Վար իջնելով վեր բարձրացիր,
Թէ ուզում ես անմահ մնալ,
Ժողովուրդիդ սիրտը դարձիր»

Մեզմէ առ յաւէտ հրաժեշտ առած յարգելի ու սիրելի անձնաւորութիւններու տարելիցներու ոգեկոչումը, անոնց յիշատակը մեր մտքին ու հոգիին մէջ անթառամ պահելու կը միտի:

1995: Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօն

Առիթներ են որ մեզմէ իւրաքանչիւրը անգամ մը եւս իր սիրոյ, յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրքը մատուցանէ եւ խոնարհի անոնց յիշատակին առջեւ։ Առիթներ են, նոր սերունդները հաղորդակից դարձնելու անոնց խօսքին ու գործին եւ լիցքաւորելու զանոնք, անոնց թողած աւանդներուն, պատգամներուն եւ տեսլականներուն արժանաւոր ժառանգորդները ըլլալու յանձնառութեամբ:

Այս օրերուն, մենք կ’ոգեկոչենք երկրային կեանքէն անդարձ մեկնած եւ երկնային կեանքի փառապսակին արժանի, յունահայոց հոգելոյս Առաջնորդ Տ. Սահակ Ս. Արք. Այվազեանի, այդ մեծ հայուն, տիպար մարդուն, առաքելաշնորհ հոգեւորականին, անձնուրաց քաջ ու բարի հովիւին վախճանման 10-րդ տարելիցը:

Անցաւոր մեր կեանքի ընթացքին, կը պատահին դէպքեր, եղելութիւններ ցնցող, քստմնելի, ականատես կ’ըլլանք պատկերներու սարսռազդեցիկ որոնք ամուր կը դրոշմուին եւ անջինջ կը մնան մեր հոգիին ու մտքին մէջ տեւաբար:

Թէեւ ժամանակը իր բարերար ազդեցութեամբ որոշ չափով կ’ամոքէ վիշտը, կը դալկացնէ պատկերները, բայց չի բուժեր վէրքը կը սպիացնէ միայն. չի ջնջեր պատկերը. կ’աղօտացնէ. այնպէս՝ ինչպէս՝ կրակին բոցը կը հանգչի, սակայն կայծը կը մնայ:

Ի՞նչպէս մոռնալ, ի՞նչպէս մտահան ընել իրաւ, 2003-ի Նոյեմբեր 23-ի չարագուղակ գիշերը, երբ քանի մը վայրկեանի մէջ, մեր անզուգական, ազնուական, սիրելի Սրբազանը մոմի պէս շիջեցաւ եւ յաւիտենականութեան գիրկը անցաւ:

18-11-1995: Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս ընդունելութիւն

Նոյեմբեր 29-ի այդ առաւօտը ջինջ էր արեւոտ, պայծառ. մեր գաղութին համար ցնծալի, հանդիսաւոր օր մը ըլլալու բոլոր նախադրեալներով: Մեծ շուքով կը տօնուէր Սելանիկի Ս. Ատուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան հարիւրամեակը, Մակեդոնիա Փալաս պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ: Սրահը լի էր յոգնախուռն բազմութեամբ. հոն էին արտասահմանէն հրաւիրուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններ, օտար հիւրեր, Աթէնքէն գաղութի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր...:

Պաշտօնական անձնաւորութիւններ ելոյթ ունեցան օրուան պատշաճ խօսքերով: Օրուան պատգամին փոխանցումը «Հուսկ բանքը» վերապահուած էր մեր Սրբազանին: Այդ օրուան իր խօսքը բացառիկ էր. հաւատերգութիւն, արարատերգութիւն եւ հայերգութիւն էր: Հոգիի պարպում մը, որ վարակիչ հաղորդականութեամբ մը գրաւեց եւ հմայեց ներկաները: Ես եւս խոր տպաւորուած, դարձայ սեղանակիցներուս եւ ըսի.

Մեր Սրբազանը բեմբասաց է. հռետոր է, հռետոր...:

Ուրախ էր ան. գոհ եւ երջանիկ, իր հոգիի պարտքը տուած ըլլալու բաւարարութեամբ կարծես. եւ ծափողջիւններու տարափին մէջ իր հոգեւոր զաւկին, Տէր Խորէն Ծ. Վարդապետին (այժմ Եպիսկոպոս եւ Առաջնորդ Յունաստանի հայոց) ձեռամբ, ստացաւ իրեն պարգեւուած յուշանուէրը, հայր ու զաւկի պէս ջերմօրէն ողջագուրելով զիրար... վերջին ողջագուրումն էր սակայն եւ ան երկու երեք վայրկեան ետք արդէն, անակնկալօրէն եւ աննախընթաց կերպով, իւղը հատած կանթեղի մը նման շիջեցաւ, իր հոգեւոր զաւկին, իր հոգեւոր եղբայրներուն եւ իր սիրելի ժողովուրդին գիրկը, որ մնաց արձանացած, շփոթահար եւ տօնահանդէսը վերածուեցաւ սգահանդէսի...:

