Շարանակագիր վարդապետին այս բառերը հեղ մը եւս կը հնչեն այսօր մեր ականջներուն Աստուածորդւոյն Խաչափայտի ոգեկոչման առիթով, որ տեղի պիտի ունենայ այս Կիրակի: Ոգեկոչում մը, որ կարծէք առաւել չափով հաղորդական ջերմութիւն մը կը ստեղծէ, հոգեկան ջերմութիւն մը՝ Աստուածային այդ փրկարար նշանին եւ հայ ժողովուրդի տածած յարգանքին եւ ունեցած հաւատքին միջեւ:


Քրիստոնեայ աշխարհի կրօնական մեծագոյն տօներէն մէկը կը հանդիսանայ Աստուածորդւոյն Խաչափայտի ոգեկոչման յիշատակը, որուն մէջ խտացած կը գտնենք քրիստոնեայ եկեղեցւոյ հաւատքն ու ըմբռնումը Քրիստոսի Երկրորդ Գալստեան մասին համաձայն Նոր Կտակարանի վարդապետութեան եւ ուսուցումին, ըստ որում աշխարհի վախճանին Քրիստոս Հօր Աստուծոյ փառքով պիտի յայտնուի լուսաւոր ամպերու ընդմէջէն, մարդկութիւնն ամբողջ դատելու համար անողոք ու անաչառ դատաստանով մը ու այդ դատաստանի օրը ոչ մէկ հողեղէն պիտի կարենայ իր առաքինութեամբ ու մաքուր կենցաղով արդարանալ, ոչ մէկ մարդկային արարած պիտի կարենայ Աստուածային ամենածախ բոցին դիմանալ. ահա թէ ինչու բոլոր սրտով ու հոգիի խորերէն կÿաղաչենք, որ Քրիստոսի խաչը ապաւէն ըլլայ մեզի անողոք այդ դատաստանին օրը:
Արդ, երբ կը փորձենք խորհրդածել խաչի խորհուրդէն ճառագայթող գերագոյն սկզբունքներու մասին, կրօնա-բարոյական ի՞նչ տուեալներ կը գտնենք հոն, զոր մեր ժողովուրդը մղած է այսքան մեծարանք ու պատիւ ցոյց տալու այն կենսագրաւ գործիքին հանդէպ, որուն վրայ իրենց կեանքի վերջակէտը կը դնէին աւազակներն ու ոճրագործները ու այդ չարագործներու շարքին եւ իբրեւ չարագործ զՔրիստոս խաչեցին: Բայց այն օրէն երբ Աստուծոյ Որդին այդ խաչին վրայ բարձրացաւ, երբ անոր անմեղ արիւնով օծուեցաւ Խաչափայտը, մահուն գործիքը դարձաւ փառքի նշանակ, աղբիւր ներշնչումի, խորհրդանշան զոհողութեան, նուիրումի եւ ծառայասիրութեան, որուն ետին կար Աստուածային անհուն սէրը: Աստուածորդին ինքն էր որ կը պատգամէր ու կը բացատրէր, թէ ինչպէս Եբրայեցի ժողովուրդին համար պղինձէ օձը դարձաւ ֆիզիքական փրկութեան միջոց, որոնք այդ օձին նայելով զԱստուած տեսան ու իմացան Անոր զօրութիւնը, այնպէս ալ ինք պէտք էր խաչ բարձրանալ որպէսզի խաչը դառնար փրկութեան միակ միջոցը բոլոր անոնց համար, որոնք հաւատքով պիտի  նայէին խաչին ու խաչեալին, որովհետեւ խաչը խաչեալով պիտի ըլլար աստուածային փրկարար գործիք: Քրիստոս խաչ բարձրանալով զայն պիտի վերածէր ոսկեղէն այն աստիճանին, որով միայն իրեն հաւատացողներ պիտի կարենային երկինք բարձրանալ ու արժանանալ իրենց խոստացուած յաւիտենական կեանքին:
Եբրայեցի ժողովուրդը տառապանքի ու նեղութեան իր օրերուն, անկեղծ հաւատքով նայելով անապատի մէջ բարձրացած օձին ապահովեց իր ֆիզիքական գոյութիւնը իսկ Քրիստոսի հետեւորդները իրենց խաչին եւ խաչեալին հանդէպ ցուցաբերած հաւատքով հոգիի փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի երաշխիքը ունեցան: Ու խոստացուած յաւիտենական կեանքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աստուածահաճոյ այն հոգեվիճակը մարդուն, որ կը սկսի այս աշխարհով ու կը շարունակուի յաւիտենականութեան մէջ: Հաւատքը, զոր Աստուածորդին նախապայման դրաւ փրկութեան, եղաւ իր առաքեալներուն եւ առաջին քրիստոնեաներուն կեանքի նպատակակէտը: Անոնք այդ հաւատքով ապրեցան ու վկայեցին եւ նոյն հաւատքով եկեղեցին ինք գործեց հետագայ դարերուն, միշտ Խաչն ու Խաչեալը ունենալով իրեն որպէս կեանքի վախճանակէտ:
Մարդ էակը ընդհանրապէս եւ մարդկային ընկերութիւնը մասնաւորապէս յաճախ պէտք զգացած է յուշարարներու եւ նշաններու, սթափելու իր քունէն, վերաշխուժացնելու համար իր հաւատքը ու իր նայուածքները ուղղելու դէպի աստուածորդին ու իր Խաչը: Նշանները աստուածային յայտնութեան միշտ տրուած են մեզի: Մենք արդեօք ի վիճակի եղա՞ծ ենք այդ նշանները տեսնելու եւ ըմբռնելու: Էականը նշան խնդրելն ու փնտռելը չէ այլ այդ նշանը ընդունելու պատրաստակամութիւնն ու բարի կամեցողութիւնն է, որպէսզի նշանը չըլլայ միայն պայմանադրական, այլ վերածուի իրողական ու զօրացուցիչ ազդակի ու մղիչ ուժի մեր կեանքին մէջ:
Եկէ՛ք այսօր հեղ մը եւս բացուինք աստուածային փրկարար այդ նշանին ու զայն մօտեցնենք մեր սրտին ու հոգիին ու անով արժեւորենք եւ իմաստաւորենք մեր կեանքը եւ շարականագիր վարդապետին հետ աղաչենք ու ըսենք.- «Քու Խաչդ թող ապաւէն ըլլայ մեզի»:

Վարագ Ա. քհնյ. Յովսէփեան