Երկրագունդի դժբախտներու հաւաքուած ցամաքամասն է Ափրիկէն: Սա իրողութիւնը փաստող լաւագոյն ապացոյցը ըլլալ կը թուի աշխարհի տիեզերքէն դիտուած գիշերային տեսարանը: Պլպլացող լոյսերը զարգացումի կամ հարստութեան ցուցանիշներն են:

Յստակ կը տեսնենք թէ հիւսիսային կիսագունդը լոյսի ծով է, իսկ հարաւայինը խաւար: Այդ խաւարի ամէնախորը կը ցոլայ Ափրիկէէն:

Սակայն եկուր տես որ Մատիպան յուղարկաւորող Ափրիկեցին շնորհիւ իր հերոսին, աշխարհի ամէնայաղթական ցեղը ըլլալու ինքնավստահութեամբ տոգորուած է: Կեղծաւոր արեւմուտքի նախագահները, վարչապետները, արքաները Ափրիկէ փութացած են երբեմնի արհամարուած ահաբեկիչին յիշատակին առջեւ խոնարհելու համար: Կեղծաւոր երկերես եւրոպացին բազում դարեր կեղեցելէ ետք աշխարհի այս դժբախտ հատուածը, մինչեւ Ի. դարու վերջերը յամառած էր հոն թողած ցեղակիցներուն զօրակցելու:

«Ափարթայտ» կոչուած ու ցեղային խտրականութիւնը օրինակացնող վարչակարգը իրականութեան մէջ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն էր: Բայց արեւմուտքը իր «քաղաքակիրթ» արդի փիլիսոփայութեան մէջ անտեսելով այդ յանցագործութիւնը, ինք ալ ահաբեկիչ հռչակած էր մարդկութեան պահապան հրեշտակ Նելսոն Մանտէլան:

Թերեւս այդքան հեռու երթալու ալ կարիք չկայ: Յիշենք որ Աթաթիւրքի յիշատակին ձօնուած Թուրքիոյ պետական մետալը շատ արդար պատճառաբանութիւններով մերժելէ ետք, երկրին կարեւոր թերթերէն «Հիւրրիյէթ» չէր վարանած մեծատառ «Տգեղ Ափրիկեցի» գրելու: Այդ նոյն թերթը եթէ այսօր կը համարձակի անցեալի «Տգեղ Ափրիկեցին» փառաբանելու, կը վստահի միայն մարդկանց միտքի մոռացութեան ախտին:

Նելսոն Մանտէլա մեր ժամանակներու հերոսն է անկասկած: Ան հերոսացաւ իր պայքարելու աննկուն կամքով: Կեանքի 27 տարիները անցուց բանտախցիկի մը մէջ, առանց պահ մը իսկ կորսնցնելու իր հաւատքը: Հաւատք՝ արդարութեան, հաւատք՝ մարդկութեան, հաւատք՝ երկրի: Ու եթէ յաղթեց Մանտէլան, յաղթեց՝ հաւատքով:

Հակառակորդները փորձած էին բռնի ուժով յաղթել զինք, իսկ ան յաղթեց խղճով միայն: Երբ իշխանութիւնը գլխաւորեց, չդիմեց վրիժառութեան: Առիթ ընծայեց որ մարդիկ առերեսուին իրենց նախկին արարքներուն հետ: Երկրի բոլոր հաղորդակցութեան միջոցները օրեր, շաբաթներ, ամիսներ, նոյնիսկ տարիներ շարունակ տուժածներու, վնասուածներու, ճնշուածներու տառապածներու աղաղակելու հարթակները դարձան:

Ի զուր չէ որ յուղարկաւորութեան արարողութեան Թուրքիա կը մասնակցէր վարչապետի օգնականի մակարդակով:

Միւս կողմէ նորակազմ ՀՏՓ կուսակցութիւնը իր համանախագահներով փութաց Հարաւային Ափրիկէ: Չէ որ Նելսոն Մանտէլա երկրի բոլոր տուժածներուն հալածուածներուն եւ անտեսուածներուն ներշնչման աղբիւր է:

Իսկ ան ի՞նչ պատգամ ունի հայ ժողովուրդին համար: Ինչով է օրինակելի մեր երկարաշունչ արդարութեան պայքարին մէջ: Կարծես հայը պարտի իր գդակը առջեւը առնէ եւ լրջօրէն մտածէ թէ ինչը ինչու եւ ինչպէս ընելու է թէ իր ապագան կերտելու եւ թէ արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար:

Տեսնելով Մանտէլայի օրինակը, հանգիստ սիրտով պիտի կրնանք ըսել թէ այդքան ալ բարդ հարցում մը չէ: Եւ այսպէս Մատիպան աւարտեց այս աշխարհի վրայ իրեն վիճակած ժամանակահատուածը: Մեր քննութիւնը կը մնայ մեր գլխին: Թէ որքան կը յաջողինք կամ որքան կը սայթաքինք, թողունք ժամանակի կշիռքին:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ
«Ակօս»