Ա. Պատմական

Խաչվերացի տօնը եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ կը տօնուի Սեպտեմբեր 15-ի նախորդող կամ յաջորդող Կիրակին։ Տօնը նուիրուած է Յիսուսի իսկական խաչափայտի գերեդարձին։

Առաջին քրիստոնեայ կայսր՝ Մեծն Կոստանդիանոսի մայրը՝ Ս. Հեղինէ 326 թուին ուխտագնացութիւն կը կազմակերպէ դէպի Երուսաղէմ, ուր կը յաջողի գտնել Քրիստոսի իսկական խաչափայտը։ Կը կառուցէ Ս. Յարութիւն եկեղեցին Քրիստոսի գերեզմանին վրայ եւ այնտեղ կը տեղադրէ Քրիստոսի խաչափայտը։ Դարեր ետք, պարսից Խոսրով Բ. թագաւորը կը յարձակի Երուսաղէմի վրայ, կը գրաւէ քաղաքը. նաեւ գերի կը տանի խաչափայտը՝ դէպի Տիզբոն։ 627 թուին, Հերակլ կայսրը յաղթելով պարսիկներուն, խաչափայտը կը վերադարձնէ Երուսաղէմ եւ կը յանձնէ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ։

Փոխադրութեան ընթացքին Հայաստանի ճամբով, տեղի կþունենան մեծ հանդիսութիւններ եւ կրօնական արարողութիւններ։ Այս դէպքի յիշատակը յաւերժացնելու համար, կը հաստատուի խաչի գերութենէն ազատագրումի այս տօնը։ Խաչվերացի տօնին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներու մէջ, Կիրակի երեկոյեան տեղի կþունենայ՝ ռեհանով զարդարուած խաչով հանդիսաւոր թափօր, Անդաստան։
 

Բ. Սովորութիւններ

Մարաշի մէջ խաչը կը զարդարէին տեսակաւոր, գոյնզգոյն ծաղիկներով, ինչպէս նաեւ հոտաւէտ ռեհանով։ Տօնը, ժողովրդական լեզուով կը կոչուէր Սըրբխէչ, որ կը տօնուէր աշնան սկիզբը։ Ուրախութեան տօն էր, տեղի կþունենար կերուխում. նաեւ կը յիշէին իրենց մեռելները եւ աշնան բարիքներէն մաս մը կը հանէին։

Շաբաթ օրը, կիները խմորեղէն կը թխէին, տղամարդիկ ուլ կը մորթէին։ Սըրբխէչի տօնին համար ուլի միսը առանձնայատուկ էր եւ անհրաժեշտ ուտելիք։ Այս էր պատճառը, որ Խաչվերացի տօնը կը կոչուէր նաեւ Ուլնոց։

Մորթուած եւ մաշկուած ուլը կը կախէին թոնիրին մէջ, ուր նախապէս դրուած կþըլլար ձաւարով լեցուն կաթսան։ Ուլը կը խորովուէր մարմանդ կրակով, իսկ ուլին իւղը կը ծորէր ձաւարին վրայ։ Ձաւարը կը ծծէր ճարպը ու կþեփէր։ Այս ճաշը կը կոչուէր Քաշկակ։ Նոյն արարողութիւնը կը կատարուէր Շիրակի եւ Վայոց Ձորի մարզերէն ներս։

Կիրակի առտու կանուխ, մարդիկ կþուղղուէին դէպի գերեզմանատուն, իրենց հետ տանելով ուտելիքներ՝ մրգեղէն, խաղող, ձմերուկ, խմորեղէն, պանիր, եւայլն, ինչպէս նաեւ ուլի միս։

Քահանան գերեզմանատունը օրհնելէ ետք, խնճոյքը կը սկսէր, սփռոցները կը բացուէին գերեզմանաքարերուն վրայ, քահանային եւ իրեն ընկերացողներուն ուտելիքը կþըլլար լաւաշ հացին մէջ փաթթուած Քաշկակ եւ ուլի միս։ Այս ուտելիքները կը կոչուէին «նան ու տիր»։ Այդ օրը ողբի օր չէր, այլ ուրախութեան եւ ուխտագնացութեան։ Խնամիները զիրար կը հիւրասիրէին, նորահարսերը նուէր կը ստանային։ Երկուշաբթի՝ ինչպէս իւրաքանչիւր Տաղաւարի յաջորդող օրը, Մեռելոցի օրն էր։ Տեղի կþունենար ննջեցեալներու համար պատարագ։ Շատ մը տեղեր, Սուրբ խաչի օրը կը նկատուէր աշնանամուտի օր։

Մշեցիները այսպէս կ'ըսէին, Աստուածածնին բակը մտիր, Սըրբխէչին ալ ծակը մտիր։ Քէսապցիներն ալ կ'ըսէին, Խաչ վերմակը առ, ներս մտիր։


(Լ.Օ.Խ.ի դաստիարակչական յանձնախումբի «
Հայ եկեղեցւոյ տօներ եւ անոնց հետ կապուած աւանդութիւններ» գիրքէն)

  

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴէՊԻ ՎԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻ

Սեպտեմբեր 7-9-ին Ախալցխայի ուխտաւորները այցելեցին արեւմտեան Հայաստանի Վան քաղաքի Աղթամար կղզիի վրայ գտնուող Սբ. Խաչ եկեղեցին: Ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած էր Ախալցխայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողմէ:

Ուխտագնացութեան մասնակիցները Սբ. Խաչ եկեղեցիի մէջ ներկայ եղան Սբ. Պատարագի արարողութեան, ինչպէս նաեւ ականատես դարձան տեղացի հայերու մկրտութեան արարողութեան:

Ուխտաւորները նաեւ եղան Վանի միջնաբերդէն ոչ հեռու գտնուող Մհերի դուռ կոչուող լերան մօտ:

Աղթամարի կղզին, Վան-Թաթվան մայրուղիի 50 ք.մ ի վրայ լիճափին 4ք.մ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին Վասպուրականի թագաւոր Գագիկ Ա. իշխանի օրով կղերական ճարտարապետ Մանուէլ ի կողմէ կառուցուած է:

1113 թուականին եեղեցին վերածուած է վանքի,մկրտուելով Սուրբ Խաչ եկեղեցի անունով:Մինչեւ 1895 թուական վանքը եղած է պատրիագարան ու կաթողիկոսարան, 1462 թուականին վանքի մէջ կատարուած է ընդհանուր նորգութեան աշխատանք մը,սակայն 1703 թուականի եկրաշարժի հետեւանքով ծանր վնասներ կրելու պատճառաւ՝ վերանորագուած է 1712 - 1720 թուականներու միջեւ:

Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին հայ Եկեղեցական ճարտարապետութեան ու հայ գեղարուստութեան ժառանգներու շարքէն ամենաթանկագին գոհարներու օրինակներէն միայն մին է:

Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին վերանորոգութենէն ամինջապէս վերջ,սկզբնական շրջանին կարճ ժամանակ մը խաչ չունէր. խաչը աւելի վերջ զետեղուեցաւ, սակայն եկեղեցին պիտի գործէ որպէս թանգարան եւ արարողութեան համար պիտի բացուի միայն տարին անգամ մը: