Այս շաբաթավերջին Ֆիքսի ակումբին մէջ կազմակերպուելիք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդականի Պատգամաւորական Ժողովին առիթով

 

Բոլոր անիրաւուած ազգերու նման, մեր ազգին ալ հիմնական ուժը եւ ապագան եւ մեր յարատեւ գոյատեւման միակ ազդակը մեր երիտասարդութիւնն է, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ջահը ձեռքին, հաստատ քայլերով կը դիմէ լաւագոյն վաղուան։

 

Բոլոր ազգերը կը գուրգուրան իրենց երիտասարդութեան վրայ, որովհետեւ վստահ են թէ առանց երիտասարդութեան՝ ազգի պատմութեան ընթացքը շարունակել, նոր պատմութիւն գրել եւ նոր խոյանքներ արձանագրել կարելի չ'ըլլար։

Երիտասարդութիւնն է որ պիտի կերտէ ապագան, պիտի ստանձնէ անոր ղեկավարութիւնը եւ պիտի բանայ նոր էջեր հայոց պատմութեան մէջ։

Մեր գաղութի սկզբնական տարիներուն, տխուր անցաւ մեր պատմութիւնը թիթեղածածկ խրճիթներու մէջ։ Մենք առանց գուրգուրանքի եւ ջերմիկ մթնոլորտի հասակ առինք եւ տակաւին մեր անբիծ հոգիներուն մէջ ուրախութիւնը ոչ միայն տեղ չունեցաւ այլ պատանեկան ժպիտն անգամ մեզմէ ոմանց մօտ թախծալի եւ հարցական դարձաւ։ Շատեր տակաւին առանց իրենց ապագայ հեռանկարի մասին մտածելու, այբբենարանը իրենց կիսաւարտ նախակրթարանի - եթէ ոչ մանկապարտէզի - գրասեղաններուն վրայ թողած, առանց յենարանի եւ առանց պաշտպանի, հակառակ իրենց կամքին եւ իրենց ուսանելու եւ յառաջդիմելու մեծ փափաքին, կեանքի եւ ապրուստի դժուարին պայքարին մէջ պարտաւորուեցան նետուելու։

Սակայն անոնք իրենց առաջին իսկ քայլափոխին մտերմացան տառապանքին ու զրկանքին, թշուառութիւնը ճանչցան եւ փրկութեան լաստ մը գտնելու յոյսով թափառեցան...

Բարեբախտաբար, զօրաւոր բնազդը ուղիղ ճամբէն առաջնորդեց զանոնք ու գտան իրենց բարոյական մեծ պաշտպանը՝ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ անոր հովանիին տակ գոյատեւող մեր պատանեկան, երիտասարդական, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւնները։

Այդ «հին» սերունդը տարբեր պայմաններու տակ աճեցաւ: Իսկ ներկայիս, այսօրուան առաջնորդները անցեալի դժուարութիւնները եւ զրկանքները չունեցան եւ չունին, որովհետեւ ընկերային եւ ապրելակերպի պայմանները հիմնովին բարեփոխուած են։

Մեր տղաքը այսօր առանց դժուարութեան երկրորդական վարժարաններ կը յաճախեն եւ համալսարաններու մէջ կþուսանին։ Այս տուեալներու վրայ, շատ բաներ կ'ակնկալենք իրենցմէ։ Կþակնկալենք եւ վստահ ենք թէ պիտի ստանանք։ Լաւ է սակայն, որ անոնք գէթ երբեմն յիշեն «նախորդ» սերունդի իրենց կտակած հայաշունչ ոգին եւ անդրադառնան անոնց ապրած կեանքի դժուարին պայմաններուն։

Անոնք մեր վսեմ գաղափարին եւ պայքարին յոյսն են եւ ազգային մեր գաղափարաբանութեան հզօր շեփորիչը։

Վաղը բեմ պիտի տանք անոնց եւ անկէ իրենց ձայնը լսելով, իրենց բազկերակին զարկը պիտի լսենք։

 

Կ. Գ.