
Հ. Յ. Դաշնակութիւնը իր հիմնադրման օրէն իսկ լայն տարածում ու տեղ գտաւ հայ կեանքէն ներս եւ իր յեղափոխական ու քաղաքական ծաւալուն գործունէութեամբ ներկայ եղաւ հայ ժողովուրդի վերջին հարիւրամեայ պատմութեան գրեթէ բոլոր ասպարէզներուն, գործածելով իր զինանշանի թէ՛ սուրը եւ թէ՛ գրիչը։
Քաղաքական, յեղափոխական ու գաղափարական մարզերուն համահաւասար դեր ունեցաւ նաեւ ժողովուրդի խոնարհ խաւերէն ելած այս կուսակցութեան մշակութային ծառայութիւնը։
Դաշնակցական զինուորագրեալներու ու ֆետայիներու սխրագործութիւնները արտացոլուեցան նախ Հ. Յ. Դ. մամուլի, ապա հրատարակութիւններու մէջ եւ դարձան հայ ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պատմութեան փայլուն էջերը կազմող պանծալի դրուագներ։
Ուստի չափազանցութիւն չըլլայ, եթէ ըսենք թէ՝ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ դաշնակցական մամուլն ու գրականութիւնը առաջնորդող դեր կը կատարեն մեր ազգային կեանքէն ներս եւ սերունդներ կը դաստիարակեն՝ յեղափոխական կեանքին նուիրելու եւ հայ ժողովուրդի վեհագոյն իտէալները իրականացնելու համար, միաժամանակ պատկառելի ներդրում կատարելով մեր ազգային մշակոյթի գանձարանին, մասնաւորաբար իր յեղափոխական գրակա- նութեամբ։
Դաշնակցական մամուլի ու հրատարակութիւններու ամբողջական ցուցակագրումը գրեթէ անհնար է, նկատի առնելով յատկապէս Ապրիլեան Եղեռնի հետեւանքով արեւմտահայութեան տեղահանումն ու աշխարհացրիւ դառնալը, սփիւռքի մէջ մշակութային մէկ կեդրոն գոյութիւն չունենալը եւ մամուլի ու հրատարակութիւններու լրիւ հաւաքածոներու բացակայումը, Ռուսաստանէն ու Թուրքիայէն ներս ստեղծուած քաղաքական պայմաններու հետեւանքով շարք մը դաշնակցական թերթերու անկուսակցական անուան տակ հրատարակուիլը, անոնց ժամանակաւոր կամ մշտական հանգրուաններով, թերթերու պարբերականութեան, անուան եւ արտաքին ձեւի փոփոխութիւնները եւ այն։
Այդուհանդերձ, օգտուելով Հ. Յ. Դաշնակցութեան զանազան ամեակներու առիթով այս ուղղութեամբ ցարդ հրատարակուած աղբիւրներէ, ի մասնաւորի «Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան» գիրքէն, որը լոյս տեսած է Հ. Յ. Դ. 60-ամեակի առիթով, ինչպէս նաեւ Դաւիթ Փափազեանի միջոցով կազմուած «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մամուլը» պրոշիւրէն, 1989 թուականին «Ազդակ» օրաթերթին մէջ հրատարակուած «Արտասահմանի ներկայ հայ մամուլը» յօդուածէն եւ ձեռքի տակ եղած այլ հրատարա- կութիւններէ ու թերթերու նմուշներէ, աշխատանք տարուեցաւ հնարաւորին չափ ամբողջական ցուցակ մը կազմել Դաշնակցութեան պատմութեան հետ կապուող պարբերականներէ, որը կը ներկայացուի ստորեւ։
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
Հ. Յ. Դաշնակցութեան առաջին հրատարակութիւնը պէտք է համարել «Մանիֆեստ» թռուցիկը, որը Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն ետք ուղղուեցաւ հասարակութեան՝ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն ստորագրութեամբ. թռուցիկը հրապարակուեցաւ 1890 թուականին՝ Թիֆլիսի մէջ։
Սոյն մանիֆեստին մէջ Դաշնակցութիւնը սեղմ տողերով նկարագրելով դարերով սուլթանական Թուրքիայի լուծին տակ տառապող հայ ժողովուրդի ցաւալի վիճակը, կոչ կ'ուղղէր համախմբուելու եւ քաջութեամբ առաջ տանելու հայրենիքի ազատութեան սուրբ գործը։
Մանիֆեստին յաջորդեցին թիւ 1 թիւ երկու «Թռուցիկ թերթ»երը, որոնք նոյնպէս հրատարակուեցան Թիֆլիսի մէջ։
Յիշեալ թռուցիկներով Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը յայտնէր նաեւ որ՝ մօտիկ ապագային կþունենայ իր օրկանը՝ «Դրօշակ»ը, որու առաջին երկու համարները լոյս տեսան Թիֆլիսի մէջ, երրորդը՝ Ռումանիայի Կոստանցա քաղաքը, իսկ չորրորդ թիւէն սկսեալ «Դրօշակ»ը հաստատուեցաւ Ժընեւ, որը եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1914 թուականը՝ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը, իսկ շուրջ մէկ տասնամեակ դադարէ ետք, 1925-էն մինչեւ 1933 թուականը վերահրատարակուեցաւ Փարիզի մէջ։
«Դրօշակ»ի հրատարակութիւնը հրապարակագրական եւ իմացական շարժման զուգահեռ ասպարէզ ստեղծեց հայ մտաւորականութեան համար, եւ իր հրատարակման ընթացքին ունեցաւ նաեւ յեղափոխական, գաղափարական ու գրական մատենաշար, որու աշխատակիցներէն շատերը եղան Դաշնակցութեան փառքը կազմող աննման հերոսները։
ժամանակագրական կարգով դաշնակցական մամուլի ընտանիքին մէջ երկրորդ տեղը կը պատկանի «Հայրենիք» օրաթերթին, որը սկսաւ լոյս տեսնել 1899-էն Նիւ Եորքի մէջ եւ շուտով փոխադրուեցաւ Պոսթըն, ուր կը մնայ մինչեւ այսօր, որպէս Հ. Յ. Դ. Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի պաշտօնաթերթ։
«Հայրենիք»ը սկսաւ հրատարակուիլ իբրեւ շաբաթաթերթ. 1913 թուականի Յունիսէն դարձաւ երկօրեայ, իսկ 1915-ի Դեկտեմբերէն ի վեր՝ օրաթերթ է։
«Հայրենիք» օրաթերթի նշանաւոր խմբագիրներէն են՝ Ա. Վռամեան, Սիամանթօն, Սիմոն Վրացեան, Ռուբէն Դարբինեան եւ ուրիշներ։
Այնուհետեւ, սկսած 20-րդ դարու սկիզբէն, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, մէկը միւսի ետեւէն լոյս տեսան դաշնակցական օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր, ամսագրեր, պարբերաթերթեր եւայլն, հայերէն եւ զանազան լեզուներով։
Երեւանի ՀՅԴ թանգարանին մէջ պահուող Սիմոն Վրացեանի անձնական իրերը
եւ իր պատմական աշխատութիւն՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գիրքի առաջին տարբերակը
Ռուսական առաջին յեղափոխութենէն ետք Թիֆլիսի մէջ սկսաւ հրատարակուիլ «Յառաջ» օրաթերթը, որպէս Հ. Յ. Դ. Արեւելեան Բիւրոյի պաշտօնաթերթ, որու առաջին համարը լոյս տեսաւ 1906 թուականի Յունուար 17-ին։
Թերթը կը խմբագրուէր յատուկ մարմնոյ կողմէ, որուն կ'անդամակցէին Աւետիս Ահարոնեան, Գարեգին Խաժակ, Միքայէլ Վարանդեան եւ ուրիշներ։
Մօտիկ աշխատակիցներէն էին՝ Սիմոն Զաւարեան, Է. Ակնունին, Յովհ. Թումանեան, Լէօն, Աւետիք Իսահակեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ այլն։
Ցարական կառավարութեան կողմէ ստեղծուած քաղաքական աննըպաստ պայմաններու հետեւանքով «Յառաջ»ը իր գոյութեան երեք տարուան ընթացքին շուրջ 15 անգամ անուանափոխութիւն ունեցաւ եւ հրատարակուեցաւ «Ալիք», «Զանգ», «Երկիր», «Ժամանակ», «Փայլակ», «Ժայռ», «Կովկասի առաւօտ», «Նոր Ալիք», «Վտակ» եւ այլ անուններով։
Օրաթերթին կից կը հրատարակուէր «Յառաջ»ի գրադարանի մատենաշարը։
Քաղաքական հալածանքներու պատճառով «Յառաջ»ը դադրեցաւ 1909 թուականին եւ իրեն փոխարէն, որպէս անկուսակցական օրաթերթ, սկսաւ լոյս տեսնել Թիֆլիսի «Հորիզոն»ը, խմբագրութեամբ եւ մօտիկ աշխատակցութեամբ Լէոյի, Յովհ. Թումանեանի, Ղազարոս Աղայեանի եւ ուրիշներու։ Աւելի ուշ՝ թերթի խմբագրութեան անդամ եղած են՝ Նիկոլ Աղբալեան, Արշակ Ջամալեան, Աւետիս Շահիսթունեան եւ Միքայէլ Վարանդեան։
