսօրը եւ կը նայի վաղուան:


ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