Ճաճանչ մը կարծես գետնէն բարձրացաւ երկինք եւ անոր հոգին եթերները ճախրեց ու ան անցաւ յաւերժութեան գիրկը, անցաւ պատմութեան իր այնքան սիրած ու պաշտած երեք բառերը իր շրթներուն. Կանք, պիտի Լինենք ու դեռ Շատանանք:

Այժմ անոր կարօտած հոգին կը ճախրէ իր այնքան սիրած հայրենի բարձրաբերձ լեռներուն, կանաչագեղ դաշտերուն, հոսանուտ գետերուն, կապտաւուն լիճերուն, հոյակապ տաճարներուն եւ մթին վանքերուն վերեւ, խաղաղօրէն, հանդարտօրէն: 

Սրբազան Հօր հետ իմ ծանօթութիւնս եղած է դիպուածային։

Երկար տարիներ անցած են թէեւ այն օրերէն, սակայն կը յիշեմ, երբ ես Մելգոնեան հաստատութեան սանուհի, ամառնային օր մը, Կիլիկեան Միաբանութեան երկու աբեղաներ, այցելած էին հաստատութեան ամարանոց- վրանաքաղաքը: Անոնցմէ մին, Հայր Ատակը, իմ մէկ ընկերուհիիս ազգականն էր։ Երկրորդը, շէկ մօրուքով երիտասարդ հոգեւորական մը: Մենք, աղջիկներս, հեռուէն կը դիտէինք անոնց շարժումները եւ կը շաղակրատէինք: Ժամանակ մը ետք, մեր երգչախումբէն քանի մը անդամներ հրաւիրուեցանք, տօնական օրուան մը առթիւ, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը ճոխացնելու: Եւ ո՜վ զարմանք, այդ օր մեր վրանաքաղաքը այցելող շէկ մօրուքով աբեղան էր, որ Ծայրագոյն Գաւազանակիր Վարդապետի Իշխանութեան կը կոչուէր ...: Մենք նայեցանք իրարու: Արարողութեան աւարտին, Հայր Սուրբը իր օրհնութիւնը տուաւ հաւատացեալներուն: Այնպիսի տպաւորիչ եւ բիւրեղեայ ձայն մը ունէր, որ շատեր կը փսփսային իրարու.

Ի՜նչ ալ աղուոր ձայն ունի . եւ ի՜նչ երիտասարդ...:

Յունաստան վերադարձիս, առիթով մը հանդիպեցայ յունահայոց նորընտիր Առաջնորդին եւ ո՜վ զարմանք կրկին, տեսայ որ մեր Առաջնորդը ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ, այդ աղուոր ձայնով, շէկ մօրուքով վարդապետը, որուն Ծ. Վարտապետի կոչման ներկայ գտնուած էի Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Ես հպարտ էի եւ ուրախ, որ բոլորէն առաջ, ձեւով մը ծանօթ էի մեր Սրբազանին, որ ան Մելգոնեանցի էր եւ առաւել՝«ատանացի»։

Հոգելոյս Տ. Սահակ Ս. Արք. Այվազեան Առաջնորդի իր պաշտօնը ստանձնեց մեր գաղութին համար փոթոռկայոյզ ժամանակաշրջանի մը. գիտակցելով, որ իր առաքելութեան ճանապարհը վարդերով սըփռուած պիտի չըլլար. գիտակցելով որ այդ ճանապարհը կրնար ըլլալ «երկար սալարկուած կայծքարերով, եւ մուրտի փուշերով» (կը սիրէր Դ. Վարուժանը եւ անոր «Աղբիւրը Լոյսին »-ը) եւ սակայն ան քալեց այդ ճանապարհէն. դիմագրաւեց դժուարութիւններ, շրջանցեց խոչընդոտներ. իր սիրտը վիրաւորուցաւ իր դէմ արձակուած պարսաւանքներէ եւ լեզուագարութիւններէ. սակայն մնաց լուռ, աննկուն, այդ բոլորին դէմ վահան ունենալով իր առաքինութիւնները միայն:

Քառասուն եւ հինգ եւ աւելի տարիներ, որպէս քաջ ու բարի հովիւ, ձեռնհասութեամբ հովուեց իր հօտը եւ ջանաց զայն առաջնորդել դէպի «Աղբիւրը Լոյսին», այն խոր հաւատքով, որ «ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ’երթան վհատելու չէ» (ասոյթ մը որ յաճախ կը կրկնէր իր պատգամներուն մէջ): Թէ ամպրոպներուն կը յաջորդեն արեւաշող կապտաւուն երկինքներ, ծիածաններ:

Բնութիւնը զայն օժտած էր Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, մարդուն ծառայելու բոլոր արժանիքներով. շնորհներով. իրեն համար այլընտրանք չկար. ան սահմանուած էր հոգեւորական ըլլալու եւ ան անսաց իր սրտի ձայնին, ներքին այդ մղումին, ընդոծին իր այդ կոչումին եւ իր կեանքը նուիրաբերեց Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, մարդուն, ազգին:

Քառասուն եւ հինգ եւ աւելի տարիներ, տէրն ու ծառան եղաւ իր այդ կոչումին , ապրեցաւ եւ գործեց իր ժողովուրդին հետ, իր ժողովուրդին համար. բաժնեկից եղաւ անոր ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն, հրճուեցաւ անոր նուաճումներով, վերելքով եւ տագնապեցաւ անոր ձախողանքներով: Իր հոգիի ամբողջ ուժգնութեամբ փառեցաւ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան եւ պայծառութեան գործին. հայ կրթօճախներու, հայոց լեզուի պահպանման, ամրապնդման եւ տեւականացման ճիգերուն եւ այդ նպատակին իրագործման համար, բախեց պետական հաստատութիւններու դռները, անոնց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը ապահովելու առաջադրանքով:

Տէր կանգնեցաւ մեր մշակութային արժէքներուն եւ անոնց պահպանման. ջանաց մշակոյթ մշակել: Յառաջացուց կիրակնօրեայ դպրոցներ, փոքրերու եւ մեծերու դպրաց դասեր: Կը հաւատար եւ կը պատգամէր, որ մշակոյթ չունեցող ժողովուրդներ ուշ թէ կանուխ դատապարտուած են կորստեան:

Սիրեց իր ժողովուրդը եւ գերազանց սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ անկէ. անջրպետ չկար իր եւ իր ժողովուրդին միջեւ. իր սիրտը եւ գրասենեակը լայն բաց էր բոլորին առջեւ, առանց խըտրութեան: Իր հեզահամբոյր, ընկերային բնաւորութեամբ, համոզիչ անուշ լեզուով կը գրաւէր խօսակիցը: Առաքինութիւններով լի իր ներաշխարհը կ’արտացոլար իր դէմքին վրայ, իր աչքերուն մէջ, իր ժպիտին եւ արտաքին երեւոյթին վրայ, որ միեւնոյն ժամանակ ակնածանք եւ անմիջականութիւն կը ներշնչէր բոլորին: Կը վայելէր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու եւ կղերականներու յարգանքն ու համակրանքը:

Շնորհալի էր մեր Սրբազանը. յատուկ հակում եւ սէր ունէր երաժշտութեան հանդէպ. իր շրթներուն վրայ եւ հոգւոյն մէջ միշտ երգ կար ու նուագ: Երաժշտութիւնը հոգիի սնունդ էր իրեն համար. ապրելակերպ մը: Աւարտած էր երաժշտութեան բարձրագոյն ուսումնարաններ. դաշնակահար էր, խմբավար, երաժշտութեան ուսուցիչ եւ յօրինող:

Առիթով մը, լսելով դաշնակի վրայ իր ճարտար նուագածութիւնը, յարեցի.

- Սրբազան Հայր, եթէ հոգեւորական չըլլայիք երաժշտագէտ կրնայիք ըլլալ...: Պահիկ մը նայեցաւ, մնաց լուռ. ժպտեցաւ միայն:

Իր գրաւիչ բիւրեղեայ ձայնով մատուցած Ս. Պատարագները, հոգեկան վայելք էին. կը վերանար ու կը վերացնէր: Իր արտասանած քարոզները ազգաշունչ, բանաստեղծական պատկերաւոր ոճով, Արարատի կարօտով եւ զայն տուն բերելու տեսիլքով կը լիցքաւորէին ու կը գօտեպնդէին հաւատացեալները:

Յաճախ Պատարագէն ետք, երբ դպրաց դասի անդամներ կը հանդիպէին անոր, «ապրիք, ապրիք . լաւ էր, լաւ էր» կ’ըսէր. երբեմն ալ՝«լաւ էր, լաւ էր. բազմաձայն էր » կ’ըսէր կատակելով:

Մեր Սրբազանը այդ դէմքերէն էր որոնք կեանքէն իրենց անցքին, իրենց խօսքով եւ գործով, իրենց դրոշմը կը թողուն, իրենց պատմութիւնը կը գրեն:

Հոգելոյս Սահակ Ս. Արք. Այվազեան ուղեցոյց մըն է լաւին, բարիին, ազնիւին հասնելու. մեր ազգային աւանդներուն, տեսլականներուն առաջնորդող ճրագ մը, որմէ օրինակուելու են ընծայեալներ եւ նորահաս սերունդներ:

Ան արժանի է մեր եկեղեցական պատմութեան լուսապայծառ դէմքերու շարքին դասուելու, որպէս առաքինազարդ, արժանաւոր տիպար հոգեւորական: Իսկ մենք պիտի յիշենք զայն մեր մտքին ու հոգիին մէջ քանդակուած իր քաղցր յիշատակներով. երանութեամբ պիտի յիշենք աղուոր ձայնով , աղուոր խօսքով, ժպտադէմ, բարեսիրտ, ազնուական հոգեւորականը՝ մեր բոլորին Սրբազանը: 

Շաքէ Էլմասեան