Ձեռքը շատ գեղեցիկ ստեղծագործութիւն է մանաւանդ մէկը միւսէն տարբեր հինգ մատներու եւ այդ մատները պատշպանող եղունգներու շնորհիւ։ Մարդիկ ընդհանրապէս կ'անդրադառնա՞ն արդեօք ձեռք կոչուած մարմնական անդամին այս գեղեցկութեան։ Չեմ կարծեր։ Չեն անդրադառնար։

Գիտեմ որ աշխատանքի հետեւանքով կամ զանազան պատճառներով տգեղցած, կոշտացած ձեռքեր կան, բայց անոնք բացառութիւններ կամ զարտուղի օրինակներ են, ձեռքը իր սկզբնական եւ ընդհանուր պատկերին մէջ գեղեցիկ է։ Եւ գաղտնիք չէ անշուշտ որ կիներու ձեռքերը աւելի գեղեցիկ կը թուին քան թէ այրերուն ձեռքերը։

Եթէ խօսինք այրերու ու կիներու ձեռքերուն մասին, անպայման դիտել պիտի տանք որ երկու սեռերու միջեւ, այսինքն տղուն ու աղջկան միջեւ, սէրը ամէնէն առաջ կը սկսի ձեռքերու միացումով։ Մարդիկ ամէն օր իրենց առօրեայ կեանքին մէջ ո՜վ գիտէ քանի տասնեակ անգամ ուրիշի մը ձեռքը կը սեղմեն, ուրիշի մը ձեռք կուտան, ուրիշի մը ձեռքէն բան կ'առնեն, բայց ձեռքերու այդ միացումը ոչինչ է եթէ բաղդատուի զիրար սիրող տղու մը ու աղջկան մը իրարու ձեռքը բռնելուն հետ։

Մանչու ու աղջկան մը միջեւ սէրը կը սկսի ձեռքերու միացումով։ Բայց ասկէ աւելի կատարեալը կայ։ Եթէ այդ սէրը պիտի պսակուի ամուսնութեամբ, այն ատեն տղան աղջկան «ձեռքը պիտի խնդրէ»։ Հոս ալ ձեռքը բնականաբար խորհրդանշական դեր պիտի կատարէ զիրար սիրող երկու հոգիի համար։

Բայց ձեռքը հրաշալի գործ կը տեսնէ ո՛չ միայն կեանքի ու մեր առօրեայ ապրումներուն մէջ, այլ նաեւ մեր լեզուին մէջ։ Առօրեայ կեանքի մէջ ինչ շարժումներ ու գործողութիւններ կան որոնք իրենց պատկերացումը կը գտնեն «ձեռք» բառի գործածութեամբ։

Երբ դպրոցական էինք, մեր ուսուցիչը մեզի շարունակ հարցումներ կ'ուղղէր ու կը հրամայէր որ ով որ պատասխանը գիտէր, «ձեռք բարձրացնէր»։

Կեանքի մէջ սորվեցանք որ մարդու պարտականութիւնն է օգնել մէկզմէկու։ Եթէ բարի նկարագիր ունինք, անպայման «ձեռք կ'երկարենք» չքաւոր մարդուն օգնելու համար։

Եթէ մէկը օգնութեան պէտք ունի, անոր «ձեռքէն կը բռնենք»։

Իսկ եթէ մեր դիմացը կայ մէկը որ շատ ճարտար է ամէն մարզէ ներս, կ'ըսենք որ անոր «ձեռքէն շատ գործ կուգայ»։

Մարդիկ կան որոնց «ձեռքը թեթեւ է» եւ դիւրութեամբ կը կատարեն իրենց յանձնուած պարտականութիւնը։

Ուրիշներ ալ կան որոնց համար կը ստիպուինք ըսել թէ «ձեռքը երկար է», կը գողնայ կամ յափշտակելու հակում ունի, եւայլն։

Ոմանց «ձեռքը ծանր է», եթէ սանկ մը դպին մէկուն, արդէն ծանր հարուածի արդիւնք կը ստեղծեն։

Ուրիշներ ալ քիչ մը անճարակ են, անոնց «ձեռքէն գործ չի գար»։

Եթէ մէկը գործի մը իրականացման համար մեր փոքրիկ մէկ օգնութեան պէտք ունի, մենք ալ սիրով «ձեռք կուտան» անոր։ Իսկ եթէ օր մըն ալ այլեւս որոշենք հրաժարիլ սա կամ նա գործէն, «ձեռք կը քաշենք» այդ գործէն։

Եթէ մէկու մը օգնութեան կարիքը ունինք ու օգնութիւն պիտի խնդրենք, «Ձեռքդ պագնեմ» կ'ըսենք։

Բոլոր գործերը ո՜վ գիտէ որքան կը դիւրանան եթէ «ձեռք ձեռքի տանք»։

Եթէ դժուար ու վտանգաւոր պարտականութեան մը հետ դէմ յանդիման ենք, պարտաւոր ենք մեր «ձեռքը քարի տակ դնել»։

Ամէն օր ով գիտէ քանի անգամ կը լուանք մեր ձեռքերը, բայց «Ձեռքերը լուալ»ու ձեւ մը կայ որ ջուրի հետ կապ չունի։ Ատիկա կը նշանակէ գործէ մը հրաժարիլ, պատասխանատուութիւն չընդունիլ։

Աստուած պահէ, մարդուն համար դժբախտութիւն է «ուրիշին ձեռքին նայիլ»ը, ուրիշին ողորմութեան կարիքը զգալ։

Իսկ եթէ մէկու մը հետ մեր գործակցութեան մէջ կ'աճապարենք, կը սիրենք ըսել.

- Ձեռքդ շուտ բռնէ։

Մեր շուրջ որքան շատ են այն ծոյլերը որոնք իրենց «ձեռքը տաք ջուրէն պաղ ջուր չեն դներ»։

Մէկը եթէ համով կերակուր մը եփէ, ուտելէ վերջ մեր գոհունակութիւնը յայտնելու համար կþըսենք. «Ձեռքդ դալար» կամ «Ձեռքերդ դալար»։ Անշուշտ դալար բառը հոս կը նշանակէ թարմութիւն, երիտասարդութիւն, աշխատունակ ըլլալու յատկութիւն։ Կ'երեւի թէ այս իմաստով է որ մեր պապերը շիներ են այս «Ձեռքդ դալար» ասութիւնը։ Կը կարծեմ որ բոլորս ալ գոհ ենք հոս այդ «Դալար» բառին ընտրուած ըլլալէն։ Ասութիւնը աւելի լաւ չէր հնչեր եթէ, օրինակ, ըսէին. «Ձեռքերդ ողջ ըլլան», կամ «Ձեռքերդ կենդանի», կամ չեն գիտեր ինչ։

Ռ. Հ.