1914-15 թուականին «Հորիզոն»ը ունեցաւ նաեւ իր գրական ամսօրեայ յաւելուածը, նոյն անունով։
1917 թուականի յեղափոխութենէն ետք «Հորիզոն»ը դարձաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւելեան Բիւրոյի պաշտօնաթերթ եւ շարունակուեցաւ լոյս տեսնել Ս. Վրացեանի, Աւ. Շահիսթունեանի, ապա՝ Վ. Նաւասարդեանի խմբագրութեամբ։
Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք Արեւմտահայաստանի գաւառները ողողուեցան դաշնակցական զանազան հրատարակութիւններով, մեծ մասամբ խմորատիպ։ 1910 թուականին արդէն իսկ 50-է աւելի դաշնակցական թերթեր լոյս կը տեսնէին։
1909 թուականին Պոլսոյ մէջ Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրութեամբ սկսաւ հրատարակուիլ «Ազատամարտ» օրաթերթը, որպէս Հ. Յ. Դ. Արեւմտեան Բրիւրոյի պաշտօնաթերթ։ Թերթի նշանաւոր աշխատակիցներէն էին Ս. Զաւարեան, Է. Ակնունին, Գ. Խաժակ, Ռ. Դարբինեան, Դ. Վարուժան, Սիամանթօն, Գր. Զոհրապ, Մ. Վարանդեան, Ա. Ահարոնեան, Զ. Եսայեան եւ շարք մը այլ մտաւորականներ։
1912-էն ետք թուրք կառավարութեան հալածանքներու պատճառով «Ազատամարտ»ը հրատարկուեցաւ զանազան անուններով, ինչպէս՝ «Առաջամարտ», «Բագին», «Բիւթանիա», «Ազդակ», «Շանթ», «Ճակատամարտ» եւ այլն։ 1910-11 թուականներուն թերթը ունեցաւ նաեւ իր գրական-գիտական ամսօրեայ յաւելուածը։
«Ազատամարտ»ը Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին դադրելէն ետք, 1918-էն մինչեւ քեմալականներու գործի գլուխ գալը վերահրատարկուեցաւ «Ճակատամարտ», «Արդարամարտ» անուններով։
Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հաստատումէն առաջ լոյս տեսած դաշնակցական թերթերէն են նաեւ՝ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» շաբաթաթերթը (1908 թ.), ներկայիս օրաթերթ։ Գահիրէի «Յուսաբեր»ը (1912 թ.), որը 1921-էն ետք, Վահան Նաւասարդեանի խմբագրութեան օրօք դարձաւ մեծածաւալ եւ ազդեցիկ օրաթերթ, իր մատենաշարով եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։
Պաքուի «Արեւ»ը (1914-19), իբրեւ Ոսկանապատի Կեդր. Կոմիտէի պաշտօնաթերթ։
Թիֆլիսի «Մոլոտ»ը (1917-18), որպէս Արեւելեան Բիւրոյի ռուսերէն պաշտօնաթերթ եւայլն։
Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, 1919 թուականին Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Յառաջ» օրաթերթը, Ս. Վրացեանի, ապա Վ. Նաւասարդեանի եւ Ռ. Դարբինեանի խմբագրութեամբ, որը շարունակուեցաւ մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը։ «Յառաջ»ը կառավարութեան կէս-պաշտօնաթերթն էր, Հանրապետութեան տարիներուն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը գրեթէ բոլոր կարեւոր կեդրոններուն մէջ ունեցաւ իր թերթերը, ինչպէս «Հայաստանի աշխատաւոր»ը՝ Երեւանի մէջ (բացի «Յառաջ»էն), «Արարատեան աշխատաւոր»ը՝ Էջմիածնի մէջ, «Շիրակի աշխատաւոր»ը՝ Ալեքսանդրապոլի մէջ եւայլն։
Պարսկաստանի մէջ եւս Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ունեցաւ իր թերթերը, որոնք իրենց գաղափարական նպաստը բերին ոչ միայն տեղական կեանքին, այլեւ Դաշնակցութեան ընդհանուր գործին։ Յիշենք Թաւրիզի «Առաւօտ»ը, (1909-12), «Այգ»ը (1912-22), Թեհրանի «Առաւօտ»ը (1912-20) եւ «Ալիք»ը, որը 1931-էն սկսեալ կը շարունակուի լոյս տեսնել մինչեւ այսօր։
«Ալիք»ը նախ հրատարակուեցաւ որպէս շաբաթաթերթ, ապա եռօրեայ (1935-40) եւ 1941-էն ի վեր՝ օրաթերթ։ Հիմնադիրները եղած են՝ Արսէն Միքայէլեան, Եղիշէ Իշխանեան, տոքկ. Յարութիւն Ստեփանեան, Համբարձում Գրիգորեան, Ստեփան Խանբաբեան, եւ Վարդան Յովհաննիսեան (առաջին արտօնատէր)։
Խմբագիրներէն՝ Յովսէփ Թադէոսեան, Անդրէ Տէր-Օհանեան, Մանուէլ Մարութեան, Տաճատ Պօղոսեան, Յովսէփ Յովհաննիսեան, Երուանդ Հայրապետեան, Անուշաւան Գրիգորեան եւ տոքթ. Պաղտիկ Մինասեան։
Իրանի մէջ հրատարակուած դաշնակցական այլ պարբերականներէն եղած են «Աղաղան-Ղարադաղ»ը (Թաւրիզ), «Ալիք» ամսագիրը (Թեհրան), «Ալիք պատանեկան»ը (Թեհրան), «Աշակերտ»ը (Թեհրան), «Յեղափոխութեան ճամբով»ը (Թեհրան) եւ «Դէպի երկիր»ը (Նոր Ջուղա)։
Թուրքիայէն քեմալականներու յաղթանակէն եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Հ. Յ. Դաշնակցութեան մամուլը զարգացաւ ու տարածուեցաւ արտասահման. գլխաւոր կեդրոններ դարձան Պոսթընը, Փարիզը, Աթէնքը, Գահիրէն, Լիբանանը եւայլն։
Պոսթընի մէջ 1923 թուականին սկսաւ լոյս տեսնել «Հայրենիք» ամսագիրը, որու 25-ամեայ յոբելեանը տօնուեցաւ 1947-ին եւ այդ առթիւ կատարուած նուիրահաւաքով կազմուեցաւ «Հայրենիքի գրական հիմնադրամ»ը, որու հասոյթով 1948-էն ի վեր կը հրատարակուէր «Արմինիըն ռիվիու» անգլերէն պարբերաթերթը։
«Հայրենիք»ը ունի նաեւ իր հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով մատենաշար։
1933-ին հիմնուեցաւ եւ կը շարունակուի լոյս տեսնել ամերիկահայ նոր սերունդին նուիրուած «Հայրենիք»ի անգլերէն շաբաթաթերթ՝ «Հայրենիք ուիքլի»ին։
1923-ին Աթէնքի մէջ, Գաբրիէլ Լազեանի խմբագրութեամբ հրատարակուեցաւ «Նոր Օր»ը, որը Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով դադրեցաւ եւ որպէս իր շարունակութիւնը՝ պատերազմէն ետք լոյս տեսաւ «Ազատ Օր» օրաթերթը, որ անխափան կը շարունակուի:
Արժանթինի Պուէնոս Այրէս մայրաքաղաքին մէջ 1931 թուականին հիմքը դրուեցաւ «Արմենիա» եռօրեայ թերթին, որը հետագային փոխուեցաւ օրաթերթի, ապա դարձաւ շաբաթաթերթ։
Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող «Փիւնիկ» եռօրեայէն ետք (1924-25), 1927-էն ի վեր կը հրատարակուի «Ազդակ» օրաթերթը իր համանուն գրական շաբաթաթերթով։
1933 թուականին Փարիզի մէջ «Դրօշակ»ի դադրելէն ետք որպէս իր շարունակութիւնը՝ 1969-էն մինչեւ 1985 թուականը Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ «Ազդակ շաբաթօրեակ»ը, որու կեդրոնը 1986-ին փոխադրուեցաւ Աթէնք ուր շարունակ- ւեցաւ հրատարակուիլ «Դրօշակ» անունով։
Պէյրութի մէջ 1962 թուականէն սկսեալ կը հրատարակուի «Բագին» գրական ամսագիրը։
Ֆրանսայի մէջ լոյս կը տեսնէ Ֆրանս-Արմենի ամսագիրը, ֆրանսերէնով:
ՀՅԴ մամուլի կրտսերագոյն անդամն է Արցախի մէջ լոյս տեսնող «Պայքար»ը, որը սկսած է հրատարակուիլ 1989 թուականէն, նախ «Վերածնունդ» անունով, ապա «Ապառաժ»: «Ապառաժ»ը շաբաթաթերթ է:
Ներկայիս Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը աշխարհի հայաշատ գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ ունի իր սեփական մամուլն ու հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային թերթերը, որոնք բոլորն ալ նուիրուած են միեւնոյն գաղափարին ու միեւնոյն գործին. կը ծառայեն Հայ Դատի լուծման եւ Ազատ Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի կերտման գաղափարին։