«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր

գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան  առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Աթոռի խնդիր

Խմբագրատան աշխատասենեակս այնքան ալ ընդարձակ չէ: Երեք սեղաններ ու երեք գրադարան-պահարաններ արդէն լեցուցած են սենեակին մեծամասնութիւնը: Հիւրերուն համար հազիւ երեք-չորս աթոռի տեղ մնացած է: Երբ կÿաշխատիմ, ունիմ իմ աթոռս: Իսկ երբ հիւր կÿընդունիմ, ունիմ իմ մասնաւոր բազկաթոռս: Ամէն ինչ շատ լաւ կÿընթանայ եթէ հիւրերուն թիւը երեքէն աւելի չէ: Բայց հարցը կը կնճռոտի եթէ հիւրերը բազմանդամ ըլլան: Եւ հիւրերը ընդհանրապէս բազմանդամ են:
Անմիջապէս ըսեմ որ աշխատասենեակիս երեք բազկաթոռները բնաւ պարապ չեն: Բայց պարապ չեն ոչ թէ անոր համար որ անոնց վրայ նստող մը կայ, այլ անոր համար որ մենք աշխատասենեակիս մէջ չենք սիրեր աթոռը պարապ թողուլ: Անմիջապէս որ պարապ աթոռ մը տեսնենք, անոր վրայ կը լեցնենք գիրքեր, լրագիրներ, թղթածրարներ, կամ պայուսակներ: Այնպէս որ երբ յանկարծ հիւր մը կուգայ, ամենայն արագութեամբ աթոռները կը պարպենք ու տեղ կը բանանք հիւրին:
Իմ հիւրերը ընդհանրապէս կուգան առանց նախապէս ժամադրութիւն առնելու: Ես գանգատողը չեմ: Հոգ չէ: Ես զիս այնքան կարեւոր մարդ չեմ նկատեր որպէսզի առաջուց ժամադրութիւն առնուի ինձմէ: Ես միշտ հոն եմ ու ով որ կը փափաքի ինծի այցելել, կրնայ գալ, պայմանաւ որ առտուան ժամը 11-ը անցած ըլլայ: Կրնայ գալ ու սիրով ալ կÿընդունուի: Կը կարծեմ թէ հարիւրաւորներ կան որոնք պիտի վկայեն թէ ճիշդ կÿըսեմ: Մանաւանդ անոնք որոնք արտասահամանէն կուգան երբեմն հինգ կամ վեց հոգիէ բաղկացեալ խումբերով:
Բայց միշտ կայ աթոռի հարցը: Երեք հոգիէն աւելիին տեղ չունիմ: Եթէ պատահի որ յանկարծ լսեմ որ վեց կամ եօթը հիւրեր ունիմ, որոնք արդէն իսկ սկսած են բարձրանալ սանդուխներէն, կը պոռամ աղջիկներուն.
-Աթոռ բերէք:
Գործընկերուհիներս իրենց սենեակէն երկու կամ երեք աթոռ եւս կը բերեն: Կացութիւնը կը փրկուի: Մեր հիւրերը ոտքի չեն մնար: Հաճելի խօսակցութիւններու մէջ կը թաղուինք: Հիւրերու հետ ըլլալը, հիւրերու հետ զրուցելը, հիւրերու հետ ծանօթանալը խմբագրի մը պարտականութիւնն է: Ուրիշներ հիւրերու հետ հաց կը բեկանեն: Մենք մեր հիւրերուն հետ աթոռ կը բեկանենք:
Բացի մէկ պարագայէ: Երբ դպրոցականներ հերթական այցելութեան կուգան խմբագրատուն: Ասիկա արտասովոր դէպք է տեղի չգոյութեան տեսակէտէ: Թէեւ միշտ նախապէս առնուած ժամադրութեամբ է որ կուգան դպրոցներու աշակերտները, բայց միշտ ալ նեղ կացութեան կը մատնուինք անոնց դիմաց, որովհետեւ առնուազն երեսուն հոգի են, առանց հաշուելու իրենց երկու ուսուցչուհիները: Երբեմն քառասուն, երբեմն մինչեւ իսկ աւելի: Յուսահատական կացութիւն է, բայց ընելիք բան չկայ: Տղաքը կը խռնուին սենեակին մէջ, հազիւ թէ կրնանք նստեցնել անոնց առաջնորդ ուսուցչուհիները:
