Կարապետ Գալֆայեանին առաջին անգամ մօտէն ծանօթացայ երբ նորակազմ պատանեկան խումբի անդամ դարձայ 12-13 տարեկան հասակիս։ Մինչեւ այն ատեն հայ բարեկամներ չէի ունեցած, ոչ ալ գոյութիւն ունէր մեր քաղաքը հայկական դպրոց, ուրեմն միայն հայերէն խօսիլ գիտէի, ան ալ ոչ շատ լաւ։
Ինծի համար, եւ կը կարծեմ բոլոր միւս պատանիներուն համար, մեծ ուրախութիւն պատճառեց, 15-16 հոգինոց խումբի մը կազմութիւնը, որ քով-քովի բերաւ մեզի եւ շատ լաւ ժամանակ անցնելու առիթ տուաւ, մանաւանդ որ եկեղեցւոյ բակը մեզի համար Հայաստանն էր ու ոեւէ անձ չէր կրնար մեզի խանգարել կամ ծաղրել։
Առաջին իսկ հաւաքոյթէն մեր խմբապետը բոլորիս ուշադրութիւնը գրաւեց իր հայերէն մաքուր առոգանութեամբ եւ շեշտուած խօսքերով, մանաւանդ երբ մեզի բացատրել սկսաւ թէ ինչո՛ւ հաւաքուած ենք ու ի՛նչ է մեր նպատակը։ Մեր խմբապետը շեշտեց թէ պէտք է հպարտ ըլլանք մեր հայկական ծագումին համար, որովհետեւ հազարամեայ տարիներու պատմական ժողովուրդի զաւակներն ենք։ Կը յիշեմ իր բառերը, երբ կ'ըսէր թէ նկատի ունենալով թէ մեր քաղաքէն ներս գոյութիւն չունի հայկական դպրոց, մեր հաւաքոյթները դպրոցի պիտի վերածենք ու մեր մայրենի լեզուն լաւ պիտի սորվինք, որովհետեւ հայերէն լեզուն խարիսխն է մեր գաղութի գոյատեւման. ան կ'աւելցնէր թէ լրջութեամբ պէտք է մօտենալ հայեցի դաստիարակութեան ու հայապահպանման սրբազան գործին։ Այս խօսքերը բոլորիս վրայ մեծ ազդեցութիւն ու գոհունակութիւն գործեցին եւ խոստացանք ամէն տեսակի քայլ առնել՝ այս սուրբ նպատակին հասնելու համար։
Հաւաքոյթները կանոնաւոր կերպով կը շարունակուէին ամէն Կիրակի օր եւ ես անհամբերութեամբ կը սպասէի, թէ երբ Կիրակի օրը պիտի գայ, որպէսզի իմ հայ բարեկամներուս մօտ գտնուիմ։ Մեր խմբապետը նպատակ ունենալով մեզի գիտելիքներ փոխանցել ու միաժամանակ վառ պահել մեր ազգային գիտակցութիւնը՝ դաստիարակչական շարք մը գործադրեց, պատմելով զօրավար Անդրանիկի մասին, Համազասպի, Գարեգին Նժդեհի, Արամ Մանուկեանի, Քեռիի, Գէորգ Չաւուշի ու Աղբիւր Սերոբի ֆետայական շարժումներու մասին։ Սորվեցանք նաեւ յեղափոխական երգեր, որոնք ամէն առիթով եւ բարձր ձայնով կþերգէինք։ Մեր ազգային պարտականութիւններու շարքը երկար պիտի ըլլար։ Հայակերտումը ու հայրենիքի հզօրացման համար մեր նուիրաբերումը՝ վերջ չունի եւ վերջ պէտք չէ ունենայ։
Խմբապետ Կարապետը միշտ հետաքրքրութիւն կþուզէր ստեղծել անդամներուն մօտ ու կը կազմակերպէր այնպիսի ելոյթներ, որ մեզի գոհացում պիտի տային։ Այդպէս օր մը մեզի յայտարարեց, թէ յաջորդ Կիրակի օր պիտի կազմակերպենք պտոյտ մը դէպի Վերիա քաղաքը, շոգեկառքով։ Մեր ուրախութիւնը հասաւ գագաթնակէտին, մանաւանդ ինծի համար, որովհետեւ մինչեւ այն օրը շոգեկառք չէի նստած։ Նկատի ունենալով թէ կայարանը քաղաքէն քիչ մը հեռու էր, խումբը կարգապահ ու զինուորական քայլերով քաղաք ուղղուեցաւ. ճանապարհին՝ մեր տրամադրութիւնը բաւական բարձր էր։ Քաղաքի հին քանի մը եկեղեցիներ այցելեցինք, նեղ ճամբաներու մէջ պտտեցանք եւ շատ ուրախ ժամեր անցուցինք։ Անմոռանալի պտոյտ։ Խումբի դաստիարակութիւնը շարունակուեցաւ երկար ատեն ու ամէն անգամ խմբապետը կը ներկայացնէր նոր ու հետաքըր- քրական պատմական դրուագ մը որ մեզի շատ գոհ կը ձգէր։
Ապրիլ 24-ի ելոյթներու ծիրէն ներս, մեր խմբապետը, տակաւին աշակերտ էր Ամերիկեան գոլէճի, հանդէս եկաւ ու արտասանեց -առանց կարդալու- Աւետիս Ահարոնեանի «Կոյր Աշուղը»։ Արտասանութիւնը մեծ տպաւորութիւն գործեց եւ շատ մեծ յուզում յառաջացուց ներկայ ժողովուրդին մօտ, երբ մեր խմբապետը բարձր ու հզօր ձայնով կþարտասանէր.
-Ոռնա՛, քամի, հազար ու մի ձայներով
թող սարսռան լեռներ, ձորեր, անդունդներ...
թէ անզօր է սրբել արցունքն աշխարհում
Գահ էլ պէտք չէ՛, եւ ոչ Աստուած երկնքում։
Խումբը շարունակեց իր դաստիարակութեան շրջանը։ Կորընթոս քաղաքի եւ հիւսիսային Յունաստանի պատանեկան խումբերու հետ թղթակցութիւն պահեցինք մեր խմբային կեանքէն ու գիրքերու փոխանակումներ։ Կազմակերպուեցաւ ռատիօ-բրոկրամը, եզակի ելոյթ մը այն օրերուն համար։ Տարիները անցան, շատերը Երիտասարդական միութեան անդամակցեցան ու Պատանեկան խումբին ուրիշ նոր անդամներ եկան։ Բոլորիս ծանօթ էր մեր խմբապետի տնտեսական մակարդակը։ Եթէ ուզէր, ամէն տեսակ յարմարութիւններ ունէր ճոխ եւ երջանիկ կեանք մը ապրելու համար։ Սակայն ինքը ընտրեց Պատանեկան խումբի գործունէութիւնը վարել եւ երկար տարիներ զբաղիլ միութենական գործով: Կþուզեմ ընդգծել ընտրեց բառը, որովհետեւ մեր խմբապետը ազնիւ անձնաւորութիւն մըն էր, որ հայրենասիրութիւն փոխանցեց մեր բոլորին։
Ամէն տեսակ ջանք թափեց որպէսզի մենք սիրենք մեր լեզուն, մեր հայրենիքը, հպարտ ըլլանք մեր ազգի պատմական ծագումին համար։
Կարապետ Գալֆայեանը շնորհալի բանախօս դարձաւ ու հրաւէրներու ընդառաջելով այցելեց շատ գաղութներ։ Միշտ երիտասարդութեան մօտ եղաւ։
Գալուստ Չամասեան