«Հայեր յիշէք նուիրական այն օրը
Յուլիս ամսու քսանհինգին կատարեցէք մեր տօնը»

Երբ փոքր ժողովուրդներու պատմութեանց էջերը թղթատենք, անկասկած, պիտի տեսնենք թէ անոնք, առանց լուրջ եւ շօշափելի տուեալի մը երբեք իրենց դրացիներուն կամ ուրիշներուն արդար իրաւունքները չեն բռնաբարած եւ երբեք ուրիշներու ազատութեան սպառնացող ինքնակամ կամ քմահաճ արարքի մը մէջ չեն գտնուած։

Ընդհակառակը, «խաղաղասէր» մեծ ժողովուրդները, իրենց իշխանակալական մոլուցքներէն արբեցած - յանկերգ մը որը տակաւին գոյութիւն ունենալէ չէ դադրած - յաճախ ազատասէր եւ խաղաղ փոքր ժողովուրդներու արդար իրաւունքները ոտնակոխած եւ շատ անգամ անոնց ընդվզելու, պոռթկալու եւ յեղափոխուելու առիթները տուած են։

Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, Խանասորի արշաւանքը ու նաեւ Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութիւնը «մեծ»երու կողմէ հայ ժողովուրդին խաղաղ ու ազատ ապրլու իրաւունքները կաշկանդող եղելութիւններ եղած են։

* * *

Քիւրտերու Մազրիկ ցեղի արիւնարբու պետը՝ Շարաֆ բէկ, ոչ միայն Աղբակի շրջանի հայութիւնը կոտորած եւ Բարթուղիմէոս վանքին շրջակայքը, Վանէն փախած հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ ջարդած, այլ նաեւ այդ շրջաններու հայութեան պատուհասը դարձած էր։ Ան, իր այս արիւնոտ ծառայութիւններուն համար, հայաջինջ ծրագիրներ գործադրող անպատասխանատու գիշատիչ թուրք եւ քիւրտ ջարդարարները հրահրելուն համար, սուլթանէն շքանշան ստացած էր։

Այդ ժամանակներուն եւ մանաւանդ այդ շրջաններէն ներս հայը ոչ իր ինչքին, ոչ իր պատուին եւ ոչ ալ իր զաւակներուն կեանքին տէրն էր։

Հայկական գաւառները երկրային դժոխք դարձած էին։ Աղաչանքը, աղօթքը, դիւանագիտական համակերպութիւնը եւ ոչ ալ կաշառքն ու փաղաքշանքը տարաբախտ հայուն ճակատագիրը փոխելու կարող էին։

Այս կացութեան առջեւ է որ հայը պոռթկաց եւ իր յեղափոխական միտքը գործեց ու վճռեց։ Ոչ միայն պատժեց չարագործ ցեղը այլ միաժամանակ զգաստութեան հրաւիրեց Շարաֆ բէկը եւ միւսները, որոնք, անգամ մը եւս իրենց արիւնոտ «սխրագործութիւնները» շարունակելու չհամարձակեցան եւ տիրող անողոք կացութիւնը փոխուեցաւ։

Նիկոլ Դումանի յղացումով, ապագայ հերոսներէն Սագոն, Եփրեմը, Խեչոն, Վազգէնը եւ ուրիշներ, Վարդանի եւ Իշխան Արղութեանի ղեկավարութեան տակ, մինչեւ մահ կռուելու վճռակամութեամբ երդուող 300 հոգինոց հայ ֆետայիներու խումբը, ցոյց տուաւ բոլորին թէ հայ յեղափոխականը իր կեանքի գնով կռուե- լու ու յաղթելու ընդունակ եւ պատժելու կարող է։

Ցոյց տուաւ բոլորին որ հայը միայն գլուխ խոնարհելու, ջարդուելու, թալանուելու եւ անպատուելու համար ստեղծուած չէր։

Ցոյց տուաւ որ հայն ալ գիտէ կռուիլ ու մանաւանդ իր ազատութեան համար։

Եւ, այս բոլորին հետ, աննման Դումանի հրահանգը.-

«Տղե՛րք, վեհանձն եղէք դէպի տկարները... Ձեռք չտաք կանաց եւ երեխաներին...»։

Ինչպէս երգն ալ կ'ըսէ.-

«Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրէժխնդիր քաջ ֆետան»

Խօսքեր՝ բարոյական։ Խօսքեր՝ գաղափարական։ Խօսքեր՝ վեհ ու պանծալի։ Խօսքեր՝ հայավայել եւ մանաւանդ խօսքեր՝ հայ յեղափոխականի։

Այսպէս, 1897 Յուլիս 25-ին, արշալոյսին, Խանասորի լեռնադաշտին տարածքին եղող գազանային Շարաֆ բէկի 250 վրաններուն վրայ «կարկուտ»ը տեղաց եւ խուճապի ու սարսափի մատնեց բոլորը։

Մինչեւ գիշեր տեւող փոխադարձ կրակը հարիւրաւոր զոհեր խլեց թշնամիէն եւ վրանները հրդեհի տրուեցան։ Գիշերուան մութին կրակը դադրեցաւ եւ մեր տղաքը միայն 19 զոհեր տալով քաշուեցան։

Կռիւ մը փոքր, տակաւին կռիւ մը մղուած բարձր գաղափարականի մը համար։

Կռիւ մը որ ոչ միայն հայութեան մէջ այլ քիւրտավայրագ բոլոր ցեղերուն, մինչեւ Պոլիս կարմիր գազանին որջը ու նաեւ եւրոպական երկիրներէն ներս՝ տարածուն արձագանգ գտաւ։

Միջազգային մամուլը եւ մանաւանդ անգլիական եւ գերմանական թերթերը կատարուած եղելութեանց անդրադառնալով, հայ յեղափոխականներու գրոհը պանծացուցին։

Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, դարերով ստրուկ, լացող ու միայն աղօթող հայուն, ոտքի կեցնող եւ իր կեանքն ու պատիւը զէնքով պաշտպանող եւ դէպի ազգային ազատութեան եւ հայրենիքի անկախութեան առաջին հերոսական քայլերէն մին է Խանասորը։

Ազգային յեղաշրջումի թուական մըն է ան։ Որովհետեւ, համազգային դրոշմ մը ունի։ Որովհետեւ, կռուողներու շարքերէն ներս, հայոց աշխարհի բոլոր շրջաններէն ու բոլոր դասակարգերէն -մտաւորական, ուսանող, վաճառական, գիւղացի, աշխարհական ու կրօնաւոր - մարդիկ կային։

Այսօր, 116 տարիներ ետք, տակաւին կþըմբռնենք զօրութիւնը այն շքեղ գաղափարականին որը Խանասորէ ետք մեր ժողովուրդը աւելի ոգեւորեց եւ շարք մը ուրիշ պանծալի հերոսամարտեր ստեղծել կրցաւ։

Կրցաւ ստեղծել մեր հայրենի ազատութիւնը։ Մայիս 28: Կրցաւ ստեղծել մանաւանդ՝ Փետրուար 18։

Փա՜ռք Խանասորի վսեմ գաղափարաբանութեան։

Կ. Գ.