Քառասուն օրեր առաջ յաւիտենականութեան ճամբան բռնած իրենց երէց ընկերոջ՝ Արշաւիր Գազանճեանի յիշատակին գրի առնուած են երկու հետեւեալ անձնական վկայութիւնները
«Երբ դու արդէն հեռուն ես...»
Ֆրանսական ասացուածք մը կ'ըսէ «Հեռանալ սիրելիներէ, մի քիչ մեռնիլ կը նշանակէ»։ Երեւակայեցէ՛ք ուրեմն որչափ ծանր է առ յաւէտ բաժնուիլը անոնցմէ։ Սիրելի անձի մը կորուստը տխրութեամբ ու կսկիծով կը լեցնէ հարազատներու եւ բարեկամներու սրտերը։
2013-ի աշունը դարձաւ աւելի մելամաղձոտ, երբ իր առաջին անձրեւներու կաթիլները խառնուեցան Աթենահայութեան արցունքներուն, քանի տխուր այս եղանակը խլեց իր ընտրեալ զաւակներէն գեղարուեստի սիրահարը եւ համեստ սպասարկուն միանգամայն, բոլորիս սիրելի ընկ. Արշաւիրը։
Իր մահուան քառասունքին առթիւ փափաքեցայ իմ եւս ապրումները արտայայտել որպէս յարգանքի տուրք իր բազմամեայ վաստակին։ Իր մահուան գոյժը հասաւ ինծի «Ազատ Օր»ի էջերէն։ Մտածումս յանկարծ թռաւ հեռու, ետդարձ մը ընելով հասաւ մօտաւորապէս 60 տարիներ առաջ։ Աչքերուս առաջ պարզուեցաւ իմ առաջին ծանօթութիւնս իր հետ։
Երիտասարդ, աշխոյժ, ժպտերես պարոն մը իր ցուցմունքներով մեզ կ'առաջնորդէր ինչպէ՞ս կենալ բեմի վրայ, ինչպէ՞ս արտասանել մի քանի նախադասութիւն, տրուած ըլլալով, որ մի քանի փոքրիկներ հարկ էր որ Շիրվազանդէին «Նամուս»ը թատրերգութեան մէջ հերոսներու մանկութիւնը մարմնացնէինք։ Հասաւ ներկայացման օրը։ «Զաւարեան» սրահի մէջ տեղի պիտի ունենար ան։ Այդ օրը եւս մանուկ հասակիս ճանչցայ ընկ. Արշաւիրը, որպէս բեմադրիչ, նուագախումբի ղեկավար, կեդրոնական դերակատար։ Բծախնդիր, համբերատար, անխոնջ, իր հոգիէն մաս մը կու տար թատրերգութեան մը պատրաստութեան։ Ապացոյց՝ իր պատրաստած ներկայացումներու բարձր որակը, որ կը հրամցնէր իր սիրելի հանրութեան եւ կը ստանար շնորհաւորութիւններէ աւելի շնորհակալութեան խօսքեր։ Իր բնածին տաղանդը եւ անսպառ սէրը մշաշոյթի հանդէպ այնքան մեծ եղան, որ տարիներ շարունակ զարգացուց Աթենահայութիւնը իր պաշտած արուեստի ընդմէջէն։ Իր առաջին աշխատանքները մնացին հայաշատ շրջաններու բեմերուն վրայ, սակայն շատ արագ անոնք փոխադրուեցան Աթէնքի կեդրոնական բեմերու վրայ։
«Կարմիր Ժայռը», «Քննիչը», «Չարշըլը Արթին աղա» օփերէթը, «Կոմիտաս» եկան դրոշմելու մեր մշակութային կեանքը։
Անմոռանալի պիտի մնայ ինձ համար իր մեկնաբանութիւնը «Կոմիտաս» վարդապետի դերով։ Պատիւը ունեցայ իր կողքին գտնուելու բեմին վրայ եւ հետեւելու իր ապրումներուն։ Այնչափ խորը կը թափանցէր իր դերին, որ իր ապրումներէն չէր կրնար ձերբազատուիլ նոյնիսկ երբ վարագոյրը կ'իջնէր։ Ան կը շարունակէր արտասուել իր բարեկամներու գրկին մէջ, որովհետեւ անոնք կը փութային իր մօտ շնորհաւորելու համար իր մեկնաբանութիւնը։
Երկար տարիներու ընթացքին ընկ. Արշաւիրի նպատակը տկարութիւն չի ճանչցաւ։ Իր կարողութիւնները համեստութեամբ ի սպաս դրաւ իր ժողովուրդին, մերթ յուզելով, մերթ ծիծաղ սփռելով։
Սիրելի ընկ. Արշաւի՛ր,
անցար յաւիտենականութեան, սակայն գործդ պիտի մնայ միշտ եւ յիշատակդ անմար մեր սրտերուն։ Մեր ականջներուն ձայնդ բամբ եւ արտայայտիչ կը հնչէ տակաւին։
Յիշատակդ անթառամ սիրելի՛ «վարպե՛տ»։
Ս. Ս.
* * * * * * * * * * * * * * * * * * * *
ԱՐՇԱՒԻՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ...
Մօտաւորապէս քառասուն օր առաջ մեզմէ առ յաւէտ (գոնէ մարմնապէս) բաժնուեցաւ գաղութիս ամէնատաղանդաւոր ու հայ թատրոնի ծառայողներէն, բեմադրիչ ու դերասան Արշաւիր Գազանճեանը: Իր կեանքին ու գործին մասին ոմանք գրեցին ու վստահ եմ որ շատեր եւս պիտի գրեն տակաւին, այնպէս որ իմ կողմէս ալ իր կեանքին ու գործին անդրադարձող յօդուած մը եւս աւելցնելը, չեմ կարծեր որ որեւէ նպատակի պիտի ծառայէր: Ես կը նախընտրեմ պատմել դրուագ մը, ներկայացնելու համար ձեզի Արշաւիրի նկարագիրին կատակասէր բաժինը:
«
Շանկհայի գեղուհին». Լուսանկարին մէջ դերակատարներ՝ Արշաւիր Գազանճեան, Եղիս Թերզիպաշեան, Սերգօ Մինասեան, Արթօ Աբարթեան, Կարօ Ղեւոնդեան
Ուրեմն մտքի ուժով փորձենք ճամբորդել դէպի անցեալը, թուականէս մօտաւորապէս քառասուն տարիներ առաջ...
-Եկո՛ւր խօսէ, պարոն Գազանճեանը քեզի կ’ուզէ կոր, ըսաւ մայրս, հեռաձայնին ընկալուջը ինծի երկարելով:
Պատասխանեցի, գրեթէ վստահ ըլլալով թէ ինչ կրնար ըլլալ Արշաւիրին ինծմէ ուզածը: Շիտակ հասկցած էի: Խանդավառ Արշաւիր մը, սկսաւ խօսիլ ընկալուջի միւս ծայրէն:
-Նոր թատերական մը պիտի պատրաստենք. դեր մը կայ, կարծես ճիշդ քու վրադ չափուած կտրուած է: Չի մերժես նախքան կարդալդ: Հինգշաբթի օր հանդիպում մը պիտի ունենանք մնացեալ դերակատարներուն հետ: Կ’ուզեմ որ անպայման դուն ալ ներկայ ըլլաս... նայիր, դերդ շատ պիտի սիրես:
Չի կրցայ փախուստ տալ, անանկ որ որոշուած օրը ներկայ եղայ հանդիպումին: Ծրագրուած էր ներկայացնել Կոկոլի «Քննիչը» թատրերգութիւնը: Իսկապէս շատ սիրեցի... սակայն ոչ այնքան ինծի վստահուելիք դերը, որքան... Արշաւիր Գազանճեան մարդը: Մինչեւ այսօր կեանքիս մէջ հազուագիւտ անգամներ (թերեւս Վազգէն Եսայեանէն բացի), ճանչցած եմ իրեն նման բարեսիրտ, համբերատար, զգայուն, ծառայող, անձնազոհ, այսպէս ըսուած (կը ներէք արտայայտութեանս համար, սակայն չի կրցայ աւելի յարմար բառ մը գտնել) «ճիհերլի» մարդ մը...
Դերերը բաժնուեցան ու որոշուեցան փորձերու օրերը: Արշաւիրը կ’աշխատէր հետեւեալ ձեւով: Նախ դերակատարները շրջանակ մը կազմած, կը կարդային իրենց յանձնուած դերերը, ապա որոշ օրեր տեղի կ’ունենային, ասանկ ըսուած, աւելի «կեդրոնական» դերերուն փորձերը:
Արթօ Աբարթեանին եւ ինծի վստահուած էին «քննիչին» ու իր սպասաւոր Օսիպին դերերը: Ուրեմն մեր երկուքին անձնական փորձերը տեղի կ’ունենային Արթոյի պապենական տան վերնայարկը գտնուող սենեակի մը մէջ, որ Արթոն կը գործածէր որպէս անձնական «մեկուսարան»:
Արշաւիրը մեզմէ խնդրած էր, որ շաբաթը գոնէ քանի մը անգամ քով քովի գալով կարդանք մեր դերերը, որոնք իսկապէս բաւական դժուար էին, միաժամանակ պարունակելով շատ երկար մենախօսութիւններ:
