Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Հայրենիք»ի 1947ի տարեգիրքին մէջ լոյս տեսած է հետաքրքրական յօդուած մը, Ամերիկայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայ Դատի Յանձնախումբի հիմնադրութեան մասին: Շահեկան տեղեկութիւններ կը փոխանցուին տուեալ գրութեամբ:
Յիշեցնենք, որ «Հայրենիք»ի տարեգիրքը խմբագրած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեանը:
Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, եւ յետոյ ալ տակաւին, հայ հասարակութեան գիտակցութեան մէջ ընդհանրացած չէր այն միտքը, թէ հայ ժողովուրդը հաւաքաբար ոտքի պիտի կանգնի հրապարակ դնելու եւ պաշտպանելու համար Հայ Դատը: Հայութեան մէկ մասը կը մտածէր թէ արտասահմանի հայութիւնը, քաղաքական տեսակէտով որեւէ ընելիք չունի, թէ Խորհրդային իշխանութեան վերապահուած է ամէն իրաւունք եւ պարտականութիւն արծարծելու եւ պաշտպանելու Հայ Դատը եւ թէ արտասահմանի հայերու կողմէ որեւէ քայլ այդ ուղղութեամբ պիտի նշանակէ միջամտել Խորհրդային իշխանութեան եւ Հայաստանի գործերուն: Այս վերջիններն ալ առհասարակ կÿանտեսէին եւ մինչեւ իսկ կ'ուրանային Հայ Դատի գոյութիւնը:
Հայութեան մէկ այլ մասը, Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, կը պնդէր, թէ պատերազմը եւ Միացեալ Ազգերու յաղթանակը պատեհ առիթ են արծարծելու Հայ Դատը եւ թէ, քանի որ Հայաստան ի վիճակի չէ իր կողմէ ստանձնելու նախաձեռնութիւնը, արտասահմանի հայութիւնը ինքը, իբրեւ սեփականատէրը թրքահայ հողերու եւ ժառանգորդը Հայ Դատի, պէտք է հրապարակ գայ պաշտպանելու իր իրաւունքները:
Այս երկու հակընդդէմ մտայնութիւններու միջեւ երկար ատեն եւ շատ բուռն վիճաբանութիւններ տեղի ունեցան, գլխաւորապէս, մամուլի մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը գործնական քայլերու ալ դիմեց համոզելու համար հակառակ տեսակէտ ունեցողները ազգային միացեալ ճակատ ստեղծելու Հայ Դատի պաշտպանութեան համար, բայց ճիգերը մեծ մասով մնացին ապարդիւն:
Այդպէս էր, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ստիպուած եղաւ իր սեփական ուժերով նախաձեռնելու Հայ Դատի արծարծման եւ պաշտպանութեան գործը: Ան էր, որ ձեւակերպեց հայ ժողովուրդի ազգային բաղձանքները, միջազգային նոր պայմաններու համապատասխան եւ հրապարակ դրաւ Հայ Դատի բանաձեւը՝ Թրքահայ հողերու կցումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տարագիր հայութեան վերադարձը հայրենիք: Ան էր, որ ձեռնարկեց Հայ Դատի Պաշտպանութեան Ֆոնտի հանգանակութեան, 1944ի սկիզբը, եւ հայ ժողովուրդը խանդավառութեամբ արձագանգեց՝ կարճ ժամանակի մէջ տալով 165.000 տոլար Հայ Դատի պաշտպանութեան համար: Ան էր, վերջապէս, որ համազգային մարմին մը ստեղծելու նոր եւ ապարդիւն փորձերէ յետոյ, 1944ի վերջաւորութեան կազմեց Հայ Դատի Յանձնախումբը Նիւ Եորքի մէջ, ազգային գետնի վրայ, անոր վստահելով Հայ Դատի պաշտպանութեան գործը:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Armenian National Committee գործի սկսաւ 1944ի Դեկտեմբերին եւ առաջին իսկ նիստին մէջ գծեց իր գործունէութեան համար հետեւեալ ծրագիրը.-
1 - Հայ Դատ ըսելով յանձնախումբը կը հասկնայ նախագահ Ուիլսընի սահմանագծած թրքահայ հողերու կցումը Խորհրդային Հայաստանին եւ տարագիր հայութեան վերաբնակեցումը հայկական հողերու վրայ:
2 - Օգտակար եւ բաղձալի նկատել ազգային բոլոր ուժերու գործակցութիւնը Հայ Դատի հետապնդման շուրջ:
3 - Եթէ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնն ինքը ստանձնէ Հայ Դատի հետապնդումը, Հայ Դատի Յանձնախումբի գործը պէտք է ըլլայ աջակցիլ անոր:
4 - Հայ Դատի Յանձնախումբը պէտք է Հայ Դատը ներկայացնէ ամերիկեան կառավարութեան եւ հանրային կարծիքին, այլեւ, միջազգային գետնի վրայ, քաղաքական այն ուժերուն եւ ժողովներուն, որոնք կրնան դեր կատարել Հայ Դատի լուծման գործին մէջ:
5 - Իր նպատակին հասնելու համար Հայ Դատի Յանձնախումբը դիմումներ կ'ընէ ամերիկեան կառավարութեան, միջազգային խորհրդաժողովներու, կը հրատարակէ նիւթեր Հայ Դատի մասին, կը ջանայ մամուլով եւ այլ միջոցներով արծարծել Հայ Դատը:
Այս հիմնական սկզբունքներուն հետ որոշուեցան նաեւ յանձնախումբի աշխատանքի գործնական միջոցները:
Հայ Դատի Յանձնախումբը հաստատեց իր առաջին գրասենեակը Նիւ Եորքի մէջ եւ գործի ձեռնարկեց 1945ի սկիզբէն:
Առաջին գործը յստակ էր.- Յիշեցնել պետութիւններուն Հայ Դատի գոյութիւնը եւ անոր լուծման ստիպողական անհրաժեշտութիւնը: Այդ նպատակով, նոյն տարի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն, յուշագրեր ներկայացուեցան ամերիկեան, անգլիական եւ Խորհր. Միութեան կառավարութիւններուն եւ այդ առիթով տրուեցան լայն բացատրութիւններ յանձնախումբի անդամներուն կողմէ:
Յանձնախումբի երկրորդ քայլն էր՝ Հայ Դատը տանիլ Միացեալ Ազգերու Սան Ֆրանսիսքոյի խորհրդաժողովին, Յուլիս 7ին: Յանձնախումբի անդամները մասնակցեցան խորհրդաժողովին եւ ընդարձակ ու հիմնաւորուած յուշագիր մը յանձնեցին պատուիրակութիւններուն, որ համակրական ընդունելութեան արժանացաւ ժողովի մասնակիցներուն կողմէ, եւ լայն արձագանգի՝ ամերիկեան եւ միջազգային մամուլէն:
Նոր սկսած շարժումը հետզհետէ ընդարձակուեցաւ: Սան Ֆրանսիսքոյի խորհրդաժողովին ներկայացուած պահանջները իւրացուեցան ուրիշ երկիրներու մէջ ապրող հայկական զանգուածներուն կողմէ, Հայաստանի ժողովուրդին ու կառավարութեան կողմէ:
Էջմիածնի Ազգային-եկեղեցական ժողովի պատգամաւորներն ալ հաստատեցին ազգային միահամուռ կամքը Հայ Դատի մասին: Վերջապէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ Երեք մեծերուն դիմելով եւ Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան քարտուղար Գ. Յարութիւնեան ճառով մը՝ նուիրագործեցին հայութեան պահանջներու համազգային բնոյթը:
Այսպիսով, այս գործը, որուն ձեռնարկեց Հայ Դատի Յանձնախումբը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ՄԱԿի խորհրդաժողովին ներկայացուած իր պատմական յուշագրով, իւրացուեցաւ ամբողջ ազգի կողմէ եւ դարձաւ համազգային քաղաքական փլաթֆորմ Հայաստանի եւ արտասահմանի հայկական բոլոր խաւերուն համար:
Հայ Դատի ճակատին վրայ տարուած բազմերես պայքարը կենդանութիւն բերաւ գաղութային գործօններուն եւ թարմացնող ներարկում եղաւ անոնց գործունէութեան համար: Նախաձեռնուած քաղաքական ու յարաբերական աշխատանքները մղում տուին, որ գաղութները սնուցեն հաշուառելի ազդակի վերածուելու ձգտում՝ թէ ներքին տեղական մակարդակի եւ թէ համահայկական հետապնդումներու գծով՝ միջազգային բեմի վրայ:
Ճակատագրան էր Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակի պահը (1965), երբ սփիւռքահայութիւնը գիտակցական զարթնում ունեցաւ: Ոչ համբաւեալ դիւանագէտներ կային, ոչ ալ արհեստավարժ քաղաքագէտներ, կամ տնտեսական լայն հնարաւորութիւններ: Այսուհանդերձ, կար գաղափարը, ինչպէս կային նաեւ այդ գաղափարին ծառայող մարդիկ, որոնք հաւատքով գործեցին եւ գործով ներշնչեցին գաղութները:
Վերջապէս եւ առանձնաբար ընդգծելի իրողութիւնը եղաւ այն, որ Հայ Դատի նպատակին վրայ համահայկական սեւեռումը՝ ամրացուց սփիւռքի մէկ ամբողջութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը եւ գործնապէս ալ նպաստեց, որ գաղութները անջատաբար ու ապակեդրոն գործելով հանդերձ, իրենք զիրենք նկատեն մէկ օղակը ամբողջութեան մը, որ հայութիւնն է եւ ազգային նոյն դատը կը հետապնդէ:
Հայ Դատի Յանձնախումբերը եղան իւրաքանչիւր գաղութի համար քաղաքական պայքար մղելու գործիք: Հետագային անոնց գործունէութիւնը համադրուեցաւ ցամաքամասային առումով: Այսպէս, ներկայիս կը գործեն 4 կեդրոնական գրասենեակներ՝ Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի, Մոսկուայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ (հիմնադրութեան կարգով):