Ա) ՍԱՀՄԱՆՈՒՄ

Աղօթք բառով կը հասկնանք ձգտում մը, որուն միջոցով մարդ կը դիմէ Աստուծոյ, կամ պատկերաւոր բացատրութեամբ մը, ինչպէս Ներսէս Լամբրոնացի կ'ըսէ.- «Շարժումն է այն չուանին, որուն ծայրը երկինքին մէջ զանգակ մը ունի կախուած»։

Աղօթքի ընթացքին կապ եւ յարաբերութիւն կը հաստատուի Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։ Քրիստոնեային պարտականութիւնն է իր սիրտին ու հոգիին խորերէն Աստուծոյ աղօթել։ Ինչպէս Քրիստոս կ'ըսէ. «Մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր հօրդ» (Մտ 6/6)։ Այս խօսքով, մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, մեզ կը հրաւիրէ անկեղծ եւ խոր յարաբերութիւն հաստատելու Աստուծոյ հետ։

Բ) Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՂՕԹԵԼ

Յիսուս իւրաքանչիւրիս կոչ կ'ուղղէ՝ թելադրելով մեր աղօթքները բխեցնել մեր սիրտին խորերէն։ Եզնիկ Կողբացին կ'ըսէ՝ «Այն աղօթքը, որ սիրտէն կը բխի, Պատարագի փրկութիւն կը գործէ»։ Ուրեմն, սրտաբուխ աղօթքը մեծ  դեր ունի մեր կեանքին մէջ, նաեւ՝ շաղկապ մըն է, որ Աստուած եւ մարդ իրարու կը կապէ։ Աղօթքը իր նպատակը ունի։ Աղօթքին նպատակը այն է, որ մենք խաղաղ եւ հանգիստ խիղճ ունենանք, եւ առաքինի վարք ու բարքով երջանիկ կեանքի հետամուտ ըլլանք։ Կեանքը եւ աղօթքը իրարմէ անբաժանելի եւ զիրար լրացնող իրողութիւններ են։ Առանց աղօթքի՝ կեանքը մեռած է, եւ առանց կեանքի՝ աղօթքը մեռած է։ Աղօթքը մեր կեանքէն դուրս պէտք չէ ձգենք, որովհետեւ երբ աղօթքը մէկդի դնենք, զԱստուած մէկդի դրած կ'ըլլանք։ Պէտք է մեր ամբողջ կեանքը աղօթք ըլլայ, իսկ աղօթքը՝ կեանք, որովհետեւ «աղօթքը կը նմանի զոյգ  ակերէ բխող գետի մը»։ Կեանքը եւ աղօթքը անխոցելի կը դարձնեն եւ կը պաշտպանեն մեզ կեանքի հարուածներէն, եթէ աղօթքը կատարուի անկեղծ սիրտով եւ մաքուր հաւատքով։ Իւրաքանչիւր անհատ ուզած ատեն կրնայ աղօթել, որովհետեւ Աստուծոյ համար ընդունելի են այն բոլոր աղօթքները, որոնք սիրտերու խորերէն կը բարձրանան։ Աղօթքը հաւատքի արտայայտութեան միջոց մըն է։ Երկու տեսակ աղօթք գոյութիւն ունի՝ անհատական եւ ընդհանուր։ Անհատական աղօթքը կը կոչուի նաեւ անձնական աղօթք, իսկ ընդհանրական աղօթքը՝ կը կոչուի նաեւ հասարակաց աղօթք, որ կը կատարուի եկեղեցւոյ մէջ ։

Գ) ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԱՂՕԹԵԼ

Աղօթքը բազմաթիւ օգտակարութիւն ունի։ Նախ եւ առաջ հաւատքի եւ ազնիւ զգացումի արտայայտութիւն է, նաեւ կը նպաստէ, որ ազնիւ եւ խաղաղ խիղճ ունենանք, ինչպէս Յիսուս ըսաւ՝ «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար» (Մտ 5.44)։ Մեծագոյն աղօթողը այն է, որ հաւատքով եւ յոյսով կ'աղօթէ։ Հաւատքով եւ յոյսով աղօթել կը նշանակէ կեղծաւորութեամբ չաղօթել, այլ՝ մաքուր սիրտով եւ խոնարհութեամբ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ . «Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 18.14)։ Նոր Կտակարանին մէջ մեծագոյն աղօթողը նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսն է։

Դ) ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԻՇՏ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ՞ ՄԵՐ ԱՂՕԹՔԻՆ

Աստուած մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ այնքան ատեն, որ մենք Իր կամքը կը կատարենք, այսինքն՝ «մարդուս փրկութիւնը»։ Ինչպէս կը կարդանք Եզեկիէլ մարգարէին մօտ. «Միթէ ես ամբարիշտին կորուստը կ'ուզե՞մ, չէ՛ որ ես կ'ուզեմ որ անիկա իր ճամբայէն դառնայ եւ ապրի» (Եզ 18.23), այսինքն՝ մեր աղօթքները պէտք չէ ծառայեն մեր հաճոյքներուն, ինչպէս կը թելադրէ Յակոբոս առաքեալ (տե՛ս Յկ 4.2), այլ պէտք է նպատակ ունենան մեր հոգեկան շահին, զարգացումին ու ամբողջացումին։ Որպէս եզրակացութիւն, կարելի է ըսել, որ աղօթքը անհրաժեշտ պայման մըն է իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար, որովհետեւ անոր միջոցաւ է որ մարդս յարաբերութեան մէջ կը մտնէ իր Արարիչին հետ։ Վերջապէս, աղօթքին շնորհիւ իր կատարելութեան կը հասնի Հօր եւ որդիի մտերմիկ կապը, որ հիմնովին կը տարբերի մնացեալ բոլոր կապերէն։ «Աղօթելու ենք եւ յարատեւ աղօթելու», մեզ աղօթքին մղող ոյժը պէտք է միայն սէրը ըլլայ, այն անկեղծ եւ անշահախնդիր սէրը, որ Աստուծմէ կը ճառագայթէ եւ մեր սիրտերուն  մէջ կը պտղաբերի։ Մեր հոգեւոր պարտականութիւնն է ներել մեր նմաններուն՝ մեր անձերուն պէս, եւ այդ մէկը յաջողցնելու համար անհրաժեշտ է, մեր սիրտին մէջ կենդանի պահել այն թելը, որ սիրոյ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կը խարսխէ աներեր վէմի վրայ եւ զայն կը դարձնէ յարատեւ ու բարերար հոգեւոր երկխօսութիւն։

Յովհաննէս Աբղ. Սաղտըճեան
(Հոգեւոր Հովիւ Գոքինիոյ)