Մեր բեմադրիչին պատուէրին հնազանդելով, Արթոյին հետ քով քովի կու գայինք, սակայն ոչ թէ մեր դերերը կարդալու, այլ բացի անկէ, ուրիշ որեւէ այլ բան ընելու համար: Երգեր մտիկ կ’ընէինք, զանազան անյարմար պարբերաթերթեր «կ’ուսումնասիրէինք», կ"երգէինք, կը պարէինք ժամանակի օտար պարերը, կը տեսնես... երբ հազիւ քսան տարեկան ես երբեք լուրջի չես կրնար առնել քեզի վստահուած որեւէ պատասխանատու աշխատանք: Խե՜ղճ Արշաւիրը, թէեւ լաւ կը հասկնար մեր բոլոր «ծանծաղութիւնները», սակայն եւ այնպէս երբեք չէր բարկանար մեզի, եւ կը ջանար միշտ հասկացողութեամբ մօտենալ մեր երիտասարդ տարիքի հետեւանք... թեթեւութիւններուն:
Ուրեմն անգամ մը, երբ դարձեալ Արթոյին «մեկուսարանը» նստած, կը ջանայինք իբրեւ թէ սորվիլ մեր մենախօսութիւնները, կարծես թէ «անակնկալօրէն» մեր առջեւէն սկսան թռչիլ կոտոշաւոր, խորամանկ ու չարուկ փոքրիկ սատանաներ, որոնց ազդեցութեան հետեւանքով, որոշեցինք խաղ մը խաղալ մեր շատ սիրելի Արշաւիրին գլխուն: Ասանկով որոշեցինք, որ երբ իր հետ փորձ ընելու օրը հասնէր, մենք մեր դերերը մեկնաբանենք... հայերէնէ զատ, ասանկ ըսուած ուրիշ որեւէ աբեղ-ցբեղ ու անհասկնալի լեզուով...
Իսկապէս, մեր ծրագրածին պէս ալ ըրինք: Միասնական փորձի ընթացքին սկսանք խօսիլ այնպիսի լեզուով մը, որը անհասկնալի էր... նոյնիսկ մեզի համար: Այս մեր «թատերական խեղկատակութեան» գործադրումի ընթացքին Արշաւիրը մեզի բնաւ չընդմիջեց ու կրնամ ըսել, որ նոյնիսկ բաւական մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ մեր բոլոր խօսածներուն: Երբ վերջացանք, խորամանկութեամբ մը հարցուցինք իրեն.
-Ինչպէ՞ս էր պարոն Արշաւիր, հաւնեցա՞ք...
Սակայն այս անգամ Արշաւիրն էր որ մեզմէ, այսպէս ըսուած՝ «վրէժը պիտի լուծէր»:
-Բաւական լաւ էր, ըսաւ, կ’երեւայ կոր որ ձեր դերերը բաւական կարդացեր էք, սակայն պիտի ուզէի ձեզի մէկ քանի հատ փոքր ցուցմունքներ ընել: Նախ քեզմէ սկսելով Արթօ տղաս, հոն ուր կ’ըսես...
Եւ սկսաւ իր ցուցմունքները ընել, սակայն... ճիշդ մեր քիչ առաջուան խօսած, նոյն անհասկնալի լեզուով:
-Հասկցա՞ր տղաս, հարցուց Արթոյին:
Արթոն ոչինչ կրցաւ խօսիլ: Յետոյ իմ կարգս եկաւ, ու սկսաւ ինծի ալ խօսիլ ու «ցուցմունքներ» ընել, ճիշդ նոյն անհասկնալի լեզուով:
-Ուրեմն տղաք, կրցա՞ք հասկնալ թէ ինչպէս կ’ուզեմ որ մեկնաբանէք ձեր դերերը:
-Շիտակը պարոն Արշաւիր ձեր խօսածէն բառ մը նոյնիսկ չի կրցանք հասկնալ: Ի՞նչ լեզու էր ձեր այս խօսածը: Հարցուցի տեսակ մը ամչնալով:
-Մեղա՜յ Աստուծոյ... ճիշդ ձեր խօսած լեզուէն էր, ըսաւ Արշաւիրը ու կարծես զարմացած շարունակեց.
-Սակայն ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ դուք երկուքդ լեզու մը խօսիք այսքան սահունութեամբ, սակայն չի կրնաք ձեր այս խօսած նոյն լեզուն հասկնալ, երբ ուրիշ մէկը կը խօսի:
Սկսանք երեքով մէկ խնդալ: Այդ օրէն սկսեալ, նամանաւանդ Արթոն եւ ես լաւ հասկցանք, որ չի կրնար ըլլալ որ այսպէս ըսուած «ծեր աղուէսը յիսուն տարեկան ըլլայ, ու իր աղուէսիկները ... հարիւր»:
Երնեկ մեր կողմէն գրուած այս քանի մը տողերը, որպէս փոքրիկ ծաղկեփունջ մը ծառայեն, մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած, շատ սիրելի Արշաւիրի քաղցր յիշատակին...
Բարի ճամբորդութիւն, ուսուցիչ ու մեծ ընկեր: Յիշատակդ միշտ անմար պիտի մնայ մեր մէջ:
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ...
ՄԻՆՍԱՐ