
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի
հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Լուսանկարի խնդիր
Բաւական ժամանակ առաջ, գրական, գեղարուեստական կամ երաժըշտական հանդէսներու երբ կÿերթայի որպէս խմբագիր, ե՛ս էի որ կը լուսանկարէի ձեռնարկին դրուագները: Քսան տարեկանէս ի վեր խենդի պէս կը սիրեմ լուսանկարելը եւ պէտք է ըսեմ որ լաւ ալ լուսանկարիչ եմ: Տարիներ ու տարիներ իմ լուսանկարի մութ սենեակս ունեցած էի, գիտէի թէ ինչպէս պէտք է լուսանկարէի, գիտէի թէ նիւթը ինչպէս պէտք է տեղաւորէի լուսանկարի գործիքին տեսողութեան քառակուսիին մէջ: Ուստի մեծ հաճոյքով կը լուսանըկարէի երբ թատերական ներկայացում մը կը սարքուէր: Միայն թէ հարց մը կար: Ամէն ձեռնարկի ընթացքին լուսանկարուելու արժանի այնքան շատ տեսարան կը պարզուէր որ...: Ո՞ր մէկը լուսանկարէի: «Սա ալ կարեւոր է», «Սա ալ կարեւոր է» կÿըսէի ու շարունակ կը կոխէի մեքենային կոճակին վրայ: Լուսանկարի սիրահարները գիտեն թէ ինչ հաճելի է կոխել այդ կոճակին վրայ, մանաւանդ եթէ լուսանկարողը կը մտածէ որ լաւ լուսանկար մըն ալ քաշեց:
Որոշ շրջանէ մը վերջ գործընկերներս խնդրեցին որ ես այլեւս չնկարեմ, այդ գործը թողում օգնականներուս: Ո՛չ թէ անշուշտ անոր համար որ լաւ չէի լուսանկարեր, այլ անոր համար որ կը մտածէին թէ այլեւս ճիշդ չէր որ շատ յոգնէի, լաւ լուսանկար մը քաշելու համար հոս հոն վազէի: Ուրեմն գործը թողուցի ընկերներուս: Այնուհանդերձ ամբողջ ձեռնարկի տեւողութեան աթոռիս վրայ հանգիստ չէի նստեր: Շարունակ ընկերոջս աչքով գլխոր նշան կÿընէի, «Սա ալ քաշէ», «Սա ալ քաշէ» կÿըսէի: Ան ալ կը քաշէր ո՛չ միայն այն տեսարանները զորս ես լաւ գտած էի, այլ նաեւ այն տեսարանները զորս ինք լաւ կը նկատէր:
Ասիկա լուսանկարելու հանգրուանն էր: Բայց այս հանգրուանին կը յաջորդէր երկրորդ հանգրուանը, որ յաջորդ օր թերթին մէջ հրատարակելի լուսանկարներուն ընտրութիւնն էր: Յաջորդ առաւօտ, երբ թերթը պիտի տպէինք, մի առ մի աչքէ կÿանցնէինք քաշուած քանի մը տասնեակ լուսանկարները ու կը ջանայինք ընտրութիւն մը ընել անոնց մէջէն: Նկարները շատ էին, բայց մենք քանի՞ նկար կրնայինք հրատարակել: Երկո՞ւ, երե՞ք, հի՞նգ: Նեղ կացութեան կը մատնուէինք, կը դժուարանայինք ընտրութիւն ընելու: Մէկ գիշեր առաջ ամէն վայրկեան «Սա կարեւոր է», «Սա կարեւոր է» ըսած էինք, իսկ հիմա կը սկսէինք ամէն վայրկեան ըսել. «Սա այնքան կարեւոր չէ», «Սա այնքան կարեւոր չէ»:
Այս կերպով հասկցայ որ ամէն տեսարան ուրիշ արժէք ունէր երբ կը լուսանկարէիր, եւ ուրիշ արժէք ունէր երբ թերթին մէջ հրատարակել կÿուզէիր: Նոյնպէս՝ մէկ գիշեր առաջուան լուսանկարիչը յաջորդ օր կարծես տարբեր մարդու մը կը վերածուէր երբ կը դառնար թերթի հրատարակիչ: Մէկը մարդասէր ու հաճոյակատար էր, միւսը այլամերժ ու կախերես: Նոյն մարդուն մէջ երկու մարդ:
Ատենօք լուսանկարելը այնքան ալ դիւրին չէր, երբ կը գործածուէր ֆիլմ՝ սեւ-ճերմակ կամ գունաւոր: Մանաւանդ գիշերային տեսարանները: Կամ բեմի վրայ պարզուած տեսարանները: Հիմա որ ստեղծուեցաւ «տիժիթալ» լուսանկարը, ամէն ինչ այնքան դիւրացաւ որ հինգ տարեկան տղեկն անգամ կրնայ լուսանկարել: Բայց լուսանկարելու հաճոյքը միշտ նոյն հաճոյքն է: Երանի՜ թէ լուսանկարի գործիք մը վերցնեմ ու շարունակ լուսանկարեմ:
Մինչեւ կեանքիս որոշ մէկ շրջանը ես լուսանկարող էի: Յետոյ հասաւ կեանքի երկրորդ շրջան մը, ուր դարձայ թէ՛ լուսանկարող, թէ՛ լուսանկարուող: Հիմա ալ հասած է երրորդ շրջանը, ուր այլեւս միայն լուսանկարուող եմ:
Եւ քանի որ խմբագրատան մէջ յաճախ ստիպողութիւնը կամ հաճոյքը կÿունենամ բարեկամներու, հիւրերու, այցելուներու հետ լուսանկարուելու, շարունակ կը մտահոգուիմ լուսանկարող մեր ընկերոջ աշխատանքէն: Հանգիստ չեմ: «Քիչ մը վերէն քաշէ» կÿըսեմ: «Քիչ մը վարէն քաշէ» կÿըսեմ: «Քիչ մը աւելի մօտէն քաշէ» կÿըսեմ: «Այսքան մօտէն մի քաշեր», կÿըսեմ: Երբ մեր գործիքով լուսանկարելու գործը կը վերջանայ, յանկարծ հիւրերը իրենց պայուսակներէն մէկմէկ գործիք կը հանեն ու կը խնդրեն որ իրենց գործիքներով ալ լուսանկարուինք: Եւ քանի որ շատ անգամ հեռաւոր երկիրներէն ժամանած այցելուներ են, ամէն անգամուն կը սկսիմ մտածել որ ահաւասիկ դէպի հեռաւոր երկիրներ նոր ճամբորդութեան մը կÿելլեմ այս բարեկամներուս լուսանկարչական գործիքներուն շնորհիւ: Միայն թէ երբ ամէն ինչ կը վերջանայ, երբ բոլոր լուսանկարները կը քաշուին, այն ատեն կը յիշեմ որ ես բնաւ ուշադիր չէի եղած իմ կեցուածքին, իմ հագուածքին, մինչեւ իսկ անգամ մը չէի սանտրած այն ցանցառ մազերս զորս ունիմ: Կÿորոշեմ ու կÿըսեմ. «Յաջորդ անգամ չմոռնամ մազերս սանտրել»: Բայց անօգուտ է: Պիտի մոռնամ: Որովհետեւ լուսանկարի գործիքին կեցուածքին նկատմամբ աւելի ուշադիր եմ քան թէ իմ կեցուածքիս:
Թերթ հրատարակող մէկու մը համար յաճախ սեղանի վրայ կը դրուի սա հարցումը. «Ո՞րն է աւելի կարեւորը, լուսանկա՞րը, թէ լուրը»:
Կրնաք վստահ ըլլալ որ մարդոց ջախջախիչ մեծամասնութեան համար լուսանկարը աւելի կարեւոր է, քան թէ լուրը: Իսկ եթէ ձեր դիմացինը հանրային դէմք մըն է, ան ալ ամէնէն կարեւորը պիտի նկատէ ի՛ր լուսանկարը: Միւսները կարեւոր չեն:
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան
(Յուշատետր - 71)