Հայերու Կիլիկիա բնակչութիւնը կը սկսի 4-րդ դարէն: Կիլիկիոյ հայութիւնը կը բազմանայ երբ Անիի, Կարսի, Բագրատունիներու Արծրունիաց թոռները, 1045-էն սկսեալ մեծ թիւով կը գաղթեն Կիլիկիոյ լեռնային ու դաշտային վայրերը, ուր այդ ժամանակներուն Բիւզանդական կայսրութեան հարաւ-արեւելեան երկրամասն էր:
Գաղթող հայերը, առաջին հերթին կը տեղաւորուին Հաճըն ուր շրջակայ գիւղերը, որոնց լեռնային տարածքը հիւսիսէն թուրք-սելճուկ ասպատակներու դէմ բնական ամրութիւն կÿընձեռէր:
1080-էն մինչեւ 1375 գոյատեւած հայկական Կիլիկիոյ պետականութենէն ներս հաճընցիք, տնտեսութեան, արհեստի ու արուեստի զարգացման ասպարէզներէ ներս կÿընձեռեն կարեւորագոյն մասը:
15-րդ դարու վերջաւորութեան, Կիլիկիոյ տարածքին յայտնուած թուրքերը, յաճախակի անգամներ կը փորձեն իրենց տիրապետութեան ենթարկել լեռնային Հաճընը եւ սակայն չեն յաջողիր: Հաճըն կÿապրէր իր ներքին վարչական անկախութեան մէջ եւ ձեւականօրէն միայն ենթակայ էր Օսմանեան կայսերապետութեան:
1908-ի Ապրիլին, տեղի կÿունենայ Ատանայի ողբերգական ջարդը, որուն զոհ կÿերթան 30 հազար հայեր: Հաճըն եւ Սիս իրենց հերոսական դիմադրութեամբ կը կարողանան ետ մղել երիտթուրքերը:
1915-ի Ապրիլին, հայութեան վիճակուած ցեղասպանութեան ծրագրեալ պատուհասէն սակայն հաճնցիք խուսափիլ չկարենալով 35 հազար հոգիներով կը դատապարտուին կարաւաններով ուղեւորուիլ 600 քիլոմեթր հեռու, արհաւիրքի վերջին հանգրուան Տէր Զօրի անապատը: Այս ողջակիզումէն կը կարողանան փրկուիլ միայն 6000 հաճընցիներ ու վերադառնալով իրենց աւերակուած երկիրը հաւատալով ֆրանսական գաղթային իշխանութեանց, որոնք 1918-ի զինադադարէն ետք իրենց զօրքերը Կիլիկիա համախմբելով -բացի Հաճընէն- խոստացած էին հայերուն ազատութիւն եւ անկախութիւն ապահովել:
Համընդհանուր ոգեւորութեան այս ժամանակներուն մոխրացած աւերակներէն դուրս կուգան կրկին Կիլիկիոյ հայ բնակավայրերը որոնց կարգին նաեւ Հաճընը, ուր կը սկսի վերհնչել հաճընցիներու հնագոյն բարբառը: Կը վերաբացուին դպրոցները, մշակոյթի կեդրոնները ու կը վերականգնի Հաճնոյ քանդուած տնտեսութիւնը: Ասիկա ալ սակայն երկար չի տեւեր, որովհետեւ քեմալական զօրքերն ու թուրք հրոսակները դարձեալ լուրջ սպառնալիքի կÿենթարկեն Կի- լիկիոյ հայութեան գոյութիւնը:
