Աստուածային նա   խախնամութեամբ կամ Պառնասեան մուսաներու ներգործութեամբ՝ Արշաւիր ծնած էր հայկական երկհազարամեայ թատրոնին ծառայելու համար։

Սկսեալ 1958-էն մինչեւ 80-ական թուականները մօտէն ապրեցայ ու շփում ունեցայ Արշաւիրի հետ։ Պատճառը, Ծաղիկի հետ իմ երկար աշխատակցութիւնս դաշնամուրով ընկերակիցի դերով։ Երգի փորձերու դադարին իր խօսակցութեան նիւթը  թատրոն եւ հայ մշակոյթն էր։ Իր պարապ ժամերուն կ'ընդօրինակէր կերպարուեստի վարպետներու այդ գործերը, որոնք Կոմիտաս կամ յարակից նիւթեր կը ներկայացնէին... Իսկ փորձի  ժամանակ երկիւղած կը հետեւէր ու թէեւ բազում անգամներ իր լսած ձայնն ու երգերն էին՝ յարատեւ կþարտասուէր։
Ամենադաժան օրերուն, երբ խումբով այցելած էինք Գազանճեանները 1985-ի ամրան, պահ մը Արշաւիր զիս առաջնորդեց ներսի սենեակը եւ այդտեղ վերլուծեց, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բեմադրել Ստամպոլցեանի «Մեծ լռութիւնը», որ գաղտնօրէն բերած էի հայրենիքէն։
Սակայն Արշաւիրը ունէր -երիտասարդութեան ժամանակ  տարիքի յատուկ հիւմորը, որով անակնկալ կատակներով կը «խծբծէր» ընկերներուն։ Արշաւիրը -որպէս աքորտէոնիստ- ստեղծած էր փոքր համոյթ մը, որով կը ներկայացնէր (մինչեւ օրս անկրկնելի) օփերէթներ...
Ընտանեսէր, զգայուն, հաւատարիմ կողակից, մշակոյթի մարդ եւ մանաւանդ ազգասէր-հայրենասէր, Արշաւիր երբեք չարժանացաւ իր երազած Հայաստանը տեսնել։  Մի գուցէ նախընտրելի էր այդպէս, քանի փաստեց իր ուղղամիտ՝ կեցուածքով, թէ հայ արուեստագէտ ըլլալու համար կը բաւէ հոգեկան ենթահողը։


Յ. ՃԷԼԱԼԵԱՆ