Հայաստանի հեռատեսիլը միշտ ալ անակնկալներ կը վերապահէ, որոնք կը յուզեն Արմենակը, երբեմն ալ կը մղեն ընդվզումի: Յունիս 27-ի երեկոյեան, երբ ցերեկի տօթէն ետք Լիբանանի լեռները կը դիտէի, ուր անտառներու կանաչը ամէն օր քիչ մը աւելի ճաղատ կը դառնայ, բջիջային հեռախօսին զանգը զիլ հնչեց:
- Մակա՛ր, բարեւ, մենակեացի հանգիստդ պիտի խանգարեմ: Դիտեցի՞ր Հայաստանի հեռատեսիլը:
- Գիտես, որ շատ բարեկամ չեմ աղմուկի: Եթէ կը հեռաձայնես Էյֆելեան աշտարակի քաղաքէն, լուրջ բան մը պատահած ըլլալու է: Ըսէ՛, կը լսեմ:
- Լաւ է, Հայաստանի մէջ մեր կրօնական աւանդութիւնները վերականգնելու ուղղութեամբ աշխատանք կը կատարուի: Եկեղեցական մը կը բացատրէր մկրտութիւն, դրոշմ, միւռոն, միւռոնի պատրաստութիւն:
- Գո՛հ եղիր, յիշողութիւնը կը վերականգնեն:
- Բայց այդ բացատրող տէրտէրը կամ վարդապետը կա՛մ իր եկեղեցիին պատմութիւնը չէր գիտեր, կա՛մ «սովետ»-ի օրէն մնացած եւ տեւող «ագիտացիա» կ՛ընէր: Այդ հեռատեսիլի տնօրէնութիւնն ա՛լ կամ նախապէս չի դիտեր այն, ինչ որ կը պատկերասփռուի, կա՛մ ան ալ չի գիտեր պատմութիւն, եւ աւելի վատ, ան ալ ժամանակավրէպ «ագիտացիա» կ՛ընէ:
- Արմենակ, չըսե՞ս‘ ի՛նչ պատահեցաւ: Հիչքոքեան «սեսփենս» մի՛ ըներ:
- Այդ թաւ պեխ-մօրուքով տէրտէրը կամ վարդապետը բացատրեց միւռոնի պատրաստութիւնը, հոգեպարար արարողութիւնը: Բայց յանկարծ, չես գիտեր՝ ո՞ր մոծակը խայթեց զինք, ըսաւ, որ միւռոնը կ՛օրհնէ «Ամենայն հայոց կաթողիկոս»-ը, ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ «Ամենայն հայոց հայրապետը» միայն կ՛օրհնէ եւ կը սրբացնէ սուրբ միւռոնը: Հայաստանի ժողովուրդը եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ինչո՞ւ չըսաւ, որ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամենայն հայոց հայրապետ»-ը եւս միւռոնը կը սրբացնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի աջով:
- Սիրելի Արմենակ, մեր կեանքի հակասութիւններուն եւ զարտուղութիւններուն ցանկին վրայ այս մէկն ալ դի՛ր, ցանկը կարդա՛ եւ կը դադրիս զարմանալէ:
- Մակա՛ր, եթէ այդ տէրտէրը կամ վարդապետը այս տարրական բաները չի գիտեր, ամօթ է բոլորիս, իսկ եթէ գիտակցաբար կ՛անգիտանայ, կրկնակի՛ ամօթ իրեն… եւ ուրիշներու, որոնք կ՛անդրադառնան այդ անգիտացման եւ Զաքարիա կ՛ըլլան… անո՛նց ալ ամօթ: Գրէ՛, Մակար, գրէ՛, ժողովուրդը գիտնալու իրաւունք ունի, որպէսզի յառաջդիմէ եւ միասնութիւն կերտուի:
Ինչպէ՞ս կրնայի մերժել անկրկնելի եւ անզուգական Կեդրոնականցիին բաղձանքը:

ՄԱԿԱՐ
Ի Պերիտոն