ԳԻՏԷԻ՞Ք, ՈՐ ԵՐԶՆԿԱՅԻ 80 ԳԻՒՂԵՐՈՒՆ 40-Ը ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՆՈՒՆ ԳԻՒՂԵՐ ԷԻՆ, ՈՐՈՆՑ 35-Ը ՈՒՆԷԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԴՊՐՈՑ
Պոլսոյ «Ակօս» թերթը Ապրիլ 19ի իր թիւի հայերէն էջերուն մէջ լոյս ընծայած է հետեւեալ գրութիւնը, որուն առիթ հանդիսացած է Կոմիտասի դասականացած երգերու պոլսահայ կատարող Արթիւր Պաղտասարեանի վկայութիւնը, որ զինուորութիւնը կը կատարէ Երզնկա:
Տեղեկանալով, որ կիսականգուն եկեղեցի մը կայ, այցելած է տեղացիներու կողմէ «Զաթգըղ» կոչուած նախկին հայաբնակ Ծաթ կամ Ծաթեր գիւղ, եւ «Ակօս»ի համար նկարած է կիսափուլ այդ եկեղեցին:
Ըստ Սով. Հայաստանի Հանրագիտարանէն քաղուած տեղեկութեանց, Ծաթ գիւղը Ի. դարասկզբին ունէր Սուրբ Աստուածածին անուն եկեղեցի մը եւ վարժարան, 52 տուն հայ բնակչութիւն, որոնք տեղահանուեցան ու բնաջնջուեցան 1915ին: «Ակօս», Երզնկայի մասին պատմական ընդհանուր հետեւեալ տեղեկութիւնները կը քաղէ Ս. Մ. Ծոցիկեանի «Արեւմտահայ Աշխարհ» անուն գործէն:
Երիզա գաւառը տեղահանութենէն առաջ ունէր 60 հազար բնակիչ, որոնց 25 հազարը Հայեր, 21 հազարը Թուրքեր, 11 հազարը Քիւրտեր եւ 3 հազարը Յոյներ էին: Երիզա ունէր 80 հատ մեծ ու պզտիկ գիւղեր, որոնցմէ 40ը զուտ հայաբնակ էին, որոնց մէջ կը գտնուէին 35 հայկական եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ մօտ երկու տասնեակ վանքեր, բացի հին դարերուն աւերակ եղածներէն: Այդ բազմաթիւ վանքերէն են հետեւեալք, բոլորն ալ նշանաւոր.- Ս. Կարապետ, Միաւորու, Ման-եայ, Ս. Գէորգ, Քաոասուն Խաչեր, Խանարկտուր կամ Խնդրակատար, Ս. Աստուածածին, որ ժամանակին ունէր ժողովրդական դպրոց մը, Ներսէս Հայրապետ կամ Կաթողիկէ, Կայեփոս, Ս. Նիկողոս, Ս. Պօղոս-Պետրոս, Ս. Յակոբ, Ս. Կիրակոս՝ Քուրդ Գեղին բարձունքը կանգնած, Մեծ Լուսաւորիչ, Ս. Գրիգոր կամ Չարչարանաց Լուսաւորչի եւ կամ Տատասկավանք, որ կործանած Անահտական մեհեանին տեղը շինուած ըլլալ կը կարծուի: Այս բոլոր հայ գիւղերը պահած էին իրենց վաղեմի հայկական անունները, զորօրինակ, Խնձորեկ, Ս. Օհան, Նոր Գիւղ, Ս. Գրիգոր, Ճանճիկ, Փրկիչ, Վասկերտ, Տաճարակ, Մեղրաջուր, Երկան, Մըթըննի, Կարմրի, Բթառիճ, Ագարակ, Մեղուսի, Վարդանաշահ, Լուսնհոնք, Հայրապետ, եւայլն: Նշանաւոր ու պատմական մեծ գիւղ մըն էր նաեւ Թիլը, որ շինուած ըլլալու է նախքան Մեծն Տիգրանը, որ Թիլի մէջ կառուցեց մեհեան, բագին, մէջը կանգնեցուց Աթինասի արձանը:
Այս արձանը որ ապա Հայոց կողմէ կոչուեցաւ Նանէ, կործանեցաւ Դ. դարու սկիզբը, Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռամբ, եւ անոր տեղ կանգնուեցաւ Կաթողիկէ անուն տաճար մը, ուր թաղուեցան աւելի վերջ Մեծն Ներսէս եւ Արիստակէս Հայրապետները, որոնց աճիւններն ալ աւելի վերջ Կիլիկիոյ Լեւոն թագաւորի (Հեթումի որդի) օրով Կաթողիկէի աւերակներուն տակէն հանուեցան ու փոխադրուեցան Կամախի շրջան՝ Անի Ամրոցի Ս. Խաչ վանքը:
Նոյն Անի Ամրոցին մէջ Մեծն Տիգրանի ձեռամբ զետեղուած էր Անահիտի ոսկեայ արձանը, որ ապա փոխադրուած էր Երիզայի մօտակայքը կառուցուած փառաւոր տաճարի մը մէջ. այդ տաճարը Երիզայի Տատասկավանքի կողմերը ըլլալու է:
Մեր ազգային պատմութեան մէջ յիշուած է մասնաւորապէս Երիզայի այդ Անահիտեան տաճարը, որ Հայաստանի ժողովուրդին համար նշանաւոր ուխտավայրերէն մին էր: Կը յիշատակուի նաեւ, թէ Արտաշէս Բ., հիւանդութեանը ժամանակ, Աբեղ նահապետը ղրկեց Երիզա, Հայոց նուիրական քաղաքը, հոն գտնուող Անահտեան տաճարէն իր անձին համար բժշկութիւն խնդրելու: Նոյնպէս, Մեծն Տըրդատ, երբ դեռ քրիստոնէական կրօնը չէր ընդունած, Երիզա գալով, Անահիտի տաճարին մէջ, փառաւոր հանդիսաւորութեամբ, զոհաբերութիւններով եւ զոհաբանութիւններով տօնեց օտար ազգաց վրայ իր տարած յաղթանակները: Սակայն յայտնի է, թէ ամբողջ չորս դար Հայ ժողովուրդէն պաշտուած Անահիտի ոսկեձոյլ անդրին, իր փառահեղ տաճարով, կործանեցաւ յետոյ Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ, երբ Արշակունեաց պետութիւնը պաշտօնապէս ընդունեցաւ քրիստոնէական կրօնը: Ասկէ մօտ դար մը աոաջ Երիզայի մօտերը գտնուեցաւ Հայերէ պաշտուած այդ Անահիտի արձանին գլուխը: Հիանալի գեղեցկութեամբ օժտուն դիմագծերով գլուխ մը, որուն աչաց մէջ հաւանօրէն կը գտնուէին գոհարեայ ակունքներ, որոնք կորսուած են:
Արուեստագիտական այդ գլուխ գործոցը, երբ գտնուեցաւ, իր ժամանակին պաշտօնավարող Երիզայի Վալի Փաշան ծախեց Քասթէլիանի անուն հնահաւաքի մը, որն ալ, իր կարգին, զայն վաճառեց Բրիտանական Թանգարանին, ահագին գումարով մը: