Ծննդեան  155ամեակին  առթիւ

«Հայ ազգը իր զաւակներուն մէջ, հանդէպ դոկտ. Եոհաննէս Լեփսիուսի երախտագիտութիւն պիտի արթնցնէ: Անոր յիշատակը հայ ազգին մէջ միշտ կենդանի պիտի մնայ, որովհետեւ ան հայ ազգը խորունկ կերպով կը սիրէր եւ անոր ծառայելու համար իր ամբողջ բարոյական եւ ֆիզիքական զօրութիւնը ի սպաս դրաւ»:

Գրիգորիս Եպիսկ. Պալաքեան
23 Փետրուարի 1926 թ.՝ Լեփսիուսի մահուան օրը

(Ա. մաս)

Հայ ժողովուրդը միշտ գիտցած է գնահատել իր տաղանդաւոր բանաստեղծները, հոգեւորականները, արուեստագէտները եւ հայ ժողովուրդի օտար բարեկամները, բայց երբեմն ալ դժբախտաբար գնահատանքները մահէն ետքն է որ նկատի կ’առնուին:

«Հայասէր» անունը տրուած է շատ մը օտարներու, անխտիր, պէտք է սակայն զանազանութիւն մը դնել: Կարելի է երեք խումբի բաժնել զանոնք. ժամանակին այսպէս կը գրէր արեւմտահայ գրագէտ, հրապարակագիր եւ հանրային գործիչ՝ Արշակ Չօպանեանը (1872-1954):

Ա. Այն օտարները որ զբաղած են անձնական շահու համար, կամ իրենց երկրին շահը միայն ի նկատի ունենալով եւ որոնց «հայասիրութիւնը» եղած է մակերեսային, անհարազատ, խախուտ, ժամանակաւոր, ատոնք հայասէր երբեք չեն եղած, եւ յաճախ աւելի վնաս բերած են մեզի քան՝ օգուտ:

Բ. Այն օտար մտաւորական կամ քաղաքական գործիչները որ մեր հալածուած, կեղեքուած ու անիրաւուած ցեղին դատին մօտեցած են յանուն մարդասիրութեան, յանուն իրաւունքի, անկեղծութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ պաշտպանած են զայն, որոշ րոպէի մը կամ շարունակաբար: Ասոնք, արդարասէր ազնիւ գործիչներ են, որ բռնաւորին եւ կեղեքուածին միջեւ կեղեքուածին կողմը կը բռնեն վճռականապէս եւ անոր դատը ջերմօրէն կը պաշտպանեն:

Գ. Այն օտար անձնաւորութիւները որոնք ոչ միայն մեր դատը, այլ մեր ժողովուրդը ուզած են ճանչնալ իր պատմութեամբ, իր մշակոյթով եւ զայն իր քաղաքակրթական արժէքին եւ իր պատմական դերին մէջ ճանչնալով, յարգանքով ու սիրով լի բարեկամութիւն մը նուիրած են անոր: Ասոնք իրական հայասէրներ եղած են, որոնց բարեկամութիւնը եղած է խորունկ ու մշտատեւ եւ ամէն կերպով մեզի համար բեղմնաւոր ու օգտակար: Անոնք մեր գէշ ճանչցուած, զրպարտուած ժողովուրդին պատիւը պաշտպանած ու վարկը բարձրացուցած են ամբողջ աշխարհի մէջ ու մեր իսկ ինքնաճանաչման նպաստած են հզօրապէս:

Գերմանացիներ՝ աստուածաբան եւ մարդասէր Եոհաննէս Լեփսիուսը, բանաստեղծ եւ գրագէտ Արմին Թ. Վեկնէրը եւ աստուածաբան, հրապարակախօս Փաուլ Ռոհրպախը երրորդ խումբին պատկանող հայասէրներէն էին:

Եոհաննէս Լեփսիուս զաւակն էր գերմանացի անուանի եգիպտագէտ, Պէրլինի համալսարանի դասախօս՝ Քարլ Ռիչարտ Լեփսիուսի (1819-1884, որը գերմանական եգիպտագիտութեան հիմնադիրն է եղած, ինչպէս նաեւ Հռոմի հնագիտական հիմնարկի նախագահ: Աթէնքի մէջ հիմնած է եգիպտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն եւ Պէրլինի մէջ հիմնած է եգիպտական նշանաւոր թանգարանը: 1842ին այցելած է Եգիպտոս՝ իբրեւ հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար):

Եոհաննէս Լեփսիուս ծնած է 15 Դեկտեմբեր 1858ին Փոցտամի մէջ: Վիլհէլմ երկրորդական վարժարանը վերջացնելէ ետք կը ճամբորդէ էրլասկըն քաղաքը եւ կը սկսի ուսանիլ այնտեղի համալսարանին մէջ, ապա 1878-1881ին Միւնիխի համալսարանին մէջ, ուր կը ստանայ «դոկտորութեան» տիտղոս փիլիսոփայութեան ճիւղի մէջ: Ապա աստուածաբանութիւն ուսումնասիրելու համար Լեփսիուս կը մտնէ Պէրլինի համալսարանը եւ 1883ին յաջող կերպով կ’աւարտէ այդ ճիւղը:

1884ին Երուսաղէմ կ’երթայ իբրեւ տեսուչ տեղւոյն գերման բողոքական վարժարանին: Հոն կ’ուսումնասիրէ եւ փորձառութիւն կը հաւաքէ Արեւելքի, Իսլամի եւ Միսիոնարներու գործունէութեան շուրջ: Սերտ կապեր կը հաստատէ Երուսաղէմի գերման միսիոնար՝ պատուելի Ցելլէրի հետ, եւ վերջը կ’ամուսնանայ անոր աղջկան՝ Մարկարէթի հետ: 1886ին կը վերադառնայ Գերմանիա եւ կարճ ժամանակուայ մը համար կը նշանակուի Ֆրանքֆուրթի Քրիստոս եկեղեցիի պատուելիի տեղակալ:

1887ին կը մեկնի Ֆրիզտորֆ գիւղը եւ տասը տարի շարունակ կը դառնայ գիւղին հովիւը: Գիւղին բնակիչները աղքատ ըլլալով, պատուելի Եոհաննէս Լեփսիուսի կնոջ օգնութեամբ գորգի գործատուն մը կը բանայ՝ ուր անգործ աղջիկներ եւ կիներ կ’աշխատցնէ: Ե. Լեփսիուսի կողքին էր միշտ իր առաջին կինը՝ Մարկարէթը, ըլլայ դրամ հաւաքելու, ժողովներ կազմակերպելու եւ յօդուածներ գրելու թերթերու մէջ, այս բոլորը շատ էին մէկ հոգիի համար երբ միեւնոյն ժամանակ վեց երեխաներ ալ կը պահէր (Ռենաթը, էվլինը, Ալֆրէտը, Լօռը, Կերհարտը եւ Եազուրը): 1898ին բարի եւ մարդասէր կինը կը հիւանդանայ, ուժասպառ կ’ըլլայ եւ շուտով կը մահանայ:

Ֆրիզտորֆի շուրջ գտնուող համայնքներու 7 պատուելիներուն հետ միասին Լեփսիուս 1895ին կը կազմակերպէ ԳերմանԱրեւելեան առաքելութիւնը իսլամներու մէջ գործելու դիտումով:

1894ին Սասունի ջարդը 1895 եւ 1896ի հայութեան կոտորածները (ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին)… չարագուշակ լուրերը օրէօր կը տարածուէին ամբողջ Եւրոպայի մէջ եւ ցնցած էին քրիստոնեայ Եւրոպայի խումբ մը մարդասէրներու խիղճը: Երբ անգլիական եւ ֆրանսական թերթերը Թուրքիոյ մէջ պատահած ջարդերու մասին մանրամասնօրէն գրեցին, գերմանական մամուլը հակազդեց գրելով՝ թէ այդ բոլորն անգլիական զրպարտութիւններ եւ անգլիական սուտեր են: Գերմանական կայսր Վիլհէլմի թրքասէր մամուլը քօղարկեց այս վայրագ եղելութիւնները:

Այս լուրերու իրողութիւնը ստուգելու համար Եոհաննէս Լեփսիուս եւ դոկտոր Ջեմս Գրինֆիլդ (թաւրիզահայ կնոջ մը զաւակը, 1918-1922ին դեսպան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Պէրլինի մէջ), միասնաբար ճամբայ ելան դէպի Թուրքիա: Ե. Լեփսիուս իբրեւ գորգի վաճառական իր հետ ունենալով 9 հազար զուիցերական ֆրանք որ հաւաքած էր աւետարանական համայնքներէն: Առաջին անգամ Թուրքիոյ մէջ պատուելի Եոհաննէս Լեփսիուսը հայ աղջիկներուն եւ տղաներուն համար կը հիմնէր որբանոց մը Թալասի մէջ եւ անկէ վերջ երկրորդը Ուրֆայի մէջ, մօտ 4-500 հայ որբերու պատսպարան մը:

Սկզբնական շրջանին, գերման աւետարանական քարոզիչները կը կարծէին որ հնարաւոր է Թուրքիոյ իսլամութեան մէջ քրիստոնէութիւնը տարածել, եւ այդ ճամբով մեղմացնել հայութեան տառապանքները: 1896ի ջարդերէն վերջ, անոնք լաւ հասկցան, որ հնարաւոր չէ նման ծրագիրներ իրականացնել ուստի որոշեցին օգնութեան հասնիլ հայ աղէտեալներուն:

Գերմանիոյ մէջ այն ատեն շատ դժուար էր Հայերուն համար օգնութեան գործ մը կազմակերպել, որովհետեւ գերման կառավարութիւնը նման ձեռնարկները հաշտ աչքով չէր դիտեր: Գերման աւետարանական եկեղեցական մեծ առաջնորդները եւս իրենց քաղաքականութիւնը նոյնացուցած էին կառավարութեան քաղաքականութեան:

Երեք ամիս Թուրքիա շրջելէ ետք, Ե. Լեփսիուսը կը վերադառնայ իր գիւղը եւ Յուլիս ամսուան մէջ կը հիմնէ Հայ Օգնութեան Կոմիտէ անուամբ միութիւն մը:

Իսկ Փետրուար 1896ին Ֆրանքֆուրթ-Մայնի մէջ պատուելի Էրնսթ Լօհմանի նախագահութեամբ կը հիմնուի քրիստոնեայ Հայերուն համար Գերման Օգնութեան Միութիւն՝ քրիստոնէական սիրոյ գործի համար, Արեւելքի մէջ: Ժամանակ մը այս երկու պատուելիները միասնաբար գործեցին եւ ունեցան Գերմանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ մասնաճիւղեր եւ համակիրներ:

Ինչպէս վերեւ նշեցինք, Հայոց ջարդերու մասին Գերմանիոյ մամուլը սկիզբները հերքեց, զայն վերագրելով անգլիական բայց նաեւ ֆրանսական զըրպարտիչ քարոզչութեան: Հետագային, սակայն ընդունեց թէ Հայերու դէմ ի գործ դրուած են խիստ մհջոցներ, սակայն ասոնք իբրեւ թէ ուղղուած էին բացառապէս «հայ յեղափոխականներու» դէմ:

Հակառակ վերոյիշեալ խոչընդոտներուն՝ Եոհաննէս Լեփսիուս ոչ միայն օգնեց Հայերուն, այլեւ աշխատեցաւ իրադարձութեանց շուրջ տեղեակ պահել գերման հանրութիւնը, ըրաւ ամէն ինչ որ Թուրքերու ոճիրները տեղեկացնէ իր հայրենակիցներուն: Ե. Լեփսիուսի գործը շատ դժուար էր եւ օրէօր այլ դժուարութիւններու կը հանդիպէր: Հասաւ մինչեւ այն կէտին, որ իր պատուելիութեան պաշտօնէն հրաժարեցաւ եւ «Պէրլինի Հայ Օգնութեան Կոմիտէի» նախագահը եղաւ:

Բարեկամներու փոքր խումբի մը հետ ան շարունակեց օգնութեան հասնիլ Թուրքիոյ Հայերուն եւ միեւնոյն ժամանակ մամուլով, թռուցիկներով եւ բանախօսութիւններով պաշտպանեց զանոնք: 1896ին դոկտ. Ե. Լեփսիուս Պէրլինի մէջ հրատարակեց իր առաջին գիրքը Հայերու մասին՝ «Հայաստան եւ Եւրոպա» (242 էջ). ենթախորագիրն էր «Ամբաստանագիր մը քրիստոնեայ մեծ պետութեանց դէմ եւ կոչ մը քրիստոնեայ Գերմանիոյ»: Սոյն հատորը գերմաներէն լեզուով լոյս տեսած է 13.000 օրինակ, արժանացած է վեց հրատարակութեան եւ թարգմանուած է անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի: Այս հատորին մէջ 1895ին զոհերուն թիւ ցոյց տուած է աւելի քան 100.000 հոգի: Այս գրքի շնորհիւ Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի հանրային կարծիքը քայլ առ քայլ փոխուեցաւ:

Ե. Լեփսիուսը իր գիրքին մէջ հետեւեալը կը գրէ.-

«Պէրլինի վեհաժողովէն վերջ, Սասունի կոտորածի պատճառով, մեծ զայրոյթի ցոյցեր տեղի ունեցան Անգլիոյ մէջ, ուստի Անգլիան պահանջեց 67րդ յօդուածի գործադրութիւնը, եւ Ռուսաստանի ու Ֆրանսայի հետ միասին մշակեց բարենորոգումներու ծրագիր մը, որ 17 Հոկտեմբեր 1885ին ներկայացուեց սուլթանին: Ապտիւլ Համիտը պետութիւններու ճնշման տակ ստորագրեց, սակայն չգործադրեց այդ ծրագիրը եւ պատմութիւնը այլեւս լռեց հայկական բարենորոգումներու մասին»:

Ե. Լեփսիուսը 38 տարեկան հասակին, տիկնոջ եւ հինգ երեխաներուն հետ կը հեռանայ Ֆրիզտորֆէն ու կը հաստատուի ՊէրլինՓոցտամ: Վերջին քանի մը տարուան մէջ, մինչեւ 1899, ան կը հիմնէ 7 օգնութեան կեդրոններ, ունենալով 13 եւրոպացի եւ 6 հայ աշխատակիցներ: Միայն Ուրֆայի մէջ կը հիմնէ երեք որբանոցներ 300 երեխաներու համար, փոքրիկ հիւանդանոց մը, դեղարան մը եւ երեխաներու համար հիւանդանոց մը. ասկէ զատ ալ կը հիմնէ գորգի գործարան մը: Ե. Լեփսիուս հայ գաղթականներուն օգտին աշխատեցաւ նաեւ Պարսկաստանի եւ Պուլկարիոյ մէջ:

(Բ. մասը՝ վաղուայ թիւով)

 Հ. Պ.