Քանի որ տղաքը կանգնած են, ես ալ նոյնը կÿընեմ: Կը խօսինք, անոնք հարցումներ կÿուղղեն, կը պատասխանենք, քանի մը պատգամ կուտանք, ու կÿերթան:
Ամէն անգամ որ այսպէս երեսուն, քառասուն աշակերտ կը լեցուի աշխատասե-նեակիս մէջ, անպայման կը յիշեմ այն օրերը երբ Պատրիարքը չէր ուզեր Պատրիարքարանի ընդունելութեան մեծ դահլիճին մէջ ընդունիլ յիսուն, վաթսուն հոգիէ աւելին: Պատրիարքարանը տակաւին չէր նորոգուած ու պատրիարքը կը վախնար որ սրահը չի կրնար վերցնել այդքան բազմութիւն, փուլ կուգայ:
Ուրեմն ես պատրիարքը կը յիշեմ ամէն անգամ որ երեսուն, քառասուն աշակերտներ կը խռնուին մեր հնօրեայ շէնքին ամէնէն վերի յարկի իմ աշխատասենեակիս մէջ: Այս սենեակը կը վերցնէ՞ քառասուն հոգի: Մէկ կէտ միայն մխիթարական է: Գիտեմ որ իմ աշխատասենեակս լեցնող աշակերտները աւելի թեթեւ են քան թէ այն ծանրաշուք ազգայինները որոնք պիտի լեցնէին պատրիարքարանի դահլիճը: Անշուշտ մաղթելի է որ աշակերտներու այցելութեան ընթացքին աշակերտներուն թիւը քսանը չանցնի, բայց միւս կողմէ գիտեմ որ աշակերտներուն ընկերացող ուսուցչուհիները այնքան աւելի երջանիկ են որքան աւելի աշակերտ բերած են միասին: Երբ կը հարցնեմ թէ քանի՞ հոգի են, ուսուցչուհիները արդար հպարտութեամբ ու ճառագայթող դէմքով կը պատասխանեն.
-Քառասուն: Քառասունհինգ: Յիսուն:
Երբ լիսէի աշակերտ էինք, մեր անառակ մէկ դասընկերը օր մը խաղ մը խաղացած էր մեր շատ ազնիւ ուսուցիչներէն մէկուն: Անոր նստելիք աթոռին բարձին վրայ ասեղ մը դրած էր ցից կերպով: Երբ խեղճ մարդը դասի մտաւ ու նստաւ աթոռին վրայ, տեղէն ցատկեց «այ» պոռալով: Բոլորս ալ գիտէինք, սկսանք խնդալ: Խեղճ ու բարի ուսուցիչը խնդիր չյարուցանեց, մէկ երկու խրատական ըրաւ ու անցաւ:
Տղայ էինք, ես բնաւ չմտածեցի թէ կարգ մը աթոռներ ասեղ կամ փուշ կÿունենան անպայման: Տարիներ վերջ է որ պիտի անդրադառնայի այս ճշմարտութեան: Իմ աթոռս ալ այդ փուշ ունեցողներէն մէկը կը նկատուի: Բայց ճիշդ ատոր համար է որ կÿարժէ նստիլ անոր վրայ:
Քիչ անգամ կը պատահի բայց կը պատահի որ հիւրերէս մէկը ինձմէ առաջ շարժի ու նստի իմ բազկաթոռիս վրայ: Ես չեմ խանգարուիր:
-Խնդրեմ, կÿըսեմ, ատիկա իմ աթոռս է: Դուք սանկ հրամեցէք:
Յետոյ կատակ մը կÿընեմ.
-Ես իմ աթոռս ոչ մէկուն կը թողում:
Ասիկա թէ՛ կատակ է, թէ՛ չէ: Ես գիտեմ որ օր մը ուրիշը պիտի թողում աթոռս, բայց ես հոն եմ մինչեւ որ ուրիշին թողում: