Հայաստանի մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին սկսած շարժումներէն մէկը կ'առընչուի Երեւանի Կեդրոնական գոցուած շուկային, կամ ինչպէս ժողովուրդը կ'ըսէ՝ Փակ շուկային։

Այսօր ալ տակաւին չեն հանդարտած կիրքերը՝ այդ կառոյցի շուրջ, աւելի՛ն՝ նոր թափ ստացած են։ Ի յայտ եկած են երկու խումբեր՝ առաջինը ստեղծած է «Փրկենք Գոց շուկան» շարժումը՝ «Ազատենք յուշարձանը օլիկարխէն (սակաւատէրերէն)» կարգախօսով, իսկ վերջերս կազմաւորուած մէկ այլ խումբ փողոց դուրս եկած է՝ ի պաշտպանութիւն շուկան ձեւափոխողներու եւ հոն շինարարութիւն իրականացնողներու։

Այս մթնոլորտին մէջ է, որ ընթացաւ վերանորոգութիւնը Գոց շուկային, որ բարեկարգուած ձեւով վերաբացուեցաւ արդիական հանրախանութի մը ձեւաչափով։ Այս արդիւնքով հանդերձ, անցեալ շրջանին ապրուած բանավէճերը եւ այդ առթիւ արտայայտուած զգայնութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել հանրային կարծիքի օրակարգը։

Ի՞նչ է Գոց շուկան, եւ ինչո՞ւ
կիրքերը այսքան թէժ են անոր շուրջ

Գոց շուկան կառուցուած է 1952ին։ Մինչ այդ Մաշտոց պողոտայի այդ տարածքին եղած են բացօթեայ շուկաներ եւ բնակելի տուներ։ Առեւտրականներն այստեղ կուգային մօտակայ շրջաններէն՝ Էջմիածնի եւ Արարատեան շրջաններէն՝ Էջմիածնի եւ Արարատեան մայրուղիներէն։ Պահպանուած են լուսանկարներ, որոնց մէջ կ'երեւի, թէ ինչպէս առեւտրականները ուղտերով իրենց ապրանքը, հիմնականը՝ բնամթերք, կը բերէին վաճառելու այդտեղ։ Առեւտուրի այդ տարածքէն սկիզբ կ'առնէր նեղլիկ փողոց մը. դժուար է հաւատալ, որ ատիկա այսօրուան Մաշտոցի լայն պողոտան է։ Նեղլիկ այդ փողոցը կը կոչուէր Արմյանսքի, հետագային՝ Սունդուկեան, իսկ ճարտարապետ Թամանեանի շնորհիւ ան դարձաւ պողոտայ, որ կը կրէր Սթալինի, ապա՝ Լենինի, իսկ այսօր՝ Մաշտոցի անունը։

Գոց շուկան Մաշտոց պողոտայի սկզբնամասի կառոյցներէն մէկն է (Մաշտոցի 5)։ Մաշտոցը կը սկսի շուկային կից բնակելի շէնքով մը եւ կ'աւարտի Մատենադարանով։ Գոց շուկան կը պատկանի յետպատերազմեան շրջանի կառոյցներու շարքին, երբ շէնքերը կը կառուցուէին յաղթանակած գաղափարի ժանրով՝ մեծածաւալ, հարուստ զարդարումներով, լայն ու լուսաւոր։ Գոց շուկան Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք կառուցուած այդպիսի շէնքերէն մէկն է, որ, ըստ մասնագէտներու, ճոխութեամբ, մետաղեայ ձուլածոներու առատութեամբ բաւականին սուղ ներդրումներ ունեցած կառոյց է։ Շուկայի ճարտարապետը՝ Գրիգոր Աղաբաբեանն է, որու նախագիծերով Երեւանի մէջ շատ մը կառոյցներ կան, օրինակ, «Յաղթանակի» կամուրջը, Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգրանաը, «Հայրենիք» շարժանկարի սրահի շէնքը, դպրոցներ, բնակելի շէնքեր եւայլն (1951-1959 թուականներուն Գրիգոր Աղաբաբեան եղած է Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետը)։

Գոց շուկան կառուցելէ ետք Երեւանի մէջ դրուեցաւ գոց շուկաներ կառուցելու աւանդոյթը, կառուցեցին նաեւ Երորորդ Մասի, Կոմիտասի Գոց շուկաները, սակայն միայն Մաշտոցի պողոտայի շուկայի անունը մնաց այդպիսին՝ Գոց. միւսները կը կոչուէին այդ թաղամասերու անուններով, ուր կը գտնուէին։

Կառուցելով այս եւ նմանատիպ այլ շէնքեր՝ խորհրդային իշխանութիւնները վերջ դրին փողոցը կատարուող պտուղբանջարեղէններու եւ այլ բնամթերքներու առեւտուրին, որ շատ տարածուած էր Երեւանի մէջ։ Գոց շուկան 100 մեթր երկարութիւն ունեցող երկյարկանի կառոյց մըն էր, որու առաջին յարկին վրայ, շարքերով տեղադրուած են սեղաններ, որոնց ետեւ կը կենային վաճառողներն ու տարուան բոլոր եղանակներուն կը վաճառէին չիրեր, համեմներ, պահածոներ, միս... Կային նաեւ տնտեսական ապրանքներու խանութներ, վարսա- վիրանոց, ճաշարան, սառնարաններ, ուր կը պահուէին ապրանքները, պահեստներ, ինչպէս նաեւ հիւրանոց, ուր երբեմն ցած գիշերավարձով կը գիշերէին գիւղերէն եկած վաճառականները՝ յաջորդ օրը կրկին առաւօտ կանուխ աշխատանքի սկսելու նպատակով։ Սակայն ժամանակի ընթացքին ճարպիկ վերավաճառողները դուրս մղեցին գիւղացիները՝ անոնցմէ գնելով ապրանքը եւ վաճառելով աւելի սուղ գիներով։

Գոց շուկայի առաստեղի մասը կառուցուած էր կամարներով։ Կամարապատ էին բոլոր սրահները, որոնք զարդարուած էին հայկական նախշաքանդակներով։ Ճարտարապետական արժէքաւոր մաս էր նաեւ շուկայի մուտքը եւ գլխաւոր դուռը, որ կը պարունակէր ազգային ճարատարապետութեան տարրեր։

Շուկայի առաստաղը մեծաթռիչք ծածկ մըն էր՝ առանց սիւներու, առաստաղի կամարները հիւսուած էին միամեանց, որ նորութիւն էր խորհրդային ճարտարապետութեան մէջ։

Շուկայի կեդրոնը կառուցուած էր նաեւ ջրաւազան՝ շատրուանով։ Այդ ջուրի մէջ մանր մետաղադրամներ նետելու սովորոյթ եղած է։

Գոց շուկայի կառուցման գաղափարին մէջ դրուած է միջնադարեան հայկական կարաւանատուներու գաղափարը՝ գիշերելու, հանգստանալու, շփուելու եւ ապրանքներ փոխանակելու ու վաճառելու միջավայրով փորձելով ստեղծել միջնադարեան հայկական կենցաղի մաս կազմող այդ մշակոյթի նորօրեայ կերպը։ Իսկ ջրաւազանն ու շատրուանը հայկական հրապարակներու, գիւղամէջերու, կեդրոնատեղիներու մէջ առկայ ջուրի, աղբիւրի, պտղաբերութեան խորհրդանիշի արտացոլումը կը նախանշէին։

ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՎԱՅՐ

Գոց շուկան երեւանցիներու եւ դուրսէն եկած հիւրերու նախընտրած առեւտրուի վայրերէն մէկն էր։ Այստեղ կարելի էր գտնել քաղաքի ամէնէն ընտիր պտուղներն ու բանջարեղէնները։ 1950-1990 թուականներուն Երեւանի մէջ ձեւաւորուած էր հասարակութեան խաւ մը, որ կը հանդիպէր ծանօթ վայրերու մէջ, եւ այդ վայրերէն մէկն ալ Գոց շուկան էր։ Յաճախ անոնք կը պայմանաւորուէին եւ կը նշանակէին շուկայ գալու օրեր, որոնք կþանուանէին «համով օրեր»։ Մարդիկ շուկայ կ'երթային ո՛չ միայն առեւտուր կատարելու, այլեւ՝ շրջելու, ծանօթանալու, հիանալու համար։ Շուկայի այցելուներէն եղած են քաղաքի տարբեր տարիներու ղեկավարները, որոնք կը շրջէին շուկայէն ներս՝ պարզապէս դիտելով գեղեցիկ շարուած պտուղներն ու զանազան չիրերը։ Իսկ գիւղացիները, ճանչնալով զանոնք, իրարու կարգ չտալով կը հիւրասիրէին իրենց այգիներու բարիքը։ Շուկայ յաճախ այցելած է նաեւ գե- ղանկարիչ Մարտիրոս Սարեան, որ իր բնանկարներու համար պտուղներ ընտրած է շուկայէն։

Երեւանի մէջ անցած դարու կէսերուն աւանդոյթ կար շուկայ երթալու համար պայուսակը տանիլ տունէն։ Չկային այսօրուան զանազան տոպրակներն ու պայուսակները, եւ շուկայ տարուելիք պայուսակը կ'ըլլար կտորէ կամ արհեստական կաշիէ։

Շուկայի մուտքին կը վաճառէին ծղօտեայ զամբիւղներ, որոնց մէջ Հայաստանէն արտասահման պտուղ տանողները կամ ղրկողները կը տեղաւորէին իրենց գնումները։

 

ՇՈՒԿԱՆ՝ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ

1968 թուականին Կեդրոնական Գոց շուկայի շինութիւնը ստացած է ճարտարապետական յուշարձանի կարգավիճակ եւ ներառուած է Հայաստանի պետութեան կողմէ պահպանուող պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։ Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ Գոց շուկային առընչուող նիւթերը ներկայացուած են առանձին ցուցադրութեամբ։ Այդ նիւթերու մէջ են լուսանկարներ, կառոյցի ճարտարապետական մասերու առանձին ցուադրութիւններ, լրագրային յօդուածներ։ Հայաստանի շարժանկարային պահոցներուն մէջ կը պահպան- ւին բացառիկ ժապաւէններ՝ Գոց շուկայի բացումէն, անոր առօրեայէն, ինչպէս նաեւ՝ շինարարութենէն։

Վերջին տասնամեակի ընթացքին նոր եւ ժամանակակից պայմաններով հանրախանութներու յայտնուիլը Երեւանի տարբեր շրջաններու մէջ, կարծես ետ մղեց Գոց շուկայի դերն ու նշանակութիւնը եւ առհասարակ, շուկայ երթալու սովորոյթը։ Մարդիկ նախապատւութիւն տուին ամէն ինչը գնել մէկ վայրէ՝ հանրախանութներէ, ուրկէ նաեւ գնուած ապրանքը գեղեցկօրէն կը ծրարեն մոմլաթէ տոպրակներու մէջ։ Փոխուեցան յաճախորդի պահանջները։ Անշուշտ, հասարակութեան մէկ մասը տակաւին կը սիրէր շուկայ երթալու աւանդոյթը, սակայն հսկայական այդ կառոյցը պահպանելու ծախսերը սկսան չարդարացնել, եւ պետութիւնը, արդէն երկրին մէջ սկսած սեփականաշնորհման գործընթացի շրջանակներուն մէջ օտարեց կառոյցը՝ վաճառելով զայն։ Յայտնուեցաւ առաջին գնորդը՝ «Մուլթի» ընկերութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը։ Սակայն Գոց շուկան կարճ ժամանակ միայն մնաց այս ընկերութեան սեփականութեան ներքոյ։ Ընկերութիւնը զայն վաճառեց գործարար, Ազգային Ժողովի երեսփոխան Սամուէլ Ալէքսանեանին։ Կառոյցը ձեռք ձգելէ մէկ տարի ետք, Գոց շուկայի նոր տէրը, նորոգութեան նպատակով շինարարական աշխատանքներու սկսաւ կառոյցէն ներս՝ վտանգի տակ դնելով շուկայի՝ ճարտարապետական արժէք ներկայացնող հատուածները։ Երեւանի քաղաքապետարանի միջամտութեամբ առաջին անգամ ընդհատուեցան աշխատանքները՝ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելով, որ նորոգութիւնը կը վերսկսի միայն այն պարագային, երբ սեփականատէրը Երեւանի ճարտարապետական տեսքի պատասխանատուներուն կը ներկայացնէ յուշարձանի վերակառուցման ու նորոգման նախագիծ մը, եւ այդ նախագիծը համապատասխան մարմիններու կողմէ հաստատուելէ ետք միայն իրաւունք կը ստանայ կեանքի կոչել։ Երեւանի մէջ ձեւաւորուեցաւ մշակութային ժառանգութեան պահպանմամբ մտահոգ խումբը մը, որ երկու տարի շարունակ բաց նամակներով (ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Մշակոյթի, Քաղաքաշինութեան նախարարներուն, Երեւանի քաղաքապետին, Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազին, Մարդու իրաւունքներու գլխաւոր պաշտպանին), մամլոյ ասուլիսներով, բողոքի ցոյցերով եւ այլ միջոցներով փորձեց իրաւասու պաշտօնեաներու ուշադրութիւնը հրաւիրել խնդրի վրայ։ Այդ խումբը նաեւ փորձեց ամէն գնով խոչընդոտել շինարարութիւնը։

Կառոյցը ձեռք բերած ընկերութիւնը խոստացաւ նորոգութիւնը իրականացնելու ընթացքին պահպանել շէնքի նախկին տեսքը, սակայն ապօրինի կառուցումներ կատարեց յուշարձանին վրայ՝ քանդելով տանիքը եւ հիմնական կառոյցի վրայ աւելցնելով յարկ մը եւս (վերջերս բողոքներու ընթացիքն քաղաքապետարանը քանդեց այդ մէկ յարկի տանիքը), մինչդեռ քաղաքապետարանը աշխատանքներուն համար շատ սահմանափակ արտօնութիւն մը տուած էր։

Մէկ տարիէ աւելի է՝ Գոց շուկան նախկին ճարտարապետական տեսքը պահպանելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկող խումբը պայքարի մէջ է թէ՛ շինարարներուն, թէ՛ կառոյցի շուրջը կարգ ու կանոն հաստատող իրաւապահներուն հետ։

Իսկ վերջերս՝ Սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ նշուած կառոյցին շուրջ ծաւալուած աղմուկը այլ ընթացք ստացած է յուշարձանը նախկին տեսքին վերադարձնելու խումբին դէմ դուրս եկած են շուկայի տարածքին բնակող շէնքերու տասնեակ բնակիչներ, յայտարարելով, որ իրենք կ'աջակցին կառոյցի նոր սեփականատիրոջ, քանի որ ան աշխատատեղիներ ստեղծելու եւ հին կառոյցը նոր վիճակի բերելու նպատակներ ունի։

Վերջին տարիներու անգործութեան պատճառով Գոց շուկան այլեւս իր նախկին շքեղ տեսքը չունէր, շրջակայքը վերածուած էր աղբակոյտերու, կրծողներու բոյներու եւ շրջակայ շէնքերու բնակիչները, պաշտպանելով շուկայի տիրոջ բոլոր քայլերը՝ այդպէսով ցանկութիւն ունին օր առաջ ազատել կառոյցի շուրջ ստեղծուած հակաառողջապա- հական վիճակէն։ Մամուլին մէջ հրապարակումներ եղան որ շուկայի սեփականատէր-գործարարը կաշառած է շէնքերու բնակիչները, որպէսզի անոնք դուրս ելլեն շարքային ցուցարարներու եւ յուշարձաններու պաշտպանութեան մտահոգ մասնագէտներու դէմ...

...Բախումները երկու կողմերու միջեւ, այսօր տակաւին կը շարունակուին, հակառակ որ լիովին նորոգուած տեսքով արդէն վերաբացուած է Փակ Շուկայի վայրը:

Անուշ Թրուանց
(Յապաւումներով)

 

---------------------------------------- 

Հին ոճով ու արդի ձեւով 

Երեւանի Փակ շուկան ի վերջոյ բացուեցաւ

Երեւանի մէջ յետբարենորոգութեան վերաբացուեցաւ պատմական Փակ շուկան, որ կը գտնուի Մաշտոցի պողոտային վրայ եւ որ ժողովուրդին կողմէ կը պահուի միշտ ուշադրութեան առարկայ։ Վերջին ամիսներուն բաւական աղմկայարոյց վերանորոգութեան ծրագիր մը գործադրուեցաւ այս շուկայի պարագային։ Նկատի ունենալով, որ այդ մէկը երկրի մեծ ցանցերէն մէկուն կողմէ պիտի արժեւորուէր, հասարակութեան զանազան խաւերուն մօտ յառաջացաւ բողոքի ալիք մը, որուն անշուշտ անմասն չէին նաեւ քաղաքական գործօններ։ Ի վերջոյ, այս մթնոլորտին մէջ իր աւարտին հասաւ աղմկայարոյց վերանորոգութեան ծրագիրը ու փակ շուկան վերստին բացաւ իր դռները ժողովուրդին առջեւ։

Առաջին տպաւորութեամբ տարուած աշխատանքին արդիւնքը դրական էր։ Հին ոճին մէջ արդի ձեւով առեւտուրը պիտի շարունակուի Երեւանի փակ շուկայի երդիքին տակ։ Քաղաքի կեդրոնին պատմական առեւտուրի կեդրոնը պիտի շարունակէ ծառայութիւն մատուցել որպէս ժամանակակից հանրախանութ մը, ուր կարելի է գտնել գրեթէ ամէն ինչ։

Երեւանցիներն ալ առաջին իսկ օրէն սկսեալ արդէն սկսան փութալ իրենց աւանդական գնումի միջավայրը, որ ներկայիս բարեկարգուած է  ու դարձած՝ անհամեմատելիօրէն մաքուր, ճոխ ու ժամանակակից պայմաններու համապատասխան։