1920 Յունուար 11-էն մինչեւ 21 տասը օրերուն, թրքական ուժերը կÿոջընջացնեն Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքի 12 հազար հայութիւնը:
Ֆրանսական դիւանագիտութեան հեռահար առաջին քայլը: Յաջորդաբար ֆրանսացիներու դէպի Կարս-Պազար եւ Սիս նահանջը կÿոգեւորէ աւելի թրքական ուժերու Հաճնոյ վրայ յարձակելու համարձակութիւնը:
1920ի սկիզբին Հաճըն կուգան կամաւոր հայ երիտասարդներ, զինուորական ու քաղաքական գործիչներ որոնց կարգին նաեւ զօրավար Անդրանիկի զինակից Սարգիս Ճէպէճեան: Կը կազմուի ինքնապաշտութեան ղեկավարութիւն, գլխաւորութեամբ Հաճնոյ առաջնորդ Պետրոս եպս. Սարաճեանի: Զօրակոչի կÿենթարկուին 15-50 տարեկան Հաճընցի բոլոր տղամարդիկ, կը կազմուին եւ վաշտեր 80-ական կռուողներով: Նոր տարուոյ Փետրուարին, Կիլիկիոյ ֆրանսական ուժերու հրամանատար Քրիմոն, Հաճնոյ կառավարիչ կը նշանակէ Կիլիկիոյ Ճիհան քաղաքի իրաւաբաններէն Կարապետ Չալեանը: Հայրենիքի փրկութեան այս մեծ նուիրեալը նոյն ամսուան 19-ին կը հասնի Հաճըն ու բազմակողմանի ջանքերով կը սկսի նախապատրաստել քաղաքի ինքնապաշտպանութեան ծրագիրը, այն խոր համոզումով որ ֆրանսացիք կռիւներու պահուն պիտի զինակցին հայերուն: Չալեան Քրիմոնին հաւաստիացուցած էր ըսելով թէ ֆրանսական դրօշի փառքն ու պատիւը բարձր պահելը իրեն համար իր կեանքի իսկ գնով սրբազան պարտականութիւն մըն է:
Հաճնոյ ինքնապաշտպանութեան խորհուրդը, ֆրանսացի գնդապետ Քրիմոնէն ռազմական օժանդակութիւն աղերսելու նպատակաւ, Սարաճեան եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ Ատանա կը ղրկէ եռանդամ պատուիրակութիւն մը, որ սակայն ֆրանսացիք իրենց օգնութեան հնարաւորութիւնը բացառելուն, ձեռնունայն ու հիասթափ կը վերադառնայ: Այս պահէն եւ աւելի Մարտ 15-էն սկսեալ Հաճըն արտաքին աշխարհէն կը պարտաւորուի անջատուիլ ու մղձաւանջային օրեր ապրիլ:
Ապրիլ 1-էն կը սկսին Քեմալական յարձակումները: Քաղաքէն դուրս լեռնանիստ մասերուն դիրքաւորուած հաճընցիները, խուժող Քեմալական ուժերու դէմ կը մղեն ինքնապաշտպանութեան հերոսական խիստ կռիւներ:
Փարիզի ազգային պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Միհրան Տամասեան 1920 Մարտ 18-ին, Հաճնոյ ներկայացուցչութեան միանալով ֆրանսացի գնդապետին հետ կÿունենայ ապարդիւն հանդիպում մը որու մասին Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոս Խուպայեան կÿըսէ.
«Իմ խոր համոզումս այն է թէ ֆրանսացիք Հաճնոյ պաշտպանութեան համար բան մը պիտի չընեն, ոչ այսօր եւ ոչ ալ մօտիկ ապագային, որով Հաճնոյ սպառնացող աղէտէն կարելի պիտի չըլլայ խուսափիլ»:
Կաթողիկոսը, Մարտ 31-ին օգնութիւն աղերսելու իր ջանքերով Ֆրանսայի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ա. Միլլինին կÿըսէ թէ Քեմալական հրոսակներու կողմէ պաշարուած հաճընցիք վճռած են իրենց կեանքի գնով կռուիլ ու մեռնիլ ու այսպէսով անգամ մը եւս Ատանայի ֆրանսական ուժերու օգնութեան կը դիմէ:
Ապրիլ 8-ին, հաճընցի մարտիկներ ոչ միայն կը կասեցնեն քեմալական ուժերու գրոհները, այլեւ կը ստիպեն նահանջել: Այս անգամ ալ սակայն թուրք խուժանները կը կեդրոնացնեն իրենց յարձակումները, հաճընցիներու կողմէ զօրակայանի վերածուած Հաճնոյ միջնադարեան Ս. Յակոբ վանքին վրայ:
Ապրիլին հաճընցիք կռիւներու դադարէ մը օգտուելով կÿամրապնդեն քաղաքի պաշտպանութիւնը: Ապրիլ 30-ին, թրքական հրետանին կը սկսի անընդհատ ռմբակոծել Հաճընը: Ասով միատեղ, գիշերուայ մութ պահուն հաճընցիք կը կարողանան կասեցնել ու նաեւ պարտութեան մատնել թշնամին:
Մայիսին, ֆրանսացիներու օգնութեան անգամ մը եւս մերժումով, հաճընցիք կը հիասթափուին իսկ Սիսէն Հաճըն եկող հայ կամաւորները իրենց երթին թշնամիի ծուղակը իյնալով կÿոջնջանան:
Չալեան, Հաճընը մահուան դատապարտուած ըլլալու համոզումով կÿառաջարկէ անյապաղ լքել Հաճընը ու դէպի Սիս նահանջել:
Չալեանի այս առաջարկին կը համաձայնի նաեւ Ճէպէճեան, Հաճնոյ ղեկավարութիւնը սակայն կը հակառակի առաջարկին: Այնուհետեւ սովը կը սկսի աւերներ գործել: Քաղաքի փողոցները կը լեցուին անօթութենէ կմախքացած մարդոց դիակներով: Դիմադրական կռիւներուն ժամանակակից Սոկրատ Թերզեան կը գրէ «պատառ մը չոր հացի տեղ, կը ստիպուինք փնտռել ու խաշել հազուագիւտ շուներն ու կատուները. իսկ ձիերը շատոնց մարսուած էին»:
Այսպէս մինակ ու անօգնական, յաղթանակներու բերկրանքի ու նահանջներու տխրութեան վեց ամիսներ անցան, քաղաքի սիրտը սակայն կը շարունակէ տրոփել: Սեպտեմբերի կռիւներուն հաճընցիք կը յաջողին ազատագրել քաղաքամերձ Դումերու հայաբնակ գիւղաբերդը:
Հոկտեմբեր 8-ին, Հաճընցի սուրհանդակ Սաչեան, պաշարման օղակէն դուրս գալով, Ատանայի ազգային խորհրդոյ ատենապետ Տամատեանին կը փոխանցէ հաճընցիներու նամակը որ կÿըսէր.
«Աչքերնիս ճամբան մնաց, ձեր օգնութեան յոյսով շատ մը պատեհութիւններ կորսնցուցինք: Մինչեւ օրս եղած կռիւներուն զոհ տուինք 200 մարդիկ: Հիմա անօթի ենք եւ եթէ այսպէս շարունակուի բոլոր մնացածներս անօթութենէ պիտի կորսուինք»:
1920 Հոկտեմբեր 14-էն 15-ի լոյս ամբողջ գիշերը, թշնամիի հրետանին իր անընդհատ ռմբակոծումներէն ետք 16 հազար հրոսակներով կը յաջողի ներխուժել Հաճընէն ներս:
Այս անհաւասար կռիւներուն, քաղաքի հերոս պաշտպանները խուժող թշնամիին դէմ բուռն կերպով պայքարելէ ու մեծ վնասներու ենթարկուելէ ետք կը պարտաւորուին դիմադրութիւնը դադրեցնել:
Անսպասելի արհաւիրքը կը պահէ քաղաքի փլատակներու տակ ողջ մնացած 6 հազար հաճընցիները: Այդ օրը վերջ կը գտնէ Հաճնոյ ութամսեայ հերոսամարտը:
Միայն 400 հոգիներ կը կարողանան փշրել ու անցնիլ մահուան պաշարեալ օղակը: Մնացեալները վայրագօրէն զոհ կÿերթան թշնամի թուրքի եաթաղանին:
Երեք անգամ ցեղասպանութիւն տեսած հաճընցիները, ութամսեայ այս հերոսամարտով իրենց անունը մեծ փառքով պսակեցին:
Կ. Գ.