Իրաւ ու պարզ հոգեւորականը՝ իրա՛ւ հովիւն է, կամ՝
իրաւ
հովիւը՝ իրաւ ու պարզ  հոգեւորակա՛նն է 
(հմ Յհ 10.11)։

Հայ եկեղեցին, իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ արձանագրած է ամենէն լուսաւոր էջերը հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման մէջ, որոնք ողնասիւնն են ժողովուրդի գոյատեւման։

Այդ մաքուր ու առողջ մթնոլորտին մէջ ապահոված է ժողովուրդի առողջ հոգին եւ ամրակուռ երթը, իր դիմագրաւած ամենէն դժընդակ ու մահացու պայմաններուն տակ։ Եկեղեցին, որ ժողովուրդն իսկ է, առողջ է, երբ ժողովուրդը առողջ է, ամուր է, երբ ժողովուրդը ամուր է։ Նուիրեալ հոգեւորականները կոչուած են միայն հսկիչը, քաջալերողն ու ջատագովը ըլլալու այդ առողջութեան եւ ամրութեան։ Եկեղեցին եւս իր կարգին, ապրած է առաւել կամ նուազ ծաղկուն օրեր ու տարիներ։ Տաք ու պաղ օրեր ու տարիներ։ Ունեցած է առաւել կամ նուազ երախտարժան հայրեր։ Դիմագրաւած է ներքին տագնապներ ու... տարակարծութիւններ։ Բայց վճռորոշ պահուն, եկեղեցին, միացեալ ճիգերով եղած է ժողովուրդին հետ, նոյնիսկ նահատակութեան զոհասեղանին վրայ։

Ի՞նչ է պատկերը այսօր։

Ցեղասպանութեամբ ստեղծուած Սփիւռքը, մօտ հարիւր տարիներու ընթացքին, եկեղեցւոյ հովանիին տակ եւ ամենէն դժուարին պայմաններու մէջ շարունակեց իր աշխատանքն ու երթը։ Այդ Սփիւռքը, մանաւանդ Մերձաւոր արեւելքի երկիրներուն մէջ, վտանգաւոր ու վախազդու պայմաններու տակ կը շարունակէ իր գոյապայքարը, իսկ Արեւմտեան երկիրներու համեմատա- բար խաղաղ պայմաններու ցրուածութեան մէջ ճիգ մը կայ թէեւ, բայց տեղատուութիւնը ակներեւ է։

Հայրենի ժողովուրդը, որուն արգիլուեցաւ եկեղեցւոյ հովանին անցնող եօթանասուն ամեակ մը շարունակ, հոգեպէս սպառազինւելու առիթը չունեցաւ, բայց կը հաւատանք, որ ամենադոյզն աշխատանքը, ճիգն ու քաջալերանքը բաւարար պիտի ըլլային մնալու իր հոգեկան արժէքներու բարձունքին։

Մեր ժողովուրդի այս վիճակը պարտաւորեցնող իրավիճակ է։ Եւ առաջինը, որ պարտաւորութեան տակ կը մտնէ՝ եկեղեցին է։ Եկեղեցին, որպէս հայր, որպէս մայր։ Իրաւ հովիւ եւ բարի Սամարացի։

Եկեղեցին իր չորս նուիրապետական Ս. Աթոռներով, այսօր կոչուած է մոռնալու ամէն տեսակի տարակարծութիւն եւ միացեալ ոյժով աշխատելու, որ իր հովանաւորած ժողովուրդը վերագտնէ իր դիմագիծը, իր հոգին՝ սպառազինուելու եւ պայքարելու համար երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներու դէմ։

Եղիվարդ, գրականութեան համար կը սահմանէ. «Գերագահութեամբ ձգտումներ այս գետնին վրայ, միայն վնասակար կրնան դառնալ եւ պատճառ ուժերու աւելորդ վատնումին, ստեղծելով ժամավաճառութիւն, հա- րազատ նիւթէն - մեր ժողովուրդի օգուտէն - շեղեցնելով ամէն տաղանդ եւ աշխատաւոր։ Հանգանակներով, վէճերով, յաւակնութիւններով արուեստ, հոգի, յաղթանակ կարելի չէ ապահովել գրականութեան համար»։ Նոյնը կարելի է ըսել եկեղեցւոյ համար։

Մեր նուիրապետական Ս. Աթոռները, ըլլալով հանդերձ վարչական ինքնավար կեդրոններ, պարտաւոր են հաշուի առնել, որ ի հոգեւորս մէկ են եւ այդ մէկութեան հասկացողութեամբ պէտք է ծառայեն ժողովուրդին՝ առողջ ժողովականութեան կարգով։

Հռոմի հսկայ եկեղեցւոյ նորընտիր Պապը իր առաջին ելոյթներէն մէկուն ընթացքին կը շեշտէր, որ «կազմակերպուին եպիսկոպոսական ժողովները ներդաշնակօրէն Հռոմի եպիսկոպոսի նախամեծարութեան հետ եւ եկեղեցին աճի ժողովականութեամբ»։ Ժողովականութիւն իր իսկական իմաստով։ Ժոողովականութիւն՝ ազատ մտածողութեամբ ու ազատ խօսքով։ Ժողովականութիւն՝ հիմնուած աստուածային սիրոյ եւ ազգային շահերու վրայ։ Ժողովականութիւն, որ օրինակ հանդիսանայ աշխարհական կարգերուն եւս։

Նման ժողովական կարգ մը սեղանին վրայ պէտք է բերէ այն այժմէական ու անժամանցելի խնդիրները, որոնք կը ծառանան եկեղեցւոյ դէմ եւ սպառնալիք են։ Եւ ժողովական խօսքին անմիջապէս պէտք է յաջորդէ գործը։ Այսպէս.

Ա. Աղանդաւորներու հեղեղ մը նշմարելի է հայրենի ժողովուրդին մօտ։ Այո՛, հազարաւոր ընտանիքներ փախուստ կու տան Մայր եկեղեցիէն, մտնելու համար ծոցը այլասերող աղանդներու։

Բ. Հայաստանէն ջուրի պէս հարիւր հազարաւորներու դէպի անորոշութիւն, դէպի ձուլում վազող հոսք մը կայ։

Գ. Ժողովուրդը աղքատութեան մէջ կը հիւծի։

Դ. Ընկերային կեանքը ահաւոր անկումի մէջ է։ Օրական անձնասպանական պարագաներ կ'արձանագրուին։

Ե.Ընտանիքի պատկերը աղաւաղուած է, անբարոյութիւն, ամուսնալուծում եւ այլ մթաստուեր երեւոյթներ կը բազմանան։ Եկեղեցին ի՞նչ կ'ընէ։

Եկեղեցին ի՞նչ կ'ընէ, ԱՐՄԱՏԱՊԷՍ ի՞նչ կ'ընէ։

Արդե՞օք եկեղեցին մոռցած է իր բուն պատասխանատուութիւնը, քրիստոնէական եւ հայկական աւանդներէն բխող պարտականութիւնը։ Ժողովուրդին հետ ըլլալու, ժողովուրդին ծառայելու պարտականութիւնը։

Ասոնք հարցեր են, որ առողջ ժողովականութեամբ, առողջ եւ անմիջական լուծումի կը կարօտին։

Վստահաբար Նուիրապետեկան չորս Ս. Աթոռներու անկեղծ ու սերտ գործակցութեամբ եւ լծակցութեամբ բոլոր միաբաններուն ու հոգեւոր դասուն, կարելի է բարենպաստ ու յուսալից պայմաններ ստեղծել ամէն տեղ, ուր հայ եկեղեցւոյ անդամ մը կ'ապրի...

Աստուծոյ սիրոյն եւ մեր տառապած ու տառապող ժողովուրդին պտղունց մը բարիքին ի խնդիր՝ ստեղծենք եղբայրական ու համերաշխ մէկ երդիք՝ աստուածահաճոյ եւ ազգաշէն։ Աշխատինք ամբողջ հոգեւորականութեամբ ո՛չ անձնական՝ անանձնական ուրախութիւնը մեր ժողովուրդին մէջ վերահաստատել այդ երդիքին տակ։ Ու այդ երդիքին տակ անկարգութիւն յառաջացնողներուն դէմ միա՛յն գործածենք Քրիստոսի ՄՏՐԱԿԸ, անշուշտ երբ ՍԻՐՈՅ ԲԱԺԱԿԸ յորդի...

Չմոռնալ, որ իրաւ ու պարզ հոգեւորականը՝ իրա՛ւ հովիւն է, կամ՝ իրաւ հովիւը՝ իրաւ ու պարզ հոգեւորակա՛նն է (հմ Յհ 10.11)։

ՎԱՐՈՒԺԱՆ Դ.
«Արծիւ» - Կիպրոս