Լուսանկարները՝ Իննա Մխիթարեանի

Արցախի մէջ հրամայական պահանջք դարձած Աստուածաշունչի պատգամը՝ «աճեցէք, բազմացէք եւ լեցուցէք երկիրը» մեծ կարեւորութեամբ նկատի առնուեցաւ արցախցի մեր հայրենակիցներէն: Այս կուգայ փաստելու երեք տարիներ յետոյ Արցախի մէջ նորածիններու թիւի աճը (baby boom), որ յաջորդեց Հոկտեմբեր 2008ին կայացած 200 զոյգերու ամուսնութեան արարողութեան:

Պատերազմի դաշտին մէջ յաղթանակած երկիրը ընկերային-տնտեսական բազմաթիւ խնդիրներ դիմագրաւելով հանդերձ, փորձեց լուծել իր մէկ այլ՝ շատ լուրջ հարց հանդիսացող՝ ժողովրդագրական խնդիրը: Արցախի մայրաքաղաքէն մինչեւ հեռաւոր գիւղերը, երիտասարդները քով-քովի գալով ընտանիքներ կազմեցին:
Վստահաբար բոլորս կը յիշենք «Արցախեան մեծ հարսանիքի» 700 զոյգերու միասնական պսակի արարողութեան տպաւորիչ պահը:


«Ազատ Օր»ի աշխատակից լուսանկարիչ-լրագրող Իննա Մխիթարեանը հետաքրքրուեցաւ այս հարցով եւ իր  լուսանկարչական ոսպնեակին ընդմէջէն ուզեց մեզի ներկայացնել 700 նորապըսակ զոյգերու ընտանեկան կեանքը, որոնցմէ շատերը այլեւս զաւակներու  տէր են:

Արցախը լուրջ ժողովրդագրական հարց դիմագրաւեց պատերազմի յաջորդող տարիներուն, երբ երիտասարդները ընկերային անապահովութեան պայմաններու բերումով ընտանիք չէին կազմեր, կամ շրջանէն կը մեկնէին, ինչ որ արագ կշռոյթով կÿառաջնորդէր գիւղերու ծերացման եւ աստիճանական ամայումի:
ԼՂՀ կառավարութեան՝ ծնելիութեան խթանման եւ նորաստեղծ ընտանիքներու աջակցութեան ծրագրին իր կարեւոր աջակցութիւնը բերաւ մեծ բարերար Լեւոն Հայրապետեանը, որու մտայուղմն էր զանգուածային հարսանիքի մը կազմակերպումը: Ինք եւս ստանձնեց հովանաւորութիւնը նորաստեղծ ընտանիքներուն:
Գաղափարը հաւատքով ու խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ հասարակութեան կողմէ, քանզի Լ.Հայրապետեանի բոլոր ձեռնարկումները Արցախի մէջ տեսանելի ու շօշափելի են:

700 երիտասարդ զոյգեր անդամագրուեցան արցախեան Մեծ հարսանիքին: Եկեղեցական պսակադրութիւնը որոշուեցաւ կատարել Գանձասար վանքէն եւ Շուշիի Սբ.Ղազանչեցոց եկեղեցիէն ներս, իսկ հարսանեաց հանդէսի գլխաւոր վայր ընտրուեցաւ Ստեփանակերտի Ստ. Շահումեանի անուան մարզադաշտը:
Երբ հասաւ նշանակուած օրը, տօն  էր ամբողջ Ստեփանակերտի մէջ: Քաղաքի տարբեր թաղամասերէն կը հնչէր  զուռնա-տհոլի նուագը: Վերածնունդի հրապարակին մէջ տասէ աւելի մեծ հանրակառքեր զարդարուած-կանգնած էին,  զոյգերը Շուշի փոխադրելու համար: Հրապարակ մտնող բոլոր ճանապարհներով թեւանցուկ  զոյգեր կուգային՝ հարսանեկան հագուստներով: Հանրակառքերու շարասիւնը ուղղուեցաւ Շուշիի Ամենափրկիչ Սբ. Ղազանչեցոց եկեղեցի:  
Նոր ու աւելի բարգաւաճ կեանքի մը արշալոյսին գտնուեցան այդ օր երիտասարդ զոյգերը, որոնք իրենց ընտանիքները կազմեցին եւ այլեւս զաւակներով բախտաւորուած են: Կեանքի պայմանները կը շարունակեն բարդ մնալ շատերու համար, սակայն յոյսն ու խանդավառութիւնը կը համակեն իրենց:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 20-ամեայ ոգեկոչման առիթով, անոնք իրենց  յուսատու  պատգամը կÿուղարկեն բոլորին, նորածին երեխաներու ժպտացող դէմքերով, որպէս ապացոյց հզօր ու հաստատակամ Արցախեան նոր սերունդին: