Ժառանգներուն մէջ ամենայարգի
թոռնիկն է ան, որ եկաւ մեզի,
եւ ընդհանրապէս որեւէ ժառանգ
կեանքի բերումով մեզի կը տրուի: 

Այս մէկը եկաւ Աստծոյ հրամանով,
Աստուծոյ դէմքով ու խորհուրդներով,
անոր մէջ է որ Աստուած պիտ՛ ապրի
ու կենցաղով իր պիտ՛ փառաւորուի:

Ու խորհուրդն այս անըմբռնելի,
հոգեկան աչքով կրնանք զինք տեսնել
ու իր գոյութեան արժէքը գիտնալ
ու հրաշքին դէմ այս, երկիւղած մնալ:

Մարդն է Աստուած, մենք լաւ իմանանք,
մարդուն մէջն է, որ Աստուած կ՛ապրի,
բարի գործերով կրնանք Զինք գովել
եւ ոչ թէ խօսքով լոկ փառաբանել:

Մեր թոռնիկն այս անմոռանալի,
Աստուծոյ դէմքով եկաւ արդ մեզի: 

Մարգար Շարապխանեան
11 Հոկտեմբեր, 2013 - Թորոնթօ

 

 

Արշակը

Արշակը հայրենի գրող մըն էր: Ան, աննշմար մեկնեցաւ կեանքէն: Այսպէս են խոնարհ արժէքները, կու գան ու կ՛երթան, իրենց կեանքին ու գործին հանդէպ առանց աղմուկ ու ցուցականութիւն բարձրացուցած ըլլալու: Իրենց գործն է, որ յարատեւ կը մնայ: Էլիզին հետ, մերթընդմերթ, իր աճիւններուն այցելութեան կ՛երթանք:            

Այցելութիւն

Մենք այցի եկանք հոն, ուր կը հանգչիս
փլատակներուն Սուրբ Սարգիս վանքին,
ուր կիզուած մարմնիդ մոխիրներն ամփոփ
յանձնեցինք հողին առանց կղերին:

Այդպէս ուզեցիր ու այդպէս ըրինք,
կտակն էր այդ քու վերջին կամքին,
չէիր հաւատար գերեզմաններուն
եւ ոչ ալ անպէտ շիրմաքարերուն:

«Եկեղեցական աւանդութիւններ
թող չկատարուին ուր որ պիտ՛ ննջեմ»
ու գիւղի բլրան, վանքին պատմական,
ցոյց տուիր մեզի ծառ մ՛առանձնական:

«Հոն է որ կ՛ուցեմ, ըսիր դուն մեզի,
իմ պապենական հողին մէջ շաղուիլ
ու այցելուներ մօտս շատ չգան,
զիս չխանգարեն, առանձին մնամ»:

Հնազանդ, հլու, յանձնեցինք մենք քեզ
հայրենի հողի ճերմ ծալքերուն մէջ,
ուր շատեր կան հոն, հեզ ու յանձնառու,
առանց ցուցական կերպարանքներու:

Հիմա ծառին տակ, որ դուն կը ննջես,
կանաչ խոտ կայ հոն, իր շուրջը բուսած,
մենաւոր ծառն է, որ քեզ կը հսկէ,
իր հովանիին տակ քեզ կը պահէ:

Խոնարհ մնացիր քու գրած երկով,
խոնարհ մնացիր նաեւ քու կեանքով,
սին պատիւներէն հեռու ապրեցար
ու սուսիկևփուսիկ կեանքէն հեռացար:

 

Մարմինդ գնաց բայց գործդ մնաց,
զոր կտակեցիր զուտ վկայարան,
որ մարդիկ կարդան, իրազեկ դառնան,
եւ անցեալն իրենց երբեք չմոռնան:

«Հայր մեր» մը սրտով, մեղմ փսփսացինք,
ու քեզ յիշեցինք անմոռաց խօսքով,
ու լուռ հեռացանք այս անշուք վայրէն
զուլալ յուշերդ մեզ հետ տանելով:

Մարգար Շարապխանեան
Ուշի